ԼԵԶՈՒ ԵՒ ՄՇԱԿՈՅԹ
Alfred Louis Charles de Musset (1810-1857) ֆրանսացի բանաստեղծ, թատերագիր եւ վիպագիրը իր քերթուածներէն մէկուն մէջ սապէս կ՚ըսէ.
«Թէեւ բաժակս փոքր է, բայց ես կը նախընտրեմ խմել իմ բաժակէս»։
Ամէն անգամ որ խօսքը մշակոյթի եւ լեզուի մասին ըլլայ, կը մտաբերեմ Musset-ի այս իմաստալից խօսքը, թէեւ արտաքին որեւէ կապ մը չունի մշակոյթի կամ լեզուի նկատմամբ։
Յաճախ կը կրկնենք՝ թէ լեզուն եւ ամենալայն առումով մշակոյթը անհատի մը եւ անոր միւս անհատներու հետ կազմած հաւաքականութեան՝ ժողովուրդի մը ինքնութի՛ւնն է։ Փոքր կամ մեծ, աննշան կամ նշանաւոր, անծանօթ շատերու կամ ճանչցուած, լեզու մը, մշակոյթ մը ինքնութիւնն է՝ ծանօթացո՛ւմն է ժողովուրդի մը։ Ուստի ժողովուրդ մը ամենէն առաջ կը ճանչցուի իր լեզուով՝ մշակոյթո՛վ։ Եւ դարձեալ, ժողովուրդի մը մտաւոր եւ հոգեւոր արժէքին չափանի՛շն է իր լեզուն, իր մշակոյթը եւ անոնց նկատմամբ ժողովուրդին հետաքրքրութի՛ւնը։ Երբ ժողովուրդ մը՝ ինք անտարբեր է իր իսկ լեզուին եւ մշակոյթին, օտար է իր ինքնութեան, անհոգ իր պատկանելիութեան, անշահագրգիռ իր բարոյական արժէքներուն, այլապէս ի՞նչ արժէք կրնայ ունենալ իր մտաւոր եւ հոգեւոր հարստութիւնը…։
Մէկը երբ «օտա՛ր» է իրեն պատկանած արժէքներուն, ապա ուրեմն կարելի՞ է սպասել հետաքրքրութիւն օտարներէն։ Եւ երբ մէկը չի յարգեր իր սեփական արժէքները, իր պատկանելիութիւնը, օտարը ի՞նչպէս պիտի ծանօթանայ անոնց եւ գնահատէ զանոնք։
Ահաւասիկ, այս կէտին է, որ Musset-ի խօսքերը կարելի է պատշաճեցնել մշակոյթի եւ մանաւանդ լեզուի հետ։
Ուրիշի մը նկատմամբ ցած դիրքի վրայ գտնուելու, ուրիշի մը նկատմամբ ստորակայ զգալու յոռի եւ վատթար զգացումը կը ստեղծէ «ստորակայական բարդոյթ» մը մարդուս մէջ։ Եւ այս «անիմաստ» զգացումը յաճախ «օտարամոլ» կը դարձնէ ենթական, եւ մերժելով եւ ուրանալով իր սեփական արժէքները՝ ան հետզհետէ կը հեռանայ իր ինքնութենէն, մինչեւ իսկ մոռնալու աստիճան զայն։ Անշուշտ որ ամէն լեզու եւ ամէն մշակոյթ արժէք մըն է իր ժողովուրդին եւ զայն կազմող իւրաքանչիւր անհատի համար ուրանալ, մերժել իրեն պատկանածը։ Մշակոյթներ միասնաբար կը կազմեն մարդկութեան ընդհանուր մշակոյթը, որ կ՚աւելցնէ մշակոյթին արժէքը։ Բայց ասիկա պէտք չէ պատճառ ըլլայ հեռանալու, անտեսելու եւ օտարանալու ի՛ր մշակոյթէն, ի՛ր լեզուէն։
Մշակոյթը, արդարեւ, համամարդկային արժէք մը կ՚ըլլայ, երբ ամէն մէկ ժողովուրդի մշակոյթը բերէ իր մասնակցութիւնը, օգնէ համամարդկային մշակոյթի զարգացման նուիրական գործին։ Ամէն մէկ մշակոյթի ինքնուրոյն արժէքը երբ միանայ «հասարակաց մշակոյթ» մը կը ստեղծուի՝ ուր կը ներդաշնակուին բոլոր մշակոյթները։ Եւ այս հասարակաց մշակոյթը, ամբողջ մարդկութեան, համամարդկային արժէք մըն է՝ ուր ամէն մէկ մշակոյթ կը պահէ իր արժէքը՝ իր ինքնութի՛ւնը։
Այս իմաստով ամէն մշակոյթ, ամէն լեզու ունի իր իւրայատուկ արժէքը։ Փոքր կամ մեծ ամէն մշակոյթ ունի իր հարստութիւնը, ճոխութիւնը՝ որ կարելի չէ՛ մերժել, ուրանալ եւ օտարանալ անոր, մանաւանդ անոնց կողմէ, որ իրենց կը պատկանի ան։ Այս իմաստով, իր լեզուն, իր մշակոյթը ուրանալ՝ ինքզինք ուրանալ կը նշանակէ։
