ԿԷՏԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԻՒՆԸ
«Կէտադրութիւն»ը՝ գրաւոր խօսքի մէջ ընդունուած կարգ մը նշաններ են, որոնց միջոցով կ՚արտայայտուին խօսքի դադարները, ձայնի երեւէջները, կ՚անջատուին նախադասութեան տարբեր մասերը։
Երբ խօսքը բանաւոր է, խօսողը երանգով, ելեւէջներով, դադարներով շա՜տ բան կրնայ արտայայտել, նախադասութիւնը կրնայ բաժնել տարբեր մասերու՝ իմաստային եւ արտայայտական կողմերով։
Գրաւոր խօսքը «բանաւոր»էն կը տարբերի անով, որ գրաւորի պարագային խօսքը եւ խօսակիցը չեն տեսներ եւ չեն լսեր զիրար։ Գրաւոր խօսքի այդ պակասը լրացնելու համար է, որ կը գործածեն «կէտադրական նշան»ներ։
Վերջակէտը կը դրուի աւարտած նախադասութեան վերջը։ Վերջակէտին նշանն է՝ (։)։
Միջակէտը՝ (.) կը դրուի իրարու հետ մտքով կապուած, սերտ ամբողջութիւն մը կազմող, սակայն որոշ ինքնուրոյնութիւն ունեցող նախադասութիւններու միջեւ։
Միջակէտը կը գործածուի նաեւ ուրիշի ուղղակի խօսքէն առաջ, երբ ան կ՚առնուի չակերտներու մէջ կամ անկէ առաջ «գծիկ» կը դրուի եւ այս պարագային ուրիշի ուղղակի խօսքը կը գրուի նոր տողէն։
Միջակէտը կը դրուի նաեւ այն նախադասութիւններէն յետոյ, որոնց կը յաջորդէ որեւէ բացատրութիւն։
Համադաս նախադասութիւնները իրարմէ անջատելու համար, եթէ անոնք իրարու հետ կապուած են «իսկ», «բայց», «սակայն», «ուրեմն», «հետեւաբար», «ուստի», «այսինքն», «զոր օրինակ» շաղկապներով եւ իրենց մէջ ունին ստորակէտով բաժանելի նախադասութիւններ եւ կամ շատ երկար են, միջակէտ կը դրուի։
Կրճատումով գրուող բառերէ յետոյ եւս միջակէտ կը գործածուի։
Ստորակէտը՝ (,) կը դրուի գլխաւոր եւ երկրորդական նախադասութեան միջեւ, նաեւ՝ համադաս նախադասութիւններու, նախադասութեան համադաս կամ համասեռ անդամներու՝ «եւ», «ու», «կամ», «թէ» շաղկապներով երբ չեն կապուած, ասոնց միջեւ։
Նաեւ՝ միջանկեալ նախադասութիւններու եւ միջանկեալ բառերու սկիզբը եւ վերջը։
Ստորակէտ կը դրուի նաեւ կոչականներէն յետոյ, երբ անոնք նախադասութեան սկիզբն են, իսկ առաջ, երբ նախադասութեան վերջն են եւ կոչականներու (կանչելու վերաբերեալ) երկու կողմէն, երբ նախադասութեան մէջ են։
Ձայնարկութիւններէն առաջ, երբ անոնք նախադասութեան վերջն են, ձայնարկութիւններէն յետոյ, երբ նախադասութեան սկիզբն են եւ երկու կողմէն, երբ նախադասութեան մէջ են, ստորակէտ կը գործածուի։ Նաեւ՝ յետադաս տրոհուող (իրարմէ բաժնուած, անջատուած) որոշիչներէն առաջ եւ տրոհուող միջադաս պարագաներուն երկու կողմէն։ Մասնաւորեցնող եւ մեկնական բացայայտիչներէն առաջ, մասնական բացայայտնիչին երկու կողմէն։
Ուրիշի ուղղակի խօսքին մէջ գտնուող հեղինակային խօսքին երկու կողմէն կամ առջեւէն, եթէ անիկա վերջադաս է. նման պարագային կրնայ հաւասարապէս գործածուիլ ստորակէտ-գծիկ (,-), ինչ որ նախընտրելի կը նկատուի։
Բութը ( ՝) կը դրուի բացայայտեալին վրայ՝ բացայայտիչէն անջատելու համար։
Տրոհուող նախադաս պարագաներէն յետոյ եւ յետադաս պարագաներէն ռաջ։
«Եթէ», «երբ», «ինչ որ» բառերով սկսող նախադաս երկրորդական նախադասութիւններէն յետոյ, երբ անոնք կարճ են։
Թուարկութիւն ցուցնող «նախ», «ապա», «յետոյ», «առաջին», «երկրորդ», «երրորդ» եւ նման բառերէն յետոյ։
Նախադասութեան մէջ իրարու յաջորդող, բայց իրարու հետ չկապուող բառերու միջեւ։
Նախադասութեան զեղչուած ստորագրեալին կամ օժանդակ բային, ինչպէս նաեւ հանգոյցին փոխարէն։
Յետադաս տրոհուող որոշիչէն առաջ։
Շեշտը ( ՛) կը դրուի հրամայական եղանակի բայաձեւերուն վրայ։
Անդէմ նախադասութիւններու շեշտուած բառերուն վրայ։
Կոչականին վրայ։
«Այո» եւ «ոչ» պատասխանական բառերուն վրայ։
