ՀՌՉԱԿԱՒՈՐ ՃԱՄԲՈՐԴԸ՝ ՄԱՐՔՕ ՓՈԼՕ (Ա.)

Մարքօ Փոլօ՝ այս նշանաւոր ճամբորդը, ամբողջ քառորդ դար ապրած է մեծ արկածախնդրութիւն մը, հեռու Եւրոպայէն եւ անոր քաղաքակրթութենէն։ Այդպիսի փորձառութիւն մինչ այդ, այսինքն մինչեւ Միջնադարի 13-րդ դարը, ոչ ոք ապրած է տակաւին։ Յայտնի է որ հին ժամանակներուն, ինչպէս եւ «Միջնադար» կոչուած մօտաւորապէս 1000 տարուան ժամանակաշրջանին, գիտութիւնը եւ անկէ ծնող արհեստագիտութիւնը՝ որ պիտի օգնէր մարդոց ստեղծելու փոխադրամիջոցներ, ուժանիւթ եւ այլն, կը գտնուէր նախնական վիճակի մէջ։ Եւ մարդիկ շատ նուազ կը ճանչնային «Երկիր մոլորակ»ը, քանի չունէին արագ տեղափոխութեան կարելիութիւնը, որովհետեւ կը պակսէին երթեւեկային փոխադրամիջոցներ։ Ուստի Մարքօ Փոլօ իրապէս դերակատարը եղած է արկածախնդրութեան մը։

Մարքօ Փոլօ ծնած է Վենետիկ, վաճառականներու ընտանիքի մը մէջ, 1254 թուականին։ Այդ տարին Հայ Հեթում թագաւորը կ՚իրագործէր ի՛նչ որ Փոլոյի հայրը եւ ինքը՝ Փոլօն, պիտի կրկնէին աւելի ուշ։

Վենետիկը առեւտրական յայտնի մեծ քաղաք էր, եւ իր վաճառականները կը ճամբորդէին արդէն ծանօթ աշխարհի մինչեւ ամենահեռու անկիւնները՝ Ափրիկէի եզերքներէն եւ Արաբիայէն՝ Ատլանտեան եւ Հնդկաց ովկիանոսներու կղզիները, նաեւ հիւսիսային Եւրոպայի ափերը։ Իսկ ցամաքի ճամբաները յաճախ կ՚անցնէին Հայաստանէն եւ Կիլիկիայէն, մեծ քաղաքներէն։

Այս վաճառականները իրենց նաւերով եւ կարաւաններով, անոնք կը տանէին եւրոպական ապրանքներ եւ փոխարէնը, Եւրոպա սուղ գինով ծախելու համար, կը բերէին անծանօթ արտադրութիւններ՝ գորգեր, կերպասներ, ոսկեղէններ, անուշահոտեր եւ համեմներ։ Այս համեմներէն՝ պղպեղը կարեւոր էր։ Անոնք կը բերէին նաեւ չինական նուրբ, փայլուն կերպաս մը, շա՛տ փնտռուած, մանաւանդ որ անոր ինչպէ՛ս շինուիլը երկար ատեն Չինաստանի գաղտնիքն էր։ Ան սկսաւ Եւրոպայի մէջ արտադրուիլ միայն երբ օր մը եւրոպացի կրօնականներ՝ իրենց գաւազաններուն մէջ պահած՝ այդ «գաղտնիք»ը Չինաստանէն փախցուցին։

Եւ ի՞նչ էր ան, շերամի խոզակ մը, որ է շերամի պզտիկ որդին իր բերնէն հանած թելով հիւսուած պզտիկ «տուն» մը։ Արդէն «խորհրդաւոր». գաղտնի կամ անհասկնալի կերպասն ալ, պարզապէս, մեզի ծանօթ մետաքսն էր…։ Ահաւասիկ, այսպիսի շրջանի մը, յիշուած պայմաններու տակ, Մարքոյի հայրը եւ հօրեղբայրը, յանդուգն վենետիկցի վաճառականներ, հասած էին նոյնիսկ Չինաստան եւ պատիւներով ընդունուած՝ Մոնկոլ թագաւորին կողմէ, որուն իշխանութեան տակ էր այս հսկայ երկիրը՝ իր մեծ մասով։

Մոնկոլներու (Մոնկոլներու բուն հայրենիքը Մոնկոլիան է, որ աշխարհագրական դիրքի պատճառով անոնք արշաւանքներ են ունեցած) թագաւորը կամ մեծ Խանը, որ Քուպիլայ կը կոչուէր, խելացի անձ մըն էր եւ մեծ հետաքրքրութիւն ունէր քրիստոնէութեան եւ Եւրոպայի հանդէպ։ (Մոնկոլները, նախ հեթանոս, դարձան պուտտայական, ապա մահմետական)։

Երբ Փոլօ եղբայրները Վենետիկ դարձան, պատանի Մարքօն յափշտակուեցաւ անոնց պատմածներով։ Եւ արդէն յաջորդ տարին, 1271 թուականին, անոնք տարին զինք իրենց հետ…։

Ուղեւորները նաւով հասան Կիլիկիա՝ հայկական Այաս նաւահանգիստը։ Արդարեւ, Մարքօ Փոլօն գրած է Կիլիկիոյ մասին, այդ օրերուն հոն կ՚իշխէր Լեւոն Բ. թագաւորը։ Անկէ սկսաւ կարաւանով ճամբորդութիւնը։ Արեւելքի քաղաքները՝ Հալէպ, Պաղտատ, Քերմանշահ կախարդական հմայիչ տեսարաններով, պարիսպներով եւ կառուցուածքներով, շուկաներով եւ կենցաղով շլացուցին վենետիկցի պատանին։ Այս բոլորը եւ դեռ Հնդկաց ովկիանոսի տաք ջուրերը, ապա Պարսկաստանի եւ Փամիրի երկինք հասնող լեռները, լեռներու սառնամանիքը. Փամիրի լեռներու գագաթները կը հասնէին մինչեւ 8000 մեթր։ Եւ յետոյ Կեդրոնական Ասիոյ լրիւ անծանօթ քաղաքները՝ Սամարղանտ, Ֆերղանա, իրենցմէ խլեցին երեք երկար տարիներ…։

Մոնկոլիոյ դուռը հասած՝ իրենց կը մնար ճեղքել Կոպիի անապատը՝ որ այսօր իսկ լրիւ չէ՛ հետազօտուած։ Ոչ միայն ուտելիք եւ ջուր պիտի չկարենային գտնել ամբողջ մէկ ամիս, եւ ապրող արարածի կամ բոյսի տեսքէն, կենդանութեան պզտիկ երեւոյթէն իսկ պիտի զրկուէին, այլեւ պէտք էր անտեսէին ահազդու զրոյցներ.- իբր թէ հոն ոտք դնել յանդգնողը տարօրինակ շուքեր կը տեսնէ՝ որոնք յայտնի չէ թէ ի՛նչ կրնային ըլլալ տրամաբանական-գիտական բացատրութեամբ, որ ձայներ երկինքէն իր անունը կը կանչեն, եւ այլն, եւ այլն։

Բարեբախտաբար, ճամբորդները առանց վտանգի, առանց փորձանքի գլուխ բերին անապատի անցքը՝ որ ինքնին արկածախնդրութիւն մըն էր, եւ ահա, օր մը լսեցին սմբակներու դոփիւնը՝ ոտքի ետին զարնուելուն ձայնը՝ վազքի կամ ուժեղ քալուածքի պահուն։ Ասիկա մոնկոլ ձիաւորներու ձայնն էր, որոնք ղրկուած էին Քուպիլայի կողմէ, զիրենք առաջնորդելու համար…։

Այն ժամանակ, մոնկոլները աշխարհի ամենէն տարածուն եւ ուժեղ կայսրութիւնը կը կազմէին։ Իրենց առաջին պետերէն՝ Ճենկիզ խանի հրամանատարութեան տակ, անոնք սարսափ սփռած էին իրենց բոլոր շրջանի պետութիւններուն…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 4, 2022, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2022