ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՆՆՋՈՒՄԸ ԵՒ ՎԵՐԱՓՈԽՈՒՄԸ
Յիսուս Քրիստոսի ծծնդեան ժամանակ Տիրամայրը բնութեան օրէնքներէ բարձր դիրքի մը մէջ կը գտնուէր, նոյնպէս ալ Տիրամօր մահուան ժամանակ ալ բնական օրէնքներ չգործադրուեցան անոր։ Տիրամօր ծննդաբերութիւնը ցաւով եւ նեղութեամբ չէր իրականացած, ինչպէս անոր մահը հիւանդութեամբ չպատահեցա՛ւ։
Բնական օրէնքի համաձայն մարդիկ կը ծնին ցաւով եւ կը մեռնին հիւանդութեան պատճառով։ Բնականը, սովորականը ա՛յս էր, բայց Աստուածամօր թէ՛ ծննդաբերութիւնը, թէ՛ մահը զերծ էր՝ ենթակայ չէ՛ր այդ օրէնքին։ Մարմնացեալ եւ մարդացեալ Աստուծոյ Մա՛յր ըլլալու յատուկ եզակի, իւրայատուկ առանձնաշնորհ մըն էր ասիկա։ Այս պատճառով՝ Մարիամ մենաշնորհեալ էր եւ պէտք էր որ ա՛յդպէս ըլլար։
Ուստի Աստուածամօր համար, աւանդաբար կը գործածուի ո՛չ թէ «մահ» բառը, այլ՝ «ննջո՛ւմ»։
Թէ ի՛նչպէս պատահեցաւ այդ «ննջում»ը։
Աստուածամայրը նոր զգեստներ կը հագնի, իր շուրջիններուն վառել կու տայ բոլոր լապտերներն ու ջահերը եւ ինք կը հանգչի «սուրբ անկողին»ին մէջ։
Տիրամայրը դէպի արեւելք՝ բազկատարած կ՚աղօթէր եւ կ՚օրհնաբանէր զԱստուած։
Այս կերպով Աստուածամայրը հետզհետէ կը հասնէր իր վախճանին եւ կը պատրաստուէր երթալ՝ «երանութեան աշխարհ»ը։ Մահը, ըստ երեւոյթի կու գար նաեւ Տիրամօր, որպէսզի ան մահը ճաշակէ։
Իսկ երկնային զօրքեր, լուսեղէններ, հոգեղէն հրեշտակներ կ՚իջնէին եւ փառաբանութիւններ կ՚երգէին։
Այդ պահուն երկինքը եւ երկիրը լեցուեցաւ երկնային զօրքերու փառաբանութեամբ, օրհներգներով՝ որոնց երգերէն անուշաբոյր բուրմունքներ կը տարածուէին։ Քաղցրութիւն կը հոսէր ամէն կողմ։
Եւ «անուշահոտ Հոգի»ն լեցուց միջավայրը եւ հոն արքայութեան վերածեց։ Առաքեալը այդ «բարձր դաս»երը կը կոչէ. «օդի իշխան»։ Եւ Սուրբ Հոգիին ներկայութենէն հեռացան չարեր եւ չարագործներ, չար ոգիներ եւ այդ օրը խաղաղութիւն եւ անդորրութիւն տիրեց ամէն կողմ։
Ամբողջ բնութիւնը զարդարուեցաւ գոյնզգոյն ծաղիկներով, թռչուններով՝ որոնք կ՚երգէին իրենց օրհնութեան երգերը։ Եւ ծովեր իրենց ալիքներով գովեցին Տիրամօր փառքը։ Աշխարհ դրախտի էր վերածուած այդ օրը՝ ուր ամէն ինչ նուիրուած ու տրամադրուած էր Աստուածամօր փառքին եւ մեծարանքին, անոր փառաբանութեան եւ ամենասրբութիւնը վկայելու։ Սուրբ Կոյսը իր առաքինի վարքով ու ընթացքով արժանացած էր Տիրոջ ամենամեծ պարգեւին՝ Աստուծոյ Որդիին մայրը ըլլալու կոչումին։ Եւ ան արժանի էր ամէն պատուի եւ փառքի՝ ո՛չ միայն մարդոց աչքին, այլ՝ ամբողջ բնութեան։
Տիրամօր օրինակելի եւ առաքինի կեանքը ամբողջ մարդկութեան համար ներշնչման մշտահոս աղբիւր եղած է դարեր շարունակ։
Ուստի Յուսիկ Քահանայ Սարգիսեան կ՚ըսէ.
