ՀԻՒԱՆԴԻ ՀՈԳԵՎԻՃԱԿ - Բ. -

Ստորեւ կը շարունակենք հիւանդի մը բժշկութեան հիանալի եւ հրաշալի՜ պատմութիւնը՝ իրական կեանքէ առնուած, հիւանդին խօսքերովը։

*

Երկու օր վերջ, Մարճիի բարեկամուհին՝ Մէյրին, իր անուաթոռով ինծի այցելեց։ Ան երբեք գութ չէր մուրար։ Ուրախ եւ զուարթ էր իր փայլուն հանդերձներուն մէջ։ Ժպիտը միայն շրթներուն վրայ չէր, այլ նաեւ՝ իր աչքերուն մէջ։

-Լսեցի թէ քաղցկեղ ունիս, ըսի, մինչ գրասենեակիս մէջ տեղ գրաւեցինք։

-Վատթարացուցիչ հիւանդութիւն մը, որ ջղային դրութեանս մէջ է, ըսաւ պաղարիւնութեամբ։ -Բժիշկները ըսին, թէ մահացու է եւ յոյս չկայ ու պիտի կորսնցնէի թեւերուս եւ սրունքներուս գործածութիւնը մինչ քաղցկեղը կը տարածուէր մարմնիս մէջ։ Բայց ես վերսկսած եմ գործածել թեւերս եւ սրունքներս։

-Ինչպէ՞ս, հարց տուի։

-Հիւանդութեանս յաղթեցի, դո՛ւն ալ կրնաս, պատասխանեց։

-Արդէն Աստուծոյ աղօթած եմ, որ դարմանէ իմ քաղցկեղս, ըսի։

-Այդ սկիզբն է, ըսաւ Մէյրին.- Բայց ես դարմանէ չըսի, հապա -նուաճէ- ըսի։ Այդ աւելի խոր իմաստ մը ունի։ Փոխանակ Աստուծմէ խնդրելու, որ ֆիզիքական պարագաներդ (քաղցկեղդ) բժշկէ՝ խնդրէ, որ Ան քեզ, քու հոգեվիճակէդ ձերբազատէ։

Այս բառերը շիտակ հնչեցին։ Կը մտածէի, թէ բժիշկիս պարտականութիւնն էր վիճակս բարելաւել, բայց այդպէս չէր։ Ինձմէ կախեալ էր լաւ անձ մը ըլլալս զգացականօրէն, մտքովս եւ հոգեպէս։

Աստուած երբ զիս լուսաւորեց այս խորհուրդներով, կեանքս փոխուեցաւ։ Յանկարծ տեսայ իմ ճնշումներս, ժխտական զգացումներս, ինչպէս բարկութիւն, աններող հոգի եւ անպտուղ հոգեւոր կեանքը, որ կ՚ապրէի։ Տեսայ, թէ ինչ որ մտքիս կը հրամցնէի, բաւարար չափով բծախնդիր չէի։ Թէպէտ հաւատացեալ մըն էի, սակայն մարմնաւոր։ Ինչ որ կեանքէն կ՚ակնկալէի, նիւթական ապահովութիւն եւ դիրք էր, փոխանակ՝ հաւատք, յոյս եւ սէր։

-Կրէ՛կ, ըսեմ քեզի մեծ գաղտնիքը, ըսաւ Մէյրի յստակ եւ ինքնավստահ ձայնով մը։ -Կեանքդ չի փոխուիր, քանի որ լուրջ հիւանդութենէ մը կ՚անցնիս։ Կը վերապրիս լուրջ հիւանդութենէն, որովհետեւ կեանքդ փոխուած է։

Կեանքս փոխուելո՞ւ էր, մտածեցի։ Ի վերջոյ, Տիրոջը գործն էր որ կ՚ընէի, որպէս առօրեայ գործ։

Այո՛, կեանքս պէ՛տք էր փոխէի։ Անհրաժեշտ էր, որ իմ կեանքս նոյնանար Տիրոջս կամքին հետ։ Եւ երբ աղօթեցի.- Տէ՛ր, բժշկէ զիս, սորվեցայ, թէ իմ ֆիզիքական բժշկութիւնս Աստուծոյ ծրագրին մէջ, վերջին նիւթը կրնար ըլլալ։

Բժշկութիւնը հոգեկան խաղաղութենէն կախեալ է։ Բժիշկները սկսած են հասկնալ, թէ որքան դրական ազդեցութիւն ունին մեր առողջ հոգեւոր եւ զգացական կեանքերը, մեր ֆիզիքական կենցաղին վրայ։ Եթէ խաղաղութիւնը քեզ պատած եւ լեցուցած է, այն ժամանակ դուն -քաղցկեղներու- կը յաղթես, փոխանակ անոնք քեզի։ Այն ժամանակ կացութեան հետ կը հաշտուիս եւ կ՚ընդունիս ինչ ալ պատահի, մահ՝ թէ կեանք մը, որ շատ աւելի իմաստալից է քան քու կարծածդ։

Հիմա կը հասկնամ, թէ ինչպէս Աստուծոյ հրամանը՝ -Այսօր սիրէ Էրիքան, կրնայ ուղղակի արդիւնքը ըլլալ իմ բժշկութեան աղօթքիս։

