ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ ՆԱԽԱԽՆԱՄՈՒԹԵԱՆ

Մարդկային կեանքին ապահովման՝ գոյապահպանման եւ գոյատեւմանը համար անհրաժեշտ է վստահութիւնը Նախախնամութեան նկատմամբ։ Մարդուն վստահութիւնը Աստուծոյ վրայ շատ բնական է, քանի որ արարչագործութենէն ետք, Արարիչը՝ Աստուած չի լքեր Իր արարածը ինքն իր գլխուն։ Չի՛ տար անոր միայն ծնունդ եւ գոյատեւում, այլ կը պահէ զայն ամէն վայրկեան գոյութեան մէջ, զայն գործելու կը լծէ եւ կը հասցնէ իր վախճանին՝ ապահով եւ անվտա՛նգ։ Ուստի, այս կատարեալ առկախութիւնը Արարչին ճանչնալ՝ աղբիւր է ազատութեան, իմաստութեան եւ ուրախութեան, վստահութեա՛ն։

Աստուած Իր նախախնամութեամբ կը պահպանէ եւ կը կառավարէ ի՛նչ որ ստեղծած է։

Սուրբ Հոգին՝ գլխաւոր հեղինակը եւ ներշնչողը Սուրբ Գիրքին, յաճախ արարքներ կը վերագրէ Աստուծոյ, որ խորունկ միջոց մըն է յիշեցնելու եւ անդրադարձնելու Աստուծոյ բացարձակ տէրութիւնը աշխարհի վրայ։ Ասիկա կերպ մըն է մարդս վստահութեան վարժեցնելու Աստուծոյ հանդէպ։

Սաղմոսներուն աղօթքը, արդարեւ, ամենամեծ դպրոցն է այս վստահութեան։ «Հետեւաբար մի՛ վախնաք, որովհետեւ դուք բոլոր ճնճղուկներէն աւելի՛ արժէք ունիք Աստուծոյ աչքին», կ՚ըսէ Յիսուս. (ՄԱՏԹ. Ժ 31)։

Ուրեմն, կարելի է հարցնել, թէ՝ եթէ Ամենակալ, Ամենակարող Հայր Աստուած, բարեկարգ եւ բարի աշխարհին Արարիչը, Իր բոլոր արարածները այսպէս կը հոգայ, կը խնամէ, ապա ուրեմն ինչո՞ւ համար չարը գոյութիւն ունի։

Նոյնքան ստիպեցուցիչ որքան անխուսափելի, նո՛յնքան կսկծալի որքան խորհրդաւոր մշտնջենական այս հարցումին ո՛չ մէկ աճապարուած պատասխան բաւարար է եւ գոհացուցիչ։

Քրիստոնեայ հաւատքին ամբողջութիւնն է, որ կը հանդիսանայ այս հարցումին պատասխանը, որ է «արարչագործութեան բարութիւն»ը, «ստեղծագործութեան բոլորովին բարենպատակ ծրագիր»ը, «մեղքին եղերականութիւն»ը, «համբերատար եւ հանդուրժող սէրը Աստուծոյ», որ կ՚ընդառաջէ մարդուն՝ Իր կնքած ուխտերով, Իր Որդիին փրկչական Մարդեղութեամբ, Ս. Հոգիին պարգեւովը, Եկեղեցիին ժողովումով, սուրբ խորհուրդներուն զօրութեամբ, կոչումով երանաւէտ կեանքին՝ որուն իրենց հաւանութիւնը ընծայելու կանխաւ հրաւիրուած են «ազատ արարած»ները՝ «ազատ կամք»ով օժտուած, բայց որմէ կրնան ահաւո՜ր խորհուրդով մը նաեւ կանխաւ խո՛յս տալ։

