ՈՒԺԸ ՄԵ՛Ծ Է ԵՐԲ ԶՍՊՈՒԱԾ Է

Ու­ժը կա­րե­ւոր ազ­դակ մըն է կեան­քին հա­մար։ Ար­դա­րեւ ո՛ւժն է որ ըն­թացք կու տայ կեան­քին, ո՛ւժն է որ կ՚ե­րաշ­խա­ւո­րէ կեանք, եւ ո՛ւժն է որ ա­պա­հով ըն­թացք մը կը պատ­րաս­տէ կեան­քին։ Ան­տա­րա­կոյս բո­լորս ալ գի­տենք, թէ՝ ինչ­պէս նիւ­թա­կան-ֆի­զի­քա­կան՝ նոյն­պէս եւ հո­գե­ւոր աշ­խար­հին մէջ ու­ժե­րը ընդ­հան­րա­պէս լուռ են։ Եւ հա­զուա­դէպ է, որ ու­ժը աղ­մու­կով, մեծ ձայ­նով յայտ­նուի եւ ար­տա­յայ­տուի բնու­թեան մէջ։ Պա­տա­հա­բար, սեւ­ցած եր­կին­քի մը խո­րէն կ՚ի­մա­նան մար­դիկ ո­րո­տու­մի ձայ­նը, կամ հիւ­սի­սէն փչող հո­վին սուր սոյ­լը, եւ կամ շա­ռա­չիւ­նը կատ­ղած ծո­վու մը ա­լիք­նե­րուն ո­րոնք ծո­վա­փին ծայ­ռե­րուն վրայ կը փշրուին, կը տա­րա­ծուին։

Բայց պահ մը երբ անդ­րա­դառ­նայ եւ նկա­տէ ու­ժին եւ զօ­րու­թեան անն­կա­րագ­րե­լի, ան­հա­շուե­լի, ան­չա­փե­լի աղ­բիւ­րը՝ ա­րե՛­ւը, որ իր գտնուած մո­լո­րա­կին վրայ կեան­քը կա­րե­լի եւ տա­նե­լի կ՚ը­նէ, մարդ պա­տա­հա­բար կը զգայ ու­ժին եւ զօ­րու­թեան մե­ծու­թիւ­նը։ Եւ ո՜ր­քան հրա­շա­լի ի­րո­ղու­թիւն մըն է՝ որ մարդ իր ապ­րած մո­լո­րա­կին հետ՝ ա­րե­գակ­նա­յին դրու­թեան միւս բո­լոր մո­լո­րակ­նե­րը դի­տե­լով, կը տես­նէ որ այդ ո՛ւժն է որ բո­լոր մո­լո­րակ­նե­րը ի­րենց ծի­րին մէջ կը պա­հէ։

Եւ ո՜ր­քան հե­տաքրք­րա­կան է եւ զար­մա­նա­լի, որ ու­ժը, եր­բեք ձայն, աղ­մուկ չի հա­ներ երբ ա­մէն օր մար­դուս գլխուն վրայ կը ծա­գի եւ կը փայ­լի ա­րե­գա­կը եւ այս ըն­թաց­քը կը շա­րու­նա­կէ ան­վախ­ճան՝ օ­րե­րով, ան­վերջ ժա­մա­նակ­նե­րով։ Մարդ եր­բեք լսա՞ծ է ա­րե­ւա­ծա­գին ձայ­նը, երբ հետզ­հե­տէ կը բարձ­րա­նայ եւ կը փայ­լի, կը լու­սա­ւո­րէ աշ­խար­հը ամ­բողջ։

Ու­ժը՝ ա­րե­ւը իր ճա­ռա­գայթ­նե­րով կեա՛նք կը բաշ­խէ ա­մէն օր՝ ա­մէն շնչա­ւոր ա­րա­րա­ծի եւ բու­սա­կա­նու­թեան, ա­ռանց ոտ­նա­ձայ­նի, ա­ռանց աղ­մու­կի. բա­ցար­ձակ լռու­թեամբ։

Դի­տե­ցէ՛ք ան­տառ­նե­րուն ծա­ռե­րը, ո­րոնք բարձ­րա­ցեր, հա­սակ նե­տեր են եւ ի­րենց ճիւ­ղե­րը իբ­րեւ հո­վա­նի տա­րա­ծեր են ի­րենց շուր­ջը։ Ծա­ռե­րը մի­թէ թմբուկ կամ փող կը հնչեց­նե՞ն ի­րենց այս ա­ճու­մի հրաշ­քին ու­շադ­րու­թիւն հրա­ւի­րե­լու հա­մար կամ աշ­խար­հի յայտ­նե­լու հա­մար։ Ո՛չ։ Ան­ձայն կեր­պով, ա­ռանց աղ­մու­կի կը կա­տա­րեն ի­րենց բնա­կան ըն­թաց­քը։ Մինչ­դեռ ան մեծ ու­ժի մը ար­դիւնքն է։

