ՅԻՇԱՏԱԿ ՄԵՌԵԼՈՑ՝ ՄՈՒՏՔ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ
Երբ մեծ բերկրանքով կը տօնենք Սուրբ Յարութեան տօնը մենք՝ երկրաւորներս, անշուշտ պէտք չէ՛ մոռնանք նաեւ ննջեցեալները՝ որոնք կ՚ապրին հոգեպէս եւ մուտք են գործած Տիրոջ յաւիտենական կեանքին։ Ուստի պէտք է մասնակից ընել ննջեցեալները մեր երկրային ուրախութիւններուն։ Եւ այս իսկ պատճառով, Եկեղեցին կը յիշատակէ ննջեցեալները ամէն տաղաւար տօներու անմիջապէս յաջորդ օրը՝ մասնակից ընելու համար զանոնք տօնական բերկրանքին՝ ուրախութեան։ Եւ ինչպէս, Սուրբ Յարութեան տօնին բերկրանքն ալ Եկեղեցին կը բաժնէ ննջեցեալներու հետ՝ տօնին անմիջապէս յաջորդ օրը՝ երկուշաբթի, որ է «Յիշատակ մեռելոց»։
Ուրեմն ի՞նչ է այն բնական եւ անխուսափելի երեւոյթը՝ որ ընդհանրապէս կը կոչենք «մա՛հ»։
Մահը՝ իր ամենալայն իմաստով «աւարտն է երկրաւոր ե՛ւ ժամանակաւոր կեանքին։
Մեր կեանքերը «սահմանաւորուած» են ժամանակի չափով, որուն ընթացքին մենք «փոփոխութիւն» կը կրենք, կը ծերանանք եւ ինչպէս երկրի բոլոր միւս կենդանի էակներուն մօտ՝ մահը կը ներկայանայ իբրեւ «բնական վերջաւորութիւնը կեանքին»։
Մահուան այս բնոյթը անձկութիւն եւ շտապ կը ստեղծէ մեր կեանքերուն մէջ, քանի որ ոչ ոք ոչ մէկ բան կորսնցնել կ՚ուզէ եւ յատկապէս իր կեանքը։ Եւ այս ալ բնական է։
Մեր մահկանացու ըլլալու յիշատակը կը ծառայէ նաեւ յիշեցնելու մեզի, թէ միայն «սահմանափակ ժամանակ մը ունինք իրագործելու եւ ապրելու մեր կեանքը»։ «Յիշէ՛ Արարիչդ պատանեկութեանդ օրերուն … փոշին հողին՝ շունչն ալ զայն տուող Աստուծոյ տակաւին չվերադարձած» (ԺՈՂ. ԺԲ 1,7)։
Շնորհիւ Քրիստոսի, «քրիստոնեայ մահ»ը դրական իմաստ ունի։ «Ինծի համար կեանքը Քրիստո՛սն է եւ մեռնիլը՝ շա՛հ» (ՓԻԼ. Ա 21)։ Եւ «ճշմարիտ է այս խօսքը. եթէ մեռանք Անոր հետ, Անոր հետ ալ պիտի ապրինք» (Բ ՏԻՄ. Բ 11)։
Ա՛յս է ահաւասիկ քրիստոնէական մահուան էական նորութիւնը, Մկրտութեամբ, քրիստոնեան արդէն խորհրդենականօրէն «մեռած է Քրիստոսի հետ», ապրելու համար նոր կեանքով։ Եթէ Քրիստոսի շնորհքին մէջ մեռնինք, ֆիզիքական այս մահը՝ «Քրիստոսի հետ այս մեռնիլը» իր լրումին կը հասցնէ եւ այսպէս կը լրացնէ մեր միաւորումը Անոր Մարմինին հետ, Իր փրկչական արարքով. «Ինծի համար աւելի լաւ է, որ մեռնիմ ի Քրիստոս Յիսուս, քան թէ թագաւորեմ մինչեւ երկրի ծագերը։ Իմ փնտռածս Ան է, որ մեռաւ մեզի համար։ Մօտալուտ է իմ ծննդաբերքս…։ Թողուցէ՛ք որ երթամ վճիտ լոյսը ընդունիմ, որուն երբ հասնիմ, մա՛րդ պիտի դառնամ», կ՚ըսէ Սուրբ Իգնատիոս Անտիոքացի։
Ուստի, մահով՝ Աստուած մարդը դէպի Իրեն կը կանչէ։ Այս իսկ պատճառով, քրիստոնեան կարող է մահուան հանդէպ զգալ Պօղոս առաքեալին բաղձանքը. «Ես կը ցանկամ մեկնիլ եւ ըլլալ Քրիստոսի հետ» (ՓԻԼ. Ա 23), մարդը կրնայ նաեւ իր մահը Հօր հանդէպ հնազանդութեան եւ սիրոյ ներգործութեան մը վերածել, ըստ Քրիստոսի օրինակով. (ՂՈՒԿ. ԻԳ 46)։
«Իմ երկրաւոր բաղձալին խաչուեցաւ… իմ մէջս կենդանի ջուր մը կայ, որ ներսս կը կարկաչէ եւ կ՚ըսէ.- Եկո՛ւր Հօրս մօտ», կ՚ըսէ Սուրբ Իգնատիոս Անտիոքացի։ Իսկ Ս. Թերեզա Աւիլացի սապէս կ՚արտայայտէ իր զգացումները. «Կ՚ուզեմ Աստուած տեսնել, իսկ զԻնք տեսնելու համար՝ պէտք է մեռնիլ»։ Եւ վերջապէս, Ս. Թերեզա Յիսուս Մականի խօսքը. «Ես չե՛մ մեռնիր, ես կեա՛նք կը մտնեմ»։
