ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴ
«Միշտ մտածած եմ մարդկութեան բարեփոխման մասին, ի՛նչ որ կարելի է՝ երիտասարդներու կրթութեան բարեփոխմանը շնորհիւ», կ՚ըսէ Leibnitz։ Արդարեւ, ժողովուրդի մը նպատակն է յառաջդիմել, բարեփոխուիլ եւ եթէ պահանջքը զգացուի՝ վերածնի՛լ։ Ժողովուրդի մը «վերածնունդ»ը՝ քաղաքակրթութեան այն բարձրագոյն կայանն է, զոր ժողովուրդ մը կը պարտաւորուի ունենալ մարդկային լուսաւոր ընկերութիւններու դասակարգութեանը մէջ։
Ուստի ասիկա պզտիկ եւ դիւրին գործ մը չէ՛։
Նախ պէ՛տք է որ տեսակ մը նոր կենդանութեան եւ նոր մտածելակերպի տարրեր անհատներու իւրաքանչիւրին մինչեւ ոսկորներուն ծուծը տարածուին, բարեփոխուելու պատրաստակամութիւնը իւրացնէ ընկերութիւնը կազմող ամէն մէկ անդամ։ Եւ պէ՛տք է որ բոլորովին ուրիշ արիւն մը շրջաբերիլ սկսի երակներու մէջ, ինչ որ կը նշանակէ պատրա՛ստ ըլլալ նորութեան եւ նորոգութեան։
Այս պատրաստակամութիւնը պայման է, որպէսզի կարելի ըլլայ համբերութեամբ եւ արիութեամբ դիմաւորել ամէն բարեփոխութիւն եւ աշխատիլ անոնց իրագործմանը համար։ Աշխատելու համար կամք եւ կորով պէտք է եւ մանաւանդ մտապէս եւ հոգեպէս պատրա՛ստ ըլլալ։
Ի՞նչ պիտի ըլլայ այս աշխատութեան կերպը։
Նախ փոխել մտածելակերպը, յետոյ փոխել ընկերային աշխարհի բարոյական եւ նիւթական կազմութիւնը։
Արդարեւ, երբ Leibnitz կ՚ըսէ, թէ՝ բարեփոխութիւնը կը սկսի երիտասարդներու կրթութեան բարեփոխութեամբ, J. J. Rousseau ալ կ՚ըսէ, թէ՝ մարդուն դաստիարակութիւնը կը սկսի իր ծնունդով։ Իսկ Boniface-ի համաձայն՝ դաստիարակութիւնը ամբողջ մըն է՝ մարմնական, հոգեկան եւ մտային կարողութիւններու բարեփոխութեան։ Ուրեմն կը տեսնուի, որ «բարեփոխութիւն»ը կը սկսի ծնունդով՝ ո՛չ միայն ֆիզիքական-մարմնական աշխարհի մէջ, այլ նաեւ՝ հոգեւոր եւ մտային ներաշխարհներուն ամբողջութեանը մէջ։ Ուստի դաստիարակութիւն ե՛ւ կրթութիւն պէտք է ըլլան ամբողջական աշխատութիւն մը մարմնի, հոգիի եւ մտքի, այսինքն՝ ներքինով եւ արտաքինով։
Ներքին համոզումով եւ բարեփոխութեան ճամբուն մէջ վերածնող ժողովուրդներու ընդհանուր պատմութեան վրայ կռթնելով կը տեսնուի, որ ժողովուրդ մը երբ իր անցեալին նայելու կ՚ամչնայ, երբ ներկային յուսահատական ամլութիւնը եւ անշարժութիւնը կը նշմարէ, եւ կը փափաքի իրերու այս վիճակէն ազատելու եւ անոնց հիմնական դարմա՛ն մը գտնելու, իր առաջնակարգ պարտականութիւնն է քակել իր ընկերական գործարանը եւ լաւագոյն գործիներով վերակազմել զայն։ Բարեփոխութիւն եւ վերածնունդ փափաքողներու պատասխանատուութի՛ւնն է ասիկա։
Այս «քակում»ը՝ որուն պիտի յաջորդէ վերակազմութիւն, անոր կամ ասոր գործը չէ՛, այլ՝ հանրութեա՛ն։
Այսպիսի «քակում» մը նաեւ հանրութեան կողմէ անհնարին է, եթէ ժամանակը հասած չըլլայ։ Ուրիշ խօսքով՝ նախապատրաստութիւնը եթէ հասունցած չըլլայ։ Եւ այդ ժամանակը բերելու համար ամէնուն պարտքն է ժողովուրդին ընկերային կազմութեան բարոյական եւ նիւթական տարրերը մի առ մի դիտել, ուշադրութեամբ եւ բծախնդրութեամբ քննել՝ աղէկը եւ գէշը նշմարել, խծբծել, հանրութեան ցոյց տալ եւ բացատրել, եւ այսպէս զայն յանուն այսպիսի «քակում»ի մը շարժելու տրամադրել։
Այս տարրերուն երեքը գլխաւորներն են, թէեւ կան նաեւ երկրորդական կարեւորութիւն ունեցողներ։
Այս երեք գլխաւոր տարրերն են.
