ՍՈՒՏԸ ԵՒ ԱՆՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆԸ

Սուտը, իր ընդհանուր իմաստով կը նշանակէ՝ ճշմատութեան խաթարում, վիրաւորանք՝ որ կը ստեղծեն անվստահութիւն, անորոշութիւն։ Ուրեմն սուտը կը խափանէ, արգելք կը հանդիսանայ ճշմարտութեան յայտնութեան, եւ չի թողուր որ ճշմարտութիւնը տիրապետէ։ Սուտը խաբէական է, կեղծ է եւ անբնակա՛ն։ Եւ մարդիկ, ընդհանրապէս կը հրապուրուին, աւելի՛ տարուելու հետամուտ կ՚ըլլան սուտին, քան ճշմարտութեան։

Այս իմաստով, աշխարհի վրայ աւելի տիրապետող կ՚ըլլայ սուտը ընդհանրապէս, քան ճշմարիտը, ճշմարտութիւնը։ Եւ այս պատճառով, մարդոց մէջ աւելի կը տարածուի անվստահութիւնը, քան վստահութիւնը։ Հակասութիւն չէ՞ ասիկա՝ թէ վստահելու պահանջքը զգալ եւ անվստահութեան հետամտիլ, կերպով մը «սուտին վստահիլ»։

«Սուտ»ը ճշմարտութեան յեղաշրջուած եւ այլասերած վիճակն է՝ առաքինութիւնը եւ ազնուութիւնը կորսնցուցած, փոխուած ճշմարտութիւնն է, եւ ուրեմն ան այլեւս ճշմարտութիւն չէ՛։

«Սուտ»ը կը կայանայ սխալ բան մը ըսելու մէջ, խաբելու դիտաւորութեամբ։ Արդարեւ, հոն ուր ճշմարտութիւն չկայ, հոն կայ սուտ, խաբէութիւն։

Սուտը, ինչպէս ըսինք, ճշմարտութեան դէմ ամենէն ուղղակի՛ թշնամանքն է։ Ստելը՝ սուտ խօսիլը՝ ճշմարտութեան դէմ, ճշմարտութեան հակառակ խօսիլ կամ գործել է՝ մարդս սխալի առաջնորդելու նպատակով։ Ճշմարտութեան եւ մերձաւորին հետ մարդուն յարաբերութիւնը վիրաւորելով՝ սուտը մարդուն եւ անոր խօսքին Տիրոջ հետ ունեցած հիմնաւոր, էական յարաբերութեան դէմ կը մեղանչէ։

«Սուտին ծանրութիւն»ը կը կոչուի անոր աղաւաղած ճշմարտութեան բնոյթին համեմատ, զայն խօսողին պարագաներուն, պայմաններուն եւ դիտաւորութիւններուն համաձայն՝ անոր զոհերուն կրած վնասներուն համեմատ։ Եթէ նոյնիսկ սուտը, յինքեան «ներելի մեղք» մըն է, ան կը դառնայ սակայն «մահացո՛ւ մեղք», երբ ծանրօրէն վիրաւորէ «արդարութեան» եւ «եղբայրսիրութեան» առաքինութիւնները։ Արդարեւ, իր բնութեամբ իսկ սուտը դատապարտելի՛ է. ան սրբապղծութիւն մըն է խօսքին՝ որ եղած է՝ ճանչցուած, յայտնի ճշմարտութիւնը հաղորդելու եւ փոխանցելու ուրիշներուն։ Ճշմարտութեան հակառակ խօսքերով մերձաւորը «սխալ»ին առաջնորդելու դիտումնաւոր առաջադրանքը, կը ստեղծէ թերացում մը արդարութեան եւ եղբայրսիրութեան դէմ։

Սուտին մէջ՝ յանցաւորութիւնը աւելի՛ ծանր է եւ վիրաւորիչ երբ խաբելու դիտաւորութիւնը կրնայ աղէտալի հետեւանքներ ունենալ անոնց համար, որոնք շեղեցուած, մոլորուած են ճշմարիտէն։ Սուտը, քանի որ «բռնաբանում» մըն է ճշմարտախօսութեան, առաքինութենէն շեղում մը, ուրիշին վրայ գործուած իսկակա՛ն բռնութիւն մըն է։ Ան, մարդը կը վիրաւորէ, կը խոցէ ճանաչումի, տեղեկանալու, սորվելու իր կարողութեան մէջ, որ նախապայմա՛նն է ամէն դատումի եւ ամէն որոշումի։ Ան իր սերմին մէջ կը բովանդակէ միտքերուն պառակտումը եւ անոր յարուցած բոլոր չարիքները։ Սուտը կը վիրաւորէ արժանապատուութիւնը։

