ԲԺՇԿՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՆԱԽՆԻՆԵՐՈՒ ՔՈՎ
Մանաւանդ ներկայ օրերուն բժիշկին եւ բժշկութեան կարեւորութեան կ՚անդրադառնան մարդիկ եւ կը վկայեն անոնց կարեւորութեան մարդկային կեանքի մէջ։
Բժիշկը կարեւոր դեր մը կը խաղայ մարդկային անհատական կեանքին մէջ եւ անշուշտ հաւաքական՝ ընկերային կեանքի մէջ։ Արդարեւ, եթէ անհատը առողջ է, հաւաքականութիւնն ալ առողջ կ՚ըլլայ, քանի որ հասարակութեան ընդհանուր առողջութիւնը կախում ունի ամէն մէկ անհատի առողջութենէն։
Այս խորհրդածութիւններով, ահաւասիկ, ստորեւ կը ներկայացնենք Տքթ. Վահրամ Յ. Թորգոմեանի «Բժշկութիւնը մեր նախնեաց քով» շահեկան յօդուածը։
Յօդուածը կը ներկայացնենք հաւատարիմ մնալով իր բնատիպին։
ԲԺՇԿՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՆԱԽՆԵԱՑ ՔՈՎ
Բժշկութիւնը հին է մարդուս չափ. ասոր հետ ծնած ըլլալով, յայտնի է ուրեմն, որ նախնի Հայերն ալ անտեղեակ չէին կրնար ըլլալ այդ կենսապահ կամ կենսատու գիտութեան արուեստին։
Հայրենի երկրին բուժական յատկութիւններուն համբաւը շա՛տ վաղնջական է, ու անոր սկիզբը կը կորսուի հին հին դարերու ծոցին մէջ, ըստ այսմ ես կ՚ընդունիմ թէ բժշկութիւնը նախաքրիստոնէական ժամանակներուն արդէն յարգի ու նուիրական էր մեր մէջ, ապա թէ ոչ՝ ի՞նչու Անահիտի մը, Աստղիկի մը կամ Նանաի մը պաշտումը իբրեւ մայր պաշտպան բժշկութեան, առողջութեան եւ ծննդաբերութեան։
Մեր մայրենի լեզուին բառարանին պարունակած բուսական եւ բուժական բազմահոյլ անունները մէկ օրէն միւսը յանկա՜րծ չի ծնան տպագրութեամբ. անոնք երկար մտածութեան, ու փորձառութեան արդիւնք էին, կերտուած են իմաստնօրէն եւ պատկառելի հնութեան մը կնիքը կը կրեն, ինչպէս կ՚ապացուցանեն զայս լեզուաբանական հայ եւ օտար գիտական ուսումնասիրութիւններ։
***
Ամէն անգամ որ անմահն Ղազար Փարպեցիի գիրքը ձեռքս եմ առած, հիացած եմ անոր այն մէկ հատուածին վրայ, որով Այրարատայ նահանգին բնական գեղեցկութիւնները ու հանքային հարստութիւնները նկարագրած պահուն, չի մոռնար յայտնելու, թէ՝ «կը գտնուին զանազան տեսակ բոյսերու արմատներ, որոնք ՍՏՈՒԳԱՀՄՈՒՏ ԲԺԻՇԿՆԵՐՈՒ ՃԱՐՏԱՐԱԳԷՏ ՃԱՆԱՉՈՂՈՒԹԵԱՄԲԸ, դեղերու օգտակարութեանը մէջ կը գործածուին։ (1)
Եւ այս պարբերութիւնը ցոյց կու տայ թէ Ե. դարու մէջ արդէն «ստուգահմուտ», «ճարտարարուեստ», ածականներուն արժանի բժիշկներ գոյութիւն ունէին Այրարարտեան աշխարհի մէջ։
Փարպեցիի այդ կարճառոտ տողերը, Հայ բժշկական պատմութեան համար կը յօրինեն խիստ կարեւոր եւ վաւերական էջ մը, զոր անշուշտ ուշադրութեան առած ըլլալու էր եւ մեր Մեծն Ղ. Ալիշան երբ կը գրէր՝
«Չենք տարակուսիր՝ որ ոչ միայն Ե. դարու մէջ եղած են բժիշկ, այլ եւ՝ առաջ եւ շատ հին ատեն»։ (2)
Այս մասին Եզնիկի եւ Եղիշէի գործերուն, մանաւանդ անմահ քերթող Նարեկացիին սրտառուչ աղօթերգութիւններուն մէջ չեն պակսիր կարեւոր փաստեր եւ ապացոյցներ։
Բայց խիստ կարեւոր տողեր մ՚ալ այս մասին կը գտնենք մեր Թ. դարու պատմագիր Թովմա Արծրունիի քով։ Սա՝ երբ «Արծրունեաց պատմութեան» մէջ Աշոտ Վասպուրական իշխանին 905-ին պատահած մահը կը յիշէ, կը գրէ հետեւեալը.
