ԿՈՐՍՆՑՆԵԼ ԵՒ ԿՈՐՍՈՒԻԼ

Ի՞նչ կը խորհիք, սիրելի բարեկամներ, ո՞ր մէկը աւելի դիւրին է. կորսնցնել որեւէ արժէք, եւ յետոյ անիկա փնտռել, թէ չկորսնցնելու համար զայն՝ զգոյշ ըլլալ, կարելի չափով միջոցառումներու դիմել, եւ չկորսնցնելու համար խնամք տանիլ, հոգալ։

Մարդ, ընդհանրապէս կը կորսնցնէ որեւէ բան, երբ անտարբեր կը գտնուի անոր նկատմամբ։ Ինքզինք ապահով կը զգայ՝ մտածելով թէ ներկայ վիճակը միշտ նո՛յն ձեւով պիտի շարունակուի, եւ հոգ չի տանիր իր ունեցածին, կը վստահի ներկայ վիճակին, եւ երբ պայմաններ փոխուին՝ կը կորսնցնէ իր ունեցածը։ Քանի որ մարդ, ընդհանրապէս կը կարծէ որ ներկան միշտ «ներկա՛յ» պիտի մնայ։

Բնութիւնը տեւական բարեփոխութեան մէջ է, ներկան երբեք միշտ նոյն ներկայ վիճակին մէջ չի մնար, կը փոխուի։ Եւ այս փոփոխութիւնը թէեւ միշտ կատարելութեան համար է, բայց երբեմն պարագաներու նկատմամբ եւ պայմաններու համեմատ կրնայ վատթարանալ ընթացքը։ Կատարելութեան ճամբուն վրայ երբեմն արգելքներ, խոչընդոտներ կը հանդիսանան եւ անշուշտ կը վնասեն բարեփոխութեան բնական ընթացքը։ Ահաւասիկ, մարդ պէտք է պատրա՛ստ ըլլայ այդ անակնկալներուն, որպէսզի կարենայ դիմակալել զանոնք եւ շարունակէ իր ճամբան։ Կեանքի ճամբան երբեք միշտ հարթ եւ ողորկ չ՚ըլլար, դժուարութիւններ կրնան պատահիլ։

Եւ ահաւասիկ, ընդհանրապէս կորուստներն ալ այդ դժուարութիւններէն, արգելքներէն են, որ կը պահանջեն ողջմտութիւն, ուշադրութիւն եւ նախանձախնդրութիւն՝ խուսափելու համար անոնցմէ եւ կամ յաղթահարելու համար զանոնք։

Մարդ կը կորսնցնէ այն՝ ի՛նչ որ իրեն կը պատկանի, իր պատասխանատուութեան տակ է եւ իրեն կը վերաբերի, եւ կամ իրմէ կախում ունի։ Այլապէս, մարդ կը կորսնցնէ այն՝ ի՛նչ որ ինքնիրեն շարժելու, գործելու կարողութիւնը չունի. այն բոլոր իրերը, առարկաները եւ կամ բանականութենէ զուրկ ապրողները՝ անասուն կենդանիները։

Իսկ կը կորսուին անոնք՝ որ ինքն իր կամքով, բանականութեամբ գործելու կարողութիւնը ունին, այսինքն՝ մարդի՛կ։ Այս ուղղութեամբ՝ անշարժ որեւէ բան, որուն շարժումը ուրիշէ մը կախում ունի, չի կրնար կորսուիլ, այլ կորստեան կը մատնուի։

Կորուստը կրնայ ըլլալ ֆիզիքական, եւ կրնայ ըլլալ նաեւ բարոյական։ 

Ֆիզիքական կորուստը, մեծ մասամբ կարելի է փոխարինել, ուրիշ խօսքով՝ կարելի է տեղը ուրիշ մը դնել, ընդհանրահէս, կորուստը դարմանե՛լ։

Աւելի ծանր է բարոյական կորուստը, որ կը նշանակէ բարոյական անկում, մոլորանք։ Այս տեսակ կորուստը աւելի ծանր է, քանի որ միտքը եւ հոգին իր ճամբէն դարձնել շատ աւելի դժուար է, քան՝ վնասուած մարմին  մը դարմանել, անդամ մը նորոգել։ Զոր օրինակ, կանխակալ միտք մը՝ որքա՜ն դժուար է, մինչեւ իսկ անկարելի, զայն վերադարձնել իր սխալ կարծիքէն դէպի ճիշդը։ Եւ դարձեալ, որքա՜ն դժուար է խորտակել նախապաշարումները մարդուն՝ որ գերին է դարձած անոնց։ Վիրաւորուած անդամ մը կարելի է շատ աւելի դիւրին դարմանել, քան նախապաշարուած միտք մը, կանխակալ համոզում մը փոխել։

Եւ կանխակալութիւնը, նախապաշարումը՝ կորուստներ են մարդոց համար, քանի որ անոնք շեղած են ճշմարիտէն։ Արդարեւ, կորուստը ճշմարտութենէն, իրականութենէն հեռանալ չէ՞։ Կորուստը՝ այն վիճակն է, որ պէտք չէր ըլլալ հոն. օտար տեղ մը, անծանօթ տեղ մը՝ հեռո՛ւ՝ իր հարազատ միջավայրէն։ Եւ կորուստը, այս իմաստով, օտարանալ է, հեռանալ է իր իսկութենէն, հարազատ միջավայրէն։ Շեղիլ եւ խոտորիլ կը նշանակէ՝ «կորսուիլ»։

Ուրեմն, կարեւոր տարբերութիւն մը կա՛յ՝ կորսնցնելու եւ կորսուելու միջեւ։ Մարդ չկորսնցնելու համար պէտք է զգոյշ ըլլայ՝ բծախնդիր եւ նախանձախնդիր իր ունեցածին, այն ի՛նչ որ իրեն կը պատկանի, իրմէ կախում ունի եւ պատասխանատո՛ւ է անոր գոյապահպանման։ Իսկ չկորսուելու համար, մարդ հարկ է զգոյշ ըլլայ ինքնիրեն, քանի որ մարդ պատասխանատուն է նաեւ իր մարմնական, հոգեկան եւ մտային ամբողջութեան։ Այս պարագային ալ, մարդ նախանձախնդրութեամբ պէտք է հոգայ, խնամէ իր ամբողջական էութիւնը եւ անտարբեր չգտնուի իր ներաշխարհին, ինչպէս իր մարմնին։ Կորսնցնելը ո՛րքան որ վիշտ կը պատճառէ ենթակային, առաւել եւս ցաւ կը պատճառէ թէ՛ կորսուողին եւ թէ՛ մերձաւորներուն։

Շատ բնական է՝ կորսնցուցած ըլլալ՝ մարդկային «հարստութենէն մաս» մը վը-տանգուած կամ վնասուած ըլլալ կը նշանակէ եւ վիշտ ու ցաւ կը պատճառէ՝ թէ՛ պատասխանատուութեան եւ թէ՛ կորուստի արժէքին տեսակէտով։ Իսկ երբ «կորսը-ւած»ը գտնուի՝ ուրախութիւնը մեծ եւ կատարեալ կ՚ըլլայ կորսնցնողին, քանի որ թէ՛ պատասխանատուութենէն կ՚ազատի, թէ՛ իրեն պատկանածը վտանգէ եւ վնասուելէ կ՚ազատէ։ Բայց երբ հարցը «պատասխանատուութիւն» է, պէտք է որ մարդ այդ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը ունենայ եւ զգայ նաեւ՝ չկորսնցնելէ առաջ ալ եւ այդ ուղղութեամբ զգոյշ ըլլայ։

Կորսուածը կարելի է գտնել երբ բծախնդրութեամբ եւ ուշադրութեամբ փնտռուի։

«Կորսուած»ը որչափ ալ մեծարժէք բան մը չըլլայ, որպէս կորուստ «կորո՛ւստ» է՝ վնաս եւ ընդհանուր հարստութենէ նուազացո՛ւմ։ Այս պատճառով ամէն կորուստ՝ մեծ կամ պզտիկ, կարեւոր կամ աննշան, անոր արժէքը մանաւանդ մեծ նշանակութիւն ունի կորսնցնողին համար, քանի որ իրեն պատկանող արժէքէ մը մասամբ կամ ամբողջութեամբ զրկուած է՝ զայն կորսնցնելով։ Այս պատճառով մա՛րդ կորսնցնել չ՚ուզեր ուեւէ արժէք՝ մեծ կամ փոքր։

Մարդիկ ընդհանրապէս տկա՛ր են իրենց ստացուածքներուն համար. չեն դիմանար, չեն հանդուրժեր անոնց վնասին, անոնց կորուստին, այսինքն՝ ցաւ ու կսկիծ կը զգան որոշ չափով՝ երկար կամ կարճ ժամանակ։ Եւ կը փարատի ամէն վիշտ ու կսկիծ, երբ մարդ կը գտնէ իր կորսնցուցածը՝ կ՚ուրախանայ եւ երջանիկ կը զգայ ինքզինք…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 8, 2017, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2017