Հա­պա ի՞նչ կա­րե­լի է խոր­հիլ եւ ը­սել այն պտղաս­տա­նի ծա­ռե­րուն։ Լսուա՞ծ է եր­բեք որ ա­նոնք պո­ռան, կան­չեն, աղ­մուկ բարձ­րաց­նեն երբ կու տան քաղց­րա­համ պտուղ­ներ։ Լսուա՞ծ է որ պտղա­բեր ծա­ռեր բարձ­րա­ձայն յայ­տա­րա­րեն ի­րեն ար­տադ­րու­թիւ­նը՝ պտղա­բե­րու­թիւ­նը։ Ա­նոնք ալ կը մնան միշտ ան­ձայն, ա­նաղ­մուկ, մինչ­դեռ մեծ ուժ մըն է որ կը կա­տա­րէ այդ պտղա­բե­րու­թիւ­նը։

Սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ, իս­կա­կան ու­ժը ծա­ծուկ ուժն է, այն որ ան­ձայն, միայն կը գոր­ծէ, իր պար­տա­կա­նու­թիւ­նը կը կա­տա­րէ եւ բարձ­րա­ձայն չի յայ­տա­րա­րեր իր գոր­ծին ար­դիւն­քը։

Մար­դիկ ալ նոյնն են՝ կան մար­դիկ ո­րոնք քիչ գործ կը կա­տա­րեն բայց շատ ձայն, շատ աղ­մուկ կը հա­նեն եւ ի­րենց անն­շան գոր­ծը՝ մեծ եւ կա­րե­ւոր գործ ցոյց տալ կ՚ու­զեն։ Կան նաեւ մար­դիկ, ո­րոնք մեծ գոր­ծեր կ՚ը­նեն, մեծ օգ­տա­կա­րու­թիւն­ներ եւ բա­րե­գոր­ծու­թիւն­ներ կը կա­տա­րեն բայց ո­րե­ւէ ձայն, ո­րե­ւէ աղ­մուկ չեն հա­ներ։

Ար­դա­րեւ գոր­ծին մե­ծու­թիւ­նը, կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը եւ օգ­տա­կա­րու­թիւ­նը ո՛չ թէ ձայ­նով եւ աղ­մու­կով, այլ՝ կա­տա­րած բա­րի­քով կը չա­փուի։

Մեծ ձայն հա­նո­ղը «մեծ գործ» ը­րած չ՚ըլ­լար, փո­խա­դար­ձա­բար՝ ան­ձայն գոր­ծո­ղը, ծա­ռա­յու­թիւն մա­տու­ցա­նողն ալ անն­շան, ա­նօ­գուտ գործ մը կա­տա­րած չ՚ըլ­լար։ Հո­գե­ւոր կեան­քի մէջ ու­ժը, ձայ­նով, աղ­մու­կով չի չա­փուիր, այլ՝ իր տե­սած գոր­ծով, օգ­տա­կա­րու­թեամբ եւ բա­րի­քո՛վ։

Բնու­թիւ­նը լե­ցուն է գե­ղե­կու­թիւն­նե­րով, բա­րիք­նե­րով, ա­նոնց­մէ ո՞ր մէ­կը բարձ­րա­ձայն կը յայ­տա­րա­րեն ի­րենց գե­ղեց­կու­թիւ­նը կամ բա­րի­քը։

Եւ երբ մարդ անդ­րա­դառ­նայ բնու­թեան մեծ բա­րիք­նե­րուն՝ ո՛ւ­ժին, զմայ­լու­մը, հիա­ցու­մը կ՚ա­ւել­նայ ու­ժի այդ խորհր­դա­ւոր լռու­թեան նկատ­մամբ։

Ար­դա­րեւ, մարդ­կա­յին հո­գե­ւոր կեան­քի մէջ ալ լռու­թիւ­նը վե­հու­թիւն է, ազ­նուու­թիւն եւ իս­կա­կան զօ­րու­թեան, ի­րա­կան ու­ժի նշա՛ն։ Ուս­տի, ինչ­պէս որ վե­րէն նա­յե­լով մարդ բարձր չ՚ըլ­լար, նոյն­պէս ալ բարձ­րա­ձայն պո­ռա­լով կան­չե­լով, աղ­մուկ հա­նե­լով զօ­րա­ւոր չ՚ըլ­լար։ Ար­դէն ու­ժը ձայ­նի պէտք չու­նի, քա­նի որ ու­ժը ինք­նա­բաւ է, եւ ա­մէն զօ­րու­թիւն, կա­րո­ղու­թիւն իր­մէ յա­ռաջ կու գայ, իս­կու­թեան մէջ ձայ­նին աղ­բիւրն ալ ո՛ւժն է եւ այս իսկ պատ­ճա­ռով՝ ու­ժը ձայ­նի պէտք չու­նի, այլ՝ ձայ­նը ու­ժի մի­ջո­ցով է որ ինք­զինք կը յայտ­նէ։

