ՀՐԱՊՈՒՐԻ՜Չ Է ՆԵՐԿԱՆ
Կեանքը ունի երեք երեսակներ՝ անցեալը, ներկան եւ ապագան։ Բայց մարդ կ՚ապրի միշտ ներկան, քանի որ անցեալը այլեւս իրը չէ՛, անցեալի վրայ որեւէ ազդեցութիւն չի կրնար գործել, չի կրնար ապրիլ զայն, քանի որ անցած է ան։ Իսկ ապագան՝ ան ալ իրը չէ՜, քանի որ ապագան անորոշ է՝ անծանօթ եւ անստո՛յգ։
Ուրեմն մարդուն կը մնայ միայն ներկան՝ այն պահը, երբ կրնայ «պահ» մը միայն ազդեցութիւն գործել, իր կամքը գործածել, փոխել կամ նորոգել։ Բայց ան ալ միայն «պահ» մըն է. ներկան անցեալ ըլլալու դատապարտուած է, քանի որ ապագան անմիջապէս կու գայ ու կը տիրէ անոր։ Այս ալ կը նշանակէ՝ որ մարդ իրական իմաստով կ՚ապրի միայն պահը, թերեւս ակնթարթ մը լոկ, եւ ի՛նչ որ ընել կ՚ուզէ կրնայ ընել միա՛յն այդ կարճ ժամանակամիջոցին մէջ։
Այս պատճառով, ներկան կարեւոր է, քանի որ ան կ՚որոշէ յաջորդ պահը՝ ապագան։
Արդարեւ ներկան՝ շլացուցիչ եւ հոգեցունց խոստումներ ունի մարդուն, բայց ան կը խոստանայ միա՛յն՝ առանց տալու։ Ուստի ներկան ի՞նչ կարող է տալ մարդուն, երբ ինք կախում ունի անցեալէն եւ վարժուած է ամբողջովին վերիվայրումներով եւ թերեւս ախտերով, տկարութիւններով, սխալանքներով։
Ներկայ դարը, դժբախտաբար ինքնակեդրոն եւ եսամոլ զգացումներով տարուած՝ «անձնազոհ նուիրում» ի՛նչ է, չի գիտեր՝ ատելութիւն, նախատինք եւ նախանձ կը սերմանէ ու կը տարածէ ամէնուրեք։
Եւ շատ անգամ եղբայր եղբօր թշնամի կ՚երեւի՝ չարամտութեամբ կը նայի եղբօր, մանաւանդ թէ գաղափար իսկ չունի առաքինութեան ու ազնուութեան մոգական ուժին մասին։ Եւ այս պայմաններուն ներքեւ ան ի՜նչ կրնայ տալ մարդուն։ Հոն՝ ուր զգացում չկայ, հոն՝ ուր սրտի խռովք, յոյզ եւ ապրում չկայ, ապա հոն կարելի՞ է փնտռել երջանկութիւն, ուրախութիւն։
Տեսաբաններ կը պարծին՝ թէ գիտութիւնը կ՚երջանկացնէ մարդը, կը կատարելագործէ։ Եւ ոմանք պատգամ կ՚արձակեն, ըսելով. «Բանականութեան ուժը պիտի կերտէ ճշմարիտ մարդը՝ ինքնաստեղծ՝ ինքնատիպ մարդը՝ ինքնակաց ու ինքնաբաւ, որ խոստացուած երջանիկ մարդը պիտի ըլլայ…»։
Եւ այս կէտին է, որ չարաչար կը սխալին տեսաբաններ եւ գաղափարախօսներ, քանի որ գիտութիւն եւ փիլիսոփայութիւն՝ ինքնին բաւարար չեն մարդուս կարիքները կատարելապէս եւ անթերի յագեցնելու։ Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը եւ զանազան պատմական վկայութիւններ բացայայտ կերպով ցոյց կու տան, թէ կարելի է, որ գիտութիւնը եւ տեսութիւնները շատ դիւրաւ չարի գործիք դառնան, շեղիլ իրենց նպատակէն։ Գիտակցելու է մարդ, թէ ինքնին բանականութիւնը, գիտութիւնը բարիք չի բերեր, այլ ուրիշ գործօններու, ազդակներու հետ միանալով եւ միասին շարժելով է, որ մարդս կը հասնի մտադրուած ու ծրագրուած երջանկութեան։
