ՄԱՆՈՒԿԻՆ ԽՕՍԻ՞Լ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՄԱՍԻՆ
Մի քանի օրեր առաջ Հայաստանի վարժարաններէն մէկուն ազգասէր ուսուցչուհիներէն մին իր աշակերտներուն խօսած ու պատմած էր Արցախի մէջ տեղի ունեցող իրողութիւններուն մասին եւ այդ բոլոր եղելութիւնը համեմատած էր մեր թուականէն 108 տարիներ առաջ տեղի ունեցած ցեղասպանութեան հետ:
Ուսուցիչը այնքան տպաւորիչ եւ ազգային շունչով ներկայացուցած պիտի ըլլայ, որ ազդեցութիւն մը ունեցած է աշակերտներուն վրայ: Աշակերտներէն շատեր տուն երթալով իրենց ուսուցիչէն լսածները պատմած են իրենց ծնողներուն:
Մինչեւ այստեղ եղելութիւնը բնական է. հո՛ս է որ կը դառնայ անբնական: Ծնողներէն շատեր նեղանալով այս եղելութենէն բողոքով մը դիմած են դպրոցի տնօրէնութեան, պատճառաբանելով, որ նման եղելութիւններ կրնան իրենց մանուկի ներաշխարհին մէջ խանգարումներ յառաջացնել:
Իրականութեան մէջ, սպասելի էր, որ ո՛չ թէ ուսուցիչը, այլ մայրը՝ մանաւանդ հայ մայրը այդ բոլորին մասին խօսէր իր զաւակին, անոր մէջ աւելիով արթնցնելու համար հայրենասիրութեան ոգին. խօսէր՝ որպէսզի մանուկը իր փոքր տարիքէն սորվէր իրերօգնութեան մասին, գուցէ իր խաղալիքներէն մէկ կամ երկուն նուիրէր իր Արցախէն բռնի տեղահանուած հասակակիցներէն մէկուն:
Այս խնդիրն վրայ ծայր առաւ այն հարցը, որ պէ՞տք է մեր մանուկներնուն խօսինք պատերազմի մասին. կռիւի ու պատերազմի գոյութիւնը հոգեկան խնդիրներ կը յառաջացնէ անոնց մէջ:
Նկատի ունենալով մեր բոլորին «ապուշ» ըլլալը, դիմեցի մեր ապագայի ղեկավարներուն՝ արհեստական բանականութեան, որուն հետ ունեցայ հետեւեալ զրոյցը.
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Մենք կ՚ապրինք Հայաստանի մէջ եւ այժմ պատերազմական մթնոլորտ կը տիրէ երկրին մէջ. պատերազմական մթնոլորտին մասին պէ՞տք է խօսինք եւ տեղեկացնենք մեր մանուկները:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Երեխայի մը եւ կամ մանուկի մը պատերազմի մասին խօսիլը բարդ եւ զգայուն նիւթ մըն է: Սակայն նկատի ունենալով երկրին իրավիճակը պէտք է մանուկին համապատասխան միջոցներ գտնել, մանուկին հետ խօսելու համար կատարուածին մասին: Ահաւասիկ որոշ ուղեցոյցներ, որոնք կարելի է նկատի ունենալ.
Ա.- Երեխային պատրաստուածութիւնը. Ամէն բանէ առաջ նկատի առէք ձեր երեխային տարիքը, հասունութիւնն ու պատրաստուածութիւնը: Նկատի ունեցէք, որ 7-12 տարեկան մանուկները պատերազմին մասին այսպէս կամ այնպէս կրնան տեղեկանալ իրենց հասակակիցներէն եւ կամ մեծահասակներու խօսակցութիւններէն:
Բ.- Եղէք հաւասարակշռուած եւ ազնիւ. Սուտի մի՛ դիմէք: Տրամադրեցէք պարզ եւ իր տարիքին համապատասխան տեղեկութիւն: Բացատրեցէք այնպէս՝ որ իրենք հեշտութեամբ հասկնան։ Օգտագործեցէք պարզ եւ հակիրճ բացատրութիւններ: Խուսաբեցէք մանրամասն բացատրութիւններէ:
Գ.- Անոր մօտ ստեղծեցէք ապահովութեան զգացում. Առիթ տուէք որ ինք ազատութեամբ ձեզի հարցեր տայ եւ ունենայ այն վստահութիւնը, որ մի՛շտ կրնայ ձեզի դիմել: Թոյլ տուէք, որ անոնք եւս ձեզի հետ կիս-ւին իրենց մտածումներն ու զգացումները:
Դ.- Փորձեցէք անկէ հեռու պահել վախի զգացումը. Միշտ վստահեցուցէք անոր, որ դուք այնտեղ էք ամէն գնով զինք պաշտպանելու: Բացատրեցէք այն քայլերը, որոնց կը ձեռնարկէք զայն անվտանգ պահելու համար:
Ե.- Խօսեցէք անոնց կարեկցանքի եւ անոր կարեւորութեան մասին. Անոր հետ քննարկեցէք պատերազմի մարդոց վրայ ունեցած ազդեցութեան մասին եւ խրախուսեցէք, որ ըլլան կարեկցող, բարի եւ հասկցող:
Զ.- Սահմանափակեցէք համացանցի եւ ընկերային ցանցերու ազդեցութիւնը. Սահմանափաեցէք, որպէսզի անոնք չտեսնեն անհանգստացնող եւ պատերազմական տեսարաններ:
Է.- Ծայրագոյն պարագային դիմեցէք մասնագէտի օգնութեան. Եթէ ձեր երեխան ծայրայեղ անհանգստութիւն կը զգայ կամ բարդոյթներ ցոյց կու տայ, դիմեցէք հոգեբանի օգնութեան, որ կրնայ երեխային համապատասխան լուծումներ գտնել:
Ը.- Փորձեցէք չխանգարել մանուկին առօրեան, որովհետեւ երեխաներու համար առօրեայի բնականոն ընթացքը ապահովութեան զգացում կը յառաջացնէ անոնց մօտ: Այդ իսկ պատճառով փորձեցէք ոչ մէկ փոփոխութիւն ընել անոր առօրեային մէջ, որպէսզի բնականէն տարբեր բան մը չզգայ:
Ժ.- Ձեր մանուկները խրախուսեցէք, որպէսզի զբաղուին բաներով, որոնք հանգստութիւն կը պատճառեն իրեն. օրինակ՝ նկարել, գրել, խօսիլ եւ այլն: Թող նկարեն կամ գրեն իրենց պատկերացուցած պատերազմին մասին, որպէսզի իրենց մէջի զգացումները կարենան արտայայտել:
ԺԱ.- Կապ հաստատեցէք ձեր մանուկներուն ընկերներուն ծնողներուն հետ եւ բոլորով միասին ռազմավարութիւն մը ստեղծեցէք, որովհետեւ ամէն ծնող չէ որ նոյն նրբութիւնը կը ցուցաբերէ եւ հասակակիցի մը կողմէ ըսուած մէկ արտայայտութիւնը կրնայ ապարդիւն դարձնել ձեր ամբողջ աշխատանքը:
Վերջապէս պէտք է նկատի ունենալ, որ ամէն մանուկ տարբեր է եւ ամէն մէկուն վրայ նոյն բանը կրնայ տարբեր ձեւերով ազդել. մէկ մանուկին պարագային դրական արդիւնք տուած մէկ երեւոյթը կրնայ նոյն ազդեցութիւնը չունենալ ուրիշի մը վրայ:
***
Մեր համոզումն է, որ մերօրեայ մանուկը լաւապէս գիտէ, թէ ի՛նչ ըսել է պատերազմ, սպանութիւն եւ գրեթէ բոլոր վատ երեւոյթները՝ որոնցմէ հեռու կը փորձենք պահել զանոնք: Ցաւով կ՚ըսենք, որ նոյնիսկ մանուկ տարիքէն մօտաւորապէս պատկերացում անգամ ունին, թէ ի՛նչ է սեռային կեանքը եւ այլն:
Այս բոլորին մեղաւորները մի քանի են.
Ա.- ԸՆՏԱՆԻՔ.- Ցաւ ի սիրտ, մեր ընտանիքներուն մէջ յաճախ նկատի չենք ունենար, թէ կայ մանուկ մը եւ կ՚ապրինք ու կ՚արտայայտուինք ազատութեամբ: Այսօր մեր հայ ընտանիքներուն մէջ շա՜տ շատ հայրեր իրենց զաւակներուն դիմաց առանց գիտակցելու այս կամ այն հայհոյանքը դուրս կու տան, ինչ որ մանուկը կամայ թէ ակամայ ժամանակ մը ետք կը հասկնայ եւ ինչու չէ, դժբախտաբար, շատ անգամ ալ կը գործածէ:
Բ.- ՀԱՄԱՑԱՆՑ.- Այն ամէնը, որ մենք այսօր մեր մանուկներէն պահել կը փորձենք, համացանցը կը լրացնէ այդ «պակաս»ը: Մերօերայ մանուկը համացանցի մինչեւ իսկ մանկական ժապաւէններու մէջ լաւապէս կը տեսնէ սպանութիւն, գողութիւն, համբուրուիլ, կռիւ, վէճ ու ծեծ ու գրեթէ ամէն բան:
Գ.- ՇՐՋԱՊԱՏ.- Դուք ձեր զաւակը ինչքան ալ ամենայն բծախնդրութեամբ փորձէք մեծցնել, ձեր դրացին եւ կամ ձեր երեխային ընկերոջ ծնողները նոյն բծախնդրութիւնը ցոյց չեն տար: Գուցէ դուք երբեք հայհոյանք չգործածէք, սակայն ձեր զաւակին ընկերոջ ընտանիքը գործածէ եւ ձեր կամքէն անկախ անհաճոյ բառեր ձեր մանուկը սորվի իր հասակակից ընկերներէն:
Այդ իսկ պատճառով դարձեալ կը յիշենք այստեղ, որ ծնողք ըլլալը յարաբերութենէ մը ետք մանուկ բերելով չի սահմանափակուիր. ծնողք ըլլալը արուեստ մըն է՝ որ ցաւ ի սիրտ տրուած չէ բոլորին:
Մեր մաղթանքն է, որ աշխարհի վրայ ո՛չ մէկ մանուկ տեսնէ եւ աւելին իր մորթին վրայ զգայ պատերազմին ազդեցութիւնը:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -367-
Մերօրեայ մանուկները շատ աւելի արթուն, հետաքրքիր ու աչքաբաց են։
Անցեալները ծանօթներէս մին կը պատմէր. ինչպէս միշտ, իր հեռախօսը տուած էր ութամեայ զաւակին, որպէսզի մանկական ժապաւէն դիտէ։ Յաջորդ օրը նկատած է, որ հեռաձայնով հետեւեալ փնտռտուքը կատարուած է. «աղջիկ տղայ պաչիկներ»։
Հակառակ մօր պնդումներուն՝ պզտիկը յայտնած է, թէ ինք չէ փնտռողը, սակայն գրուած ձեւէն յայտնի էր։
Մերօրեայ մանուկը գիտէ ինչը ամօթ է եւ ինչը ոչ, ինչը արտօնուած եւ ինչը ոչ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան