ԸՆՏԱՆԻՔ ԵՒ ԱՐԻՒՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

«Արիւնակցութիւն» consanguinitas կը կոչուի այն ազգակցութիւնը՝ որուն անդամները իրարու կապուած են համարիւնութեան կապով, այսինքն՝ ծնունդի միջոցով սերած են անոնք կամ յաջորդաբար մէկը միւսէն եւ կա՛մ զանազան ճիւղերով ընդհանուր նախահօրէ կամ բունէ. truncus։ Ուրեմն բոլոր արիւնակիցները իրարու հետ ունեցած կապով կը կազմեն «շարք» կամ «գիծ». Linea։

Այս «գիծ»ը կ՚ըլլայ կա՛մ ուղիղ. Linea recta եւ կա՛մ կողմնակի. Linea transversa կամ obliqua։

Ուղիղ գիծը կը բաժնուի երկու ուղղութեան. «վերընթաց» Linea superior եւ «վայրընթաց» Linea inferior։ Վերընթացը կը սկսի ծնողներէն դէպի վեր եւ այս գծին կը պատկանին ծնողք կամ հայր. pater եւ մայր. mater, անոնց ծնողքը կամ պապ (հաւ). avus եւ տատ (մամ, հանի). avia, անոնց ծնողքը կամ նախահաւ. proavus եւ նախամամ. proavia, անոնց ծնողք կամ պապուն պապ (ջոջպապ, մեծպապ). abavus, եւ մամուն մամ (ջոջմամ, մեծմամ). abavia, եւ այլն, որոնց շարունակութիւնը կը կոչուի «նախնիք». majores։

Անոնք բոլորը կը կոչուին առհասարակ եւ վերընթացներ. «ascendentes»։

Վայրընթաց գիծը նոյնպէս կը սկսի ծնողներէն, բայց կ՚իջնէ դէպի վար, անոր կը պատկանին ծնողք կամ հայր եւ մայր, անոնց որդիները կամ տղայ (ուստր). filius եւ աղջիկ (դուստր). filia, անոնց որդիները եւ թոռը. nepos եւ թոռնուհի (թոռնիայ). neptis, անոնց որդիները կամ առաջին թոռը (թոռնի տղայ). abnepos եւ առաջին թոռնուհի. abnetis, անոնց որդիները կամ ձագթոռը. adnepos կամ ձագթոռնուհին. adneptis, եւ այլն, որուն շարունակութիւնը կը կոչուի «սերունդ» posteriores։

Ասոնք ամէնքը կը կոչուին առհասարակ եւ «վայրընթացներ». descendentes։

Կողմնական գծի. Linea transversa ազգականները. collaterales ծնած են ոչ թէ մէկը միւսէ յաջորդաբար, ինչպէս ուղիղ գծի մէջ. Linea recta, այլ միեւնոյն նախահօրէ կամ ընդհանուր բունէ. stipes communis իբրեւ երկու կամ աւելի ճիւղ, իբրեւ երկու կամ աւելի «վտակ» միեւնոյն «աղբիւր»էն։

Այստեղ ամենամերձաւոր արիւնակիցներ կամ ազգականներ են եղբայր. frater եւ քոյր. soror։

Բայց անոնք կ՚ըլլան երկու տեսակ. հարազատներ. germani, այսինքն՝ համահայր եւ համամայր, եւ խորթեր, որոնք նոյնպէս կ՚ըլլան երկու տեսակ. համահայր. consanguineus, այսինքն՝ մէկ հօրմէ եւ զանազան մայրերէ, եւ համամայր. uterinus, այսինքն՝ միեւնոյն մօրմէ եւ զանազան հայրերէ։

Բացի եղբօրմէ եւ քրոջմէ, կողմնական գծին պատկանող արիւնակիցներ են հօրեղբայր. patruus եւ հօրաքոյր. amita, քեռի կամ մօրեղբայր. avunculus եւ մօրաքոյր. matertera, պապի եղբայր. patruus magnus եւ տատի քոյր. matera magna, եւ այլն։

Վերջապէս կողմնական գիծը կ՚ըլլայ հաւասար. aequalis եւ անհաւասար. inaequalis։ Հաւասար է, երբ երկու արիւնակիցներ հաւասար չափով հեռու են ընդհանուր բունէն։ Զոր օրինակ՝ երկու եղբայր, երկու եղբօրորդիներ, եւ այլն. անհաւասար է, երբ արիւնակից մը աւելի մօտ է ընդհանուր նախահօրմէ քան թէ միւսը, օրինակ՝ հօրեղբայր եւ եղբօրորդին, քեռին եւ քրոջ թոռը, եւ այլն։

Ազգականներու մերձաւորութիւնը կամ հեռաւորութիւնը կը կոչուի «ազգականական աստիճան». gradus cognationis։

Ասիկա կը նմանի սանդուղի աստիճանի կամ ոտ. gradus, որով պէտք է ուղղագիծ ազգականութեան մէջ բարձրանալ դէպի վե՛ր կամ իջնել դէպի վա՛ր, իսկ կողմնակից ազգականութեան մէջ պէտք է նախ անձէ մը բարձրանալ մինչեւ ընդհանուր նախահայրը. stipes communis եւ ապա իջնել մինչեւ միւս որոշեալ ազգականը՝ որով կը գտնուի անոնց մէջ եղած հեռաւորութիւնը։

Ուստի իւրաքանչիւր ծնունդ կը կազմէ «աստիճան» մը։

Ազգականութեան հեռաւորութիւնը որոշելու համար սովորաբար գործածուին նշաններ, որոնք կը կազմեն աղիւսակ կամ ճիւղագրութիւն։

Ամուսնութեան հարցին՝ Սսի ժողովը կ՚արգիլէ արիւնակիցներու մէջ ամուսնութիւնը վեց ծնունդով հեռու՝ այսինքն երկու ամուսնացողի մէջ պէտք է ըլլայ վեց աստիճան…

Աւելորդ կը համարենք յիշեցնել, որ ընտանիքը ընկերութեան կորիզն է. երբ ընտանիքը «առողջ» է՝ ընկերութիւնն ալ առո՛ղջ կ՚ըլլայ…

Սկզբնաղբիւրներ.-

- Վահան Վրդ. Բաստամյանց. ԿԱՆՈՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԵՐԿԵՐ, Ս. Էջմիածին, 2015

- Lustitutes du droit CANONİQUE, par Lancelot de Pérouse, traduites et expliquées par Durant de Mail'lane, Lyon, 1770

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հինգշաբթի, Յունիս 13, 2024