Այդ օրէն սկսեալ հարիւրաւոր վերապրող հիւանդներու հետ հանդիպում ունեցայ, անձեր, որոնք նուազագոյն կարելիութիւնները յաղթահարած էին։ Ճշմարտապէս կրնամ ըսել, թէ անոնք վերապրողներ չէին, այլ՝ յաղթո՛ղներ։ Անձ մը յիշեց, թէ լաւ բժիշկ մը ունենալը կարեւոր է, մէկը՝ որ քեզի կարեկցի, ընկերակից մը ըլլայ եւ ոչ՝ դուն անոր -զոհ-ը։ Ուրիշ մը շեշտեց կարեւորութիւնը՝ կոտրած սրտեր շինելու եւ դարմանելու։ Մէկալ մը՝ թէ՛ ինչպէս մտահոգութիւն եւ ճնշում՝ կ՚անդամալուծեն ձեզ հոգեպէս եւ ֆիզիքապէս եւ թէ ինչպէս մենք կրնանք մեր դիրքաւորումը ճշդել եւ մեր զգացումները ուղղել։

Ամէն անձ իր իւրայատուկ ոճը ունէր, բայց իրենց պատգամները նոյնանման էին։ Միասնաբար անոնք ինծի յիշեցուցին Բ ԿՈՐՆԹ. Ե 17-րդ համարը. «Ուրեմն եթէ մէկը Քրիստոսի մէջ է, անիկա նոր ստեղծուած մըն է, հիները անցան, եւ ահա ամէն բան նոր եղաւ»։

Այն մարդիկը, որոնք քաղցկեղի յաղթած էին, անոնք էին, որոնք իրենց հիւանդութիւնները ընդունեցին որպէս պատգամ մը Աստուծմէ, իրենց կեանքերուն ուղղութիւնը ճշդելու։ Անոնք դադրած էին մարտնչելէ Աստուծոյ հետ եւ փոխարէնը՝ Իր եւ բժիշկներու հետ գործակցաբար բժշկուած էին։

Իմ հերոս ընկերս եւ ես միասնաբար հաւաքոյթներ կազմակերպեցինք, որովհետեւ իրարմէ ուժ եւ քաջութիւն կ՚առնէինք, քանի որ իւրաքանչիւրս Աստուծոյ սիրոյն եւ բժշկարար զօրութեան ապրող փաստերն էինք։

Պէտք է ընդունիմ, թէ այս բոլորը մէկ գիշերուան մէջ չեղան։ Այս տեսակ բժշկութիւնը երբեմն դանդաղ եւ տառապալից է, որովհետեւ զգացումներու հետ է գործդ։ Մօտենալ մարդոց, որոնք պէտք է ներես եւ կամ ներում խնդրես։ Աղօթքի մէջ ժամանակ անցընել եւ Աստուծոյ յանձնել կեանքիդ ղեկը։ Այս բոլորը Յիսուս կը պատուիրէ մեզի, որպէսզի կատարենք, ու երբ ընենք, Ան խոստացած է մեզի նոր ստեղծուածներ ընել։

Քաղցկեղն էր, որ ինծի դաս մը սորվեցուց եւ քաղցկեղն էր, որ իմ կեանքս ազատեց…։

Վերջին անգամ երբ բժիշկին գացի (ո՛չ նախկին բժիշկին), քաղցկեղի ոչ մէկ հետք կար։ Բայց անկեղծօրէն կրնամ վկայել, թէ այդքան ալ մեծ նշանակութիւն չունի, որքան իմ -ներքին մարդուս- բժշկութիւնը։ Ի վերջոյ բոլորս ալ պիտի մեռնինք։ Հաստատ կը հաւատամ, թէ -որքան երկա՜ր կ՚ապրինք-ը այնքան ալ կարեւոր չէ, քան՝ -որքան, խորո՛ւնկ կեանքեր կ՚ապրինք-։

Եթէ առա՛ջ խնդրենք Աստուծմէ մեր ներքին խաղաղութիւնը, աշխարհ եւ մեր շուրջինները հարիւր անգամ աւելի տարբեր պիտի ըլլան, քան ինչ որ պիտի ջանայինք դրամ եւ համբաւ հետապնդելով։

Յիսուսի պատուէրն է, որ մենք ա՛յսպէս ապրինք։ Եթէ Իրմէ խնդրենք, Ան կը վստահեցնէ թէ. «Ալ աւելի յաղթող պիտի ըլլանք». (ՀՌՈՎՄ. Ը 37), ո՛չ միայն հիւանդութիւններու, այլ՝ կեանքի ամէն դժուարին պարագաներուն մէջ։

*

Իրական կեանքէ առնուած այս պատմուածքը մեզ կը յիշեցնէ սա իրողութիւնը, թէ՝ Աստուծոյ մատներն են բժիշները երկրի վրայ, եւ որքան կարեւո՛ր է «ներքին խաղաղութիւն»ը Յիսուսով։

Տէրը եւ Սէր ձեզի հետ ըլլայ եւ մի՛շտ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

•շար. 2 եւ վերջ

Դեկտեմբեր 12, 2024, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2024