Զոր օրինակ՝ յաճախ լուսած է, թէ առողջութիւնը առաջնակարգ պայմանն է երջանկութեան։ Կը հարցնեմ, սիրելիներ, առանց ներքին խաղաղութեան, անդորրութեան՝ առողջութիւնը ինքնին կրնա՞յ երջանկացնել մարդը։ Ուրեմն առողջութեան համընթաց ըլլալու է ներքին խաղաղութիւնը, հոգեպէս ու մտապէս հանդարտութիւնը, որպէսզի մարմնական առողջութիւնը արժէք մը ունենայ, եւ սատարէ ու նպաստէ երջանկութեան։ Արդարեւ առողջ մարդ մը եթէ մտապէս անհանդարտ է, անտրամադիր է, ապա ուրեմն կարելի՞ է «առողջ» մնայ այդ մէկը։ Հոգեպէս եւ մտապէս անտրամադիր մէկը՝ որքան ալ մարմնապէս առողջ ըլլայ, անպայման «պակաս» մը, թերութիւն մը ունի եւ այդ թերութիւնը արգելք կը հանդիսանայ անոր երջանկութեան՝ որքան ալ երեւութապէս այդպէս երեւի կամ կարծուի։ Եւ բոլոր այս խորհրդածութիւնները մեզ կը տանին սա իրականութեան, թէ գիտութիւնը ինքնին բաւարար չէ մարդուս երջանկութեան տիրանալուն համար։ Արդարեւ մարդ կրնայ մեծ գիտնական, ուսումնական, հմուտ ըլլալ, բայց միանգամայն բարիին մէջ յետադէմ չարագո՛րծ մը ըլլալ։
«Լոկ իմացականութիւնը առանց նկարագրի բարոյական ուժի՝ մէտ է, այսինքն հակում եւ յարմարութիւն ունի ծայրայեղ վատասերումի», կ՚ըսէ Արիստոտել։ Ուրեմն ուսում, գիտութիւն, զարգացում, այս բոլորը երջանկութեան բանալիներն են, բայց երջանկութեան փականքը բանալու համար անզօր՝ առանց ուրիշ բանալիներու՝ առաքինութիւն, ազնուութիւն, անկեղծութիւն, բարեմտութիւն, խաղաղութիւն, համերաշխութիւն, եւ անպայման սէ՛ր։ Անշուշտ երբեք ստորագնահատել չէ մեր նպատակը՝ գիտութեան եւ ուսման նկատմամբ, այլապէս դրժած կ՚ըլլանք, ուրացած կ՚ըլլանք ճշմարտութիւնը, բայց պէտք է գիտակցինք, թէ ուսումը եւ գիտութիւնը կ՚ամբողջանան եւ կը լիանան բարոյական արժէքներու մասնակցութեամբ։ Արդարեւ միտքը եւ հոգին զիրար կ՚ամբողջացնեն՝ ստեղծելով հոգեմտաւոր աշխարհ մը՝ ուր մարմնաւոր-ֆիզիքական մարդը կը պատրաստուի երջանկութեան՝ որուն կոչուած է…։
Թէեւ կրկնութիւն պիտի ըլլայ, բայց յաճախ մեր հարցուցած մէկ հարցումը կ՚ուզեմ կրկնել, թէ՝ մարդ մը եթէ ամենագէտ է, գիտուն, գիտնական, բայց բարոյապէս տկար նկարագրի տէր մէկն է, ի՞նչ է անոր իսկական արժէքը որպէս «մարդ»։ Անշուշտ այս մասին տարբեր կարծիքներ, համոզումներ կրնան ըլլալ, բայց կ՚արժէ անգամ մը եւս լրջօրէն խորհիլ, խորհրդածել այս մասին։ Այս հարցը ընկերային կեանքը հետաքրքրող հարց մըն է՝ վստահելի, արժանահաւատ, անկասկածելի, անկեղծ անդամներով՝ պարկեշտ ու ազնիւ անհատներով կազմուած ընկերութիւն մը միայն մարդս կրնայ առաջնորդել երջանկութեան։ Ուստի պարկեշտ, ազնիւ ե՛ւ գիտուն մարդն է, որ կրկնապատիկ արժէք կը ստանայ կեանքի մէջ…։
Գիտութիւնը պէ՛տք է ապագայի կռուանը ըլլայ՝ առողջ սերունդին, որ այսօր միայն մարմնոյ հրահանգներով եւ ժամանակաւոր զբաղումներով կը փորձէ փայփայէ իր «Ես»ը եւ հաճոյքով եւ արտաքին գոհունակութեամբ գոհացնել իր աննիւթական հոգին։ Յետագային տխուր փորձառութիւններուն պէտք չէ սպասէ մարդ՝ հոգեկան արժէքներու անհրաժեշտութիւնը հասկնալու համար կեանքին մէջ։
Գիտութիւն եւ բարոյականութիւն միասին կրնան առաջնորդել մարդը՝ երջանկութեան, որ վերջնական նպատա՛կն է ամէն բանաւոր էակի…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 12, 2015, Իսթանպուլ