Եւ այս իսկ պատճառով՝ սուտը աղէտալի է ամբողջ ընկերութեան համար։

Սուտը կը քանդէ մանաւանդ վստահութիւնը մարդոց միջեւ, եւ կը վնասէ ընկերային ամէն տեսակ յարաբերութիւններուն ընդհանուր հիւսուածքը։

Ուրեմն, սուտը կը հակառակի հաւատարմութեան եւ կը խաթարէ վստահութիւնը։

Տարակոյսը ցոյց կու տայ հաւատալու վարանումը նաեւ հաւատքին դէմ առարկութիւններու յաղթահարելու դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ անձկութիւնը հաւատքին յարուցած մթութեան դիմաց։ Եթէ տարակոյսը կամովին մշակուած է, կրնայ տանիլ մինչեւ իսկ «մտքին կուրացում»ին։

«Կրօնական ազատութեան իրաւունք»ը բարոյական արտօնութիւնը չէ՛ յարելու սխալին։ Ո՛չ ալ ան սխալելու ենթադրեալ իրաւունք մըն է, այլ մարդկային անձին բնական իրաւունքը՝ վայելելու քաղաքացիական ազատութիւնը, որ քաղաքական իշխանութեան կողմէ ճանչցուած արդա՛ր եւ իրաւացի սահմաններուն մէջ արտաքին պարտադրանքէն զերծանումն է, կրօնական մարզին մէջ։ Այս բնական իրաւունքը պէտք է ճանչցուի ընկերութեան ընդհանուր իրաւական կարգին մէջ. այն ձեւով որ ան «քաղաքացիական իրաւունք» մը գոյացնէ։

Սաղմոսերգուն կ՚ըսէ. «Ճշմարտութիւնը սկիզբն է Քու խօսքիդ, յաւիտենական են Քու արդար դատաստաններդ» (ՍԱՂՄ. ՃԺԸ 160)։ Աստուած ճշմարտութի՛ւն է, եւ այս պատճառով Աստուծոյ խոստումները մի՛շտ կ՚իրականանան, եւ այս կը նշանակէ որ Աստուած վստահելի է, Աստուծոյ պէ՛տք է վստահիլ, քանի որ ճշմարտութիւնը միշտ վստահութիւն կը ներշնչէ։

Աստուած քանի որ նոյնինքն ճշմարտութիւնն իսկ է, Անոր խօսքերը անսուտ են, եւ ասոր համար մարդ կ՚ապաւինի ամենայն վստահութեամբ Անոր խօսքին, որուն մէջ երբեք «սուտ» գոյութիւն չունի։ Ուստի կատարեալ վստահութիւն կը ներշնչէ Անոր խօսքը՝ որ ճշմարտութեան եւ հաւատարմութեան արտայայտութիւնն է։ Եւ հոն՝ ուր ճշմարտութիւն կայ, հոն ուր հաւատարմութիւն կայ, հոն կա՛յ վստահութիւն։ Աստուծոյ հաւատալ կը նշանակէ՝ Աստուծոյ վստահի՛լ։ Մարդուս մեղքին եւ անկումին սկիզբը եղաւ փորձիչին «սուտ»ը՝ որ տարաւ մարդը տարակուսելու, այսինքն վստահութեան պակասին Աստուծոյ խօսքին նկատմամբ՝ Անոր բարեհաճութեան, նախախնամութեան, ամենակարողութեան եւ մանաւանդ Անոր հաւատարմութեան մասին։

Արդարեւ Աստուծոյ ճշմարտութիւնը Անոր իմաստութի՛ւնն է, որ կը տիրապետէ, կ՚իշխէ արարչութեան ընդհանուր կարգ ու կանոնին եւ աշխարհի կառավարումին վրայ։

Աստուած որ առանձին ստեղծեց երկինքն ու երկիրը, ամբողջ տիեզերքը, Ի՛նք միայն կրնայ տալ ամէն արարածի ճշմարիտ ճանաչումը՝ Իրեն հետ անոր ունեցած առընչութեան գծով, ինչ որ «վստահութի՜ւն» կ՚ենթադրէ։

Աստուած ճշմարիտ է եւ վստահելի երբ Ինքզինք կը յայտնէ, քանի որ Իր միածին Որդին աշխարհ կ՚առաքէ՝ ճշմարտութեան վկայելու համար. (ՅՈՎՀ. ԺԸ 87)։ Եւ Աստ-ւած նաեւ սէ՛ր է, եւ հոն ուր սէր կայ, հոն կայ նաեւ հաւատարմութիւն, իսկ հոն ուր հաւատարմութիւն կայ, հոն կայ վստահութի՛ւն։

Ուրեմն անհամար պատճառներ ունինք Աստուծոյ վստահելու համար եւ պահանջքը ունինք վստահելու, այլապէս ինչո՞ւ տարակուսինք երբ կա՛յ «վստահելի» մը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 11, 2017, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Յուլիս 13, 2017