«ԴՐԱԽՏ» ԵՒ «ԴԺՈԽՔ»՝ ՀԱԿԱԴԻՐՆԵՐ
Մանուկ տարիքէն լսուած է «դրախտ» եւ «դժոխք» բառերը, եւ ամէն մարդ նուազագոյն տեղեկութիւն մը ունի անոնց մասին։ Բայց անոնք ունին աւելի խոր նշանակութիւններ, որոնք ընդհանրապէս կ՚անտեսուի։ Մեր առօրեայ կեանքին մէջ ալ յաճախ կը գործածենք այս բառերը, երբեմն նոյնիսկ նոյնացնելով անոնց նշանակութիւնը «կեանք»ի զանազան պարագաներուն եւ երեսակներուն հետ։ Երբեմն դրախտ բառը կը գործածենք՝ ուրախութեան, երջանկութեան իմաստով, իսկ դժոխքը՝ նեղութեան, չարչարանքի տեղ։
«Դրախտ» սկզբնական իմաստով կը նշանակէ՝ «պարտէզ»։
Բայց Նոր Կտակարանի մէջ կը նշանակէ՝ «երկինք» եւ կամ այն վայրը՝ ուր արդարներու, անմեղներու հոգիները Աստուծոյ ներկայութիւնը կը վայելեն։
«Յիսուս ըսաւ անոր.- Վստահ եղիր, այսօր ինծի հետ պիտի ըլլաս դրախտին մէջ» (ՂՈՒԿԱՍ ԻԳ 43)։ Եւ դարձեալ, Պօղոս առաքեալ կորնթացիներուն գրած երկրորդ նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Մինչեւ դրախտ յափըշ-տակուեցաւ, -կը կրկնեմ, մարմինո՞վ թէ հոգիով՝ չեմ գիտեր…» (Բ ԿՈՐՆԹ. ԺԲ 3-4)։
Իսկ Յայտնութեան Գիրքին մէջ «Աստուծոյ դրախտ»ը կը թուի, թէ կ՚արտայայտէ պարտէզի մը ընդհանուր տեսարանը, կամ պատկերը՝ ուր «կեանքի ծառ»ը կայ։
«Այն որ ականջ ունի՝ թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ՚ըսէ եկեղեցիներուն.- Ո՛վ որ յաղթանակէ՝ անոր իրաւունք պիտի տամ ճաշակելու կեանքի ծառէն՝ որ կը գտնուի Աստուծոյ դրախտին մէջ» (ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ Բ 7)։
Ուրեմն ժողովրդական իմաստութիւնը չի սխալիր, երբ «դրախտ»ի հասկացողութիւնը կը նոյնացնէ եւ մերձիմաստ կը նկատէ՝ երջանկութեան, ուրախութեան, լիութեան։
Արդարեւ «դրախտ»ի ըմբռնումին հակադիր երեւոյթն է՝ «դժոխք»ը իր ամենալայն իմաստով։ Եւ դարձեալ, ժողովրդային իմաստութիւնը, դժոխքի հասկացողութիւնը նոյնացուցած է կեանքի նեղութեան, չարչարանքի, եւ տհաճ ամէն վիճակներու, երբ կ՚ըսուի. «դժոխի վերածուեցաւ կեանքը», եւ ասոր նման արտայայտութիւններով կը բացատրէ իր նեղ վիճակը։ Եւ ինչպէս ըսինք, դժոխքի ըմբռնումը հակադիր հասկացողութիւնն է դրախտին։ Եւ ի՛նչ որ է դրախտը՝ այն չէ՛ դժոխքը։ Մին «երջանկութիւն»ը կը ներկայացնէ, իսկ միւսը՝ դժբախտութիւնը, ապերջանկութիւնը։
Այս իմաստով «դրախտ»ը լո՛յսն է, իսկ «դժոխք»ը՝ մութը, խաւարը։ Եւ բնականաբար մարդ կ՚ուզէ դրախտանման, դրախտային կեանք ապրիլ, բայց իր բոլոր գործերով կը ստեղծէ դժոխանման, դժոխային կեանք մը…։
Եւ ահաւասիկ մարդկային կեանքի անհասկնալի հակադրութիւններէն մին է այս մէկը՝ լոյսը կը փափաքի, բայց մութին մէջ քալելը կը նախընտրէ։ Աւելին՝ դրախտ կ՚երազէ, բայց մահէն կը վախնայ։ Մինչդեռ մահը դրախտին դո՛ւռն է՝ դրախտի կեանքին բացուող՝ մէկ կողմը մութ, միւս կողմը լուսաւոր դուռը…։ Ուրեմն մարդ գիտնալու է, թէ ի՛նչ կ՚ուզէ։ Երկմտութիւնը ինքնին դժոխքը կը ստեղծէ՝ անորոշութիւն, նեղութիւն, մութ ու խաւար վի՛հը։
Դրախտի բացուող դուռը նեղ է, բայց ապահո՛վ։
Ուրեմն եթէ մարդ իր կեանքով, ապրելակերպով դրախտը վայելելու արժանացած է, ապա ուրեմն ինչո՞ւ այդ վախը մահուան նկատմամբ։ Չէ՞ որ ամբողջ կեանքի ընթացքին դրախտային կեանքի յոյսով կ՚ապրի մարդ։
Բայց դժոխքը, դժոխայինը ապրելու համար ամէն ինչ կ՚ընէ մարդ։ Ասիկա հասկնալ, մեկնաբանել եւ կամ բացատրել կարելի չէ։ Երջանկութիւնը կ՚որոնէ դժբախտութեան մութ ճամբաներուն մէջ։
Ուրեմն ի՞նչ է սա «դժոխք» ըսուածը։
Ուստի դժոխքը աւելի կը հրապուրէ քան դրախտը։
Աստուածաշունչ մատեանի մէջ «դժոխք» բառը երկու տարբեր բաներ, իրողութիւններ կը նշանակէ։
Ան, նախ կը նշանակէ՝ «մեռելներու աշխարհ»ը, կամ մեռեալներու բնակավայրը՝ ուր արդար թէ մեղաւոր մարդոց հոգիները կ՚երթան եւ կը սպասեն մինչեւ դատաստանի օրուան. «Եւ ահա տեսայ դեղնորակ ձի մը, որուն հեծեալին անունը Մահ էր։ Անոր ետեւէն կ՚երթար դժոխքը՝ մեռեալներու աշխարհը» (ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ Զ 8), եւ. «քաղաքը մեծ ու բարձր պարիսպ մը ունէր՝ տասներկու դռներով, որոնց վրայ կային տասներկու հրեշտակներ։ Դռներէն իւրաքանչիւրին վրայ գրուած էր Իսրայէլի տասներկու տեղերէն իւրաքանչիւրին անունը։ Արեւելքէն երեք դռներ կային, հիւսիսէն՝ երեք, հարաւէն՝ երեք եւ արեւմուտքէն՝ երեք։ Քաղաքին պարիսպը տասներկու հիմեր ունէր եւ անոնց վրայ գրուած էին Գառնուկին տասներկու առաքեալներուն անունները» (ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ԻԱ 12-14)։ Ասոր համապատասխան բառերն են՝ յունարէն «Hades» եւ եբրայերէն «Sheol»։
«Իսկ դո՛ւն Կափառնաո՛ւմ, որ մինչեւ երկինք բարձրացեր ես, մինչեւ դժոխք պիտի իջնես…» (ՄԱՏԹ. ԺԱ 23)։
Յետոյ, երկրորդ, դժոխք կը նշանակէ՝ մեղաւոր հոգիներու պատիժի վայրը։ «Դժոխքին մէջ, մինչ մեծահարուստը կը տանջուէր, աչքերը բարձրացուց եւ հեռուն Աբրահամը տեսաւ…» (ՂՈՒԿ. ԺԶ 23)։
«Ուստի կանխագիտութեամբ խօսեցաւ Քրիստոսի յարութեան մասին, ըսելով՝ թէ.- Անոր անձը մեռելներու աշխարհին մէջ չմնաց, եւ անոր մարմինը փտութիւն չտեսաւ» (ԳՈՐԾՔ. Բ 31)։ Ուստի ինչպէս ըսինք, «դժոխք»ը կը բացատրուի «տանջանքի յաւիտենական կեանք»ով։ Ուստի որպէս «պատիժի վայր», այս երկրորդ իմաստին հոմանիշներն են՝ «գեհեն» կամ «գեհէն», որ կը նշանակէ՝ սանդարամետ, տարտարոս, «Géhenne», «Enfer», «անդունդ», «գուբ», «կրակի լիճ», «գետնափոր՝ հողի տակ փոս», «fosse», «puits»։
Իսկ Մատթէոսի վկայութեամբ «դժոխք» բառը մարմնացումը կամ անձնաւորումն է՝ մահուա՛ն։
«Քեզի կ՚ըսեմ՝ թէ ժա՛յռ ես դուն, եւ այդ ժայռին վրայ պիտի շինեմ իմ եկեղեցիս, զոր մահն անգամ ամբողջ զօրութեամբ պիտի չկրնայ յաղթահարել» (ՄԱՏԹ. ԺԶ 18)։ Իսկ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Ո՞ւր է, Մա՛հ, յաղթանակդ, ո՞ւր է, Մա՛հ, քու խայթոցդ» (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԵ 55)։
Դրախտը՝ լո՛յս է եւ կեանք, իսկ դժոխքը՝ խաւար եւ անկենդանութիւն, մեռելայնութիւն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 30, 2015, Իսթանպուլ