ԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
«Արուեստականութիւն», մանաւանդ մեր դարուն, բնութեան դէմ մարդուս հռչակած ճակա՛տն է, որ պայքար մը, մրցակցութիւն մըն է նաեւ մարդուն եւ բնութեան միջեւ։ Արուեստականութիւն կը նշանակէ՝ անբնականութիւն, կեղծ, կեղծուած՝ նմանը բայց ո՛չ իրականը։ Այս իմաստով «արուեստականութիւն»ը կերպով մը կը նշանակէ բնութիւնը կեղծել, բնութեան նման ըլլալու աշխատիլ, բայց ո՛չ ինքը։ Շինծու, խեղաթիւրուած կերպով ներկայացնել իրականը, կեղծել բունը եւ անով գոհանալ, անով գործել։
Բայց թերեւս ամէն ինչ կարելի է կեղծել, ձեւացնել եւ կամ նմանցնել, բայց բնութիւնը կեղծել, նմանցնել, ձեւացնել կարելի չէ՛, քանի որ բնութիւնը ինքնուրոյն, առանձնայատուկ էութիւն մըն է, եւ այս իսկ պատճառով՝ բնութեան հետ մրցիլ, չափուիլ սխալ է եւ անիմա՛ստ։ Սակայն, ինչպէս ըսինք, մանաւանդ մեր դարուն, մարդը «արուեստականութիւն»ը դրած է բնութեան դէմ, զոհելով ամէն բարոյական եւ հոգեւոր արժէք։ Այնուհանդերձ բարոյական եւ հոգեւոր այժէքներ բնութեան կողմն են, քանի որ անկէ կը բխին։
Միջոցը կարճ է եւ սրտերը՝ տա՛ք։ Զոր օրինակ, առնենք «բջիջային հեռաձայն»ը՝ կարծես մարդուս անբաժանելի մէկ մասնիկը, անդամը, ամէն տեղ կը փոխադրուի, կը տարուի մարդուն հետ։ Ոմանք կ՚ըսեն, որ այդ արուեստական կապը, մարդոց աւելի շատ իրերու մօտենալուն, միջոցները կարճեցնելու, նոյնիսկ բոլորովին ջնջելու, անհետացնելու պատճառ եղած է եւ սառած, քարացած սիրտերը տաքցուցած եւ մեղմացուցած է։ Ի՞նչ կը խորհիք, սիրելի՜ բարեկամներ։ Այդ «արուեստականութեան» պատճառով թերեւս «հեռու»ներ մօտեցած, «սառ»եր լկած՝ հալած են, բայց «մօտ»երը, մերձաւորները հեռացուցած, տաք սրտերը սառեցուցած է նաեւ այդ «արուեստականութիւն»ը։ Դիտեցէք ձեր շուրջը ուշադրութեամբ՝ ամէն մէկ, գոնէ մեծամասնութիւնը կը խօսի իր հեռաւոր բարեկամին հետ, բայց կ՚անտեսէ անմիջապէս իր մօտ գտնուած սիրելին։ Այս սա կը նշանակէ՝ հեռուները կը մօտենան, բայց մօտը գտնուողները, մերձաւորները, հարազատները կը հեռանան։
Նո՛յնն է պարագան հեռուստացոյցին համար՝ անծանօթներու կը ծանօթանայ մարդ, սակայն կ՚օտարանայ իր հարազատներուն։
Տարբեր չէ պարագան համակարգիչ մեքենային՝ համացանցին, տեղեկութիւն փոխադրող գործիքին համար, քանի որ մարդիկ կը տարուին եւ շատ անգամ կ՚անտեսեն, կը մոռնան իրենց անմիջական շրջապատը։ Եւ այստեղ վտանգ մըն ալ կայ գրասէրները վնասող կամ վիրաւորող, հետզհետէ կը սկսի զանց ընել գիրքը, անխնամ լքել գիրքի ընթերցումը, որ մեծ հաճոյք մըն է, վայելք մըն է գրասէրին համար։ Եւ գիրքին տեսքը եւ բոյրը արդէն բաւարար է գրասէրին համար։ Արուեստականութեան անպատեհութիւններէն մէկը եւս ահաւասի՛կ։
Հապա ի՞նչ ըսել գրելու մասին։
Ճերմակ թուղթի վրայ գրիչով գրուած գրութեան մը կենդանութիւնը, եռանդը, վայելքը կարելի՞ է ապրիլ համակարգիչի վրայ մեքենաբար գրուած տողերուն մէջ։ Ձեռքին մէջ գրիչ մը՝ գրուած ամէն մէկ տողի մէջ հոգի կա՛յ, կեանք կա՛յ, ապրում կա՛յ, ոգի եւ ոգեւորութիւն կա՛յ, աշխուժութիւն կա՛յ եւ մտերմութիւն, անկեղծութիւն կա՛յ…։