Քրիստոնեայ պատգամէն չկայ անցք մը՝ որ մասամբ պատասխան մը չըլլայ չարին հարցին։

Ինչո՞ւ համար Աստուած չստեղծեց այնքան կատարեալ աշխարհ մը՝ ուր ո՛չ մէկ չարիք կարենար գոյութիւն ունենալ։ Աստուած միշտ կարո՛ղ է Իր անհո՜ւն զօրութեամբ ու կարողութեամբ՝ աւելի՛ կատարեալ բան մը ստեղծել, ինչպէս կը խորհրդածէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի։ Սակայն Իր անհո՜ւն իմաստութեամբ եւ Իր անսահման բարութեամբ, Աստուած ազատօրէն ուզեց ստեղծել աշխարհ մը՝ «յառաջընթացութեան մէջ», միշտ բարեփոխուելով, միշտ կատարելագործուելով, ուղղուած՝ դէպի իր վերջնագոյն կատարելութիւնը։ Եւ այս կը նշանակէ, թէ արարչագործութիւնը «ծրագիր» մըն է, որ հետզհետէ կը կատարելագործուի եւ չէ վերջացած, կը տեւէ իր ընթացքը։ Արդարեւ, եթէ արարչագործութիւնը «ծրագիր» մըն է, բնական է որ շարունակականութիւն մը ունենայ մինչեւ կատարելագործումը։

Աստուծոյ «ծրագրին» մէջ այս կերպ ըլլալը՝ կը ներփակէ կարգ մը արարածներուն երեւումին հետ նաե՛ւ անհետացումը ուրիշներուն, ամենակատարեալին կողքին՝ նուազ կատարեալը, բնութեան շինարարութեան կողքին՝ նաեւ կործանումներ։ Ուրեմն այս իրողութեան հետեւողութեամբ՝ ֆիզիքական բարիին կողքին պիտի ըլլայ նաեւ «ֆիզիքական չարիք»ը՝ այնքան ատեն որ արարչագործութիւնը չէ հասած իր կատարելութեան, ինչպէս կ՚ըսէ դարձեալ, Սուրբ Թովմաս Աքուինացի։

Ուստի, հրեշտակները եւ մարդիկ իմացական եւ ազատ արարածներ ըլլալով՝ ընթանալո՛ւ են դէպի իրենց «վերջնագոյն վախճան»ը, քանի օժտուած են ազատ կամքի ընտրութեամբ եւ նախընտրական սիրով։ ԿԱՐՈՂ ԵՆ ԻԲՐ ԱՅԴ՝ ՆԱԵՒ ՇԵՂԻԼ ՃԱՄԲԷՆ։ Եւ իրապէս ալ՝ անոնք ճամբէն շեղեցան եւ մեղանչեցի՛ն։ Եւ ահաւասի՛կ, այսպէս է, որ «բարոյական չարիք»ը՝ որ ֆիզիքական չարիքէն անհամեմատօրէն աւելի՛ ծանր է, մտաւ աշխարհ։

Աստուած ո՛չ մէկ կերպով, ո՛չ ուղղակի եւ ոչ ալ անուղղակի, պատճառն է բարոյական չարիքին։

Սակայն Աստուած, Իր արարածին ազատութիւնը յարգելով՝ թոյլ կու տայ զայն, բայց միանգամայն գիտէ խորհրդաւոր կերպով անկէ բարիք քաղել։ «Որովհետեւ», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս. «Ամենակալն Աստուած, գերազանցօրէն բարի ըլլալով, բնաւ թոյլ պիտի չտար որ որեւէ չարիք գոյութիւն ունենար Իր գործերուն մէջ, եթէ միանգամայն այնքան հզօր եւ բարի չըլլար՝ չարէն իսկ բարիք քաղելու…»։

Այսպէս, ահաւասիկ, կարելի է ժամանակի ընթացքին ի յայտ բերել, թէ Աստուած Իր ամենազօր, ամենակարող նախախնամութեամբ կարող է Իր արարածներուն պատճառած չարին հետեւանքներէն բարիք քաղել, նոյնիսկ՝ բարոյական չարիքէն։ Այս պատճառով է, որ կը վստահինք, պէ՛տք է վստահինք Աստուծոյ, որ նախախնա՛մն է բոլոր տիեզերքին, այսինքն Իր բոլոր արարածներուն։ Եւ եթէ «չար»ը գոյութիւն չունենար, մարդ որո՞ւ դէմ ապաւէն պիտի գտնէր Աստուծոյ մօտ, եւ եթէ «չար»ը եւ «գէշութիւն»ը չըլլար, Աստուծոյ վստահիլ ի՞նչ արժէք պիտի ունենար…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 7 2018, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 13, 2018