ԱՒԵՏԻՔ ՊԱՏՐԻԱՐՔ

Եթէ համաշխարհային վիճակագրութիւն մը պատրաստուի, կրնանք վստահ ըլլալ, որ ապերախտութեան մէջ առաջնութիւնը չենք զիջիր, որովհետեւ աշխարհի վրայ հայէն աւելի բարեդրուժ ազգ կարելի չէ գտնել:

Մեր ազգային ապերախտութեան հոմանիշը մոռացութիւնն է, որովհետեւ մենք ունինք սովորութիւնը մոռացութեան տալու ամէ՛ն բան. այսօր մեր կողմէ մոռացութեան տրուած է բազմաթի՜ւ անձնաւորութիւններ, որոնք իրենց հայրենասիրութեան պատճառով կեանք մը ամբողջ ենթարկուած են չարչարանքներու, սակայն հակառակ կոտտացող ցաւերուն՝ երբեք չեն զիջած իրենց համոզումներէն, իտէալներէն ու հայրենասիրութենէն: Հանգիստ կեանքի գաղափարը Հայրենիքէն աւելի առաջնահերթ չէ եղած եւ նոյնիսկ կեանքի գնով վճարած են գինը հայրենասիրութեան:

Նման անձնազոհներէն մէկն է անկասկածօրէն Պոլսոյ պատրիարքներէն Աւետիք Պատրիարք Սրբազանը. Սրբազան մը, որ իր ժողովուրդի ազգութիւնը ու հաւատքը պահելու համար շատ մը առաքեալներու օրինակով բանտարկութեամբ լեցուն կեանք մը ունեցաւ:

Մեր թուականէն աւելի քան 320 տարիներ առաջ ֆրանսացի պետութիւնը կը փորձէր պոլսահայութեան մէջ տարածել Յիսուսեան կրօնաւորութիւնը, նպատակ ունենալով հայերը դարձնել լատինականութեան: Թէեւ եղան հայորդիներ, որոնք խաբուելով հեռացան Առաքելական Սուրբ Եկեղեցիէն, սակայն Աւետիք Պատրիարք ամէն ձեւով պայքարեցաւ անոնց դէմ, որու պատճառով հալածանքներու ենթարկուեցաւ: Ֆէրիոլ անուն ֆրանսացի սպայ մը տեսնելով Աւետիք Պատրիարքի պայքարը եւ անոնց անկարողութիւնը Պատրիարք Հօր պայքարին հանդէպ, սկսաւ Օսմանեան պետութեան մօտ ամբաստանել ու չարախօսել եւ յաջողեցաւ աթոռազուրկ ընել, առեւանգել, բանտարկել ու աքսորել Պատրիարք Հայրը:

Աւետիք Պատրիարք զանազան ձեւերով կը յաջողի դուրս գալ իր դէմ դրուած դաւադրական ամբաստանութիւններէն, սակայն կը պատահի անսպասելին. 2 փետրուար 1706 թուականին Աւետիք Պատրիարք կ՚որոշէ Երուսաղէմ մեկնիլ. Պատրիարք Սրբազանը նաւով կը սկսի հեռանալ Պոլիսէն, առանց գիտնալու, որ ֆրանսացի Ֆէրիոլ սպայ նախապէս կաշառած է նաւապետն ու պաշտօնեաները եւ այսպիսով նաւը փոխան Երուսաղէմի կը մեկնի Ֆրանսա, ուր կը ձերբակալուի եւ կը բանտարկուի Աւետիք Պատրիարք: Իր գրած մէկ նամակին մէջ Պատրիարք հայրը կը գրէ.-

«...Աքսորեալ ի պատրիարքութենէն Կոստանդնուպոլսոյ, մինչ գնալն ի սուրբ յԵրուսաղէմ նաւաւարն խաբէութեամբ էառ զմեզ բերեալ ի Ֆռանգստան. ահա Դ. տարի եւ Ը. ամիս եղեւ, որ բանտի կամք. կամք Տեառն օրհնեալ եղիցի»:

Լուրը կարճ ժամանակի ընթացքին կը հասնի Պոլիս եւ բողոքի ձայն մը կը բարձրանայ. այս բողոքի ցոյցերու մեծութենէն վախնալով ֆրանսացիք բազմիցս կը փոխեն Պատրիարք Հօր բանտարկութեան վայրը եւ վերջապէս 1709 թուականին կը փոխադրեն Պասթիյի ամուր բերդը:

Սակայն բերդին մէջ մթնոլորտը անտանելի էր. Սրբազան Հօր ազատութեան որպէս միակ պայման կը ներկայացուէր դաւանափոխութիւնը, ինչ որ բազում անգամներ մերժած էր ու կը շարունակէր մերժել. դժբախտաբար որոշ ժամանակ ետք Աւետիք Պատրիարք փրկուելու համար դժկամութեամբ կը յօժարի դաւանափոխութիւնը եւ 1711 թուականին դուրս գալով բանտէն կը դառնայ Նոթրը Տամ յայտնի եկեղեցւոյ քահանան, սակայն մի քանի ամիսներ ետք՝ 21 յուլիսին կը վախճանի եւ կը թաղուի եկեղեցւոյ յարակից գերեզմանատան մէջ:

Այսօր վստահաբար ո՛չ ոք կը յիշէ Աւետիք Պատրիարքն ու իրեն նմանները, որոնց կեանքը պարզապէս չարչարանքներու պատմութիւն է. կասկածէ վեր է, թէ ֆրանսացի ժողովուրդը աւելի յարգանքով ու երախտագիտութեամբ պիտի վերաբերէր իր եկեղեցականներուն հանդէպ՝ քան մեր ազգը, սակայն պայքար էր Աւետիք Պատրիարք Հօր մղածը՝ մնալու հայ, մնալու Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակ. բանտի չարչարանքները այնքան ցաւ չպատճառեցին իրեն, ինչքան դաւանափոխութիւնը, որու պատճառով ալ մահացաւ: Նոյն պայքարը մղեցին նաեւ բանաստեղծները, որոնք իրենց հայրենասիրական ապրումներուն համար բանտարկուեցան եւ ենթարկուեցան բազմաթիւ չարչարանքներու:

Սեւակ, Չարենց եւ բազմաթիւ ուրիշներ գուցէ աւելի երկար ապրելու բախտաւորութիւնը ունենային, եթէ հայրենասիրութիւն կոչուած ապերախտ ներբողը ձգած՝ ապրէին հայրենասիրական ապրումներէ հեռու կեանք մը. գուցէ Չարենց պիտի չմահանար 40 տարեկան հասակին, ո՛չ ալ Սեւակ՝ 47-ին:

Այսօր Փարիզ ապրող հայորդիներէն քանի՞ն գիտէ դժբախտ Աւետիք Պատրիարքին կեանքին մասին. քանի՞ հայորդի կ՚այցելէ Նոթրը Տամ ու Փարիզ, կ՚անցնի այդ գերեզմանատան դիմացէն եւ կ՚անգիտանայ որ այդտեղ կը ննջէ հայորդի մը, որուն կեանքը զոհողութիւն էր. գուցէ գերեզմանաքարին վրայ գրուած ալ չըլլայ Աւետիք անունը եւ հայրենասէր մարդ մը հայրենիքէն հեռու, դաւանափոխ ու մինչեւ իսկ հայկական անունը կորսնցուցած կը շարունակէ ննջել օտարութեան մէջ:

Շատ անգամ մեռնիլն ալ լուծում չէ ցաւերուն:

Ու այսօր դարեր ետք Պատրիարքի տողերն են պարզապէս ապերախտներուս խիղճը շարժողը.-

«Արգելին բանտ մի որպէս զընտան,
Երկաթակապ մարմնոյս վերան,
Ոչ կարեմ ձեռքս տանել ի բերան»:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -241-

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ լուսահոգի Մեղրիկ Սրբազանը պատարագելէ ետք յոգնած վիճակին կէսօրուան ճաշի կը կանչուի հայրենակիցի մը տունը եւ պնդումները մերժել չկարենալով կը յօժարի երթալ։

Կէս ժամ ետք ճաշը պատրաստ կ՚ըլլայ եւ Սրբազան Հօր «Հրամեցէ՛ք Սրբազան» կ՚ըսեն։ Սրբազան Հայրը ամչնալով կը մերժէ ու շնորհակալ եմ մը կ՚ըսէ առ ի յարգանք, սակայն տան տէրերը երկրորդ հրամմէ մը չեն ըսեր ու Սրբազան Հայրը նստասենեակը ձգելով կ՚անցնին ճաշասենեակ ու ճաշել կը սկսին։ Յարգանքի համար ըսուած ոչը պատճառ կը դառնայ մինչեւ երեկոյ անօթի մնալու։ Յաճախ կ՚ըսէր. «Ոչ պիտի չըսես, անօթի կը մնաս»։

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Մայիս 13, 2023