ԱՐ­ՑՈՒՆ­ՔԸ՝ ՍՐՏԻ ՄՈՐ­ՄՈՔ

Ան­կա­րե­լի՜ է մարդ­կա­յին սէ­րը ըմբռ­նել ա­ռանց ըմբռ­նե­լու ա­նոր տա­ռա­պան­քը, ցա­ւը, վիշ­տը սրտին մէջ՝ զոր կը ստեղ­ծէ սէ՛­րը։

Կա՛ն այն­պի­սի տա­ռա­պանք­ներ՝ ո­րոնք սէր կը ստեղ­ծեն, եւ կա՛ն այն­պի­սի սէ­րեր, ո­րոնք ցաւ ու տա­ռա­պանք կը ստեղ­ծեն։

Կեան­քի մէջ կը պա­տա­հին դէպ­քեր, մար­դուն սի­րոյն բնու­թիւ­նը, էու­թիւ­նը կը բա­ցա­յայ­տեն։ Ե­թէ մարդ չսի­րէր իր նմա­նը, մա­նա­ւանդ բա­րե­կա­մին չա­րա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն, ա­պե­րախ­տու­թիւն­նե­րուն եւ ա­մէն տե­սակ վա­տու­թիւն­նե­րուն հան­դէպ սառն ան­տար­բե­րու­թիւն  պի­տի պա­հէր։ Եւ ե­թէ չի պա­հեր, այդ կը նշան­կէ, թէ ան բա­ռին բուն ա­ռու­մո­վը՝ կը սի­րէ, հա­կա­ռակ ա­մէն չա­րու­թեան, վա­տու­թեան։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ հո՛ս է որ կը յայտ­նուի «սէր»ը՝ ի­րա­կան եւ ան­կեղծ սէ՛­րը։

Մար­դիկ ի­րենց բազ­մա­թիւ մեղ­քե­րով չե՛ն սա­ռեց­ներ Աս­տու­ծոյ սէ­րը, քա­նի որ ան աս­տուա­ծա­յին-հայ­րա­կան սէ՛ր է։

Եւ քա­նի որ մարդ Աս­տու­ծոյ պատ­կե­րով եւ նմա­նու­թեամբ ստեղ­ծուած է, ա­պա ու­րեմն պէտք է Աս­տու­ծոյ պէս ըլ­լայ՝ սի­րով վա­րուի, սէր ար­տա­յայ­տէ, սէր փո­խան­ցէ ա­մէ­նուն։ Բայց մարդ կը նա­խընտ­րէ այն՝ ի՛նչ որ հա­կա­ռակ է իր բնու­թեան եւ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան նպա­տա­կին ու կո­չու­մին։ Ար­դա­րեւ մարդ երբ մեղք կը գոր­ծէ, Աս­տուած ան­տար­բեր չի մնար եւ կը տա­ռա­պի, ցաւ կը զգայ։ Ա­հա­ւա­սիկ Աս­տու­ծոյ տա­ռա­պան­քին մէջ է փաս­տը, ա­պա­ցոյ­ցը Ա­նոր սի­րոյն յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թիւ­նը։

Ցաւ, վիշտ, յու­սա­խա­բու­թիւն, եւ ան­շուշտ նաեւ ու­րա­խու­թիւն յա­ճախ ար­ցունք կը բե­րեն մար­դուս աչ­քին։

Եւ Յի­սուս ալ ար­ցունք թա­փե՞ց. միա՛յն եր­կու վկա­յու­թիւն կը գտնենք Ա­ւե­տա­րան­նե­րուն մէջ։ Եր­կու ան­գա­մին ալ Յի­սու­սի զգա­ցած ցաւն էր եւ կամ յու­սա­խա­բու­թիւ­նը՝ որ իր ա­չե­րուն ար­ցուն­քո­վը ար­տա­յայ­տուե­ցաւ։ Յի­սուս լա­ցա՞ւ նաեւ երբ ու­րա­խու­թեամբ լե­ցուե­ցաւ իր սիր­տը, չենք գի­տեր, քա­նի որ այս մա­սին Ա­ւե­տա­րան­նե­րու մէջ ար­ձա­նագ­րուած չէ ո­րե­ւէ վկա­յու­թիւն։ Թէեւ, որ­պէս կա­տա­րեալ մարդ, բա­նա­ւո­րա­պէս կա­րե­լի է են­թադ­րել, թէ Յի­սուս ու­րա­խու­թեան ար­ցունք ալ թա­փեց։

Աս­տուած կու լա՞յ։ Չէ՞ որ Աս­տուա­ծոր­դին լա­ցաւ։ Եւ քա­նի որ Յի­սուս որ­քան կա­տա­րեալ մարդ, բայց նաեւ Աս­տուած է, եւ Ա­նոր մէջ կը բնա­կի աս­տուա­ծու­թեան, աս­տուա­ծա­յին բնու­թեան բո­լոր լիու­թիւ­նը մարմ­նա­պէ՛ս։ Ար­դա­րեւ Յի­սու­սի ար­ցուն­քը կը խորհր­դան­շէր Հօր Աս­տու­ծոյ ցա­ւը։ Ուս­տի Աս­տուած ա՜յն­քան սի­րեր էր մար­դիկ, որ յօ­ժար ե­ղեր էր Իր Միա­ծին Որ­դին աշ­խարհ ղրկե­լու, մարմ­նա­նա­լու եւ մար­դա­նա­լու իբ­րեւ «դես­պան»ը իր սի­րոյն։

Եւ բնա­կան է որ ա՛ն որ կը սի­րէ՝ կը տա­ռա­պի ալ։ Փոր­ձե­ցէ՛ք, եւ սէ­րը վեր­ցու­ցէ՛ք եւ ցաւ, վիշտ, յու­սա­խա­բու­թիւն ալ կը վեր­նայ, չի մնար։ Եւ սա ի­րա­կա­նու­թիւն է, թէ՝ մարդ էա­կը ա­նա­սու­նի, ան­բա­նի մը աս­տի­ճա­նին կ՚իջ­նէ երբ դադ­րի սի­րե­լիէ։ Քա­նի որ սէ­րը Աս­տուծ­մէ է, Աս­տուած սէ՛ր է, ու­րեմն սէ­րը բնա­կան է մար­դուն մէջ՝ որ զայն կը նմանց­նէ Աս­տու­ծոյ, եւ Ա­նոր պատ­կե­րով կը նոյ­նա­նայ։ Սի­րոյ հա­կա­ռակն է՝ ա­տե­լու­թիւ­նը, ա­տե­լու­թեան չա՛ր ո­գին, եւ ա­տե­լու­թեան մէջ յու­սա­խա­բու­թեան տարր չի՛ մտներ։ Ե­թէ մարդ պի­տի ցա­ւի, պի­տի վշտա­նայ եւ յու­սա­խա­բու­թեան մատ­նուի՝ իր «սի­րա­ծին պատ­ճա­ռով» պի­տի ցա­ւի եւ յու­սա­խա­բուի եւ ո՛չ թէ իր ա­տա­ծէն, նաեւ՝ պի­տի ցա­ւի եւ յու­սա­խա­բու­թեան մատ­նուի իր բա­րե­կա­մէն, եւ ո՛չ թէ իր թշնա­միէն։ Եւ ի՞նչ է ձեր կար­ծի­քը, սի­րե­լի­նե՜ր ո՞­րը ա­ւե­լի վտան­գա­ւոր է եւ վնա­սա­կա՛ր. յայտ­նի թշնա­մի՞ն, թէ՛ կեղծ ու ծա­ծուկ բա­րե­կա­մը, ա­ւե­լի ճիշդ է ը­սել՝ բա­րե­կամ կար­ծուա­ծը…։

Կեան­քի փոր­ձա­ռու­թիւ­նը մե­զի ցոյց կու տայ, թէ ի՜նչ ծա­ծուկ թշնա­մի­ներ կան բա­րե­կամ ձե­ւաց­նող, բա­րե­կամ կար­ծուող, եւ թշնա­մի­ներ՝ բա­ցա­յայտ, իր թշնա­մու­թեան մէջ բո­լո­րո­վին ան­կեղծ։ Եւ այս ի­մաս­տով ա­ւե­լի՛ վտան­գա­ւոր են ներ­քին թշնա­մի-բա­րե­կամ­նե­րը, քան ար­տա­քին բա­ցա­յայտ թշնա­մի­նե­րը…։