Հո­գե­կան եւ մտա­ւոր աշ­խար­հի մէջ ո­րե­ւէ ուժ ա­ւե­լի՛ մեծ է, երբ զսպուած է։ Այն ու­ժը որ սան­ձար­կուած է, իբր թէ ձայ­նով եւ աղ­մու­կով զօ­րա­ցած՝ այ­լեւս ուժ չէ, այլ պար­զա­պէս շար­ժա­ռի՛թ։ Զոր օ­րի­նակ, լե­զուն՝ մարդ կրնայ պա­տաս­խա­նել չա­րա­խօս լե­զուին, բայց լուռ կը մնայ եւ լռու­թեամբ կ՚ա­պա­ցու­ցա­նէ ու­ժին ան­հա­մե­մատ գե­րա­զան­ցու­թիւ­նը։

Հան­րա­յին կեան­քի մէջ ալ, մարդ երբ կը հան­դի­պի մէ­կու մը՝ որ իր շուր­ջը աղ­մուկ կը բարձ­րաց­նէ՝ որ հան­րա­յին ու­շադ­րու­թիւ­նը իր վրայ դարձ­նէ, վստա՛հ պէտք է ըլ­լալ թէ զո՛ւրկ է «ներ­քին ուժ»է, որ է միակ ա­պա­ցոյ­ցը եւ հի­մը անձ­նա­կան ար­ժա­նիք­նե­րու։ Եւ ժո­ղովր­դա­կան ի­մաս­տու­թիւ­նը կ՚ը­սէ.

«Պա­րապ սա­փո­րը ձայն կը հա­նէ, աղ­մուկ կը հա­նէ, իսկ լե­ցուն սա­փո­րը համր եւ լուռ կը մնայ»։­

Օ­րի­նակ մըն ալ բնու­թե­նէն՝ ե­լեկտ­րա­կա­նու­թիւ­նը, ո­րով մար­դիկ ի­րենց տու­նե­րը, բնա­կա­րան­նե­րը կը լու­սա­ւո­րեն, կամ մե­քե­նա­նե­րը կը շար­ժեն՝ բա­ցար­ձա­կա­պէս լուռ կը գոր­ծեն, բայց երբ մտա­ծէ մարդ, ի՜նչ մեծ ուժ է սա ե­լեկտ­րա­կա­նու­թիւ­նը։

Հո­գե­ւոր կեան­քի մէջ ալ, կան մար­դիկ ո­րոնց հա­ւատ­քը միա՛յն «աղ­մուկ» է՝ բարձ­րա­ձայն ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ՝ եր­բեմն վէճ, փաս­տար­կու­թիւն, եր­բեմն եր­կա՜ր ա­ղօթք­ներ, եր­բեմն հա­ռաչ, շեշտ, եւ յա­ճախ ցու­ցա­մո­լու­թիւն, բայց ո՛չ հո­գե­ւոր պտուղ­ներ ո­րոնք միայն կը տես­նուին հետզ­հե­տէ՝ օ­րէ օր, ապ­րուած կեան­քի մը մէջ։

Այս ի­մաս­տով Սուրբ Հո­գին ան­ձայն ու­ժի մը ներ­կա­յու­թիւնն է մար­դուս երկ­րա­ւոր կեան­քին մէջ։

Եւ Աս­տուած մար­դուս կը յայտ­նուի միշտ լռու­թեան մէջ։ Ա­րե­ւուն նման «լուռ ուժ» մըն ալ Աս­տուա՛ծ է՝ հո­գե­ւոր աշ­խար­հին Ա­րե­ւը, Լոյ­սը, որ մար­դուս հո­գիին մէջ կը ծա­գի, կը փայ­լի ան­ձայն, ա­նաղ­մուկ եւ կը լու­սա­ւո­րէ, կ՚ազ­նուաց­նէ եւ Ի­րեն կը նմանց­նէ զայն՝ ա­մէն ին­չով ե՛ւ ու­ժով…

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկ­տեմ­բեր 8, 2016, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2016