«Աստուածածինը պէտք է ըլլայ քրիստոնեայ կնոջ արտացոլումը՝ իր հեզութեամբ, մայրական ներքին ապրումներով եւ իր ծառայասիրութեամբ առ Աստուած»։ Արդարեւ, Սուրբ Կոյս Մարիամը հայելի մըն է՝ ուր հայ քրիստոնեայ կիներ պէտք է գտնեն իրենց մտատիպարը, գաղափարային պատկերը։ Իսկ Ժորա Սարկաւագ Սարգիսեան սապէս կ՚արտայայտէ Աստուածամօր կեանքը. «Սուրբ Կոյսի կեանքը՝ որպէս կո՛չ ուղղուած բոլոր կիներու, լաւագոյն օրինակն է անոնց համար՝ հետեւելու Մարիամ Աստուածածնի խոնարհ, անբասիր՝ արդար եւ մաքուր, առաքինի կեանքին։ Իմ կարծիքով, իւրաքանչիւր կին գերագոյն ձգտում պէտք է ունենայ դառնալու Մարիամ՝ իր աստուածահաճոյ կեանքի ընթացքով՝ համեստութեամբ եւ հնազանդութեամբ»։
Բայց այսօր հայելին կարծես անթափանց է դարձած. շատերու համար առաջնակարգ եւ կարեւոր տեղ չի՛ գրաւեր Սուրբ Աստուածածնի օրինակը եւ շատեր չե՛ն մտածեր անոր նմանելու մասին։ Եթէ ո՛չ մեղադրելի, բայց ցաւալի՛ է պարագան, քանի որ երբ ունինք լաւագոյն տիպար մը առաքինութեան, ազնուութեան ապա ուրեմն ինչո՞ւ փնտռել ու հետեւիլ ուրիշ օրինակներու։
Մարդ, նախ պէտք է ի՛նք գիտակցի, թէ ո՛րն է իրեն նպաստաւորը, օգտակարը, բարին ու գեղեցիկը։ Այլապէս ինք պատասխանատու է նախ իրեն, յետոյ իր շուրջիններուն եւ վերջապէս գալիք սերունդներու հանդէպ։ Սակայն ժամանակակից կեանքի բազմաբնոյթ երեւոյթներ կարծես կը յափշտակեն, կը բռնագրաւեն մարդուս միտքը, որ անգիտակից կերպով կը տարուի զանազան հոսանքներէ՝ առանց մտածելու անոնց մասին, թէ անոնք օգտակա՞ր են թէ վնասակա՛ր, բարի՞ թէ չա՛ր։
Ահաւասիկ հո՛ս է կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը Աստուածամօր տիպարին, անոր կեցուածքին, ամբողջ կեանքին եւ օրինակելի առաքինութեան։ Արդարեւ, ան օրինակ է եւ տիպար հաւատքի։ Միայն հաւատքը կրնայ մօտենալ Աստուծոյ Ամենազօրութեան եւ Ամենակարողութեան խորհրդաւոր ուղիներուն։ Եւ այսպիսի հաւատքին գերագոյն տիպարն է Կոյս Մարիամը՝ որ հաւատաց, թէ Աստուծոյ համար անկարելի բան չկա՛յ եւ կրցաւ մեծացուցանել Տէրը, քանի որ Հզօրը սքանչելիքներ ըրաւ իրեն, եւ սուրբ է Անոր անունը։ Ան տիպար է նաեւ մարդոց փրկութեան ակնկալութեան եւ անոնց սահմանուած նոր եւ յաւիտենական Ուխտի մը սպասման, ուխտ մը, որ պիտի արձանագրուի սրտերու մէջ, կ՚անուանուի «Յոյս»։ Ուստի յոյսի տիպար է Աստուածամայրը։ Եւ ան տիպար է նաեւ սրբութեան։ Սրբութեան օրինակը՝ տիպարը եւ աղբիւրն է Սուրբ Կոյս Մարիամը։ Վաւերական վկայութիւն մըն է ան, անոնց մէջ՝ որ կ՚ապրին զայն, եւ կը գտնուին հոգեւոր աւանդութեան եւ երկար պատմութեան մէջ բոլոր սուրբերուն։ Եւ իրապէս «Ամենասրբուհի» անունը ամենէն պատշաճ անուանումն է անոր։
