«ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԵԱ՛ՆՔ Է» Կ՚ԸՍԵՆ…

«Կեանքը պայքար մըն է»։ Եւ ամէն պայքար կը կարօտի քաջութեան, հաստատակամութեան, տոկունութեան, որոնք ալ իրենց հերթին կը կարօտին ժամանակի։ Արդարեւ, քաջութիւն, հաստատակամութիւն, տոկունութիւն՝ յանկարծակի վիճակներ չեն եւ ժամանակի ընթացքին կը յայտնուին։ Եւ ո՛ւր որ ժամանակի հարց կայ, ո՛ւր որ ժամանակի պահանջքը կայ, հոն համբերութիւնը անհրաժեշտ դեր մը կը կատարէ։ Եւ քանի որ կեանքը պայքար մըն է մշտատեւ, եւ քանի որ պայքարի մէջ յաղթական հանդիսանալ ժամանակի կը կարօտի, ապա ուրեմն «համբերութիւնը կեա՛նք» է։

Սպասել, ակնկալել արդիւնք մը ժամանակի մէջ համբերութեան կը կարօտի։ Եւ այս իմաստով, համբերութիւնը ողջամտութիւն է, հաւասարակշռեալ անձի գործ է. ան որ կ՚աճապարէ եւ անհամբեր է, իր նպատակին հասնիլ, յաջողութիւն ձեռք բերել, եթէ ոչ անկարելի, բայց շատ դժուա՛ր է։ Ուստի, մարդկային պատմութեան մէջ մեծ գործեր, մեծ գիւտեր համբերութեան արդիւնք իրականացած են։ Չէ՞ որ աստուածային Ստեղծագործութիւնն ալ յանկարծ չէ պատահած՝ շրջաններու մէջ, ժամանակի ընթացքին իրականացած է եւ տակաւին կը շարունակէ։

Եւ այս պատճառով, Ստեղծագործութիւնը ինքնին համբերութեան կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը ցոյց կու տայ։ Այն ինչ որ ժամանակի կը կարօտի՝ համբերութեան միջամտութիւնը անհրաժեշտ է։ Եւ ինչպէս Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Մեր Հօր կամքն է, որ բոլոր մարդիկը փրկուին եւ հասնին ճշմարտութեան գիտութեան». (Ա ՏԻՄ. Բ 4) Հայրը «կը համբերէ, որովհետեւ չ՚ուզեր որ մէկը կորսուի». (Բ ՊԵՏ. Գ 9), (ՄԱՏԹ. ԺԸ 14)։

Քրիստոս մեզ պատուաստեց ճշմարիտ Որթին վրայ՝ որ մեզ կարող պիտի դարձնէ բերելու «Սուրբ Հոգիին պտուղը՝ որ է սէր, ուրախութիւն, համբերութիւն, ծառայասիրութիւն, բարութիւն, վստահութիւն ուրիշներու վրայ, հեզութիւն, ժուժկալութիւն». (ԳԱՂ. Ե 22-25)։

Համբերութիւնը՝ կ՚ապահովէ ինքնատիրացումը կամքին բնազդներուն վրայ եւ կը պահէ բաղձանքները՝ փափաքները պարկեշտութեան սահմաններէն ներս։ Համբերող անձը իր զգացական ախորժակները կ՚ուղղէ դէպի բարին, կը պահէ առողջ խոհականութիւնը եւ «թոյլ չի տար տարուիլ իր սրտին կիրքերէն». (ՍԻՐ. Ե 2, ԼԷ 27-31)։

Համբերութիւնը կը հակակշռէ եւ կը կանոնաւորէ մարդուս մտածումները, զգացումները եւ արարքները։

Համբերութիւնը իր կատարած դերով զգաստութիւն, չափաւորութիւն, հաւասարակշռութիւն կ՚ենթադրէ։ Այս ուղղութեամբ Առաքեալը կ՚ըսէ. «Մենք պարտինք ապրիլ զգաստութեամբ, արդարութեամբ եւ աստուածպաշտութեամբ ներկայ աշխարհին մէջ». (ՏԻՄ. Բ 12)։

Արդար ըլլալ կը նշանակէ՝ համբերութեամբ դատել, առանց աճապարելու պատշաճը կատարել։ Ուստի, իրաւունք եւ պարտք հաւասարակշռելու, անոնք ներդաշնակ կերպով համաձայնեցնելու համար մարդ պէտք է համբերութեամբ դատէ, եւ խուսափի հապճեպ որոշումներէ։ Հանդարտ բնաւորութեան տէր մարդիկ կրնան համբերութեամբ գործել։

Համբերութիւնը իբրեւ առաքինութիւն՝ կը սնանի, կ՚աճի եւ կը զօրանայ հաւատքով, յոյսով եւ սիրո՛վ։ Ուստի, ան որ իր ամենալայն առումով «հաւատ» չունի, չի կրնար համբերատար ըլլալ։ Նոյնն է պարագան յոյսին եւ սիրոյ նկատմամբ։ Յոյսը եւ սէրը կ՚ամրացնեն եւ կը զօրացնեն համբերութիւնը։

Համբերութիւնը՝ յոյսի շնորհիւ է որ մարդս կ՚ազատէ վհատութենէ. թիկունք կը կանգնի լքումի վայրկեաններուն մէջ եւ կ՚ընդարձակէ սիրտը դէպի ուրախութիւն, դէպի երանութիւն։

Հանդուրժել համբերութեամբ, մարդս կը կատարելագործէ, «հասուն մարդ»ու վիճակին կը բարձրացնէ։ Դիւրագրգիռ եւ դիւրազգած բնաւորութեան տէր մարդոց համար բոլորովին օտար եւ անծանօթ վիճակ մըն է համբերութիւնը։ Եւ երբ Յիսուս կ՚ըսէ. «Երեսդ ապտակողին միւս երեսդ ալ դարձուր», կերպով մը հանդուրժողութիւն եւ համբերատարութիւն ունենալ կը պատուիրէ, ինչ որ շատերու կը պակսին դժբախտաբար եւ այդ պատճառով ալ հարցեր կը բարդուին՝ փոքր հարց մը կը վերածուի «մահ ու կենաց» խնդիրի։

Մարդկային փոխյարաբերութիւններու, մանաւանդ ընտանեկան յարաբերութիւններու մէջ համբերութիւնը կարեւոր եւ կենսական դեր մը կը խաղայ. «Իրար հանդուրժեցէ՛ք սիրով, ամենայն խոնարհութեամբ, հեզութեամբ եւ համբերութեամբ», կը յորդորէ Առաքեալը. (ԵՓՍ. Դ 2)։

Համբերող մարդը վստահութիւն կը ներշնչէ իր շուրջիններուն, քանի որ համբերութեամբ ուղիղ խորհելու եւ շիտակ դատելու կարողութիւնը կը ստանայ։ Համբերող մէկու մը սխալ գործելը, աճապարող մէկու մը նկատմամբ քիչ հաւանական է, քանի որ ան համբերելով, ժամանակը լաւագոյն կերպով օգտագործելու առիթը կ՚ունենայ։

Համբերութիւնը ժամանակին հանդէպ յարգանքի արտայայտութիւն մըն է. ժամանակին արժէք ընծայել եւ անոր ուղիէն ընթանալու կե՛րպ մը…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 30 2022, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2022