ԱՆԽՈՒՍԱՓԵԼԻ ԱՆԲԱՂՁԱԼԻՆ

Անշուշտ հաճելի չէ խօսիլ մահուան վրայ, քանի որ ան ի վերջոյ կորուստ կը նշանակէ, եւ ոչ ոք կ՚ախորժի անոր ենթարկուելէ։ Բայց որքան տհաճ նո՛յնքան անխուսափելի իրականութիւն մըն է մահը, քանի որ կեանքի ամենէն յայտնի ճշմարտութիւնն է, այնքան ճշմարիտ, որ երբ ծնի որեւէ էակ, արդէն իր ծնունդով դատապարտուած կ՚ըլլայ մահուա՛ն։ Այս իմաստով, ահաւասիկ, մահը թէեւ անբաղձալի բայց անխուսափելի իրողութիւնն է կեանքին։ Մահը՝ բոլոր ապրող կենդանի էակներու կանխաւ տրուած, արձակուած դատավճիռ մըն է, որուն միակ պատճառը ծնած ըլլա՛լն է։ Կարծես ծնիլը մահուան դատապարտուած ըլլալ կը նշանակէ. ծնիլը՝ կեանքի սկսիլը արդէն պատճառ է մահավճի՛ռը ընդունելու…։

Մահը, այս իմաստով վճռակա՛ն է եւ անխուսափելի, որուն դատապարտուած է եւ ենթակայ ամէն կենդանի էակ եւ անշուշտ մա՛րդը՝ որ գիտակցութիւնը ունի կեանքի եւ մահուան։

Մահը վախ եւ սարսափ կը պատճառէ, քանի որ ան «կորուստ» է, թէ՛ մերձաւորին, սիրելիին եւ թէ իր իսկ կեանքին։ Եւ կորուստը անբաղձալի է, քանի որ ցաւ եւ վիշտ կը պատճառէ միշտ։

Եւ ինչպէս շատ մը ճշմարտութիւններ, մահուան, այս առեղծուածին գաղտնիքն ալ կարելի չէ եղած լուծել դրականօրէն, բայց միայն հաւատքով, թէ ան անցք մըն է երկրային ժամանակաւոր կեանքէն դէպի երկնային յաւիտենական կեանք։

Արդարեւ, այս հաւատքը արտայայտուած է գերեզմանատան մը մուտքին գրուած սա խօսքով՝ թէ այս մուտքէն վերջ այլեւս մահ գոյութիւն չունի։ Այս կը նշանակէ՝ որ մահէն վերջ նոր կեանք, յաւիտենական կեանք, մահուամբ ընդմիջումի չենթարկուող կեանք կա՛յ, այսինքն անմահութիւն կայ։ Եւ այս իմաստով իսկ մահը «վերջ» չէ՛, այլ՝ փոփոխութիւն, կամ այլակերպութիւն, միջոցի եւ ժամանակի տեղափոխութիւն։

Մարդ կարգ մը բաներ, որոնք ճշմարտութիւն են, ընդունիլ չ՚ուզեր ընդհանրապէս. կը յամառի, կ՚ընդդիմանայ, քանի որ ներհակ կը թուի իր սովորութիւններուն, իր վարժութիւններուն, եւ իր բարոյական շահերուն։ Եւ մա՛րդ չ՚ախորժիր իր ունեցածը կորսնցնելէ, այլ կ՚ուզէ պահել եւ պահպանել, այն ինչ որ իրեն կը պատկանի՝ կեանք եւ կեանքեր՝ ինք եւ իրենները, կ՚ուզէ որ իր ունեցածները միշտ ունենայ, ոչ մէկ բան պակսի իր ունեցածներէն, միշտ ի՛րը ըլլայ, իրենը միշտ չբաժնուի իրմէ։ Բայց այս կարելի չէ՛, կեանքի բնական օրէնքն է «ժամանակաւոր» ըլլալու անխուսափելի ճշմարտութիւնը։

Արդարեւ Եկեղեցւոյ վարդապետները կ՚ըսեն՝ թէ մահը հոգիին մարմինէն բաժանումն է։ Ուստի, այս ճշմարտութիւնը կը յայտնուի «մահ» բառին ստուգաբանութեան մէջ ըստ Մեսրոպ Մաշտոցեան լեզուի հրաշալի՜ մեկնաբանութեամբ՝ թէ «մահ»ը կը նշանակէ «մարմին առանց հոգիի»՝ «Մ» «Ա» «Հ»։