Անգամ մը փորձեցի համակարգիչի վրայ գրել, կարծես սառած, անշունչ, անկենդան մէկու մը հետ դէմ յանդիման կը գտնուէի՝ ո՛չ ոգի, ո՛չ խանդավառութիւն եւ ոչ ալ հաճոյք կար, կարծես մտածումները կորսնցուցած էին իրենց էութիւնը։ Մատներուս մէջ՝ գրիչով կենդանացաւ ամէն ինչ, տառերը, տողերը կարծես «յարութիւն առնել»ով վերակենդանացան, արթնցան եւ իմաստ գտան, դէպի իրենց նպատակը՝ սուրալ սկսան…։
«Արուեստականութիւն»՝ լա՛ւ, բայց եթէ մարդ անով կը կորսնցնէ բնականը, իրականը, կենդանութիւնը, ոգեւորութիւնը, ի՜նչ արժէք կ՚ունենայ այն։
Եւ կարծեմ դարձեալ կարեւորութիւնը զգալի կը դառնայ՝ չափաւորութեան, երկու հակադիր արժէքներու ներդաշնակութեան կարողութեանը։ Արդարեւ այնքան դժուար չէ երկու արժէք ներդաշնակելը՝ չափաւորելը, բայց մարդիկ, ընդհանրապէս կը նախընտրեն ծայրայեղութիւնը՝ կա՛մ մէկը կա՛մ միւսը ընտրելը, եւ երկուքը, երբեմն աւելի շատ արժէքը չեն կրնար ներդաշնակել։ Ամէն բան իր արժէքին համեմատ գործածել, յարմարագոյն եւ նպատակայարմար գործածել՝ թէ՛ օգտակարութիւնը կ՚աւելցնէ եւ թէ ամէն մէկ արժէք իր արժանիքը կը գտնէ։ Տեղին համեմատ մէկը եւ միւսը գործածել ամենալաւ լուծումն է, ամէն միջոցէ օգտուիլ եւ օգտագործուիլ կեանքը կը դիւրացնէ, դիւրատար կ՚ընէ։ Մինչդեռ միայն մէկուն վրայ կառչիլ՝ վնաս կը պատճառէ, փոխանակ օգուտի։
Արուեստականութիւնը եթէ տեղին օգտագործուի, անշուշտ որ օգտակար է, բայց ամբողջ կեանքը անով տանիլ կը նշանակէ՝ բոլորովին անոր անձնատուր ըլլալ՝ գերին դառնալ կը նշանակէ «միջոց»ին, «առարկայ»ին։ Մինչդեռ պէտք է բծախնդրութեամբ զանազանել նպատակը եւ միջոցը՝ առաջադրութիւնը եւ առարկան։
Արդարեւ ընկերային բոլոր փոխյարաբերութիւններու մէջ, երբ արուեստականութիւնը մուտք կը գործէ, պէտք է խոստովանիլ, թէ անկեղծութիւնը մասամբ կ՚ոչնչանայ, անկեղծ սէրը կը հալի, մտերմութիւնը կը նօսրանայ ձեւակերպութիւններու եւ ձեւապաշտութիւններու մէջ։
Սիրելի՜ներ, խօսակցութիւն մը որքան կը տարբերի երբ ըլլայ ուղղակի՛ եւ կամ զոր օրինակ հեռախօսով, բնական ձեւով կամ արուստականութեան որեւէ բնական ձեւով կամ արուեստականութեան որեւէ միջոցով։ Աւելին՝ ո՞ր մէկը դիտողը աւելի կը տպաւորէ՝ շարժանկա՞րը, թէ թատրոնը։ Կերպով մը արուեստակա՞նը, թէ բնականը։ Ուրիշ օրինակ մը՝ ո՞ր մէկը աւելի տպաւորիչ է՝ բնութեան մէջ տեսարա՞ն մը, թէ՝ նոյն տեսարանին նկարը կամ լուսանկարը։ Անշուշտ երկուքն ալ իւրայատուկ արժէքը ունին, բայց երկուքին տպաւորելու մարզը, մարդուս մէջ ստեղծած զգացումը, ոգեւորութիւնը տարբեր է, նոյնիսկ անհամեմատ եւ անբաղդատելի։ Մին՝ բնական է, եւ միւսը՝ արուեստակա՛ն։ Խոստովանինք, որ բնականը միշտ հարազատ է, անկեղծ եւ ճշմարի՛տ։
Այո՛, արուեստականութիւնը դիւրացուց մարդուս կեանքը, բայց ընդունինք, սիրտերը հեռացուց իրարմէ, զգացումները իրեն պէս «արուեստական» ըրաւ, գուցէ սէրն ալ փոխեց իր էութիւնը, տարբեր զգացում մը եղաւ եւ քիչ մը «արուեստական»…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 7, 2016, Իսթանպուլ