ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՆԿԱՐԱԳԻՐ

Մենք վերջերս ինքնութեան, ինչպէս նաեւ գաղափարի վրայ հաստատ մնալու տկարութիւն մը ունինք եւ ինչպէս օրեր առաջ մեր յօդուածագիրներէն Վարանդ Քորթմոսեան կը գրէր, պատրաստ ենք մածունին ըսելու սեւ՝ եթէ մեր շահերը կը ներեն ու կը նպաստեն:

Այս մտածումը աւելի ամրապնդուեցաւ մէջս, երբ սփիւռքի տարբեր երկիրներու մէջ տեսայ երիտասարդներ, որոնք հակառակ իրենց «համոզում»ներուն ու «գաղափարական» սկզբունքներուն, ամբողջութեամբ տարբեր գիծ մը բռնած կը փորձեն յառաջանալ:

Շաբաթավերջին Լիբանանի մէջ տեղի ունեցաւ կուսակցական հաւաք մը եւ այդ հաւաքին բացման խօսքը կատարեց երիտասարդ մը, որ ամբողջ իր կեանքի ընթացքին հալածած ու անպատուած էր նո՛յն այդ կուսակցութիւնը, որուն անդամը ըլլալու «հպարտ»ութիւնը կը կրէր այսօր: Ամբողջ կեանքը այլ կուսակցութեան մը «կեցցէ՛»ները հնչեցուցած մը այսօր հակառակ կուսակցութեան «կեցցէ՛»ն կը բարձրացնէր:

Ի՞նչն էր պատճառը. «հաւատքի» գալով համոզուեցաւ, որ ա՞յդ կուսակցութիւնը ճիշդ էր, թէ ոչ այլ շուկայական հաշիւներ գոյութիւն ունէր: Ետքը աղբիւրէ մը գիտցանք, որ կուսակցութիւնը բնակելու համար իրենց տուն տրամադրած է եւ ինք տան վարձք տալէ ազատուած է որոշ ժամանակուան համար:

Դրամը այնքա՜ն ուժ ունի, որ կրնայ իշխել գաղափարականներուն վրայ եւ վայրկենուայ մը մէջ փոխել մարդուն ըմբռնումները, գաղափարները, մինչեւ իսկ հաւատքն ու մտածելակերպը, որովհետեւ հայը սովոր է հաւատարիմ մնալ այն կարգախօսին, որ կ՚ըսէ «ո՛ւր հաց՝ հոն կաց»:

Տարիներ առաջ Յունաստանի մէջ աղջիկ մը, որ հաւանաբար կուսակցութեան մասին ամենէն չնչին տեղեկութիւնն անգամ չունի, փափաք յայտնեց կուսակցական դառնալու եւ շարքեր անցնելու. առիթով մը հարց տուի, թէ առանց գիտնալու կամ հասկնալու ինչն է պատճառը կուսակցական դառնալու։ Պատասխանը պարզ, սակայն նոյնքան ցաւալի էր. «գաղութին մէջ կուսակցութիւնը ինք կ՚որոշէ ամէն բան. շարքերը անցայ որ իրենցմէ ըլլամ, որպէսզի օր մը եթէ բանի մը պէտք ունենամ, կռնակ ըլլան եւ օգնեն ինծի...»:

Մեր ժողովուրդին քով ձրիակերութեան ախտը նոր չէ. վկայ 19-րդ դարավերջին տեղի ունեցած բողոքականեան շարժումներն ու անոր հետեւանքները:

Այսօր մենք ազգովին կը նմանինք այն նաւուն, որ առանց գիտնալու իր երթալիք ճամբան՝ ազատութեամբ կը տրուի հովերուն, որոնք տատանելով նաւը վերջաւորութեան կը յանձնեն յորձանուտ ջուրերուն:

Կը յիշէ՞ք Յակոբ Պարոնեանի «Ընկեր Փանջունի»ն, որ հաստատակամութեամբ կը մնար իր սխալ պատասխանին վրայ. Ընկեր Փանջունի չէր գիտեր ու կը պնդէր, մինչ մենք այսօր գիտնալով հանդերձ կրնանք զայն մերժել եւ ուրանալ, որովհետեւ այսօր մեր շուրջ գոյութիւն չունի ճիշդ եւ սխալ. ճի՛շդ են բոլոր այն բաները, որոնք մեզի շահ կ՚ապահովեն եւ սխալ՝ որոնք կրնան արգելք հանդիսանալ մեր անձնական շահերուն: Այսօր այդ շահերու արդիւնքին հիման վրայ կ՚ընտրուի բանի մը ճշդութիւնն ու սխալը:

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը այսօր լեցուած է այդպիսիներով, որոնք անցեալին Փաշինեանը մեղադրելով հանդերձ այսօր ստանձնած են պաշտպանողի դերը. Փաշինեանը պատերազմի համար պատասխանատու է եւ պէտք է պատժուի ըսողներէն շատեր, այսօր պաշտօններու եւ կամ գումարներու դիմաց համարձակութեամբ կը յայտարարեն, թէ մեղաւորը նախկիններն են եւ վա՜յ քեզի եթէ փորձես յիշեցնել, որ ինք անցեալին նման արտայայտութիւն մը ունեցած է:

Մենք այսօր ունինք ինքնութեան եւ անհատականութեան պակաս, որովհետեւ ամրօրէն կառչած չենք մեր արժէքներուն եւ ամենէն պարզ ու թեթեւ հողը անգամ կրնայ մեզ քշել հեռուներ:

Ինծի համար յարգելի է ա՛յն մարդը, որ տէր է սկզբունքներուն եւ անոնց համար պատրաստ է զոհել ամէն բան՝ անձնական շահ ու բարօրութիւն նոյնիսկ, ինչպէս ըրած են անցեալին բազմաթիւ յեղափոխական գաղափարականներ:

Եղիշէ Չարենց իր մէջ ունէր ազատատենչ ոգի. կ՚ուզէր տեսնել ազատ ու միացեալ Հայաստան ու այդ երազին համար կը պայքարէր՝ մինչեւ իսկ իր կեանքի գնով. Եղիշէ այդ բոլորը մէկ կողմ դնելով եթէ փորձէր քծնիլ մեծաւորներուն դիմաց՝ վստահ եմ, որ տարբեր պիտի ըլլար ճակատագիրը. նոյնն էր պարագան Պարոյր Սեւակին եւ բազմաթիւ ուրիշներու, որոնք գաղափարը աւելի բարձր նկատեցին քան անձնական հանգստութիւնն ու բարօրութիւնը:

Այսօր կը տեսնենք կուսակցութիւններ, որոնք սխալներ կը կատարեն, սակայն համակիրներ կը «վախնան» այդ սխալները մատնանշելէ, որովհետեւ կրնայ ըլլալ այդ մէկը ի վնաս իրենց անդրադարձ մը ունենայ, մինչ նկարագիրի եւ սկզբունքի տէր մարդը ի հեճուկս իր հանգստութեան, պարտք կը նկատէ այդ մէկը բարձրաձայնել:

Այսօր մենք խօսքերով եւ շահերով կ՚առաջնորդուինք, մինչ առողջ ապագայ մը ունենալու համար գաղափարն է, որ պէտք է գերադասենք եւ այդ գաղափարը երկու-երեք տուն այցելելով համացանցի վրայ նկարներ տեղադրել չէ, ո՛չ ալ բեմերէն մեծ մեծ ճառեր արտասանելն է, որովհետեւ այդ ճառերուն մէջ կայ ձայն, կայ պոռալ կանչել... սակայն չկայ գաղափար, որովհետեւ գաղափարը շատ աւելի մեծ ու տարբեր բան է, քան մենք կը կարծենք, որուն համար բազմահազարներ իրենց կեանքը նուիրաբերած են:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԳՐԻԳՈՐ ԱՐԷՇԵԱՆ
(1949-2020)

Մեր թուականէն 73 տարիներ առաջ՝ 13 մայիս 1949-ին Երեւանի մէջ ծնած է հնագէտ եւ պատմաբան Գրիգոր Արէշեան:

Արէշեան նախնական կրթութիւնը ստացած է Երեւանի մէջ, ապա 1966 թուականին ընդունուած է Երեւանի Պետական համալսարան, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1973 թուականին: Աւարտելէ ետք մեկնած է Սեն Փեթերսպուրկի, ուր տեղի համալսարանին մէջ ներկայացուցած է իր թեզը «Երկաթը հին Արեւմտեան Ասիայի» մէջ նիւթով: Ուսումը աւարտելէ ետք Արէշեան զբաղած է ուսուցչութեամբ, դասաւանդելով Լոս Անճելըսի, Շիքակոյի եւ աւելի քան 14 տարբեր համալսարաններու մէջ: Արէշեան հեղինակ է աւելի քան 150 գիտական աշխատութիւններու եւ ուսումնասիրութիւններու, որոնք հրատարակուած ու թարգմանուած են աւելի քան հինգ լեզուներու: Աղբիւրներու համաձայն, Արէշեան տիրապետած է անգլերէն, ռուսերէն, հայերէն, գերմաներէն, ֆրանսերէն, լատիներէն, թրքերէն եւ գրաբար լեզուներուն, որոնք մեծապէս օգնած են իր կատարած ուսումնասիրութիւններու կատարելագործման աշխատանքներուն մէջ:

Արէշեան եղած է Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի դասախօս. 2014 թուականին դարձած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի անդամ, միաժամանակ վարելով հնագէտներու միջազգային խումբի համանախագահի պաշտօնը. Արէշեան, Պորիս Գասպարեանի գլխաւորութեամբ յայտնաբերած է Արենիի մէջ գտնուած 5500 տարուան հնութիւն ունեցող կօշիկն ու ամենէն հին գինեգործարանը:

Արէշեանի աշակերտներէն Պօղոս Աւետիսեան եւ Երուանդ Գրեկեան հրատարակած են Արէշեանի գործերէն շատեր, առ ի յիշատակ իրենց ուսուցիչին:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ուրբաթ, Մայիս 13, 2022