ՎԱՍՆ ՄԱՐԴՈՒ ԵՒ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ - Բ

Մեր թուականէն 40 տարիներ առաջ՝ 1981-ին գրող, գրականագէտ, բանաստեղծ եւ արձակագիր Պէպօ Սիմոնեան կ՚ըսէր. «Ի՜նչ ՄԱԿ, ի՜նչ ապահովութիւն, ի՜նչ մարդկային իրաւունք՝ երբ մարդկային իրաւանց օր հաստատող աշխարհի մեծերը կը հրահրեն պատերազմի վառօդը...»:

Ի՞նչ է մարդկային իրաւունքը. գուցէ տեսականօրէն պատասխանը ըլլայ այն՝ որ բոլոր մարդիկ ունին հաւասար իրաւունքներ, եւ այդ իրաւունքները անօտարելի են՝ անկախ բնակութեան վայրէն, ազգային պատկանելիութենէն կամ կրօնքէն: Տեսականօրէն ինչքա՜ն ճիշդ, սակայն էականօրէն յերիւրածոյ ու կեղծ:

Սակայն սխալ չհասկցուինք. չենք ուզեր ըսել որ ՄԱԿ ընդհանրապէս գործ չ՚ունենար Մարդու եւ յատկապէս մանուկներու իրաւունքներու պահպանման հետ: Անոնք լիովին կը կատարեն իրենց այդ ուխտը՝ պայմանով որ ըլլաս եւրոպացի եւ կամ գուցէ ամերիկացի՝ արժանանալու համար այդ շնորհքին: Ինչպէս ներկայ դարուս օրէնքները միայն թշուառ մարդոց համար ի զօրու են եւ հարուստն ու զօրաւորը բացառուած է, նոյնպէս ալ իրաւունքի պաշտպանութիւնը բացառուած է թշուառէն՝ ու վերապահուած մեծին ու հզօրին, որովհետեւ ներկայ կեանքի հոսանքը այդ մէկը կը պահանջէ:

ՄԱԿ-ի պաշտօնական կայքը մանուկներու պաշտպանութեան գծով կը գրէ հետեւեալը. «իւրաքանչիւր մանուկ առողջութեան, պաշտպանութեան եւ կրթութեան իրաւունք» եւ այս արհեստական լոզունգին դիմաց ակամայ կը յիշեմ Մարտունի շրջանի պայթումէն վիրաւորուած երկու տարեկան Արծուիկը, անոր նահատակուած 9-ամեայ քոյրը, արիւնաթաթախ 13-ամեայ Ռոպերթը եւ բազմաթիւ ուրիշներ: Պատերազմի թէժ օրերուն Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան նախարարութիւնը կը յայտարարէր, թէ Մարտակերտէն հեռանալու ճանապարհին անօդաչու թռչող սարքի կրակոցներէն վիրաւորուած է 13-ամեայ տղայ մը: Նոյն աղբիւրը կը յայտնէր, թէ անկայուն վիճակի պատճառով Արցախի բոլոր դպրոցները կը փակեն իրենց դռները եւ այսպիսով Արցախի Հանրապետութեան աւելի քան 24 հազար երեխայ կըր-թութիւն ստանալու իրաւունքն ու հնարաւորութիւնը չ՚ունենար:

Ո՞ւր էին լոզունգապաշտ ՄԱԿ-ը եւ անոր թմբացուցիչ կարգախօսները:

Թող Արծուիկի կամ Անահիտի տեղ, Աստուած մի՛ արասցէ,  Ամերիկա ապրող Ճենիֆըրին եղունգին փոքր վնասուածք մը հասած ըլլար...  աշխարհով մէ՛կ տեղեկատուական աշխարհը կը խօսէր անոր մասին, անոր նկարները աշխարհով մէկ կը սփռուէր՝ որպէս մանուկներու պաշտպանութեան խորհրդանիշ եւ հաւանօրէն աշխարհի օրացոյցներուն մէջ անոր նուիրուած օր մըն ալ հաստատուէր:

Բայց Արծուիկի՞ համար... ո՜վ ինչ յիշած ունի:

Պատերազմի ընթացքին 8-ամեայ Մերին լրագրողներուն կ՚ըսէր. «Բախտներս բերեց, որ կիրակի էր, թէ չէ որ գնայինք դպրոց, շատ վատ կը լինէր...», եւ ութամեայ այդ աղջիկը դպրոցին մէջ փոխանակ ծաղիկներու, բոյսերու անունները սորվելու, գրելով, կարդալով ու գծելով անցընելու իր ժամանակը՝ արդէն իսկ հիմա ամբողջութեամբ գիտէ ի՛նչ է պատերազմ, ի՛նչ է զէնք ու թնդանօթ, ի՛նչ է պատերազմական օդանաւ եւ անօդաչու սարք... եւ լաւապէ՛ս կ՚ըմբռնէր «շատ վատ կը լինէր»ին իմաստը: Բայց վա՜յ թէ Ճենիֆըրը կրակոցի մը ձայնը լսած ըլլար. աշխարհի ամբո՛ղջ հոգեբանները ի գործ կը դրուէին:

Այս բոլորէն ետք կարիքը կա՞յ խօսելու մեծահասակներու իրաւունքներու պաշտպանութեան մասին: Լոզունգը կ՚ըսէ. «Մարդու իրաւունքները կը ներառէ կեանքի եւ ազատութեան իրաւունք, ստրկութենէն եւ խոշտանգումէ ազատութիւն, կարծիքի եւ միտքի ազատութիւն, աշխատանքի եւ կրթութեան իրաւունք եւ աւելին...»: Բառարանացած ի՜նչ սիրուն, սակայն նոյնքան ուժաթափ բառեր:

Ո՜վ ազատատենչ ու ՄԱԿ, երբեւիցէ մէ՛կ տողով յիշեցիր ռազմագերութեան մէջ գտնուող Դաւիթ Դաւիթեանը եւ կամ Գէորգ Սուջեանը եւ բազմաթի՜ւ ուրիշներ. համացանցի տեղադրուեցաւ տասնեակ գերիներու խոշտանգումն ու անպատուութիւնը. ո՞ւր էիր ՄԱԿ...

Ու այս բոլորէն ետք ինչքա՜ն ծիծաղելի կը թուի երբ խտրականութեամբ ու կողմնակցութեամբ ապրողները բարձրաձայն կը ճառեն հաւասարութեան ու համարժէքութեան մասին:

Ինչեւիցէ, դուք շարունակեցէ՛ք հաստատ մնալ ձեր դերասանական պաշտօնին վրայ, որով ըստ երեւոյթին յանցանքը մերն է՝ մեր հայ ծնելուն համար: Մեր կարելին կ՚ընենք, որպէսզի միւս անգամ լոյս աշխարհ գանք որպէս Ճենիֆըր՝ արժանանալու համար ձեր լոզունգներու իրականացման շնորհքին:

•շարունակելի

 

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՏԻԳՐԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
(1929-1984)

Մեր թուականէն 37 տարիներ առաջ՝ 13 օգոստոս 1984 թուականին, Մոսկուայի մէջ մահացած է աշխարհի կրկնակի մրցանակակիր, ճատրակի տեսաբան եւ վերլուծաբան եւ Փիլիսոփայութեան գիտութիւններու թեկնածու Տիգրան Պետրոսեան:

Տիգրան Պետրոսեան ծնած է 17 յունիս, 1929 թուականին, Թիֆլիզ: Փոքր տարիքէն կորսնցուցած է հայրն ու մայրը եւ յանձնուած քրոջը՝ Վարդուհիի խնամքին: Սկսած է ճատրակով զբաղուիլ 1940 թուականին, Թիֆլիզի մէջ: Իր վկայութեամբ, վրան ազդեցութիւն գործած է «Իմ համակարգը գործնականում» գիրքը:

Պետրոսեան իր առաջին յաջողութիւնները սկսած է արձանագրել պատանեկան մրցումներու ընթացքին: Ան 16 տարեկան հասակին եղած է Վրաստանի եւ Հայաստանի ճատրակի մրցանակակիր:

Տարիներու ընթացքին մասնակցած է բազմաթիւ մրցումներու եւ 1952 թուականին դարձած՝ աշխարհի առաջնութիւններու անփոփոխ մասնակից: 1962 թուականին ստացած է աշխարհի ախոյեանի կոչում: 1966 թուականին Պետրոսեան դարձեալ պահպանեց աշխարհի ախոյեանի կոչումը յաղթելով ֆրանսացի մրցակիցին: Խորհրդային Հայաստանի հաւաքական կազմով ինն անգամ յաղթած է Ողիմպիական խաղերուն եւ ութն անգամ՝ Եւրոպայի խմբային առաջնութիւններու ընթացքին: Պետրոսեան ճատրակի 10 համաշխարհային Ողիմպիական խաղերուն ունեցած է 79 յաղթանակ, 50 հաւասարութիւն եւ 1 պարտութիւն:

Ախոյեանը եղած է նաեւ «Շախմատային Մոսկուա» ամսագիրի եւ «64» շաբաթաթերթի խմբագիր: 1984 թուականէն սկսեալ Հայաստանի Ճատրակի կեդրոնական տունը կը կրէ աշխարհի 9-րդ ախոյեան Տիգրան Պետրոսեանի անունը: Մինչեւ օրս Փարիզի մէջ կը գործէ Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի ակումբ: Տիգրան Պետրոսեանի անուամբ տպագրուած են նամականիշեր: Երեւանի եւ Ապարանի մէջ կառուցուած է Տիգրան Պետրոսեանի նուիրուած յուշարձաններ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂ­ԼԵԱՆ

Ուրբաթ, Օգոստոս 13, 2021