ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԹԱՏՐԵՐԳՈՒԹԻՒՆԸ

Եթէ երկար ժամանակ լաւ թատրերգութիւն մը դիտած չէք, կրնաք հետեւիլ Հայաստանի քաղաքական վերջին իրադարձութիւններուն, ուր միեւնոյն ժամանակ աւելի քան տասնչորս ներկայացում տեղի կ՚ունենայ եւ առանց դադարի ամէ՛ն օր՝ մինչեւ սեպտեմբերի 17-ը: Թատրերգութեան ընդհանուր խորագիրը «Քաղաքապետի ընտրութիւն» է՝ բաժնուած տասնչորս տարբեր արարներու, բոլորն ալ ներկայացուած այնպիսի դերասաններու կողմէ՝ որոնց ճիշդն ու սուտը գրեթէ անհնար է տարբերել:

Երեւանի փողոցները այսօր լեցուն են քաղաքապետի թեկնածու անձերով, որոնք չես գիտեր ինչպէս, յանձն առած են այցելել Երեւանի ա՛յն փողոցները՝ ուր ըլլալ երբեք չէին մտածեր. չես գիտեր ինչպէս յանկարծ անոնց մէջ արթնցած է սէր մը Երեւանի եւ անոր բնակիչներուն հանդէպ: Թատրերգութեան ամենէն գրաւիչ մասը սակայն անձրեւի նման տեղացող խոստումներու տարափն է, որ ո՛չ վերջ ունի եւ ոչ ալ իրագործուելու յոյս կամ հաւատք:

Իւրաքանչիւր թեկնածու-դերասան այսօր կը բարձրաձայնէ Երեւանի դիմագրաւած հարցերը. կ՚առաջարկէ լուծումներ, սակայն չես գիտեր ինչու կը սպասեն պաշտօնի տիրանալ՝ իրագործելու եւ լուծելու համար այդ բոլոր հարցերը: Այդ խոստումներն ու լուծումները պարզապէս խաբէութիւններ են պաշտօնի տիրանալու, որովհետեւ Երեւանի համար իրապէս ցաւող անձ մը կամ կուսակցութիւն մը պարտի իր կարելին ընել այդ հարցերը լուծելու՝ պաշտօնի գլուխ գտնուի թէ ոչ, որովհետեւ վերջապէս այդ մէկը ազգին ու ժողովուրդին համար է որ պէտք է կատարուի՝ եւ ոչ պաշտօնի վրայ գտնուող անձին կամ անոր պատկանած կուսակցութեան: Ի՞նչ կարծիքի են արդեօք դերասանները, քաղաքապետ ընտրուի ոչ կուսակցական անծանօթ մը եւ բոլոր դերասանները ի գործ դնեն իրենց խոստումները՝ առանց նկատի առնելու պաշտօնի վրայ կը գտնուին թէ ոչ. ա՛յն ժամանակ միայն ի յայտ կու գայ իսկական սրտցաւ հայն ու կեղծաւոր դերասանը:

Եթէ այս բոլոր թատրերգութիւնը պաշտօնի տիրանալու պայքար մը չէ, ապա ինչո՞ւ համար մինչեւ օրս անոնք ի գործ չդրին բոլոր այն խոստումները, ինչ որ այսօր կը բարձրաձայնեն. արդեօք անոնք ուզեցի՞ն ընել, առաջարկեցի՞ն՝ սակայն մերժուեցաւ. վերջապէս քաղաքապետը ով ալ ըլլայ մե՛ր Երեւանն է, մեր ժողովուրդն է չէ՞. ինչո՞ւ համար սպասել պաշտօնի՝ կատարելու համար այդ բոլորը, եթէ նպատակը իրապէս Երեւանին ու երեւանցիին ծառայելն է: Սուրբերը սրբակենցաղ կեանք մը կ՚ապրին եւ ապա կ՚արժանանան սրբութեան եւ ո՛չ թէ սրբութեան աստիճանին արժանանալէ ետք սրբութիւն կը կատարեն: Իրենց խօսքերուն փոխարէն, պաշտօնէն հեռու գտնուած ժամանակ նոյնիսկ եթէ գործով ցոյց տուած ըլլային իրենց այսօր բարձրաձայնածները, ժողովուրդը առանց երկմտանքի կ՚ընտրէր զիրենք, որովհետեւ խօսքը փաստող գործի մը գոյութիւն կայ այնտեղ, սակայն այսօր միայն խօսքերն են որ կ՚երեւին՝ մէկը միւսէն փայլուն եւ համեմուած:

Մէկը իրեն կարգախօս ընտրած է «ասէ՛ք անենք»ը. սիրելիներ, մինչեւ այսօր ժողովուրդին ո՞ր ըսածը ըրիք՝ որպէսզի այս վայրկեանէն ետք անոնց ըսածը ընէք. արդեօք ո՞ր տգէտը իրապէս հաւատաց, թէ դուք պիտի ընէք այն՝ ինչ որ ժողովուրդը պիտի ըսէ:

Միւսը կ՚ըսէ. «Վստահիր, հաւատա՛, փոխելու ենք»: Մեր ժողովուրդը իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին վստահելէ եւ հաւատալէ բացի ուրիշ բան ըրած չունէր արդէն եւ այդ վստահութիւնն ու հաւատքն է, որ իրեն ներկայ վիճակին հասցուց. մեր ազգը շա՜տ շատերու հաւատաց ու վստահեցաւ, սակայն անոր դիմաց մի՛շտ յուսախաբութիւնը ապրեցաւ. մեր ներկայ կառավարութիւնը եւս եկաւ փոխելու խոստումով, սակայն հինէն գրեթէ տարբերութիւն մը չուեցաւ։ Խոստումներ տուաւ շատ մը բաներ փոխելու, սակայն պաշտօնի գալէ ետք «ես նման բան չըսի» ըսելով փորձեց դուրս գալ խնդիրին մէջէն՝ հակառակ իր դիմաց դրուած անժխտելի փաստերուն:

Ուրիշ մը որպէս կարգախօս ընտրած է. «Մաքուր Երեւան. Մենք կատարում ենք Հայաստանի եւ Երեւանի Եվրոռեմոնտ»: Գուցէ Եվրոռեմոնտը ինքնին բաւարար պատճառ է հեռու մնալու այս կուսակցութեան թեկնածուէն, որովհետեւ Եվրոռեմոնտի փոխարէն հայ Երեւան մը պէտք է՝ իր հայ մշակոյթով ու դիմագիծով: Անբարոյականութեան ու զեխութեան մէջ բաւականին Եվրոռեմոնտ երկիր մը ունեցած ենք արդէն... աւելին մեզմէ հեռու:

Ուրիշ մը ընտրած է. «Շարունակենք, որովհետեւ բոլորիս պէտք է»: Ականջի լսուող սիրուն խօսքեր են, սակայն իրենց սիրուն ըլլալուն չափ անիմաստ ու անտեղի. ի՞նչը պիտի շարունակէք. ձեր շարունակածի սկիզբը ե՞րբ կամ ո՞ւր էր. ի՞նչ է այն բանը՝ որ բոլորիս պէտք է. իրականութեան մէջ մեզի պէտք է արդարութիւն, հաւասարութիւն, քաղաքացիական իրաւունքներու հաւասարութիւն, օրէնքներու տրամաբանական սահմանում եւ հազար ու մէկ բան...:

Ուրիշ մը կը բարձրաձայնէ. «Դու կարող ես». այո՛, մեր ժողովուրդը կարող է, սակայն ցաւ ի սիրտ, չունի գիտակցութիւնը իր սեփական կարողութեան եւ ուժին. մեր ժողովուրդը կը դժգոհի պետական մարմիններէն, առանց գիտակցելու, որ ի՛նք տուած է առիթը եւ ուժը՝ որպէսզի այդ մարդիկ ղեկավարներ ըլլան: Մեր ժողովուրդը միայն կարող է ընտրելու, սակայն ընտրութենէն ետք այդ կարողութիւնը ամբողջութեամբ կը յանձնէ իր ղեկավարներուն եւ կ՚անցնի կոյր աչքով հետեւելու եւ միաժամանակ քննադատելու իր իսկ ընտրած թեկնածուն:

Բոլորի կարգախօսը յիշելու կարիքը չենք զգար, որովհետեւ բոլորն ալ վեր ի վարոյ նոյն անկապ, սակայն ականջին քաղցր հնչող լոզունգներն են:

Երեւանը պիտի մնայ նոյնը՝ առանց փոփոխութեան. պիտի փոխուին միայն անոր գլուխը գտնուողներն ու անոնց նիւթական կարողութիւնները եւ արդէն իսկ հարուստ թեկնածուները չես գիտեր ինչպէս իրենց հարստութեան վրայ նոր հարստութիւններ պիտի դիզեն՝ աղքատ Հայասանի աղքատ ժողովուրդին հաշւոյն:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -341-

Քաղաքապետի թեկնածուներէն մին կ՚այցելէ Երեւանի աննշմար փողոցներէն մին. այդտեղ գտնուող քաղաքացիներէն մին անկեղծութեամբ հետեւեալը կ՚ըսէ թեկնածուին.

-Այսօր առաւօտ առաջին անգամ ըլլալով մաքրողներ տեսայ մեր շրջափակին մէջ. կարծեցի յեղափոխութիւն մը եղած է:

Այդ փողոցը գուցէ առաջին անգամ մաքրողներ գացին, սակայն ո՛չ վերջին. միւս ընտրութիւններու ժամանակ դարձեալ մաքրող խումբ մը կ՚երթայ եւ ընտրութենէ ընտրութիւն փողոցը կը մաքրուի:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2023