ա) Սրտի դատարկութիւն,
բ) Մտքի խաւար, եւ
գ) Մարմնի տկարութիւն։
Եւ ասոնց մայրը տգիտութի՛ւնն է։
Գիտեն մարդիկ այս ճշմարտութիւնը, եւ սակայն անուրանալի իրողութիւն է, թէ մարդիկ, ընդհանրապէս այս մասին ինքնախաբէութեան մէջ են։ Տգիտութեան վնասակար ազդեցութիւնը գիտնալ ուրիշ բան է, տգիտութենէ ազատելու համար աշխատիլը՝ տարբե՛ր։
Եւ երբ «տգիտութիւն» կ՚ըսենք, այդ կը հասկնանք իր ամենալայն իմաստով, որուն մէջ կայ՝ դատիարակութիւն, կրթութիւն, գիտակցութիւն, իմացականութիւն, հմտութիւն եւ մանաւանդ ինքնագիտակցութիւն եւ պատասխանատուութեան զգացո՛ւմ։
Արդարեւ, մէկը որ ինքզինք չի ճանչնար, իրմէ չի սպասուիր, որ կարենայ ճանչնալ իր շուրջինները, իր նմանները։ Ինքնագիտակցութիւնը յառաջդիմութեան, բարեփոխութեան եւ վերակենդանութեան անհրաժեշտ պայմա՛նն է։ Եթէ մէկը կ՚ուզէ բարեփոխ-ւիլ, «վերածնիլ», պայմա՛ն է որ նախ ճանչնայ ինքզինք։
Ուրեմն, այն որ ինքզինք չի ճանչնար, չի կրնար գիտնալ եւ հասկնալ, թէ տգիտութիւնը որքան ճարակուած է իր մէջ եւ ինչ տխուր եւ միանգամայն վատ հետեւանքներ ունեցած՝ կը շարունակէ իր կործանարար ազդեցութիւնը գործել։ Եւ մարդ երբ ուշադրութիւն դարձնէ տգիտութեան վրայ, կը տեսնէ անոր երեք ծնունդները։
Տգէտին սիրտը պարա՛պ է, քանի որ ապականակիր կիրք մը՝ իր «Ես»ը, եսամոլութիւնը, հոն խեղդած է իր ամենէն վեհ եւ ազնիւ զգացումները՝ մարդկութեան եւ իր պատկանելիութեան, սիրոյ զգացումները՝ մարդկային եւ ընկերային արժանաւորութեան զգացումները։
Տգէտին միտքը խաւա՛ր է, մութն է պատած, քանի որ տակաւին նախապաշարումի, կանխակալութեան եւ սին տեսիլներու հրապոյրը կը գրաւեն զայն եւ որովհետեւ ընկերային եւ երկնային բարձրագոյն գիտութիւններու եւ խնդիրներու վրայ գաղափար մը չկա՛յ անոր մէջ՝ իր ամբողջ կարողութիւնները մութին եւ խաւարին մէջ կորսուած՝ միայն կէտի մը վրայ հաստատուած են եւ մտքի խաւարը անշարժութեան, ամլութեան է մատնած զանոնք եւ անկարող է ուրիշ կէտի կամ առարկայի վրայ շրջել իր նայուածքը։ Մտքի խաւարը ամենամեծ արգելքն է յառաջդիմութեան, բարեփոխութեան, լուսաւորութեան, քանի որ ան չի գիտեր թէ ո՛ւր է լոյսը։ Մտքին խաւարը նիւթական-մարմնական կուրութեան կը համապատասխանէ՝ մարմնական կուրութեան համազօր է։ Եթէ կոյր մը՝ աչազուրկ մէկը կրնայ հասկնալ, թէ ի՛նչ է գոյնը, խաւար միտք մըն ալ կրնայ տեսնել եւ ըմբռնել, հասկնալ, թէ ի՛նչ է «լոյս»ը։
Տգէտին մարմինը տկա՛ր է։ Յատկապէ՛ս տկարութիւն՝ ֆիզիքապէս նկատուելով եւ լուսաւոր կարծուած միջավայրերու մէջ գտնուողներու վրայ խօսելով։ Տկարութիւնը ընդհանուր՝ նիւթապէս խօսելով։ Ամբողջ ժողովուրդին տկարութեան պատճառ կը հանդիսանայ ամէն մէկ անհատի տկարութիւնը՝ աղքատութիւնը՝ որ բնական հետեւանքն է սրտի եւ մտքի աղքատութեան, չքաւորութեան, քանի որ ո՛ւր որ լոյս չկայ, հոն չկայ նաեւ իրական գործունէութիւն, աշխատութիւն, արդիւնաբերութիւն։
Ահա, այսպիսի տարրերէ կը բաղկանայ ընկերային կազմութիւն մը՝ կազմութիւն մը, որ մաշուած եւ հինցած, կազմութիւն մը, որ խախուտ է եւ ամո՛ւլ եւ որ վերանորոգելու տիտանեան ձեռնարկութիւնը ամէն հաւաքականութեան գործը չէ՛։
«Յանձնառո՛ւ» մը անհրաժե՛շտ է այսպիսի պարագայի մը մէջ՝ լուսաւորուելու եւ յառաջդիմե՛լու համար…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 8, 2018, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/26/2024
- 11/26/2024