ՀԻՆ ՈՒ ՆՈՐ ԿՏԱԿԱՐԱՆՆԵՐ

Սուրբ Գիրքը կամ Աստուածաշունչը կը բաղկանայ երկու մասերէ, որ են Հին եւ Նոր Կտակարանները։ «Կտակարան» բառը յունարէն «տիաթիքի» բառին թարգմանութիւնն է։ Այս յունարէն բառը կը նշանակէ «կարգադրութիւն», եւ յունարէն Նոր Կտակարանին մէջ գործածուած է, նախ՝ այն կարգադրութիւնը կամ պայմանը նշանակելու, զոր Աստուած մարդոց հետ ընել հաճեցաւ, եւ այս առմամբ նոյն բառը հայերէն թարգմանուած է «ուխտ»։ Գործածուած է երկրորդ՝ այն կարգադրութիւնը նշանակելու՝ զոր մարդ իր ստացուածներուն նկատմամբ կ՚ընէ, եւ կ՚ուզէ որ այն կատարուի իր մահուընէ ետք. այս նշանակութեամբ ալ յիշեալ բառը հայերէն «կտակ» թարգմանուած է։

Եւ դարձեալ նոյն բառը գործածուած է նոյն իսկ այն գրութիւններու համար, որոնք կը պարունակեն յիշեալ կարգադրութիւնները կամ պայմանները, այսինքն՝ Աստուծոյ ուխտը իր ծառաներուն հետ, կամ մահամերձ մարդու մը տրամադրութիւնները իր ստացուածներուն նկատմամբ։ Այս վերջին նշանակութեամբ ալ նոյն բառը հայերէն «կտակարան» է թարգմանուած։

Ուստի «Հին Կտակարան» բառն ալ կը նշանակէ այն գրուածները, որոնք Քրիստոսի գալուստէն առաջ Աստուծոյ իր ժողովուրդին հետ ըրած պայմանները, պատ-ւէրները եւ խոստումները կը պարունակեն։

«Նոր Կտակարան»ը կը պարունակէ այն գրուածները, որոնց մէջ Քրիստոսի եւ անոր Առաքեալներուն վարդապետութիւնները բովանդակուած կը գտնուին։

Իսկ «Աստուածաշունչ» կը կոչուին ամբողջ Սուրբ Գիրքերը, քանի որ կը համարուի, թէ ասոնց իւրաքանչիւր մասը գրուած է նոյն իսկ Աստուծոյ առաջնորդութեամբ եւ հեղինակութեամբ։

Հրէից մէջ Հին Կտակարանը երեք մասի կը բաժնուէր. 1)ՕՐԷՆՔ, 2)ՄԱՐԳԱՐԷՆԵՐ, 3)ԳԻՐՔԵՐ։ Այս վերջինները երբեմն կը կոչուէին «Սրբազան Գիրք», եւ երբեմն «Սաղմոսներ», քանի որ այս բաժնին մէջ Սաղմոսներն էին առաջին գիրքը։ Հին Կտակարանի այս երրեակ բաժանումը կը տեսնուի (ՂՈՒԿ. ԻԴ 44)ի մէջ։

Յովսեպոս, անուանի հրեայ մատենագիր, որ ծաղկեցաւ առաքեալներու ժամանակ, Հին Կտակարանին գիրքերուն թիւը 22 կը հաշուէ, որոնք հետեւեալ կարգով կը շարուին։

Ա.- Օրէնք (Եբրայերէն «Դօրա») որ կը պարունակեն Մովսիսի հնգամատեանը, այսինքն՝ ա.- Ծննդոց, բ.- Ելից գ.- Ղեւտացւոց, դ.- Թուոց եւ ե.- Երկրորդ Օրինակ գիրքերը։

Բ.- Մարգարէներ (Եբրայերէն «Նէվիիմ»), եւ այս բաժանումը դարձեալ երկուքի կը բաժնուի. ա.- Պատմական գիրքերը, որ են, 1) Յեսու, 2) Դատաւորներ, եւ Հռութ, որոնք իբրեւ մէկ գիրք կը համարուին, 3) Ա. եւ Բ. Թագաւորաց գիրքերը, որոնք ի միասին մէկ գիրք կը համարուին,  4) Գ. եւ Դ. Թագաւորաց գիրքերը, որ նոյնպէս մէկ գիրք համարուած են, 5) Ա. եւ Բ. Մնացորդաց գիրքերը, երկուքն իբրեւ մէկ գիրք, 6) Դանիէլ, 7) Եզրաս, եւ Նէեմիա, 8) Եսթեր, 9) Յոբ։

