ԸՆՏԱՆԻՔ ԿԱԶՄԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ (ԺԸ.)

ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ

Մինչեւ այսօր խօսեցանք զանազան երեւոյթներու մասին, սակայն անկասկած ամենէն կարեւորներէն կարելի է նկատել մարդկային ճակատագիրին մաս կազմող հիւանդութիւնն ու անխուսափելի մահը: Հիւանդութիւնն ու մահը միակ երեւոյթն են ի տարբերութիւն միւսներուն, ո՛չ առողջ հաղորդակցութեան եւ ոչ ալ նախքան ամուսնութիւն կատարուած նախապատրաստական շրջանին հետ աղերս ունի:

Սակայն պէտք է հոգեպէս պատրաստ ըլլալ նման դժբախտ երեւոյթներու եւս. անակնկալ յայտնուած հիւանդութիւն մը եւս բաւարար է ընտանեկան ամբողջ ընթացքը փոխելու. հիւանդութիւն մը կ՚ազդէ ո՛չ միայն հիւանդացող անհատի, այլ ամբողջ ընտանիքին վրայ եւ ստեղծել դժուարին ժամանակներ: Մարդկային կեանքի մէջ շատ մը հիւանդութիւններ բուժելի են, սակայն անոնց քով գոյութիւն ունին նաեւ անբուժելիները, որոնք յանկարծ կը յայտնուին մարդու կեանքին մէջ եւ դժուարին պայքարի ընթացք մը կը ստեղծեն, որոնց մէջէն բոլորը յաղթական դուրս չեն գար:

Անկասկած, որ հիւանդութիւնները իրենց ազդեցութիւնը կ՚ունենան զոյգերու կեանքին մէջ եւ այդտեղ կը ստեղծուի երկու տարբերութիւններ.- այդ հիւանդութիւնները կա՛մ պատճառ կ՚ըլլան զոյգերու միջեւ սիրոյ ամրապնդնամ եւ կամ առաջինին ամբողջովին հակառակ՝ կը տկարացնէ անոնց միջեւ եղած «սէր»ը: Ընտանիքին մէջ հիւանդութեան մը դժբախտ գոյութիւնը բնականաբար զոյգերուն մօտ կը ստեղծէ լարուածութիւն, մտահոգութիւն ու վախ. յաճախ կողմերուն մօտ կը ծնին յիասթափութեան, վրդովմունքի զգացումներ եւ մէկէն ի մէկ իրենց կեանքի կեդրոնին կը դրուի հիւանդութիւնն ու անոր հնարաւոր բուժումները: Հիւանդութեան բուժումէն շատ աւելի կարեւոր է սակայն զոյգերու հոգեկան վիճակը, որովհետեւ հիւանդութիւնները բուժումի առաջնորդելու եւ նոյնիսկ մարմնական դժուարութիւնները յաղթահարելու լաւագոյն միջոցը հոգեկան ամուր վիճակն է:

Նման պարագաներու միջին մը գոյութիւն չունի. կա՛մ հոգեպէս ընկճուելով զոյգերու միջեւ գոյութիւն ունեցող զգացական կապը կը խզուի եւ կամ աւելիով կ՚ամրապնդուի եւ այս մէկը լաւապէս հաւասարակշռելու եւ ճիշդ ընթացք բռնելու համար դարձեալ կը կարեւորենք հոգեկան պատրաստուածութիւնը: Ինչքա՜ն աւելիով պատրաստութիւն կ՚ակնկալենք, եթէ հիւանդացողը զաւակն է:

Հակառակ այս պատրաստութեան կարեւորութեան, յաճախ կը տեսնենք, թէ հիւանդութիւնները պատճառ կ՚ըլլան, որ զոյգերու միջեւ գոյութիւն ունեցող սէրը տկարանայ. այդ մէկը եւս որոշ չափով կը գտնենք մարդկային, որովհետեւ մտահոգութիւնը, լարուածութիւնը, նիւթական պարտաւորութիւնները, ապագայ անորոշութիւնը զգալի հետեւանքներ կ՚ունեան. մարդոց բնականոն կեանքի ընթացքի փոփոխութիւնը, յաճախ անքուն գիշերները, հիւանդանոցի միջացքներուն մէջ երկար ժամեր սպասելը ինքնաբերաբար կ՚ընկճեն մարդ արարածի տրամադրութիւնն ու հոգեկան վիճակը:

Հոգեկան պատրաստուածութիւնը պէտք է սկսիլ ինքնաքննութեամբ. կողակիցը եւ կամ մանուկը իր անձնական կամքով կամ ցանկութեամբ չի՛ հիւանդանար: Պէտք է իւրաքանչիւր անհատ մտածէ, որ այդ հիւանդութիւնը կրնար իրը ըլլալ։ Հիւանդացող զոյգերէն մին ինք կրնար դառնալ, հետեւաբար այնպէս ինչպէս պիտի ուզէր վարուէին իրեն հետ, նոյն ձեւով պարտի վարուիլ նաեւ ինք: Կը հաւատանք, որ բժշկական որեւէ միջամտութենէ շատ աւելի արդիւնաւէտ վիճակ կը պարզէ հոգեկան ամուր կեցուածքն ու ընտանեկան միութեան անսասանութիւնը, վերականգնողական ընթացքին տալով վստահութիւն, սէր ու յոյս: Երանելի է այն ընտանիքը, ուր «իմ» կամ «քու» հիւանդութիւնը կը դառնայ «մեր» հիւանդութեան եւ կատարեալ կապուածութեամբ կը դիմենք առողջութեան ճամբան:

Այս բոլորին հակառակ ազդեցութիւնը կ՚ունենայ հոգեկան տկար վիճակը. անուշադիր բողոք մը, քննադատութիւն մը կրնայ հիւանդութենէն շատ աւելի խոր վէրքեր առաջացնել կողակիցի հոգեկան աշխարհին մէջ: Պէտք է հասկնալ, որ սէրը ո՛չ թէ ուրախ պահերուն, այլ նեղութիւններու ժամանակ կը հզօրանայ. նեղութեան մէջ սիրոյ ճշմարիտ երեսը ի յայտ կու գայ եւ սիրոյ կարողութիւնը ամենէն մահացու հիւանդութենէն աւելի զօրաւոր կը նկատենք, որովհետեւ հիւանդութիւնները բուժելու լաւագոյն ու ամենէն ազդու ձեւը առողջ հոգեվիճակ ունենալն է:

Նախքան ամուսնութիւնը պահ մը մտածեցէք, թէ մարդկային կեանքիմ մէջ կան տեսակ տեսակ հիւանդութիւններ. կրնայ պատահիլ, որ ձեր կողակիցը երկար ժամանակ անկողինի դատապարտուի։ Հոգեպէս ու ֆիզիքապէս պատրա՞ստ էք կատարել բոլոր պարտաւորութիւնները. ունի՞ք սէրն ու ուժը տոկալու դժուար այդ ճանապարհորդութեան: Եթէ հոգեկանէն աւելի կը գնահատէք ֆիզիքական կարողութիւնները, մտածեցէ՛ք, թէ վաղն իսկ դուք եւ կամ ձեր կողակիցը դժբախտ պատահարով մը մարմնական մեծ վնասներ կրնաք ապրիլ եւ այս բոլորին լոյսին տակ արժեւորեցէք ապագայ ամուսնական կեանքը:

Կը հաւատանք, որ հիւանդութիւնները դժբախտութիւններ չեն. անոնք դժբախտութիւն կը դառնան միա՛յն այն ընտանիքին համար, որ նախապէս լուրջ ձեւով չի խորհրդածեր նման կարեւոր նիւթերու մասին եւ վարդագոյն երազներու ետեւէն վազելով ինքզինք դժբախտ իրավիճակի մը մէջ կը գտնէ: Մեր ցանկութիւնն ու մաղթանքն է, որ հիւանդութիւնները հեռու մնան բոլո՛ր ընտանիքներէն, սակայն միւս կողմէ կը կարեւորենք գիտակցութիւնն ու հոգեկան պատրաստուածութիւնը, աւելի առողջ ու հասուն ընտանիք մը կազմելու համար:

•շարունակելի

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ո՞վ է ջութակի գիւտարարը:

Պատասխան. Ջութակի գիւտարար կը ճանչցուի իտալացի լարային գործիքներ պատրաստող Անտրէա Ամաթինին (Andrea Amati): Կ՚ենթադրուի, թէ Ամաթինի իր առաջին ջութակը ստեղծած է 16-րդ դարու սկիզբները՝ մօտաւորապէս 1540-1555 թուականներուն միջեւ: Ջութակի արտաքինը ժամանակի ընթացքին մշակուած է տարբեր երաժիշտներու կողմէ։ Մասնաւորապէս Անթոնիօ Սթրատիվարին (Antonio Stradivari) եւ Ճուզեփփէ Կուարներին (Giuseppe Guarneri) մեծ դեր ունեցած են ջութակի ձեւի եւ կառուցածքի ձեւաւորման գործին, ինչ որ դարեր շարունակ մնացած է անփոփոխ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2023