ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ

Յստակօրէն հասկնալու եւ գիտնալու համար, թէ ո՞ւր էինք եւ ո՛ւր հասանք, պէտք է անպայմանօրէն ստուգել անցեալի հայկական մամուլը եւ ինչո՞ւ չէ նաեւ օտար մամուլները: Ապագայի հանդէպ մեր մտահոգութիւնը, ներկայի հանդէպ մեր դժգոհութիւնն ու անցեալի հանդէպ եղած սէրը որպէս յոռետեսութիւն թող չորակուի, սակայն անուրանալի է, թէ անցեալին ունէինք աւելի աշխոյժ մշակութային ու ազգային կեանք մը՝ քան ներկայիս:

Դուրս գալով հայկական մամուլի սահմաններէն, այդ դժբախտ իրողութիւնը կ՚ուզեմ փաստել օտարինով. 1902 թուականին ֆրանսական թերթեր կը գրէին «Եւրոպայի Հայ ուսանողական միութեան» 5-րդ համագումարին մասին. 26 մարտ 1902-ին վերջ կը գտնէ հայ ուսանողներու համագումարը, որուն ընթացքին երիտասարդներ հետեւեալ որոշումները կը կայացնեն.-

Ա.- Շարունակել մամուլի ճամբով գաղափարներու տարածումը:

Բ.- Կովկաս եւ Թուրքիա ղրկել երիտասարդներ՝ տեղի հայերու կացութիւնը ստուգելու համար:

Գ.- Հրատարակութիւններու եւ ծրագիրներու գործադրութեան համար գումար յատկացնել:

Կասկած չունինք, որ 1902 թուականին Եւրոպայի հայ երիտասարդներու վիճակը շատ աւելի թշուառ էր՝ քան մերօրեայ երիտասարդներու վիճակը. կեանքի պայմաններով եւ տնտեսական վիճակով անոնք աւելի դժուարութիւններ ունէին, սակայն ունէին հայրենասիրութիւն կոչուած անբացատրելի զգացումը՝ որմէ զուրկ կը մնան մեր երիտասարդները:

«Եւրոպայի Հայ ուսանողական միութիւն»ը իր համագումարին կ՚որոշէ մամուլի ճամբով գաղափարախօսութիւն կատարել. այս կէտը ցոյց կու տայ, որ ընթերցասէր երիտասարդութեան մը կողքին գոյութիւն ունէր երիտասարդութիւն մը, որ մտահոգ ազգի վիճակով կը գրէր, կը կարդար, կը մտահոգուէր եւ կը բողոքէր: Կը տեսնենք երիտասարդութիւն մը, որ Եւրոպայի զեխ «հաճոյք»ները մէկդի դրած հոգիով ու սրտով կը մտածեն հայութեան վիճակին մասին:

Ուսանողները կ՚որոշեն ուսումնասիրել Կովկասի եւ Թուրքիոյ՝ մանաւանդ գաւառներու մէջ ապրողներուն վիճակը. ստուգել անոնց պէտքերն ու կարիքները եւ ի հարկին կատարել կարելին եւ գուցէ կարելիէն ալ աւելին. հոգալ անոնց մարդկային ու կրթական բոլոր պէտքերը: Կ՚ուզենք յստակ ըլլայ, որ նման առաքելութիւն մը նիւթականէն աւելի կամքի կը կարօտի, որովհետեւ մերօրեայ երիտասարդները Եւրոպայի տարածքին շատ աւելի հանգիստ նիւթական պայմաններ ունին քան անոնք՝ որոնք իրենց գաղթականի կարգավիճակով կը շարունակէին մտածել ազգի պէտքերուն մասին. ազգի մը պէտքերը ղեկավարներէն աւելի երիտասարդութեան մտահոգութիւնը պէտք է որ ըլլայ, որովհետեւ ինչպէս անցեալին ըսինք, երիտասարդութիւնն է, որ կը «սրբագրէ» եւ դէպի «լաւ»ը կ՚առաջնորդէ ամէ՛ն բան եւ նոյն սկզբունքով անհոգ ու անտարբեր երիտասարդութիւնն է, որ ազգ մը մահուան կ՚առաջնորդէ:

Այնպէս մը չէ, որ 1902 թուականին Եւրոպայի մէջ երիտասարդներու համար հաճոյքի եւ զբօսանքի վայրերը կը պակսէր. այնպէս մը չէ՛ որ անոնք ժամանցի համար համագումարներ կը կազմակերպէին. օրուան մամուլի հաղորդակցութիւնը կը յայտնէ, թէ անոնց համագումարն ու ժողովները կ՚երկարէին մինչեւ ուշ գիշեր:

Իրականութեան մէջ երբեք պէտք չէ գովասանքով խօսինք անոնց մասին, որովհետեւ հայրենիքին ու ազգին մասին մտածելը ո՛չ թէ զոհողութիւն, այլ պարտաւորութիւն պէտք է, որ ըլլայ թէ՛ անցեալի եւ թէ ներկայ երիտասարդութեան համար:

Եւրոպայի Հայ ուսանողներու միութիւն մը դարձեալ կը տեսնենք 1960-1970-ական թուականներուն. Իտալիոյ Փարմա քաղաքին մէջ մխիթարեանական նախկին սաներու կողմէ հաստատուած, որոնք աշխոյժ գործունէութիւն կ՚ունենան. կը հրատարակեն գիրքեր, կը կազմակերպեն համագումարներ ու հաւաքոյթներ, ինչպէս նաեւ հայ դատի գաղափարախօսութիւնը կը կատարեն թէ՛ մամուլի եւ թէ դասախօսութիւններու եւ բողոքի ցոյցերու ճամբով:

Ցաւ ի սիրտ, պատմութիւնը այդ ազգասիրութեան կրակով վառուող երիտասարդներուն անունները չի՛ յիշեր եւ իրականութեան մէջ անունները այնքան ալ կարեւոր չեն՝ ինչքան ոգին որ կար անոնց մէջ:

Ու այս բոլորին դիմաց չենք կրնար չի բարձրաձայնել «ո՞ւր է մերօրեայ Եւրոպայի երիտասարդութիւնը» հարցադրումը. եթէ կեանքի պայմանները դժուար են, վստահ եղէք անցեալի հայրենասէրներունը շատ աւելի դժուար էր. եթէ այսօր ժամանակը սուղ է՝ այնպէս չէ որ անցեալինները անժամանակ ու յաւիտենական կեանք մը ունէին: Մերօրեայ երիտասարդութեան ժամանակը սուղ է ազգին համար, սակայն աժան՝ այս կամ այն սրճարանին անկիւնները ժամանակ սպաննելու:

Մեզի պէտք են մերօրեայ պայմանները՝ սակայն նախկիններու ոգին, որպէսզի յաջողին տեսնել փայլուն եւ յաղթական ապագայ մը՝ պայմանաւորուած իր երիտասարդներու աննահանջ հայրենասիրութեամբ:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -267-

Մեր հայկական կուսակցութիւններն ու կազմակերպութիւնները թիւէն անդին որակի մը մասին կը խօսին, սակայն իրական գետնի վրայ որակը անտեսելով թիւին է, որ կարեւորութիւն կու տան:

Մի քանի տարիներ առաջ Լիբանանի մէջ կուսակցութիւն մը որոշեց իր կուսակցական շարքը մեծցնել՝ նոր անդամներ ներգրաւելով. մօտաւորապէս մէկ շաբթուան «դասընթացք»է մը ետք բոլորն ալ դարձան կուսակցականներ: Անոնց մէջէն կը ճանչնայի մի քանին եւ վստահ էի, որ իրենց անդամագրուած կուսակցութեան մասին բան չեն գիտեր. փորձի համար անոնցմէ մէկուն հարցուցի կուսակցութեան քայլերգը. հայրենասիրական երգի մը անունը տուաւ՝ որուն մէկ կուսակցութեան անունը կը յիշուի:

Ահաւասիկ որակը, որով յագեցած ենք ազգովի:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունիս 13, 2023