Մահուան եւ ննջեցեալներու յիշատակումը, անոնց «քրիստոնեայ տեսանկար»ը առանձնաշնորհեալ կերպով պատկերացուած է Եկեղեցւոյ ծիսակատարումին մէջ։
Ուրեմն, հոգեհանգիստը աղօթքի արարողութիւն մըն է, որ կը կատարէ Եկեղեցին՝ Քրիստոսով ննջող իր անդամներուն հոգիներուն համար։ Արդարեւ, «Եկեղեցւոյ անդամ» եւ «Աստուծոյ որդեգիր» կը կոչուին բոլոր մկրտուողները։ Իսկ «Քրիստոսով ննջած» կ՚ըլլան հանդերձեալ կեանքին մեկնած այն անդամները՝ որոնք իրենց երկրաւոր կեանքի ընթացքին հաւատքի մէջ մնացած են։ Նոյնպէս «Քրիստոսով ննջած» կը սեպուին Եկեղեցւոյ այն անդամները, որոնք թէեւ մեղսալից կեանք ապրած կ՚ըլլան, սակայն իրենց վերջին շունչը չփչած դարձի կու գան։
Եկեղեցին յաճախ կը յիշատակէ ննջեցեալները եւ կը կատարէ հոգեհանգիստ։
Եկեղեցիի ժամակարգութիւնը, նախնական եկեղեցիի սովորութիւնը, եկեղեցիի հայրերու գրութիւնները, բոլորն ալ կը վկայեն այն հաւատքի մասին, որ աղօթքով, բարեգործութիւններով, Սուրբ Պատարագով, հոգեհանգիստ կատարելով, մատաղներով՝ որոնք կը կատարուին ննջեցեալներու համար, օժանդակութիւն եւ հանգիստ կը շնորհեն անոնց, որոնք ննջած են հաւատքով եւ ներելի մեղքերով։ Այսինքն ննջեցեալները իրենց մեղքի կապանքներէն կ՚ազատին ո՛չ թէ իրենց ճիգերով, եւ ոչ ալ իրենց արժանիքի շնորհիւ, այլ Եկեղեցիին օժանդակութեամբ։ Քանի երկրի վրայ ենք եւ հնարաւորութիւն ունինք ապաշխարելու, մեղքերէն արձակում գտնելու, բայց հեռանալով այս կեանքէն, հանդերձեալի մէջ նման հնարաւորութիւններ այլեւս չկան, ուրեմն կը մնայ միա՛յն Եկեղեցիին բարեխօսութիւնը եւ հոգեհանգիստը։ Ուստի քանի դեռ երկրի վրայ ենք, պէտք է աղօթենք եւ հոգիներուն հանգիստ խնդրենք ննջեցեալներու համար, յաճախ եւ մանաւանդ տաղաւար տօներու յաջորդող օրերուն։
Եկեղեցին կ՚աղօթէ եւ կը խնդրէ Յիսուս Քրիստոսէ, որ վերջին դատաստանին օրը իր առատ ողորմութեամբը ներէ ննջեցեալներուն մեղքերը եւ արժանացնէ զանոնք երկինքի արքայութեան։ Եկեղեցին կրնայ խնդրել որեւէ բան որ Աստուծոյ կամքին հակառակ չէ։ Ուստի, ամէն տեղ եւ ամէն ատեն ուր Տիրոջ կողմէ ողորմութիւն կը շնորհուի, հաւատացեալը արտօնութիւն ունի համարձակօրէն զայն խնդրելու իրեն եւ ուրիշներուն օգտին համար (Ա ՅՈՎՀ. Ե 14-15)։ Եւ քանի որ վերջին օրը Տէրը իր ողորմութիւնը պիտի բաշխէ իրեն յուսացող ննջեցեալներուն, Եկեղեցին իր կարգին անտարբեր չի կենար անոնց նկատմամբ եւ միշտ կ՚աղօթէ որ այն օրը անոնք ողորմութիւն գտնեն Տիրոջմէ։
Հոգեհանգստեան արարողութիւնը կրնայ կատարուիլ Քրիստոսով ննջողներուն համար։ Եկեղեցւոյ քահանան կամ պաշտօնէութիւնը իւրաքանչիւր ննջեցեալի ներքին ապրումներուն թափանցած չեն կրնար ըլլալ։ Ուստի, սիրտերը քննողը եւ Դատաւորը Տէրն է միա՛յն։ Եկեղեցին որպէս «մայր» պարտականութիւն կը սեպէ իրեն՝ աղօթել իր ննջող բոլոր զաւակներուն համար եւ կը յանձնէ զանոնք Աստուծոյ կամքին՝ ինչպէս որ կ՚ընէ երկրի վրայ ապրող իր զաւակներուն։
Արդարեւ, հոգեհանգստեան մասնաւոր արարողութիւններէն անկախ, Եկեղեցին իր առօրեայ ժամերգութիւններուն եւ Սուրբ Պատարագի ընթացքին կը յիշէ ննջեցեալները իր աղօթքներուն եւ շարականներուն մէջ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 3, 2020, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024