ԿԵՆԴԱՆԻ ՀԱՑԸ

«Ես եմ կենդանի հացը, ով որ այս հացէն ուտէ, յաւիտեան պիտի ապրի. հացը, որ ես պիտի տամ, իմ մարմինս է, զոր ես կու տամ աշխարհի փրկութեան համար». (ՅՈՎՀ. Զ 51)։

Շատեր կան, որոնք շատ վատ տրամադրուած կը մօտենան եւ կամ յանցաւոր կերպով կը հեռանան. այս երկու հակադիր մօտեցումներն ալ «սատանայական» են, որովհետեւ առաջինը չ՚ըմբռներ ահաւոր խորհուրդին զօրութիւնը, այլ մտերմական սովորութեամբ եւ խղճահարութեամբ կը մօտենայ ո՛չ թէ իր փրկութեան, այլ դատապարտութեան համար. ո՛չ թէ մեղքերու թողութեան, այլ շատ աւելի՛ անօրէնութեան մը համար…

Իսկ երկրորդը կը հեռանայ փոխանակ մօտենալու, որովհետեւ զայն կ՚արհամարհէ որպէս «անկարեւոր» բան, փոխանակ զայն կարեւոր նկատելու, որովհետեւ ան չի՛ ճանչնար այս մեծ խորհուրդին զօրութիւնը եւ շնորհքները եւ կամ այս խորհուրդը պատիւ մը նկատելով՝ չ՚ուզեր յաճախ անոր մօտենալ, ո՛չ թէ պատիւ, այլ յիմարութիւն, անմտութիւն եւ ծուլութիւն է կեանքէն հեռանալը եւ խաւարը եւ մահուան տենչալը։

Ապա ուրեմն՝ իր մարմնէն եւ արիւնէն հեռացողին համար է որ Քրիստոս աւելցուց, «Ճշմարիտ» բացատրութիւնը Իր խօսքին աւելի ուժականութիւն մը, շեշտ մը տալու համար. «Ճշմարիտ, ճշմարիտ, կ՚ըսեմ ձեզի, եթէ չուտէք Մարդու Որդիին մարմինէն եւ չխմէք անոր արիւնէն, յաւիտենական կեանք պիտի չունենաք». (ՅՈՎՀ. Զ 54)։

Իսկ անոնք, որոնք յաւիտենական կեանք չունին, անոնց ժառանգութիւնը գեհենի հուրը եւ մութ խաւարը պիտի ըլլայ։ Ան որ հեռու մնայ սուրբ խորհուրդէն, դիւրաւ կ՚իյնայ «սատանայական» մոլութեան մէջ եւ կը դառնայ սատանային մշտնջենական օթեւանը։

Ուստի, իւրաքանչիւր անձ պէտք է որ կա՛մ Հոգւոյն շնորհքները վայելէ եւ կա՛մ պիղծ հոգին ընդունի. «Տիրոջ Հոգին հեռացաւ Սաւուղէն եւ գէշ դեւ մը զինք կը նեղէր». (Ա ԹԱԳ. ԺԶ 14)։ Որովհետեւ այն այգին, որ ցանկապատ չունի, չի պաշտպանուիր կատարելապէս, քանդող գազաններ եւ անտառի խոզեր հո՛ն մտնելով կը քանդեն, կը փճացնեն զայն. իսկ անոնք, որ սուրբ խորհուրդը որպէս ցանկապատ եւ պաշտպան, իրենց հոգիները դեւերու բնակարան կը դառնան. հրեշտակներու հոյլէն փախչելով՝ դեւերու՝ «չար»ին բանակին մէջ կ՚իյնան, եւ դեւերը, լայն առումով «չար»երը դիւրաւ կը տիրանան անոնց, հոգիները կը տանջեն եւ մարմինները վատ կերպով կը չարչրկեն, երբեմն կրակի եւ երբեմն ալ ջուրի մէջ։

Ուրեմն, սիրելի՜ բարեկամներ, ան որ կ՚ուզէ Անոր մէջ բնակիլ, Անոր միանալ, պէ՛տք է ընթանայ այնպէս, ինչպէս Ան ընթացաւ։ Եւ ան, որ կը յուսայ, թէ Աստուած իր մէջ կը բնակի եւ ինք՝ Աստուծոյ, պէ՛տք է որ մարդկային տկարութեան եւ անկատարութեան ներած չափով «սո՛ւրբ» ըլլայ, ինչպէս որ Ան սուրբ է եւ ապա Անոր մերձենայ։

Իսկ ան, որ այսպէս չմօտենայ, բացայայտ է, թէ իր անձին դատապարտութեան կը մերձենայ, որովհետեւ Տէրունական սուրբ մարմնին մօտենալը սուրբերու համար լո՛յս է, որ կը լուսաւորէ հոգիով մօտեցողները, իսկ պիղծերու համար հո՛ւր է, որ կ՚այրէ եւ կը քանդէ, երբ խղճահարութեամբ մօտենան։ Արդարեւ, երբ մարդուս միտքը իր սրբութեանը մասին չի վկայեր, յայտնի է, թէ իր սուրբ խորհուրդին մերձենալը Աստուծոյ կամքովը չէ, ինչպէս որ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Ահաւասիկ, Աստուծոյ կամքը ձեր մտքին վկայութւնն է». (Ա ԹԵՍ. Դ 3), եւ եթէ միտքը վկայէ, սրբութեան մասին, Աստուծոյ կամքին համաձայն կ՚ըլլայ մօտեցումը, իսկ եթէ տարակուսանքով մերձենայ՝ պէտք է գիտցուի, որ բոլոր անօրէնութիւններէն աւելի անօրէ՛ն կերպով պիտի դատապարտուի, քանի որ ասիկա շատ աւելի ոճրային անօրէնութիւն մըն է, քան արիւն թափող ոճրագործներունը։

Անկեղծ եւ հաւատարիմ ըլլալ՝ ա՛յս է հարցը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մայիս 12 2023, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Մայիս 13, 2023