Եւ ահաւասիկ բոլոր այս վկայութիւնները կ՚արդարացնեն Աստուածամօր վերափոխման իրողութեան ճշդութիւնը։
Աստուածամայրը իր Որդիին Համբարձումէն ետք, իր աղօթքներով օժանդակեց նորածին Եկեղեցիին։
Առաքեալներու եւ մի քանի կիներու հետ ժողովուած, ան իր աղօթքներով կը հայցէ Սուրբ Հոգիին պարգեւը՝ որ Աւետումին օրը զինք իր հովանիին տակ արդէն առած էր։
Վերջապէս անարատ Կոյսը, զոր Աստուած զերծ պահած էր սկզբնական մեղքին ամէն արատէն, իր երկնաւոր կեանքին ընթացքը աւարտելէ ետք, «մարմինո՛վ եւ հոգիո՛վ» վերափոխուեցաւ երկինքի փառքին մէջ եւ Տիրոջմէ պանծացուեցաւ իբրեւ անարատ Կոյս, Աստուածածին, որպէսզի այսպէս աւելի՛ նմանի իր Որդիին, որ Տէ՛րն է տէրերու եւ յաղթողը մեղքին ու մահուա՛ն։
Արդարեւ Սուրբ Կոյս Մարիամի վերափոխումը «եզակի մասնակցութիւն» մըն է իր Որդիին Յարութեան եւ կանխակատարումը եւ նախատիպարը միւս բոլոր քրիստոնեաներուն յարութեան։
Աստուածամայրը, որ ծնաւ Աստուծոյ Որդին, իր որդեծնութեամբ՝ պահեց կուսութիւնը, իսկ իր ննջումով՝ չլքեց աշխարհը, այլ վերամիացաւ Կեանքի աղբիւրին։ Ան կենդանի Աստուծոյ յղացողը եղաւ, միջոցը՝ Աստուծոյ մարմնացումին եւ մարդացման։ Եւ ան իր աղօթքներով միշտ պատրա՛ստ է մարդոց հոգիները փրկելու մահէն։ Ան է բոլոր բարիքներու աղբիւրը, քանի որ ան թէեւ վերափոխուեցաւ, բայց միշտ մեզի հետ է, մեր օգտին, մեր բարիքին համար…։
Մարիամ, Եկեղեցւոյ համար հաւատքի եւ սիրոյ տիպարը կը հանդիսանայ Հօր կամքին, իր Որդիին փրկչական գործին, Սուրբ Հոգիին ամէն դրդումին իր ամբողջական փարումով։ Աստուածամայրը իր այս հանգամանքով՝ Եկեղեցւոյ վսեմագոյն եւ ամենաբացառիկ անդամն է, ան կը հանդիսանայ Եկեղեցւոյ տիպարը՝ օրինակելի գործնականացումը։
Այս իմաստով, Եկեղեցւոյ եւ համայն մարդկութեան նկատմամբ Աստուածամօր դերը կ՚երթայ դեռ շա՜տ աւելի հեռուները։ Ահա թէ ինչո՞ւ ան շնորհքի մէջ համայն մարդկութեան Մա՛յրը դարձաւ…։
- Մասամբ օգտուեցանք՝ Արամ Դիլանյանի եւ Մարիամ Աւետիսեանի յօդուածներէն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 3, 2016, Իսթանպուլ