ՕՐԻՆԱՒՈՐ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆ

Օրինաւոր պաշտպանութիւնը՝ որ կ՚ենթադրէ ինքնապաշտպանութիւն, անմեղի մը սպանութեան արգելքին նկատմամբ բացառութիւն մը չի ներկայացներ, քանի որ ասիկա եւս «կամաւոր մարդասպանութիւն» է։

Այս մասին Սուրբ Թովմաս Աքուինացի կ՚ըսէ. «Ինքնապաշտպանութեան արարքը կրնայ երկու հետեւանք յառաջ բերել. մին՝ իր անձնական կեանքին պահպանումը, միւսը՝ յարձակողին սպանութիւնը. անոնցմէ միայն մին ուզուած է, միւսը չէ՛ ուզուած»։

Օրինաւոր ինքնապաշտպանութիւնը կրնայ վերաբերիլ անձերու եւ կամ ընկերութիւններու։ Արդարեւ, իր անձին սէրը բարոյականութեան հիմնական սկզբունք մը կը հանդիսանայ։ Ապա ուրեմն օրինաւոր է յարգել տալ կեանքի իր սեփական իրաւունքը՝ անհատական կամ հաւաքական։ Ո՛վ որ կը պաշտպանէ իր կեանքը, մարդասպանութեան յանցանք չի գործեր, նոյնիսկ եթէ հարկադրուի իր վրայ յարձակողը մահացու խոցել։

Այստեղ պէտք է զանազանել «մարդասպանութիւն» անուանումը եւ «մարդասպանութիւն գործել» արարքը։ Ինքնապաշտպանութեամբ երբ մարդ հարկադրուած է մահացու խոցել յարձակողը, այդ մէկը «մարդասպանութիւն» է, քանի որ մէկը սպաննուած է, բայց իր յատուկ անուանումով անիկա «մարդասպանութիւն» չէ գործած, քանի որ հոն նպատակը տարբեր է եւ յարձակումի ենթարկուողին եւ կամ իր անմիջական մերձաւորին կեա՛նքն է խնդրոյ առարկայ եղողը։ Այս կէտին կարեւոր է ճշդել անմիջական եւ շատ հաւանական վտանգի մը գոյութիւնը։ Այլապէս, եթէ անմիջական վտանգ մը գոյութիւն չունի, օրինաւոր ինքնապաշտպանութենէ կարելի չէ խօսք ընել։

Եւ սակայն պէտք է զգուշութեամբ զանազանել՝ «հաւանական վտանգ»ը եւ «ենթադրական կամ կարծեցեալ վտանգ»ը։ Կարծեցեալ վտանգի համար օրինաւոր պաշտպանութիւն գոյութիւն չունի, քանի որ արարքը եւ պատճառը համապատասխան չեն։ Արդարեւ, օրինաւոր պաշտպանութեան համար պէտք է համեմատեն պատճառը, այսինքն մօտաւոր վտանգը եւ կատարուած արարքը, այսինքն մարդասպանութիւնը։

Հարցը աւելի պարզ ձեւով բացատրելու համար ըսենք, որ օրինաւոր ինքնապաշտպանութեան պարագային «մարդասպանութիւն»ը որպէս արարք «յանցանք»ի մը հանգամանքը չի կորսնցներ, բայց անոր սահմանուած օրինաւոր պատիժը կը ջնջուի։

«Եթէ ինքզինք պաշտպանելու համար՝ պահանջուածէն աւելի մեծ բռնութիւն բանեցուի, ասիկա ապօրինի պիտի համարուի։ Իսկ եթէ բռնութիւնը չափաւոր կերպով ետ մղուի, ասիկա օրինաւոր պիտի համարուի։ Մեզ փրկելու համար անհրաժեշտ չէ՛ որ զանց ընենք այս չափաւորեալ ինքնապաշտպանութիւնը, ուրիշը չսպաննելու համար. որովհետեւ մարդ աւելի պարտաւոր է հսկելու իր կեանքին, քան թէ ուրիշին կեանքին վրայ», կ՚ըսէ դարձեալ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի։

Ուրեմն կը հետեւի, թէ վտանգը եւ օրինաւոր ինքնապաշտպանութեան արարքը պէտք է համապատասխան ըլլան եւ պէտք է զգուշանալ չափազանցութիւններէ։ Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ սկզբունք մը, թէ՝ «մէկ ակռայի փոխարէն մէ՛կ ակռայ, եւ մէկ աչքի փոխարէն մէ՛կ աչք կարելի է պահանջել», այսինքն հատուցումը պէտք է համապատասխան ըլլայ իրարու։ Զոր օրինակ, մէկ աչքի դէմ երկու աչք հատուցանելու պահանջքը չափազանցութիւն կը համարուի, այսինքն ներհակ է «օրինաւոր ինքնապաշտպանութեան» հիմնական սկզբունքին։

Բայց պէտք է ընդունիլ որ մարդ, ընդհանրապէս կը չափազանցէ իր պահանջքը այս մասին, ինչ որ ցոյց կու տայ մարդկային տկարութիւն մը՝ որ մարդ էակին բնաւորութեան մէկ արդիւնքն է։

Այս ուղղութեամբ օրինաւոր պաշտպանութիւնը կրնայ ո՛չ միայն իրաւունք մը ըլլալ, այլ նաեւ ծանր պարտականութիւն մը եւ պատասխանատուութիւն մը՝ այն անձին համար, որ ուրիշներուն կեանքէն պատասխանատու է։

Հասարակաց բարիքին պաշտպանութիւնը կը պահանջէ, որ անիրաւ յարձակողը դուրս դրուի վնաս հասցնելու վիճակէն։ Այս տիտղոսով, իրաւատէրերը իրաւունք ունին պէտք եղած միջոցներու դիմելու՝ ետ մղելու համար անոնք, որոնք յարձակումի կ՚ենթարկեն հասարակութիւնը, որուն պատասխանատուութիւնը իրենց վստահուած է։

Արդարեւ, պետութեան ջանքը արգիլելու ծաւալումը արարքներու, որոնք կը բռնաբարեն մարդուն իրաւունքները եւ քաղաքացիական համակեցութեան հիմնական օրէնքները, կը համապատասխանէ հասարակաց բարիքին եւ ընդհանուր անվտանգութեան պաշտպանութեան մէկ պահանջքին։ Ուստի, հանրային օրինաւոր իշխանութիւնը եւ իշխանութեան իրաւատէրերը իրաւունքը եւ պարտականութիւնը ե՛ւ պատասխանատուութիւնը ունին յանցանքին ծանրութեան համաչափ եւ համապատասխան պատիժներ սահմանելու։ Այս իմաստով իշխանութեան իրաւատէրերը իրաւունքը ունին նոյնիսկ զէնքի դիմելու՝ հասարակաց խաղաղութիւնը ապահովելու, պաշտպանելու եւ տեւականացնելու համար։

Պատիժը իբր առաջի՛ն նպատակ ունի դարմանել յանցանքին ներմուծած անկարգութիւնը։

Այս պատիժը երբ կամովին ընդունուած է յանցաւորին կողմէ, համարժէք է քաւութեան։

Եւ այս պատիժը, հանրային կարգը եւ անձերուն ապահովութիւնը պաշտպանելէ զատ, «բուժիչ» նպատակ մըն ալ ունի. ան պարտի կարելիին չափով յանցաւորին զգաստացումին նպաստել։ Օրինաւոր պաշտպանութեան պարագային պէ՛տք է նկատի ունենալ «պատիժ»ին այս հանգամանքին կարեւորութիւնը մարդկային ընթացիկ կեանքին մէջ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 30, 2019, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2019