Բ.- Բուն Մարգարէներ. 10) Եսայի, 11) Երե-միա եւ Ողբք, 12) Եզեկիէլ, 13) Տասներկու փոքր մարգարէներ, ամէնն իբրեւ մէկ գիրք։

Գ.- Գիրքեր (Եբրայերէն «Քըթուվիմ»). 1) Սաղմոսներ,  2) Առակներ, 3) Երգք Սողոմոնի եւ 4) Ժողովողք։

Եբրայերէն Սուրբ Գրոց այժմու օրինակներուն մէջ Յոբ, Հռութ, Ողբք, Եսթեր, Դանիէլ, Եզրաս, Նէեմիա եւ Մնացորդք վերջին բաժանման, այսինքն՝ «Գիրքեր» կոչուածներուն մէջ դրուած են։

Հրէից այսպէս Աստուածաշունչին գիրքերէն ոմանք իբրեւ մէկ գիրք հաշուելով անոնց թիւը 22 ընելուն պատճառը այն է՝ որ յիշեալ գիրքերուն թիւը իրենց այբուբենական գիրքերուն թուին հաւասար ընել կ՚ուզէին։

Արդի հրեաներ Սուրբ Գրոց գլուխներուն եւ տուներուն հիմակուան բաժանումը կը գործածեն։ Բայց հին ձեռագիրները ուրիշ կերպով բաժնուած էին։

Օրէնքը ունէր «Բարաշօթ» կոչուած յիսուն եւ չորս մեծամեծ բաժանումներ. Մարգարէներն ալ նոյնպէս ունէին բաժանումներ, որոնք «արձակմունք» կը կոչուէին, քանի որ պաշտօնը աւարտելէն քիչ մը առաջ կը կարդացուէին։ Ամէն շաբաթ օր յիշեալ բաժանումներէն մէյմէկ հատ կը կարդացուէին։

Երբ հրեաներ Հին Կտակարանէն վկայութիւն կը բերէին, սովորութիւն ունէին բաժանման նիւթը յիշեցնել, ինչպէս արաբացիներ մինչեւ հիմա կ՚ընեն, երբ Գուրանէն վկայութիւն կը բերեն։

Նոր Կտակարանը 3 մասի բաժնուած էր.

1) Աւետարաններ, 2) Գործք եւ Առաքելական թուղթեր, 3) Յայտնութիւն։

Սուրբ Գրոց գլուխներու բաժանումը եղաւ ԺԳ դարուն՝ Հուկոյ Կարդինալին ձեռօք, որ Հռոմէական Կաթոլիկ էր. իսկ Հին Կտակարանին գլուխներուն համարներու բաժանումը ԺԵ դարուն մէջ՝ Մուրթքէ Նաթան անուն հրէի մը, եւ Նոր Կտակարանը յետոյ ԺԶ դարուն՝ Րոպէրթ Սթիվէնսի ձեռօք կատարուեցան։

Միանգամայն այս հեղինակները յօրինեցին համաբարբառներ, եւ Սուրբ Գիրքին մէջ ըրին այնպիսի բաժանումներ, որոնց օգնութեամբ համաբարբառները (համաբարբառ=Աստուածաշունչի համարներուն յատուկ բառարան) գործածողները դիւրաւ կրնան գտնել Սուրբ Գիրքերէն կոչուած վկայութիւններ։

Հին Կտակարանը գրեթէ ամբողջովին գրուած է Եբրայերէն լեզուով։ Այս լեզուն եւ անոր կից եղող Արամերէն եւ Արաբերէն լեզուները Սեմական լեզուներ կը կոչուին, քանի որ զանոնք գործածող ազգերուն շատերը Նոյի երէց որդւոյն Սեմի սերունդէն են։ Այս լեզուներուն յատուկ նշանը սա է որ արմատական բառերուն գրեթէ բոլորն ալ երեք բաղաձայնէ կը բաղկանան։ Լեզուին գրեթէ բոլոր մնացեալ բառերն ալ այս արմատներէն շինուած են կա՛մ արմատին մէջ ձայնաւոր մը փոխելով, եւ կա՛մ վանկ մը աւելցնելով. զոր օրինակ. Արաբերէնի մէջ «քթպ» (=քէթէպ) բառէն կը կազմուին «քիթապ», «մէքթուպ», «մէքթէպ», եւ այլն բառերը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 12, 2018, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2018