ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՄԱՏԵՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Եկեղեցական եւ առհասարակ ազգային-կրօնական գրականութեան հիմքը դրուեցաւ այն օրուընէ, երբ 404 թուականին մեծահանճար Մաշտոցը հայկական տառերը գտաւ եւ առաջին հայ գիրքը գրուեցաւ։ Պատմական այս նշանաւոր անցքը մեծ ոգեւորութեամբ կը նկարագրեն հայ պատմիչները՝ ցոյց տալով այն մեծ ու բազմօգուտ բարիքները՝ որ հայ ժոողվուրդը այդ փոքր նշանախէցներէն ստացաւ։
Տառերու գիւտէն անմիջապէս յետոյ դպրոցներ բացուեցան, եւ սկսաւ թարգմանչական գործունէութիւն մը՝ որուն շնորհիւ «արեւելեան ժողովուրդ» մը հաղորդակից եղաւ Եւրոպական-Արեւմտեան մտածողութեան ու գաղափարներուն։ Հայերէն լազուի տառեր յօրինելու գաղափարը ծնունդ կու տար քարոզելու այն դժուարութեան, զոր կը կրէին Մաշտոց Վարդապետը եւ իր մեծահասակ թարգմանիչ աշակերտները։ Այս իսկ պատճառով բնականօրէն նորահաստատ հայ գրականութիւնը կրօնական-քարոզչական ուղղութիւն ու ընթացք պէտք է ունենար, որ անհրաժեշտ էր դարեր առաջ քրիստոնէութիւնը ընդունած հայ ժողովուրդը քրիստոնէական-բարոյական գաղափարներով վերածնելու ե՛ւ լուսաւորելու համար։
Եկեղեցական եւ ազգային-հոգեւոր գրականութեան առաջին կոթող հանդիսացաւ Սուրբ Գիրքի հոյակապ թարգմանութիւնը՝ որ գլուխ հանուեցաւ Ե դարու առաջին կէսին Սահակ Պարթեւ Հայրապետի ձեռքով. (Սուրբ Սահակ Ա Պարթեւ. 387-439)։
Ղազար Փարպեցին կը ներկայացնէ այն պաղատանքը՝ որով հայ ժողովուրդը դիմեց Սուրբ Սահակ Պարթեւին՝ Սուրբ Գիրքը հայերէն թարգմանելու եւ հայ աշխարհի հոգեւոր մշակութեան պատճառ դառնալու համար։ Մեծ Հայրապետը կատարեց հայ ազգին փափաքը եւ իսկոյն թարգմանութեան ձեռք զարկաւ։ Որչափ եւ մեծ էր Սուրբ Սահակի աշխատանքն ու հմտութիւնը, բայց եւ այնպէս դժուար էր այն ժամանակներուն միայնակ գլուխ հանել Սուրբ Գիրքի թարգմանութիւնը, մանաւանդ որ ան հայրապետական անմիջական գործերով եւս զբաղած էր, ուստի կարելի չէ բնաւ տարակուսիլ, որ այդ գործի թարգմանութեան մէջ մասնակցութիւն ունեցան Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց եւ երէց թարգմանիչները։
Թարգմանութիւնը կատարուեցաւ կրկին անգամ. նախ՝ ասորերէնէն եւ յետոյ յունարէնէն։
Ինչպէս կ՚երեւի, Սուրբ Սահակ եւ իր գործակիցները առանձին վստահութիւն չունէին իրենց ասորական «փէշիտոյ» կոչուած թարգմանութեան հարազատութեան վրայ, ուստի եւ հետամուտ եղան Աստուածաշունչ Մատեանի «Եօթանասնից» յոյն թարգմանութեան «ճիշդ եւ ստուգուա՛ծ» օրինակներ ձեռք բերել, որոնք Եւսերիոս Եպիսկոպոսի յատուկ խնամքով՝ կը պահուէին Բիւզանդիոնի մէջ։
432 թուականին Հայ թարգմանիչներ Բիւզանդիոնէն վերադառնալու ժամանակ՝ իրենց հետ բերին այդպիսի ճշդուած ու ստուգուած օրինակ մը՝ որու համեմատ նախկին թարգմանութիւնը սրբագրուեցաւ, կամ կրկին թարգմանուեցաւ, եւ այդ՝ կը գործածուի մեր եկեղեցիին մէջ մինչեւ այսօր։
Աստուածաշունչ Մատեանի հայ թարգմանութիւնը թէեւ բնագրի համեմատութեամբ շատ մութ եւ անհասկնալի հատուածներ ունի, մանաւանդ մարգարէութիւններու մէջ, բայց այդ հետեւանք է իսկապէս «Եօթանասնից» կոչուած յոյն թարգմանութեան. ընդհանրապէս առնելով հայ թարգմանութիւնը, հաւատարիմ, վսեմ ու ճշգրիտ է, ըստ ամենայնի բնագրի ոգին ու վսեմութիւնը ցայտեցնող։
Արդարեւ տարակոյս չկայ, որ Ե դարուն Սուրբ Գիրքը ամբողջապէս թարգմանուեցաւ։
Կորիւն թուելով հայ տառերու գիւտի բարերար հետեւանքները՝ խօսքը Սուրբ Գրքի թարգմանութեան վրայ կը դարձնէ եւ կ՚ըսէ.
«Այն ժամանակ օրէնուսոյց Մովսէսը մարգարէական դասին հետ եւ յառաջադէմ Պօղոսը բովանդակ առաքելական գնդի եւ աշխարհակեցոյց աւետարաններու հետ… հայաբարբառ ու հայերէնախօս եղան»։
Կորիւն այս իրապէս թանկագին վկայութիւնը կը հաստատէ Եզնիկի, Եղիշէի եւ ուրիշներու բերած վկայութիւնները այս մասին ու ակնարկներով, որով Սուրբ Գրքի Ե դարուն անմիջապէս թարգմանուած ըլլալուն ամենեւին տարակոյս չի մնար։
Աստուածաշունչ Մատեանի ամբողջական թարգմանութեամբ սկիզբ դրուեցաւ եռանդուն գործունէութեան մը՝ որով քրիստոնէական եկեղեցիի նշանաւոր հայրերու գործերը մատչելի դարձան հայ ժողովուրդին։
Թարգմանութիւնները նախ կատարուեցան ասորերէն լազուէն, եւ ապա՝ յունարէնէն, եւ այս գործի մէջ մեծ արդիւնք ունեցան Յովսէփ, Յովհան, Եզնիկ, Կորիւն եւ Սահակ Պարթեւի ու Մասրոպ Մաշտոցի մնացեալ աշակերտները, որոնք ընդհանրապէս յայտնի են «Թարգմանիչներ» անունով։
Այսպէս ընտիր եւ խնամուած ոճով այս ժամանակներուն թարգմանուեցան Եփրեմ Ասորիի, Բարսեղ Կեսարացիի, Կիւրեղ Աղէքսանդացիի, Կիւրեղ Երուսաղէմացիի, Յովհան Ոսկեբերանի եւ ուրիշներու ընտիր գործերը՝ որոնցմով դաստիարակուեցան ու կրթուեցան ուսանողներ, դաստիարակուեցաւ ու կրթուեցաւ նաեւ ամբողջ հայ ժողովուրդը եւ քրիստոնէական գաղափարներն ու ուսուցումը առաւել ուժ ու հաստատութիւն եւ ընդունելութիւն գտան ամէնուրեք։
Այս կերպով «Թարգմանական գրականութիւն»ը հի՛մք դարձաւ նաեւ ինքնուրոյն ազգային գրականութեան, որ Հայ ազգի գոյութեան զօրաւոր սիւներէն մէկը եղաւ։
Հայոց ինքնուրոյն գրականութեան առաջին հեղինակ հանդիսացաւ Սահակ Պարթեւ Հայրապետը՝ որ բացի Սուրբ Գրքի թարգմանութենէն՝ թողած է մի քանի ուրիշ նամակներ՝ դաւանաբանական եւ այլ բովանդակութեամբ, եւ «Գիր աւանդութեան» ու «Կանոնք» կոչուած ընդհանրական նամակները՝ որոնց մէջ մանրամասն կը խօսուի եկեղեցիի ուխտի փոխադարձ յարաբերութեան ու պարտականութիւններու մասին։
Հայ հոգեւոր բանաստեղծութեան՝ շարականներու նախկին հեղինակ նոյնպէս կը համարուի Սահակ Պարթեւ Հայրապետ։ Ուստի բանաստեղծութիւնը կրօնական գաղափարներ տարածելու եւ ներշնչելու շատ նպաստաւոր գործի մը, միջոց մը եղած էր միշտ…։
-Մեծ մասամբ օգտուեցանք՝ Աբր. Զամինի կազմած «Հայոց Եկեղեցու
Պատմութիւն», 1908-ի Ա. հատորէն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 10, 2016, Իսթանպուլ