ԽՕՍՔԸ ԿԸ ԹՌՉԻ ԳԻՐԸ ԿԸ ՄՆԱՅ - Բ -

Գիրը բոլորին համար պահանջք մըն է, գրելու համար գրագէտ ըլլալու պէտք չկայ, պարզ նամակ մը իսկ «գրել» կը նշանակէ, եւ ուրեմն այդ պարզ եւ մտերիմ գրութիւնն ալ պէտք չէ՞ որ շիտակ, ճիշդ գրուի, առ նուազն նամակը ղրկուած անձին հանդէպ յարգանքը այս կը պահանջէ։

Ուրեմն շարունակենք Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի «Ուղղագրական ուղեցոյց»էն կէտադրութեան մասին տեղեկութիւններ փոխանցել, ինչպէս մեր նախորդ գրութեամբ ներկայացուցած էինք։

«զ.- Ուրիշի մը ուղղակի խօսքէն առաջ, երբ այս վերջինը կարճ խօսք է եւ չակերտէ դուրս հանուած. օրինակ՝

Հայրս ըսաւ՝ հո՛ս եկուր։

Ան պատասխանեց՝ ոչ, բայց ոչ ոք մտիկ ըրաւ։

է.- Երբեմն միջանկեալ նախադասութիւն մը կարելի է բութով բաժնել. օրինակ՝

Այն անձը՝ զոր տեսար, բարեկամս է։

Բո՛ւթ դրէք ուր որ անհրաժեշտ է։

2.- ՍՏՈՐԱԿԷՏ-ը (,) կը ցուցնէ բութէն աւելի երկար դադար մը։ Կը գործածուի հետեւեալ պարագաներուն.

ա.- Համապաշտօն բառերու, ենթականերու, բայերու եւ լրացուցիչներու միջեւ. օրինակ՝

Յակոբը, Ղուկասը, Սարգիսը եւ Պետրոսը ներկայ էին։

Յակոբ արթնցաւ, լուացուեցաւ, պատրաստուեցաւ եւ դպրոց գնաց։

Ան գնեց գիրքեր, թաշկինակներ, պը-նակներ եւ հագուստներ։

Նախադասութիւններու համապաշտօն բառերու միջեւ երբ եւ կամ ու շաղկապները կան, ստորակէտ չդնել. օրինակ՝

Յակոբ եւ Ղուկաս ներկայ էին։

Ան ծալեց եւ պահեց գիրքը։

Վերոյիշեալ երկու շաղկապներէն առաջ եւ նոյնիսկ անոնցմէ ետք ստորակէտ կը դրուի որոշ պարագաներու։ Այս շաղկապներէն առաջ կը դրուի՝ երբ իրենց միացուցած նախադասութիւնները տարբեր ենթականեր ունին. օրինակ՝

Յաղթական խումբը օդակայան հասաւ, եւ ներկայ բազմութիւնը զայն ծափահարեց։

Հիւրերը ժամանեցին, եւ մենք ոտքի ելանք։

-ԵՒ- եւ -ՈՒ- շաղկապներէն ետք, երբ այս շաղկապներուն եւ իրենց բային միջեւ կը մտնէ միջանկեալ նախադասութիւն մը. օրինակ՝

Ան վաճառատուն մտաւ, գողցաւ ժամացոյց մը եւ, գրպանելէ ետք գողօնը, մեկնեցաւ։

բ.- Գլխաւոր եւ երկրորդական նախադասութիւններու միջեւ. օրինակ՝

Երբ մեզ տեսաւ, հիւանդ ձեւացաւ։

Իր պատրաստութիւնները տեսնելէ ետք, ինքնաշարժ առաւ եւ մեկնեցաւ։

գ.- Երկար եւ բարդ նախադասութիւններու մասերուն միջեւ. օրինակ՝

Գործարանին երկու տարածուն յարկերը լեցուն են մեքենաներով, որոնք բոլորն ալ, կանգնած, նստած կամ պպզուկ (=ծնկերը ծալելով կիսանստած) դիրքերով, իր ամէն աւուր ճանչուորնեն են։

դ.- Բացայայտիչներէ ետք. օրինակ՝

Դուրեան՝ Սկիւտարի Սոխակը, մեռած է 1872ին։

ե.- Կոչականներէ ետք. օրինակ՝

Տղա՛ք, քաջալերուեցէ՛ք, յաղթանակը ձերն է։

զ.- Ձայնարկութիւններէ ետք. օրինակ՝

Է՜հ, մընաք բարով, Աստուած եւ արեւ։

է.- Շնչաւոր եւ կրկնուող ԹԷ՛, Ե՛Ւ, ԿԱ՛Մ շաղկապներուն ընկերացող լրացուցիչներէն ետք. օրինակ՝

Թէ՛ կը խաղար, թէ՛ կ՚ուտէր։

Կա՛մ դասդ սորվէ, կա՛մ կը քնանաս։

ը.- Շեշտաւոր այո՛ եւ ո՛չ բառերէն ետք. օրինակ՝

Այո՛, պիտի խաղամ։

Ո՛չ, ներկայ պիտի չըլլամ։

թ.- -ՈՐ- յարաբերական դերանունէն եւ -ԹԷ- շաղկապէն առաջ, երբ ասոնք միջանկեալ կամ երկրորդական նախադասութեան մը հետ գործածուած են. օրինակ՝

Պէտք է գիտակցինք, թէ եկեղեցին ու դպրոցը, ազգապահպանման ամուր հիմերն են։

Կրնայ պատահիլ նաեւ, որ մակբայ մը պարագայական խնդիր առնէ։

ժ.- Նամակի մը սկզբնաւորութեան դրուած մեծարանքը եւ քաղաքավարական խօսքերէն ետք. օրինակ՝

Մեծայարգ Տիրա, Գերաշնորհ Տէր, Նորին Վեհափառութիւն, եւլն.…։

ժա.- Ստորակէտ դրէ՛ք ուր որ անհը-րաժեշտ է։

3.- ՄԻՋԱԿԷՏ-ը (.) կը կենայ ստորակէտին եւ վերջակէտին միջեւ։ կը գործածուի հետեւեալ պարագաներուն։

ա.- Կրճատուած բառերուն քով. օրինակ՝

Յ. Պարոնեան, Պր. Գէորգ, Ս. Սարգիս։

Կրճատումի կ՚ենթարկուին մեծ մասամբ ածականները եւ երբեմն գոյականները։ Պէտք է գիտնալ, որ կրճատումի որոշ կանոններ կան։ Անձանուն մը, երբ ընկերացած է մականունի մը, կարելի է կրճատել այլապէս՝ ոչ. օրինակ՝

Պ. Դուրեան քնարերգակ բանասեղծ մըն է։

Բառերը կարելի չէ քմահաճօրէն կրճատել, կան ընդունուած ձեւեր եւ անոնց պէտք է հետեւիլ. օրինակ՝

Ազգային-ը կը կրճատուի հետեւեալ ձեւով.- Ազգ., քահանան՝ քհնյ., վարժարանը՝ վրժ.։

բ.- Ուրիշի մը ուղղակի մէջբերուած խօսքէն առաջ. օրինակ՝

Սոկրատի նշանաբանն էր. «Ծան՛իր զքեզ»։

Երբ մէջբերումը անուղղակի է, միջակէտը կը փոխարինուի -ԹԷ- շաղկապով կամ -ՈՐ- յարաբերական դերանունով…»։

- Յաջորդով պիտի շարունակուի։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 3, 2021, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Յունուար 14, 2021