ԿԵԱՆՔԻ ՎԵՐԱԿՈՉՈՒԻԼ

Պատմութիւնը կը վկայէ, թէ շատ տարիներ առաջ, Ռուս-ֆինլանտական պատերազմին, քաղաքի մը մէջ եօթը ռուս զինուորներ գերի կ՚իյնան ֆինլանտացիներու ձեռքը։ Ռուս գերիները, յաջորդ օրը արդէն, արեւածագին պիտի գնդակահարուէին։ Այդ ռուս զինուորներէն, բացի մէկ հատը, ո՛չ մէկը հաւատացեալ էր. բոլորն ալ անհաւատ, անաստուած էին, եւ Համայնավար կուսակցութեան կը պատկանէին։ Անոնք, որովհետեւ անհաւատ էին, ապրելու ալ ոչ մէկ յոյս ունէին, քանի որ յոյսը անբաժա՛ն է հաւատքէն։ Անոնք յոյս չունէին ո՛չ հոս երկրի վրայ եւ ո՛չ իսկ երկինքի մէջ։ Ուստի «յաւիտենական կորուստ»ը կը սպասէր իրենց։

Անհաւատ, անաստուած զինուորներէն ոմանք կը հայհոյէին եւ անէծք կը կարդային իրենց թշնամիներուն դէմ եւ յուսալքուած՝ իրենց գլուխը կը զարնէին պատերուն եւ կ՚արիւնէին։ Իսկ ուրիշներ, յիշելով իրենց կիները եւ զաւակները, կ՚ողբային՝ արցունք կը թափէին։

Սակայն անոնցմէ մին սկսաւ երգել երգ մը.

«Փրկիչիս բազուկներուն մէջ
Պիտի հանգչի հոգիս,
Անոր սիրոյն դրօշակը
Պիտ՚ ըլլայ հովանիս։
Հրեշտակային երգի պէս,
Ձայն մը երկնից կու գայ,
Ինձ ամենայն վշտաց մէջ,
Քաղցր հրճուանք կու տայ…»

Երբ առաջին համարը կը վերջացնէ, ընկերներէն մին՝ պոռթկալով կ՚ըսէ.- Յիմա՛ր այդ ո՞ւրկէ հանեցիր։ Կ՚ուզես մեզ հաւատացեալ կրօնասէ՞ր դարձնել։ Մինչդեռ, այդ անհաւատ զինուորը եթէ հաւատար, իր ընկերը «յիմար» պիտի չկոչէր. «Իսկ ես կ՚ըսեմ ձեզի.- Ով որ առանց պատճառի իր եղբայրը յիմար կոչէ, Ատեան պիտի բերուի, եւ ով որ իր եղբայրը անմիտ կոչէ, դժոխքի կրակին պիտի դատապարտուի». (ՄԱՏԹ. Ե 22)։

Երգողին անունը Քօսքինէն էր։ Ուստի ան սապէս պատասխանեց.- Ընկերներ, պահ մը ինծի մտիկ ըրէք, երբ ես այդ երգը առաջին անգամ լսեցի փրկութեան քահանայէն, ես ալ ձեզի պէս խնդալով ծաղրեցի։ Սակայն յետոյ, երգին բառերը եւ եղանակը սիրտս գրաւեց։ Վախէս՝ ժամանակ մը հաւատքս գաղտնի պահեցի։ Ետքը իմ մօրս Աստուածը՝ ի՛մ ալ Աստուածս եղաւ։ Ես երէկ գիշեր, երբ անկողինիս մէջ պառկած էի, յանկարծ զգացի որ պէտք էր Քրիստոսը որպէս իմ «անձնական փրկիչս» ընդունէի եւ Իրեն յանձնուէի եւ Իրեն վստահէի։ Յետոյ աղօթեցի… ինչպէս խաչին վրայի աւազակը, թէ Յիսուս ներէր ինծի, եւ մաքրէր իմ մեղսալից հոգիս եւ պատրաստէր զիս Իր դիմացը կայնելու… մի քանի ժամէն երկինք պիտի փոխադրուէի եւ յաւիտեան հոն պիտի ապրէի բոլոր հաւատացեալներուն հետ միասին։ Գիշերուան մէջ Սուրբ Գիրքէն համարներ եւ հոգեւոր երգեր սկսայ վերյիշել։ Անոնք խաչեալ Փրկիչէն պատգամներ էին ինծի։ Անոր՝ մեզի համար պատրաստած բնակարաններուն մասին խորհեցայ։ Իրեն երախտագիտութիւն յայտնեցի։ Անկէ յետոյ, այս երգին բառերը սկսայ ներսիդիէս կրկնել եւ անոնք սկսան անլուռ հնչել հոգւոյս մէջ։ Այդ՝ Աստուծոյ պատասխանն էր աղօթքիս։ Ես այլեւս չէի կրնար ինծի պահել եւ լուռ մնալ այս սքանչելի՜ փորձառութիւնը, որ կ՚ապրէի։ Մի քանի ժամէն Տէրոջս հետ պիտի ըլլամ արդէն։ Ան որ զիս փրկեց Իր շնորհքով։

Երբ այս խօսքերը կ՚արտայայտէր Քօսքինէն, կը փայլէր իր դէմքը…։

Այս վկայութենէն ետք՝ պահ մը լռութիւն տիրեց։

Յանկարծ, դատապարտուած ընկերներէն մին՝ յուզումով սապէս արտայայտուիլ սկսաւ.

«Ընկերներ, ճի՛շդ են Քօսքինէնին բոլոր ըսածները. Քօսքինէ՛ն ճիշդ են ըսածներդ, ես միայն գիտնայի թէ ինծի համար ալ ներում կա՞յ եւ ողորմութի՜ւն… սակայն այս ձեռքերս շա՜տ արիւն թափեցին։ Ես մեղանչեցի Աստուծոյ դէմ։ Հիմա ես կը գիտակցիմ որ դժոխք մը կա՛յ, որ ճիշդ ինծի համար է՝ մեղքերս հատուցանելու համար։ Աղօթէ ինծի համար Քօսքինէն, սիրելի՜ եղբայրս… Վաղը ես պիտի մեռնիմ եւ իմ հոգիս Սատանային ձեռքը պիտի իյնայ՝ փոխանակ Աստուծոյ…։

Եւ ան յուսահատ եւ յուսալքուած գետին ինկաւ։

Երկուքն ալ աղօթեցին…

Առաւօտեան ժամը չորսին՝ եօթն ալ կ՚աղօթէին…

Նոյն պահուն բոլորն ալ իրենց փրկութիւնը ստացան։

Մինչ ուրախութիւնը համակած էր իրենց հոգիները, բոլորն ալ երգեցին այն հին երգը։

Եւ… ժամը վեցը հնչեց. երկու շարք զինուորներու միջեւ եօթն ալ քալեցին դէպի մա՛հ։ Անոնք խնդրեցին, որ իրենց երեսը առանց կապի մեռնին։ Ետեւի շարքէն սպան հրամայեց. «Կրա՛կ» եւ եօթն ալ երգելով նոյն երգը՝ երջանի՜կ, իրենց ձեռքերը դէպի երկինք՝ Յիսուսի միացան…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 10 2022, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2022