ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԻՒՆ
Ազգովին 2024 տարին շրջեցինք առանց վերջնական հաշուեյարդար մը կատարելու եւ այդ հաշուեյարդարի պակասութիւնը իրականութեան մէջ մեծ բացասական երեւոյթ մըն է մեր հասարակութենէն ներս, որ շատ մը ղեկավարներ կ՚ազատէ պատասխանատուութենէ: Միւս կողմէ, ժողովուրդի մը արդար իրաւունքն է իր ձեռքին մէջ ունենալ հաշուետուութիւն մը, որուն արդիւնքներուն հիման վրայ պիտի յաջողի իր վստահութիւնը վերանորոգել եւ կամ ամբողջութեամբ կորսնցնել, որովհետեւ մենք ազգովին վարպետ ենք մեծամեծ խօսքերով խոստումներ առաջ բերել, սակայն, ջանք ի գործ չդնել զանոնք կեանքի կոչելու համար: Գուցէ այդ է պատճառը, որ ազգ մը ամբողջ յոգնած է խոստումներ ու մեծամեծ ճառեր լսելէ՝ լաւապէս գիտնալով, որ ամենէն լաւ խոստումը անգամ դատապարտուած է որպէս խոստում մնալ:
Այս յօդուածին սկսելէ առաջ ըսենք, որ մեր հիմնական նպատակն ու դիտաւորութիւնը կազմակերպութիւն մը եւ կամ կառոյց մը քննադատել չէ. կը կարծենք լաւապէս ունինք գիտակցութիւնը կարենալ զանազանելու անձը կառոյցէն, սակայն, միւս կողմէ կը հաւատանք, որ իւրաքանչիւր խոստում պարտի ունենայ հաշուետուութիւն մը, որովհետեւ կարելի կ՚ըլլայ արդարացնել խոստացողը եւ կամ պախարակել՝ անոր ապագայ խոստումները նկատելով անիմաստ, որովհետեւ խոստումի մը քաղցրութիւնը ո՛չ թէ անոր բառերուն, այլ իրագործման մէջ կը կայանայ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը անցեալ երկու տարիներուն ընթացքին որոշում առաւ 2022 եւ 2023 տարիները նուիրել սփիւռքին։ Հասկնալու համար կը կարդանք մէկ տարի առաջ՝ 1 յունուար 2024 թուակիր Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի կոնդակ-պատգամը. «Ինչպէս գիտէք, 2022 եւ 2023 տարիները նուիրած էինք սփիւռքին՝ 2022-ը յայտարարելով ընդհանրապէս Սփիւռքի տարի, իսկ 2023-ը՝ Սփիւռքի տարի - Ինքնաքննութենէ վերակազմակերպում». այս որոշումը արդարացի կը գտնենք, որովհետեւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի նման կը հաւատանք, որ սփիւռքի վիճակը այնքան ալ փայլուն վիճակ մը չի ներկայացներ (չէր ներկայացներ). այս մասին Նորին Սրբութիւնը իր սփիւռքի տարուան կոնդակին մէջ կը գրէ. «Հայ ժողովուրդը իր երեք թեւերով՝ Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք բազմաթիւ ու բազմազան մարտահրաւէրներ ու վտանգներ կը դիմագրաւէ. իսկ հայօրէն մաշումի ենթակայ սփիւռքը՝ աւելի՛ն։ Տեղ մը ան անորոշութեան ալիքներու մէջ կ՚օրօրուի, այլ տեղ՝ փոթորիկներու դէմ կը պայքարի. տեղ մը՝ նոր ինքնութեան փնտռտուքի մէջ է, այլ տեղ՝ տեղայնացումի արագ ընթացքին մէջ». այս մտածումներու լոյսին տակ Արամ Ա. Կաթողիկոս կը հաւատայ, որ անհրաժեշտ հրամայական մըն է սփիւռքի վերակազմակերպումն ու վերակենսաւորումը: Հայկական սփիւռքը տասնամեակներ շարունակ իր զարգացումը ապրեցաւ եւ իրաւացիօրէն այդ զարգացումը եղաւ ի շնորհիւ եկեղեցիին, ակումբներուն եւ դպրոցներուն, սակայն հակառակ այդ բոլորին կար լուրջ ու մտահոգիչ հայապահպանման հարց մը, որովհետեւ սփիւռքի գաղութներուն առաջին ներկայացուցիչներն ու վերջինները իրենց հայութեան ու հայու ինքնութեան պահպանման գծով նոյն համոզումներն ու իտէալները չունեցան: Սկզբնական շրջանին իր դրական ազդեցութիւնը ունեցան կառոյցները, սակայն, ինչպէս Արամ Ա. Կաթողիկոս կ՚ըսէ. «Այսօր, սակայն, մեր կառոյցները իրենց հմայքն ու ազդեցութիւնը կորսնցնելու եւ ժամանակավրէպ դառնալու վտանգին դիմաց կը գտնուին». եւ այս երեւոյթը շտկելու եւ հայապահպանման կարեւորութիւնը շեշտելու համար գուցէ 2022 թուականը յայտարարուեցաւ «Սփիւռքի տարի». սակայն հիմա որպէս հայ ժողովուրդի զաւակներէն մէկը, լրջօրէն մտահոգ եմ այն հարցի պատասխանով, թէ հայկական սփիւռքը ի՞նչ փոփոխութիւններ ապրեցաւ 2022-էն օրս. ի՞նչ դրական աճ արձանագրուեցաւ 2022-էն ետք, որ գոյութիւն չունէր 2021 թուականին: Այս հարցերը կու տանք, որովհետեւ կ՚ուզենք հաւատալ, որ այդ տարիներու «հռչակում»ները անիմաստ ու անկարեւոր չեն. կ՚ուզենք հաւատալ, որ այդ յայտարարութիւններուն ու հռչակումներուն դրական ազդեցութիւնները տեսանելի ըլլան բոլորին համար. այլապէս ես ալ 2025 թուականը կրնամ հռչակել կորսուելու վտանգի մէջ գտնուող «Կովկասեան ընծառիւծ»ի տարի, սակայն ո՛չ մէկ բան ընել այդ ընծառիւծներուն համար:
Կը հաւատանք, որ եթէ հռչակուեցաւ «Սփիւռքի հտարի», ապա միւս տարին նոր անունով մը մկրտելէ առաջ պէտք է հինին հաշուետուութիւնը կատարել, որպէսզի նորերը շատ աւելի տարբեր իմաստ ստանան:
Հիմա մեր աչքին առջեւ ունինք «Սփիւռքի տարուան» կոնդակը. Արամ Ա. Կաթողիկոս որպէս սփիւռքի հարցերու լուծում կ՚ընդգծէ. «Մթնոլորտի պատրաստութիւնը նախապայման է։ Մեր կառոյցները, անոնց պատասխանատուները ու անդամները պատրաստ ու յանձնառու պէտք է ըլլան վերակազմակերպումի անյետաձգելի անհրաժեշտութեան»։ Մի քանի տող ետք կը կարդանք. «համայնքի կեանքին մէջ գործող կազմակերպութիւններուն ու թեմին միջեւ ներդաշնակ գործակցութիւնը, վստահաբար, պիտի նպաստէ գաղութի վերակազմակերպման». տակաւին կարելի է բազմաթիւ «ընելիք»ներու ցանկ մը մէջտեղ բերել. սակայն խօսքէն անդին կ՚ուզենք այդ բոլորը գործով փաստել ու տեսնել. 2022 թուականին սփիւռքի մէջ ո՞ր կառոյցներն ու կազմակերպութիւնները իրապէս իրարու հետ իրարու միջեւ ներդաշնակութիւն ստեղծելով համագործակցութեան գացին։ Մեր կառոյցներու գլուխները գտնուողներէն ո՞վ վերակազմակերպումի անյետաձգելի անհրաժեշտութիւնը ի գործ դրաւ իր կառոյցէն ներս եւ ուրիշը քննադատելէ առաջ առողջ քննադատութեամբ մը իր սեփական բացերը ախտորոշեց: Արամ Ա. Կաթողիկոս տակաւին 2022 թուականին կ՚ըսէր հետեւեալը. «Մեր կառոյցները սկսած են մարդուժ կորսնցնել»: Այս բոլորի կեանքի կոչուելու կապակցութեամբ 27 հոկտեմբեր 2023 թուականին կարդացինք հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը նախընթաց օր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի եկեղեցիներու թաղականութեանց, դպրաց դասերու, տիկնանց յանձնախումբերու, կիրակնօրեայ վարժարաններու եւ աղքատախնամ մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Կիլիկեան Աթոռի «Սփիւռքեան տարի» ծրագրի շրջագիծէն ներս «Ինքնաքննութենէ վերակազմակերպում» կարգախօսով կազմակերպուած հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդարանի համալիրէն ներս». բոլորս ալ գիտենք, որ այս հաւաքը Լիբանանի թեմի թաղականութեանց, դպրաց դասերուն եւ միւս ներկաներուն համար «հաճելի հաւաք» մըն էր, տարբեր բան մը չէր. փոփոխութեան եւ ուրախութեան առիթ մը՝ տեսնելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Եթէ ղեկավար ըլլայիր հայ սփիւռքը փրկելու համար, ի՞նչ կ՚ընէիր:
Պատասխան. Որպէս հայկական սփիւռքի ղեկավար, առաջնահերթութիւնը կու տայի մշակութային ինքնութեան եւ համայնքային համախմբման խթանման։ Այս մէկը ընելու համար անհրաժեշտ է կրթական ծրագիր, որու ճամբով երիտասարդ սերունդին կարելի կ՚ըլլայ սորվեցնել հայոց լեզուն, պատմութիւնն ու աւանդութիւնները, ապահովելով հարուստ ժառանգութեան պահպանում: Բացի այդ, կը խրախուսէի հայ համայնքներու միջեւ կապ ստեղծել՝ ամրապնդելու անոնց ընկերային ու տնտեսական կապերը եւ ստեղծել համագործակցութեան եւ աջակցութեան հնարաւորութիւններ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան