ՏԿԱՐԸ ԿՐՆԱ՛Յ ԶՕՐԱՆԱԼ

Ժամանակը եւ միջավայրը կ՚ազդեն եւ կրնան բարեփոխել մարդկային կեանքը։ Կ՚ըսեն, որ ժամանակը շատ բաներու դարմանն է։ Չենք կրնար ըսել, թէ՝ ժամանակը ամէն բանի դարմանն է, բայց ժամանակի ընթացքին կրնայ փոխուիլ շա՜տ բան. զոր օրինակ՝ տկարը կրնայ զօրանալ, հիւանդը կրնայ բժշկուիլ, աղքատը կրնայ հարստանալ եւ երիտասարդը կրնայ հասուն տարիքի հասնիլ՝ հասուն տարիք ունեցողները տարեցներ կ՚ըլլան։

Իսկ միջավայրը՝ միջոցը կրնայ շատ բան փոխել, քանի որ բնութիւնը տեւական բարեփոխման մէջ է։ Բայց այդ բարեփոխման քայլ յարմարցնելու համար, պէ՛տք է միջավայրը, միջոցը պատշաճեցնել կեանքին։ Մարդ եթէ անշարժ մնայ միջավայրին մէջ, կառչի մնայ անցեալին, միջավայրի փոփոխութիւնն ալ որեւէ օգուտ չի բերեր։

Բարեփոխուիլ կը նշանակէ՝ յառաջդիմել եւ յառաջդիմելու համար պէտք է յառաջընթաց ըլլալ, միտքով ե՛ւ հոգիով յառաջադէմ ըլլալ, ապագայի վրայ յոյս ունենալ եւ ամէն բանէ առաջ ինքզինք փոխել։ Այս իմաստով՝ կան մարդիկ, որոնք դէմ են ամէն փոփոխութեան, յետադէմ, միշտ կ՚ուզեն նոյնը մնալ։ Մինչդեռ, աշխարհի ստեղծագործութենէն սկսեալ, բնութիւնը, ամէն ինչ տեւական բարեփոխութեան մէջ է, որովհետեւ ժամանակը միշտ դէպի առաջ կ՚ընթանայ։ Գետին ջուրը՝ որ միշտ դէպի առաջ կը հոսի, միշտ կը փոխուի, այնպէս որ մարդ երբեք նոյն ջուրին մէջ չի կրնար լուացուիլ։ Շնչառութիւնն ալ նոյնն է՝ մարդ միշտ նոյն օդը չի շնչեր, օդին մասնիկները միշտ կը փոխուին, եւ ամէն ինչ կը փոխուի եւ արտաքնապէս կը նորոգուի։ Եւ այն էութիւնները՝ որոնք այս նորոգութեան քայլ չեն կրնար յարմարցնել, ոչնչանալու դատապարտուած են։

Արդարեւ, երբ այս փոփոխութիւնը տեղի կ՚ունենայ «արտաքին աշխարհ»ի մէջ, անոր համընթաց պէտք է փոխուի նաեւ «ներքին աշխարհ»ը։ Եւ բանականութեան տէր, իր կամքովը շարժող մարդուն համար այս «ներքին աշխարհ»ը միտքը եւ հոգին է։ Եթէ չփոխուին միտքը եւ հոգին, չի փոխուիր արտաքինը՝ մարդը։

Այս փոփոխութիւններուն մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ տկարին զօրաւորի փոխուիլը։ Ուստի, տկարութիւնը զօրաւորութեան առաջին քայլն է, սանդուխի մը առաջին աստիճանին նման՝ բարձրանալու համար նախ պէտք է ամենէն վարի աստիճանին վրայ տեղ գրաւել, եւ յետոյ աստիճանաբար բարձրանալ եւ հասնիլ բարձրագոյնին։

Մարդկային կեանքը, ինչպէս յաճախ կը յիշենք, պայքար մըն է. մանուկը կ՚ուզէ պատանի ըլլալ, պատանին՝ երիտասարդ, երիտասարդը՝ հասուն մարդ։ Բայց հասուն մարդը որքա՞ն կը փափաքի տարեց ըլլալ, ահաւասիկ խնդրական է այդ մէկը։ Բայց բնութեան օրէնքն է անիկա, որմէ խուսափիլ կարելի չէ՛…

Արդարեւ, մարդ պէտք է օգտուի բարեփոխութիւններու բերած նորութիւններէն, որոնք կեանքը դիւրատար կ՚ընեն. զոր օրինակ՝ սա բջիջային հեռաձայնները, օգտակար կը թուին այնքան ատեն, երբ չափաւոր եւ տեղին գործածուին, կամ ուրիշ գործիքներ, որոնք օգտակար են մարդուս կեանքին։ Բնութիւնը եւ մարդուս միտքը մարդկութեան անհամար առիթներ կ՚ընծայեն լաւ ապրելու համար, այնքան որ անոնց անդրադառնանք եւ կեանքի վերածենք զանոնք։

Տղու մը եւ գայլի մասին կը պատմուի, թէ՝ տղայ մը նստած՝ տան մուտքի սեմին, վտանգներէ հեռու կը խաղար։ Յանկարծ գայլ մը կը տեսնէ, անմիջապէս կը սկսի ծաղրել եւ անարգել զայն։ Գայլը տղուն կը նայի եւ սապէս կ՚ըսէ. «Կը լսեմ ինչ որ կ՚ըսես իմ մասիս, ո՛վ տղայ, բայց մի՛ կարծեր որ զիս կը ծաղրես եւ կ՚անարգես։ Զիս ծաղրողը եւ անարգողը դուն չե՛ս, զիս ծաղրողը եւ զիս անարգողը քու նստած մուտքի սեմն է»։

Այս պատմուածքը ցոյց կու տայ, թէ՝ միջավայրը կը փոխէ՝ տկարը զօրաւոր կ՚ընէ, տկարին զօրանալու առիթ կը պատրաստէ՝ տան մուտքի սեմին նման…

Տիեզերքի Ստեղծիչն է Աստուած։ Դիտեցէ՛ք սա բնութիւնը, ձեր աչքերը վերցուցէք դէպի բլուրները եւ ապա՝ երկնակամարը՝ որ ձեր տեսողութեան հորիզոնները կը կափարիչէ, եւ մէկ հիացիկ վկայութիւն մը պիտի թռչի ձեր շրթներէն.- Ա՜հ, սա ի՜նչ անբաղդատելի, աննկարագրելի արուեստագէտ մըն է Աստուած։ Միայն սա մեր մոլորակին ճարտարագործութիւնը, իր ամենայետին մանրամասնութենէն սկսեալ, իր նրբակերտութեամբը կը սահմռկեցնէ մեզ։ «Ո՜վ Տէր Աստուած, ի՛նչ փառաւոր է քու անունդ բոլոր երկրիս վրայ…»։ Ի՜նչ որ կը տեսնենք Անոր «փառքը կը պատմէ»։

Բզէզներու պարը, ծաղիկներու դիւթական դէմքերը, թռչուններու ջղայնոտ խազերը, եւ շարան մը փոփոխական պատկերներու՝ որոնք կը ներկայանան մեր աչքերուն, Աստուծոյ ստեղծագրութեան հրաշալիքները կը պատմեն մեզի։ Աշխարհ միշտ շարժման մէջ է՝ թէ՛ տկարներուն եւ թէ զօրաւորներուն, թէ՛ բարիներուն եւ թէ չարերուն ընթացքին…

12 ապրիլ 2023, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 13, 2023