ԱԶԱՏ ՉԷ՛ ՄԱՄՈՒԼԸ

Մեր թուականէն 115 տարիներ առաջ՝ 1908 թուականին վերացաւ գրաքննութիւնը եւ մարդիկ գրական գետնի վրայ որոշ անկախութիւն մը ունենալ կարծեցին եւ սկսան այդ թուականը յիշել՝ որպէս «Մամուլի ազատութեան տարի», սակայն իրական գետնի վրայ այդ բոլորը լոկ վերացական համոզումներ էին, իրականութենէ կտրուած: Գրաքննութեան վերացումը նմանած է բոլոր այն օրէնքներուն, որոնք ստուգապէս կան, սակայն գործնականին մէջ կը շարունակեն անշնչացած մնալ:

Այդ ժամանակներուն ժողովուրդն ու պետութիւնը իրարու կապողը միայն ու միայն մամուլն էր։ Այդ իսկ պատճառով թէ՛ ժողովուրդին եւ թէ՛ պետութեան ուշադրութիւնը լաւապէս կենդրոնացած էր մամուլին վրայ։ Այդ է պատճառը որ թերթերուն գլուխը «քաղաքական օրաթերթ» կը գրուէր: Նկատի ունենալով, որ հասարակութիւնը երեւոյթներու եւ որոշումներու հանդէպ կարծիք պիտի կազմէ թերթի միջոցաւ՝ պետութեան կողմէ խիստ քննութեան կ՚ենթարկուէր, որովհետեւ սխալ արտայայտութիւն մը, սուտ լրատուական մը, հակառակ այսօրուան, կրնար քաղաքական եւ ժողովրդական իրարանցում մը ստեղծել շրջանին մէջ: Այդ իսկ պատճառով նոյնիսկ մէկ նախադասութեան համար կրնար պատիժի արժանանալ եւ նոյնի՛սկ փակուիլ տասնեակ տարիներու կեանք ունեցող թերթ մը: Սակայն պետութեան կողմէ սահմանուած պատիժները չէին սահմանափակուեր այդքանով։ Յանկարծ յօդուածի մը համար կ՚արգիլուէր թերթի մը վաճառքը 4-5 ամիսով՝ ինչ որ անհրաժեշտ է անոր շարունակականութիւնը ապահովելու համար։ Շատ անգամ կ՚արգիլուէր որոշ ժամանակով յայտարարութիւններ եւ ծանուցումներ վերցնել։ Նման տարբեր տարբեր պատիժներու, անշուշտ, ամենէն ահաւորն ու սարսափելին ձերբակալութիւններն էին, որոնք օրէնքի ոչ մէկ արդարացում ունէին: Պետութիւնը իրաւունք ունէր առանց դատ-դատաստանի խստագոյնս պատժել գրող մը՝ իր մէկ արտայայտութեան կամ յօդուածին համար եւ վստահ կրնաք ըլլալ, որ բազմաթիւ հայ գրողներ ալ «վայելած» են այդ դժբախտութիւնները: Այդ պատիժներն ու խուզարկութիւնները յաճախակի էին։

Կը կարդանք Վահան Մալէզեանի վկայութիւնները. «Երբ սրտատրոփ տուն հասանք, սեմին վրայ գտայ շլմորած քոյրերս, որ արցունքոտ աչքերով պատմեցին խուզարկութեան բոլոր դրուագները: Հրդեհէ ազատուած տան մը կերպարանքը ունէին խառն շտկուած սենեակները: Զգացի սեղմում մը որ շունչս կը բռնէր, քանզի ո՛չ ոք ինծի պէս կրնար չափել վտանգին մեծութիւնը: «Կորսուած ենք» բացագանչեցի, գլուխս երկու ձեռքերուս մէջ առնելով, որպէսզի չտեսնեմ այն անհուն կսկիծը, որ պիտի ամպոտէր քոյրերուս գգուանոյշ աչուըները»:

Մալէզեան նաեւ չ՚ազատիր բանտարկութենէ եւ ուրիշ բազմաթի՜ւ գրողներու նման գաղթի ճամբան կը բռնէ՝ դէպի Եգիպտոս, ուր կ՚անցընէ իր գործունէութեան երկրորդ մասը:

Մամուլի, մտաւորականութեան եւ խօսքի ազատութեան դէմ ատելութիւնը կ՚ապացուցանէ, որ որոշ մտայնութիւններ հոն կը տեսնեն մեծագոյն վտանգը։ Մտաւորականները գիրի մարդ ըլլալու բերումով կը նահատակուին, որովհետեւ գիր-գրականութիւնը մեծ ուժ ունի:

Այսօր ի՞նչ է վիճակը...

Ցաւ ի սիրտ, մի՛շտ ալ եղած է խօսքի ազատութեան արգելքը նոյնիսկ մեր հայկական մամուլի շրջանակէն ներս։ Այս կամ այն կուսակցութեան պատկանող մամուլի մէջ գրած ժամանակ գրողներ չեն կրցած ազատութեամբ իրենց կարծիքները յայտնել, որովհետեւ նման թերթերու պարագային նախ կուսակցութեան շահերը նկատի կ՚առնուին եւ ապա՝ խօսքի ազատութիւնը: Ցաւ ի սիրտ, աշխարհի երեսին չունինք հայկական թերթ մը, որ անկողմնակալ եւ արդարացի իր ձայնը բարձրացնէ բոլո՛ր այն երեւոյթներուն դիմաց, որոնք կը վտանգեն մեր հասարակութիւնը: Մեր մօտ միշտ ուրիշը չնեղացնելու տրամաբանութիւնը գոյութիւն ունի՝ մոռնալով, որ ուրիշը նեղացնելը հասարակութիւնը սխալ ու վտանգաւոր առաջնորդելէ շա՜տ շատ աւելի առաջնահերթ ու կարեւոր է: Քննադատէ՝ եւ արդէն կը դառնաս ատուած, որովհետեւ մարդիկ ինչ գրելուդ չէ՛ որ կը նային, այլ կը նային թէ խօսքը որո՞ւ կը վերաբերի, որովհետեւ բոլորն ալ Պապի անսխալականութեան յատկանիշը ունենալ կը կարծեն:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -142-

Տակաւին յօդուածագրութեան նոր սկսած էի երբ գրեցի քննադատական յօդուած մը։ Յաջորդ օրը նկատեցի, որ յօդուածիս մէջ տեղ տեղ տողեր դուրս գալով փոխարինուած են կախմանկէտերով:

Զարմանալի էր: Սկիզբը սխալմունք մը կարծելով փորձեցի խմբագրութենէն ստուգել. փաստօրէն դուրս ձգուած շատ մը տողեր կրնային վնասել թերթի առողջ ընթացքը: Ահաւասի՛կ, ազատ ու անկախ մամուլը այսօր՝ նման երէկին:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Յունուար 14, 2023