Ան­կեր­ծօ­րէն խոս­տո­վա­նիմ, ես կը նա­խընտ­րեմ բա­ցա­յայտ թշնա­մի­նե­րը քան բա­րե­կամ ձե­ւաց­նող՝ ծա­ծուկ թշնա­մի­նե­րը։ Ա­հա­ւա­սիկ հոս եւս կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ստա­նայ «ան­կեղ­ծու­թիւն»ը։ Նա­խընտ­րե­լի է՝ ան­կեղծ թշնա­մին, քան կեղծ բա­րե­կա­մը, սուտ բա­րե­կա­մը։

Ե­թէ թշնա­մին սէր չու­նի, գի­տենք որ սէր չու­նի՛ եւ ըստ այնմ կը շար­ժինք։ Բայց կեղծ բա­րե­կա­մը, կը կար­ծենք թէ սէր ու­նի, բայց ա­տե­լու­թեամբ լե­ցուած է։ Ան­կեղծ թշնա­միին դէմ կրնանք մենք զմեզ պաշտ­պա­նել, բայց կեղծ բա­րե­կա­մին թշնա­մու­թեան դէմ, քա­նի որ պատ­րաստ չենք, մեր պար­տու­թիւ­նը ան­խու­սափ­լի՜ կ՚ըլ­լայ։

Ու­րեմն մէ­կը երբ կը ցա­ւի եւ կու լայ, այդ ա­նոր սի­րոյն ա­պա­ցոյցն է, քա­նի որ սի­րո­ղը միայն ցաւ կը զգայ, իսկ չսի­րո­ղը միշտ ան­տար­բեր է եւ անզ­գա՛յ։

Յի­սուս ին­չո՞ւ լա­ցաւ։ Լա­ցաւ քա­նի որ կը սի­րէր։ Կը սի­րէր քա­նի որ մար­դիկ Ե­րու­սա­ղէ­մի պա­տե­րէն ներս մեղ­քի անձ­նա­տուր՝ դէ­պի կո­րուստ կը դի­մէին։

Եւ ա­մէն ան­հատ ինքն ի՛ր մէջ «Ե­րու­սա­ղէմ» մըն է՝ սա­տա­նա­յին թե­ւե­րէն պա­շա­րուած, որ կոր­ծան­ման սպառ­նա­լի­քի տակ կը գտնուի։

Աս­տուած Յի­սու­սի ա­չե­րո­վը նա­յե­լով մար­դոց վրայ՝ կը ցա­ւի, կը տա­ռա­պի եւ կու լայ։ Լա­ցը՝ ո­րուն հե­տե­ւե­ցաւ խա­չը, ծայ­րա­գոյն ար­տա­յայ­տու­թիւնն է Աս­տու­ծոյ «յու­սա­խա­բեալ սի­րոյն», որ յայտ­նուե­ցաւ Որ­դիով։ Ու­րեմն, հարց­նենք մենք մե­զի, թէ քա­նի՛ քա­նի՛ ան­գամ­ներ լա­ցու­ցինք Տէ­րը մեր յա­մառ չա­րա­գոր­ծու­թիւն­նե­րով, մեր գաղտ­նի կամ յայտ­նի մեղ­քե­րով՝ որ­քան գոր­ծի, նո՛յն­քան եւ նոյ­նիսկ ա­ւե­լի՝ խոր­հուր­դի եւ զգա­ցու­մի։

Կրնա՞նք ար­դեօք վկա­յել, թէ նաեւ ու­րա­խա­ցու­ցինք Տէ­րը մեր յաղ­թա­նակ­նե­րո­վը՝ փոր­ձու­թիւն­նե­րու, սխա­լանք­նե­րու վրայ։

Յի­սուս ին­չո՞ւ լա­ցաւ։ Լա­ցաւ, քա­նի որ մե՛նք լա­ցու­ցինք զԱյն, խո­ցե­լով Իր սիր­տը։

Նաեւ «օրհ­նեա՜լ փոր­ձա­ռու­թիւն» քա­նի որ ա­նոր սիր­տը ցնծու­թեամբ լե­ցու­ցինք մեր փրկու­թեամ­բը եւ ա­ռիթ տուինք որ փրկէ մե­զի, ո­րո՛ւն հա­մար ղրկուած էր աշ­խարհ­…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

­Յու­նիս 27, 2016, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 13, 2016