Ս. ՀԱՂՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Սուրբ Հաղորդութիւնը այն երկնային ճշմարիտ «մանանայ»ն է, որ կեանք կու տայ քրիստոնեային։ Քրիստոս, բնակելով քրիստոնեաներու մէջ, անոնք իրար կը միացնէ։

Տաթեւացին Ս. Հաղորդութեան մասին հետեւեալը կ՚ըսէ.

«Ադամի մարմնով մենք մա՛րդ կ՚ըլլանք եւ մարդու որդի կը դառնանք, մինչդեռ Քրիստոսի մարմնով Քրիստոս կ՚ըլլանք եւ Աստուծոյ որդի։ Մարմնով Ադամէն ենք՝ երկրէն, շնչաւոր. մինչդեռ Քրիստոսի Մարմնով երկնային կ՚ըլլանք՝ հոգեւո՛ր։ Ադամի մարմնով ժամանակաւոր ենք՝ մահկանացո՛ւ, մինչդեռ Քրիստոսի Մարմնով՝ անմահ եւ յաւիտենակա՛ն»։

Ուստի, Ս. Հաղորդութիւնը անմահութեան եւ յաւիտենականութեան բալասանն է, որով մենք անապականութիւն կը ստանանք եւ յարութեան յոյսով կը զօրանանք։ Արդարեւ, Ս. Հաղորդութիւնը հաղորդակցութիւն եւ միութիւն է իրարու հետ եւ Աստուծոյ հետ։ Սրբագործուած հացի եւ գինիի միջոցով ճաշակողներու հոգիին մէջ կ՚իջնէ Ի՛նքը՝ Աստուած, եւ կը զօրացնէ անոնք. կը ներշնչէ, կը կենդանացնէ եւ կը բարձրացնէ «ինկած» մարդը։

Գերբնականը, մտնելով ժամանակաւորի, անցաւորի մէջ, Իր կեանքէն նոր կեանք կու տայ հաղորդուողին։

Ս. Հաղորդութեան խորհուրդի մատուցմամբ տեսանելի եւ անտեսանելի, զինուորեալ եւ յաղթական եկեղեցիները մէկ կ՚ըլլան՝ կազմելով մէկ միութիւն։

Ս. Հաղորդութեան սրբարար խորհուրդը մեզի կը պատկերացնէ Փրկչի մարդեղացումը, չարչարանքները, թափած արիւնը, մահը, թաղումը եւ յարութիւնը։ Ուստի, Սուրբ Հաղորդութեան Սեղանին մօտեցողը անշուշտ պէտք է պատրաստուած ըլլայ։ Նախ, ան պէտք է զղջայ իր մեղքերուն համար՝ խոստովանի եւ արձակում ստանայ քահանայէն։

Հաղորդուողներ, որպէս կանոն, պէտք է ծոմ պահեն գոնէ նախորդ օր-ւայ կէս գիշերէն սկսեալ։ Բայց եթէ հաղորդուողը հաւատք չունի, չի հաւատար Քրիստոսի Սրբարար զօրութեանը, եւ կը մօտենայ Ս. Սեղանին ի ցոյց մարդկան կամ կեղծաւորաբար, անոր համար Խորհուրդը բոլորովին անօգուտ բան է։

Հայ Եկեղեցւոյ մէջ ի տարբերութիւն որոշ եկեղեցիներու, Ս. Հաղորդութիւն կը տրուի նաեւ երեխաներուն։ Մկրտուած եւ դրոշմուած երեխաները պէտք չէ՛ զրկուին երկնային անզուգական Պարգեւէն, մանաւանդ որ Նոր կտակարանի մէջ մանուկներուն Հաղորդութիւն տալու նպաստող կան. զոր օրինակ՝ «Արդ՝ որովհետեւ մանուկներ հաղորդուեցան Արեան եւ Մարմնոյ…». (ԵԲՐ. Բ 14)։

Եկեղեցւոյ ընդհանուր պատմութենէն գիտենք, որ դարե՜ր շարունակ եկեղեցիներու միջեւ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդի տարբերութեան հարցի վերաբերեալ վէճեր տեղի ունեցած են, որոնք ո՛չ թէ միացուցած, այլ հեռացուցած են եկեղեցիները այս հարցին շուրջ։