Արարչագործութեան սկիզբին մարդ Աստուծոյ կողմէ ստեղծուեցաւ որպէս անմահ արարած, բայց մեղքի պատճառով ան դարձաւ մահկանացո՛ւ։ Եւ այս կը նշանակէ, որ մահը մարդուս արարչութեան պահուն գոյութիւն չունէր, եւ մարդը կոչուած էր անմահութեան։ Աստուած մարդը ստեղծեց հողէն եւ անոր տուաւ կենդանարար հոգի՝ շունչ, որ արդէն անմահ է։ Ուստի, անմահութեան կոչումով ստեղծուած մարդը՝ գիտութեան ծառէն չուտելու հրամանին անհնազանդ գտնուելուն պատճառով պատժուեցաւ եւ մահուան ենթարկուեցաւ։

Ուրեմն դարձեալ անմահութեան կոչուելու, այսինքն յաւիտենական կեանքի տեղափոխուելու համար մահը անհրաժեշտ եղաւ մարդուն համար։

Արդարեւ, կեանքը, իր նեղ առումով ժամանակաւոր է եւ պա՛հ մըն է, եւ ինչպէս կեանքը, նոյնպէս ալ մահը պա՛հ մըն է միայն՝ երկվայրկեան մը, որ ունի ո՛չ անցեալ եւ ոչ ալ ապագայ։ Եւ այս իմաստով, մահը տեղափոխութիւն մըն է ժամանակի եւ միջոցի՝ ժամանակաւոր կեանքէն, անժամանակ կեանքի՝ երկրաւոր կեանքէն երկնաւոր կեա՛նքի…։

Պետրոս առաքեալ իր առաջին ընդհանրական նամակին մէջ «շուտով մերկանալ մարմինէն» կ՚ըսէ, այսինքն մահուամբ հոգին արձակել մարմնի կաշկանդումէն։ Եւ ուրեմն մահը՝ հոգիին ազատումն է՝ մարմինէն մերկանալով։ Մահը Ադամով եկաւ, իսկ կեանքը՝ Քրիստոսո՛վ։ Քրիստոս խաչուեցաւ, թաղուեցաւ եւ յարութիւն առաւ, եւ իր օրինակով՝ մարդ պիտի ճաշակէ մահը, որպէսզի տեղափոխուի յաւիտենական կեանքի։ Յաւիտենական կեանքը կը սկսի նորոգուած մարմնով՝ սուրբ մարմինով, ինչպէս էր Ադամ մեղանչելէ առաջ։

Ուրեմն կեանքը ակնթարթ մըն է, եւ նաեւ ակնթարթ մըն է մահը, որ մարդը կը տեղափոխէ անժամանակ, մշտնջենաւոր երկնային կեանքի։ Չէ՞ որ տարի՜ներ, կը բաղկանան պահերէ՝ երկվայրկեաններէ եւ այդպէս կը տանին ժամանակը անցեալէ ապագայ, բայց ի վերջոյ ամէն ինչ վայրկեան մը՝ պահ մը, երկվայրկեան մըն է, այն միջոցը որ կ՚ապրի մարդ եւ դարձեալ այն կարճ միջոցը՝ երբ կը տեղափոխուի, որուն կ՚ըսենք մա՛հ…։

Անծանօթը վախ կը պատճառէ, մահուան մասին ալ մարդ երբ ծանօթութիւն ունենայ այլեւս չի վախնար, քանի որ գիտէ՝ թէ ի՛նչ է մահը։

Այս իմաստով, մահուան դիմաց՝ մարդկային գոյութեան առեղծուածը կը հասնի իր գագաթնակէտին։ Մարմնական մահը բնական երեւոյթ է, սակայն հաւատքի աչքով՝ ան իրականին մէջ «մեղքին թոշակն է»։ Իսկ Քրիստոսի շնորհքին մէջ մեռնողներուն համար, մահը «մասնակցութիւն» մըն է Տիրոջ մահուան՝ այսպէս մասնակցելու համար նաեւ Անոր Յարութեան։

Մահը, ուրեմն, աւա՛րտն է երկրաւոր-ժամանակաւոր կեանքին՝ որ սահմանաւորուած է ժամանակի չափով, որուն ընթացքին մարդ փոփոխութիւններ կը կրէ եւ այս ընթացքին մահը կը ներկայանայ իբրեւ բնական վերջաւորութիւնը այդ ընթացքին։ Մահուան ընթացքը, իր բնոյթով անձկութիւն եւ շտապ կը ստեղծէ մարդուս կեանքին մէջ՝ ինչ որ կը զգաստացնէ մարդը իր անխուսափելի «երկվայրկեան»ին մասին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 27, 2018, Իսթանպուլ   

Երկուշաբթի, Յունուար 14, 2019