Խօսողին կամ հեղինակին կողմէ յատկապէս շեշտուող բառերուն վրայ։
Հարցական նշանը ( ՞) կը դրուի հարցում արտայայտող բառերուն վրայ։
Բացագանչական նշանը ( ՜) կը դրուի այն բառերուն վրայ, որոնք կ՚արտաբերուին բացագանչումով, գոչումով։
Չակերտներու (« ») մէջ կ՚առնուին՝ ուրիշի ուղղակի խօսքը, եթէ ան մտածուեր է, բայց չէ արտասանուեր, կամ արտասանուեր է շատոնց եւ ներկայ պահուն գրողին կողմէ կը յիշատակուի որպէս մէջբերում։ Չակերտներէն առաջ կը դրուի միջակէտ (.)։ Որոշ հեղինակներ կը դնեն միջակէտ-գծիկ. (.-)։
Կը գործածուի նաեւ՝ գիրքերէ, լրագիրներէ, որոշումներէ, նամակներէ եւ այլ կարգի գրութիւններէ եւ աղբիւրներէ կատարուած մէջբերումներու, իբրեւ ուղղակի խօսք։
Նաեւ՝ գիրքերու, լրագիրներու, թատրերգութիւններու, արուեստի այլ երկերու անուններու համար կը գործածուին չակերտներ, ինչպէս նաեւ՝ գիրքերու, լրագիրներու, ընկերութիւններու, հաստատութիւններու, զանազան կազմակերպութիւններու անուններու համար։
Ուրիշի խօսքէն առնուած պատառիկները, հեղինակի խօսքին ոչ յատուկ բառերը եւ դարձուածքները կը դրուին չակերտներու մէջ։
Չակերտներ կը գործածուին հեգնանքով կամ հակառակ նշանակութեամբ ըսուած-գրուած բառերը եւ բառակապակցութիւնները նախադասութեան մէջ օգտագործուած պարագային։
Անջատման գիծը (-) կը դրուի՝ ամէն մէկուն ըսած ուղղակի խօսքէն առաջ՝ երբ չակերտ չէ գործածուած։
Նաեւ՝ երկու թուականներու միջեւ, որոնք կ՚արտայայտեն մօտաւորութիւն՝ մէկ թիւէն սկսեալ մինչեւ միւսը։ Կամ թուանշաններու միջեւ. զոր օրինակ, «տասը-տասնհինգ», եւ այլն։
Ուղղակի խօսքին մէջ գտնուող կամ անկէ յետոյ դրուող հեղինակին խօսքը կ՚անջատուի ստորակէտ-գծիկով. (,-)։
Միութեան գծիկը (-) կը միացնէ երկու բառեր՝ իբրեւ մէկ բառական ամբողջութիւն։
Փակագիծերու ( ) մէջ կ՚առնուին միջանկեալ նախադասութիւնները, որոնք քերականօրէն կապուած չըլլալով բուն նախադասութեան հետ, կրնան դիւրաւ դուրս մնալ խօսքէն։ Միջանկեալ բառի մը կամ բառակապակցութեան մը ձեւով գործածուած երկրորդական բացատրութիւնները եւ ծանօթութիւնները փակագիծի մէջ կ՚առնուին։
Կախման կէտերը (…) կը դրուին երբ նախադասութիւնը անաւարտ կը մնայ՝ խօսողին խիստ յուզուած ըլալուն, հոգեկան ծանր կացութեան մէջ գտնուելուն պատճառով եւ կամ նման այլ պատճառներով։ Նաեւ՝ երբ հեղինակը կամ խօսողը դիտմամբ կ՚ընդհատէ խօսքը, բայց յետոյ յանկարծ կը շարունակէ՝ ցոյց տալով անակնկալ, երբեմն ալ զաւեշտական վախճան մը։
Բազմակէտը (չորս եւ աւելի կէտեր) կը գործածուի՝ ոչ ամբողջական մէջբերումներու ժամանակ՝ ուղղակի խօսքի մը մէջ կատարուած կրճատումներուն տեղը։ Նաեւ՝ երբ հեղինակը աւելորդ կամ անվայել կը համարէ պատմել կամ նկարագրել բան մը՝ զոր առանց իրեն ալ ընթերցողը կրնայ պատկերացնել։
Ապաթարցը ( ՚) կը գործածուի «ը», «ի» ձայնաւորներուն, երբեմն ալ «է» ձայնաւորին սղման ժամանակ, երբ «մը», «կը», «մի», «թէ» եւ նման մասնիկներ եւ բառեր կը դրուին ձայնաւորով կամ՝ «սկ», «սպ», «ստ», «սք», «սփ», «սթ», «շկ», «շպ», «շտ», «զգ», «զբ» հնչիւնակապակցութիւններով սկսող բառերէն առաջ։ Զոր օրինակ, «Իցիւ թ՚անոր գերեզմանին քարն լինիմ…», կամ «մ՚զգացի» եւ այլն։
Ենթամնան (-) կը դրուի տողին վերջը՝ բառը տողադարձ ընելու համար։
Խօսակցութիւն մը գեղեցիկ է, երբ շեշտերը տեղին գործածուին, իսկ գրութիւն մը՝ հասկնալի կ՚ըլլայ կէտադրութեան կանոններու հաւատարիմ մնալով…
- Սկզբնաղբիւր. Ս. Գ. Աբրահամեան, Բ. Յ. Վերդեան, Վ. Ա. Քոսեան, «Հայերէն լեզուի դասագիր», Երեւան, 1968։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 11, 2024, Իսթանպուլ