Վէճերու առարկայ եղած են Խորհուրդի նիւթերը, կատարման ձեւերը, ընթացքը եւ այլն։ Այսպէս, Հռոմի կաթողիկէ եկեղեցին, ինչպէս նաեւ հայերուն մօտ, օգտագործուած է բաղարջ (անխմոր հաց), մինչդեռ յոյները (Ուղղափառ եկեղեցին)՝ խմորեալ հաց։ Թէ՛ լատիններ եւ թէ յոյներ գինիին ջուր կը խառնեն, մինչդեռ հայեր կտրանակապէս մերժած են այդ սովորութիւնը։ Ջուր խառնելը հիմնաւորելու համար անոնք բերած են Յիսուսի Նիզակով խոցուած կողէն հոսած ջուրի եւ արեան օրինակը։ Սակայն, ակնյայտ է, որ այդ օրինակը կապ չունի Խորհուրդի Էութեան հետ, քանի որ Խորհուրդը հաստատուած էր մինչ խաչուելը՝ Վերջին Ընթրիքին։

Հայ Եկեղեցւոյ դաւանութիւնն ալ կը հիմնուի Սուրբգրային պատմութիւններու եւ առաքելական շրջանէն եկող կանոններու վրայ։ Այսպէս, Հին կտակարանի մէջ, Աստուած պատուիրած էր, որ Զատկական տօնին նախորդող եօթը օրերուն միայն բաղարջ հաց ուտեն, որը կը խորհրդանշէ Տէրունական Կուսածին Մարմնի ծնունդը եւ Կենաց Հացը։

Միւս կողմէ «խմոր» ըսելով Նոր կտակարանը կը հասկնայ «չարութիւն», անզգամութիւն, կեղծաւորութիւն (Ա ԿՈՐՆԹ. Ե 7-8), (ՄԱՏԹ. ԺԶ 6-12), եւ այլն։ Ուստի եւ մեր Եկեղեցւոյ հայրերը կտրանակապէս՝ հատու կերպով, վերջնականապէս մերժա՛ծ են հացի խմորեալ ըլլալը, ըսելով. «Խմորեալը կենդանական հաց չըլլայ»։ Իսկ քանի որ Քրիստոսի Արիւնն ալ անապական է, հայերը գինիին երբեք ջուր չեն խառներ։

Միւս վիճելի հարցը հացի եւ գինիի գոյացափոխութեան խնդիրն է եղած։

Ըստ լատիններու, հացը եւ գինին Խորհուրդի ժամանակ կը փոխեն իրենց տարրերը. նիւթը եւ իրապէս կը դառնան Յիսուսի Մարմինը եւ Արիւնը։ Այսինքն, հացի եւ գինիի Մարմնի եւ Արեան փոխուելով կ՚ոչնչանայ անոնց առանձին գոյացութիւնը։ Այս տեսակէտը անընդունելի եղած է Հայ Եկեղեցիին կողմէ։ Հայ Եկեղեցւոյ դաւանութեան համաձայն գոյացութիւնը չէ, որ կը փոխուի կամ կ՚ոչնչանայ, այլ տարրերը խորհրդաւորապէս եւ անասելի կերպով կը փոխուին Քրիստոսի Մարմնի եւ Արեան իսկութեան եւ կը դառնան Քրիստոսի ճշմարիտ Մարմին եւ Արիւն։ Այսինքն, արտաքնապէս հացի եւ գինիի տարրերը նոյնը կը մնան, սակայն կը ստանան նոր զօրութիւն, որոնց մէջ խորհրդաւոր կերպով կը հաստատուի Քրիստոսի Մարմնի եւ Արեան իսկութիւնը՝ Սուրբ Հոգիի ներգործութեամբ։

Կան նաեւ երկրորդական տարբերութիւններ, որոնցմէ մի քանիներն են.

Լատիններ հաղորդուողներուն կու տան միայն հացը՝ նշխարքը, եւ այն չեն թաթախեր բաժակի մէջ. իսկ գինին կը վերապահեն միայն հոգեւորականներուն։

Լատիններ Ս. Հաղորդութիւն չեն տար նաեւ մանուկներուն, ըսելով, որ անոնք հաւատ չունին եւ գիտակից չեն։ Այդ դէպքին՝ իւրաքանչիւր մկրտուած անձ՝ անկախ տարիքէն, իրաւունք կ՚ունենայ հաղորդուելու…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

11 նոյեմբեր 2023, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2023