ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀՈԳԻՆ
«Այսօր այս գրուածը կատարուեցաւ եւ ձեր ականջները լսեցին». (ՂՈՒԿ. Դ 21)։
Աստուծոյ Հոգին Յիսուսի վրայ էր արդէն Իր աշխարհ գալու պահէն իսկ, երբ մարմնացաւ եւ մարդացաւ. յետոյ երբ բժշկեց, քարոզեց եւ հրաշագործեց եւ աւետարանեց։ Արդարեւ, խօսքը հոգի՛ է։ Եւ այդ հոգիով է, որ Ան, աղքատները, հեզերը եւ խոնարհները մխիթարեց, քանի որ Աստուած միայն կրնայ բուժել եւ մխիթարել հոգեպէս եւ մարմնապէս տառապեալները։ Ան է ամէն բարիքի սկիզբը եւ վախճանը։
Արդարեւ, Քրիստոս եկաւ հոգիով գերի դարձածները ազատելու իրենց գերութենէն եւ փրկելու զանոնք։ Անոնց խաւարը լուսաւորեց։ Հոգիով կոյրերու աչքերը բացաւ։
Իրականին՝ Յիսուսի Խաչելութեան օրը փրկութեան օրն է։ Ան՝ Նոր Լոյս բերաւ աշխարհի։ Անոնք՝ որ իրենք զիրենք լոյսի մէջ՝ լուսաւոր կը կարծէին, անդրադարձան, որ խաւարի մէջ են։
Անշուշտ, անոնք որ իրենք զիրենք լոյսի մէջ կը կարծէին, չկրցին օգտուիլ Լոյսէն, քանի որ գիտնալու եւ սորվելու ամենամեծ արգելքը՝ գիտնալ եւ սորված ըլլալ կարծելն է, եւ ուրեմն այն՝ որ խաւարը «լոյս» կը կարծէ՝ չի կրնար լուսաւորուիլ։ Բայց խաւարին ամենէն վտանգաւորը՝ մտքի եւ հոգիի խաւարն է։ Ուստի, լուսաւորուելու համար նախ պէտք է ընդունիլ խաւարը՝ անդրադառնալ խաւարին եւ յետոյ հոգեպէս պատրա՛ստ ըլլալ լուսաւորուելու հոգւով եւ մտքով։
«Յիսուս Հոգիին զօրութիւնովը Գալիլիա դարձաւ…». (ՂՈՒԿ. Դ 14)։
Ուստի, «Հոգի»ն ազդեցութիւն մըն է՝ ուժ մը անտեսանելի՝ հովի նման, որ ուրկէ՞ կու գայ, յայտնի չ՚ըլլար, միայն կարելի է զգալ անոր ազդեցութիւնը եւ իր ուժին հետեւանքները։ Հոգին իր այս յատկութեամբ կ՚ազդէ մարդուս եւ ընթացք կու տայ կեանքին։
Բայց, մարդ երբեմն չ՚անդրադառնար հոգիին եւ կը տեսնէ միայն մարմնականին, կը տեսնէ լոկ մարմնաւոր աչքով նայածները։ Եւ այս պատճառով կը զրկուի հոգիի բարիքները վայելելէ։
Իսկ Աստուծոյ Հոգին՝ որով առաջնորդուեցաւ Աստուծոյ Որդին Յիսուս, տիեզերական է եւ համասփիւռ. իւրաքանչիւր անհատի կեանքի ընթացքը կ՚որոշէ, կեանք կու տայ եւ կեանքը կը պահպանէ։
Աստուծոյ Հոգին համատարած՝ կը հանգչի մարդկային հոգիներու վրայ եւ այսպէս կը ստեղծէ հասարակաց ներուժ մը՝ որ քաջութիւն է, կարողութիւն, կեանքի աւի՛շ։
Աստուծոյ Հոգին ամէն կողմ, ամէն տեղ սփռուած եւ տարածուած է. լայնածաւալ կը տարածուի մարդոց վրայ եւ իւրաքանչիւր մարդու կը զգացնէ, թէ մինակ չէ, այլ միշտ գոյութիւն ունի «ուրիշ» մը՝ որ իր նմանն է։ Եւ այս անդրադարձումը մարդուս մէջ կը ստեղծէ հասկացողական համակրանքը՝ որ սերտ կապն է մարդկային միութեան։
Մարդիկ կը չարչարուին, կը տանջուին, կը տառապին, նեղութիւններու կ՚ենթարկուին եւ բոլորը կ՚ենթադրեն յոյսը։ Եւ յոյսն է, որ մարդս կ՚առաջնորդէ երանութեան։
Այս իմաստով, մարդ պէտք է ունենայ նպատակ մը՝ անդրադառնալու իր կոչումին, ինչ որ իր գոյութեան պատճառն է։
Ահաւասիկ, Աստուծոյ Հոգին է, որ ուղեցոյց պիտի ըլլայ մարդուս՝ հասնելու համար իր նպատակին։ Եւ դարձեալ, Աստուծոյ Հոգին է, որ մարդուս ցոյց պիտի տայ ճշմարտութիւնը՝ որ նոյն ինքն է Աստուած։ Արդարեւ, Աստուած Ինքզինք կը յայտնէ մարդու Իր Հոգիով եւ Հոգիին բարիքներով։
Ուստի, մարդ պէտք է բանայ իր սիրտը Ճշմարիտին, Լոյսին՝ որ յաճախ կը յայտնուի Հոգիի միջոցով։
Ուրեմն, հարցը անդրադառնալու խնդիր մըն է. Հոգիին՝ որ միշտ ներկա՛յ է մեր կեանքերուն մէջ։ Ընդունինք եւ պահենք Աստուծոյ ընծայած շնորհները. միշտ լուսաւորուինք եւ մխիթարուինք Յիսուս Քրիստոսի լոյսով եւ մնանք օրհնութիւններու մէջ։ Եւ այս կը պահանջէ կամք եւ փափաք՝ ազատուելու համար մտային եւ հոգեւոր խաւարէ։ Եւ անշուշտ, հաւատարիմ մնալ կոչումին եւ զգուշութեամբ անդրադառնալ Աստուծոյ Հոգիին…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 13, 2025, Իսթանպուլ