Կէօթէ կ՚ըսէ՝ թէ «մշակոյթի հոգին՝ հոգիին մշակոյթն է»։ Եւ մշակոյթը բարոյական՝ մտաւոր եւ հոգեւոր արժէքներու ամբողջութիւնն է։ Ուստի Ռ. Մարթէն տիւ Կառ, ֆրանսացի անուանի գրագէտը (Roger Martin du Gard, 1881-1958), որ 1937-ի Նոպէլեան մրցանակաւորն է, մշակոյթի մասին սապէս կ՚արտայայտէ իր գաղափարները. «Մշակոյթի կարեւոր հարցին մէջ, պէտք չէ՛ մեր տեսողութեան գծէն կորսնցնենք՝ յառաջդիմասէր նկարագրի մը հեռանկարը. մարդ գիտակից՝ իր իսկ կարողութիւններուն, պէտք է տիրէ նիւթին, եւ իր կարելիութիւնները կեանքին նժարին մէջ նետելով՝ պարտի բնութեան ուժերը ծառայեցնել իրեն։ Արդի քաղաքակրթութիւնը, որուն ստացման համար այնքա՜ն քրտինք թափած է մարդկութիւնը եւ այսօրուան մակարդակին հասցուցած՝ արտաքին կեղեւ մըն է միայն, իսկ անոր էութիւնն է ու կը մնայ՝ մշակոյթի հոգին։ Ան կը հանդիսանայ մարդկային ստեղծագործութիւն մը, որուն նպատակն է արժէքները գնահատել՝ բոլո՛ր իմացական եւ բարոյական արժէքները, որոնք կը միացնեն եւ կը կազմեն մարդկութեան բոլոր մտաւոր հարստութիւնները։ Այս արժէքները առինքնող են՝ հրապուրիչ, եւ կարող՝ հաւաքական-հասարակական կեանքը բարձրացնելու, զարգացնելու եւ ազնուացնելո՛ւ»։
Ուստի մարդ միայն մարմին եւ ոսկոր չէ՛, այլ ունի եւ «ներաշխա՛րհ» մը փոքրիկ՝ իր յոյզերով եւ իտէալներով՝ հեռանկարներով. մշակոյթը պահա՛նջք է, հետեւաբար, իր լայն առումով ճարտարարուեստը, մեքենագիտութիւնը ինքնին՝ պիտի չկարենան մարդուս ներքին ձգտումները եւ հոգեկան կարիքները գոհացնել երբեք։
Ուրեմն ողջախոհ միտքերու պարտականութիւնն է, սորվեցնել հանրութեան, թէ ո՜րքան անիրաւ բան է ընծայել ամէն տուրք եւ յարգանք նիւթականին՝ տեսանելիին եւ շօշափելիին՝ թանձրացեալ զգալիին, եւ անտեսել մտաւորը եւ հոգեւորը։ Նոյնպէս, երբ կարեւորութիւն կ՚ընծայուի մտաւոր եւ հոգեւոր արժէքներու, նաեւ յարգանք կը զգացուի սկզբնական պատճառին ամէն գոյացութեան՝ Արարիչ եւ Նախախնա՛մին։
Եւ այն որ արժէք կ՚ընծայէ մտաւոր եւ հոգեւոր արժէքներու, կը թողու պաշտել իր «Ես»ը՝ իր քմահաճոյքը։ Այսօր երբ մարդիկ մեծ արժէք կու տան «արտաքին» եւ ժամանակաւոր գեղեցկութեան, եւ կարեւորութեամբ պաշտելի կը նկատեն արտաքինը եւ մակերեսայինը, արդեօք ե՞րբ պիտի գիտակցին արժէքին եւ բարեմասնութիւններուն այն ներքին գեղեցկութեան՝ որ խղճով է զարդարուած միանգամայն։ Արդարեւ մարդ պարտի վերագնահատել ազնուութիւնը եւ առաքինութիւնը, վերականգնել «ներքին մարդ»ը՝ իր ներքին գեղեցկութիւններով։ Ա՛յդ իսկ է հարցը այսօր։ Եւ թէ՛ անհատական եւ թէ հաւաքական վերականգումը կը սկսի իր իսկ արժէքներուն՝ մտաւոր եւ հոգեւոր հարստութեան տէր կանգնելով։ Իր իսկ սեփական արժէքներուն՝ մշակոյթին, լեզուին, գրականութեան արժէք ընծայել՝ առաքինութիւն մը պէտք չէ՛ համարուի, այլ պարտականութի՛ւն, պարտաճանաչութիւն եւ պատկանելիութեան հանդէպ, ինքնութեան նկատմամբ պատասխանատուութեան գիտակցութի՛ւն։ Ասիկա բացառութիւն մը չէ՛, այլ՝ պարտաւորութի՛ւն, ապագային նկատմամբ պա՛րտք։
Մշակոյթ… գոյապահպանման եւ գոյատեւման ազդակը՝ որուն թշնամի են եւ անոր բարձրացման արգելք՝ «Ես»ի խնկարկումը, օտարամոլութիւնը եւ կիրքերու անձնատուր աննպատակ եւ անիմաստ ժամանցները…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 9, 2018, Իսթանպուլ