«Անոր (Աշոտի) վրայ կը տիրէին հիւանդագին ա՜յնպիսի ցաւեր, որոնք մահուան յառաջընթաց նշաններ էին եւ որոնց դէմ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻՆ ՃԱՐՏԱՐ ԵՂՈՂՆԵՐՆ ԻՍԿ ՈՉԻՆՉ ԿԱՐՈՂ ԸՆԵԼ»։ (3)
Նոյնպէս՝ երբ կը նկարագրէ Արտաշէս Բ.ի իւր Սաթենիկ ընկերուհի ամուսինին համար յատուկ շինել տուած դարաստանը, կ՚արձանագրէ սա տողերը.
«Հոն քաղցրաբոյր եւ գեղերանգ ծաղիկներ հոյլ ՚ի հոյլ կը փթթէին, ո՛չ միայն աչքերը խտղտելու, այլ եւ՝ ԱՍԿՂԵՊԵԱՅ ԱՐՈՒԵՍՏԻՆ ՀԵՏԱՄՈՒՏ ԵՂՈՂՆԵՐՈՒՆ ՀՆԱՐԱԾ ՂԵՂԵՐՈՒՆ ԲԱՂԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱԶՄԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ»։ (4)
***
Մեր այս նշանաւոր պատմագիրներու վկայութիւններէն ազդուելով է որ ես ալ սկսայ երկար տարիներէ ՚ի վեր հետամուտ ըլլալ, գրելու հայ բժշկական պատմութիւն, եւ տեսակ մը սիրահարութիւն ունենալ անոր, որ թէեւ ՚ի սկզբան շա՜տ ու շա՜տ ամուլ ու անբերրի դաշտ ինձ երեւաց, բայց հետզհետէ տեսայ, զի ուսումնասիրութեան ու հետազօտութեան արժանի շա՜տ հում եւ հետաքրքիր նիւթեր կը պարունակէ եղեր, ինչպէս գրած է այս իմաստով նաեւ, վաղամեռիկ Հայր Արսէն Սուքրեան։ (5)
Չեմ անդրադառնար յաջորդ դարերու Հայ բժշկական պատմութեան, որու մասին եղած փաստացի վկայութիւններ շատ եւ շա՜տ են եւ զորս բաւական մանրամասն ներկայացուցած եմ «Հայոց Հին Հիւանդանոցները» աշխատութեանս մէջ։
Պատմութիւն մը, որուն մէջ պատիւ ըրած է ինձ յիշել ո՛չ միայն անունս, այլ եւ՝ բոլոր հրատարակութիւններս, նոյնութեամբ թարգմանելով եւ անոնց մէջ զետեղելով այն պատկերները՝ զորս մեծ յոգնութիւններով եւ դրամական զոհողութիւններով կրցած եմ ձեռք բերել։
Յովհաննէսեանի այս ընթացքին համար շնորհակալ եմ, երբ ուրիշներ իւրացուցած են աշխատութիւններս առանց յայտնելու իրենց քարոզաբանութեան աղբիւրները։
Ատանկները թո՛ղ ճայօրէն զարդարուին, հոգ չէ։
ՏՔԹ. ՎԱՀՐԱՄ Յ. ԹՈՐԳՈՄԵԱՆ
Բարիզ, 1938
(1) «Ղազար Փարպեցի», տիպ Վենետկոյ, էջ 23-24։
(2) «Հայ-Բուսակ», էջ 3։
(3) «Թովմա Արծրունի», տիպ Օրթագիւղի, 1852, էջ 279։
(4) «Բազմավէպ», 1881։
(5) «Կոչնակ», Նիւ Եորքի, 1925։
ո
Ծանօթագրութիւն.-
«Դարաստան» = ծառաստան, պուրակ։
«Գեղերանգ» = գեղեցիկ գոյնով. գոյնի տարբերակ. երանգախառն = զանազան գոյներ պարունակող, գոյնզգոյն։
«Ասկղեպեայ» = դիք բժշկութեան, դիք = հին աստուածներ, Ասկլեպիս։
«Ճայօրէն» = ճայի նման, ճայ = արագիլի սեռէն ձկնասէր թռչուն։ Ձկնակլիկ, տառեղ։
*
Մեր մատենագրութեան մէջ, հայ բժիշկներու մասին բաւական քիչ տեղեկութիւններ կան։ Հայ բժիշկի մը մասին առաջին անգամ կը խօսին ասորի Նեստորական պատմիչներ։
Արդի ժամանակներու աշխատասիրութիւններ են.
- Տքթ. Վարդ Շիկահերի «Կիսադարեան պատմութիւն թրքահայ բժշկութեան. 1923-1975»,
- Տքթ. Թորոս Թորանեանի «Հայ բժիշկներ եւ բուժաշխատողներ Սուրիոյ մէջ, Հալէպ, 2012»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 7, 2020, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024