ՆՈՅՆՆ ԷՐ ԵՐԷԿ… ԱՅՍՕՐ Ո՛Չ

Լիբանանահայ բանաստեղծ, արձակագիր, թատերագիր, հրապարակախօս ու մանկավարժ Մուշեղ Իշխան 1968 թուականին Լիբանանի մէջ հրատարակած «Տառապանք» աշխատութեան «Հինգ դար առաջ» բանաստեղծութեան մէջ հետեւեալ տողերը կը գրէ. «նոյնն էր երէկ, նոյնը այսօր...»: Այս տողերը գրած ժամանակ հաւանաբար ամէն բան նոյնն էր՝ ինչ որ էր երէկ, սակայն այսօր, մեր օրերուն գրեթէ ո՛չ մէկ բան նոյնն է, թէ՛ նիւթապէս եւ թէ՛ բարոյապէս:

Այսօր գրեթէ փոխուած է ամէ՛ն ինչ, մինչեւ իսկ հաւատքը, ազգասիրութիւնն ու հայրենասիրութիւնը, մարդկային ընկերային կեանքն ու ՄԱՐԴը ամբողջութեամբ: Անցեալին գոյութիւն ունեցող ինքնութեան սահմանները չե՛նք կրցած պահել եւ փշրելով զանոնք որպէս սահման ընդունած ենք օտարինը, որուն որքան ալ տիրանալ փորձենք պիտի մնայ խորթ:

Այսօր, երբ կը գրէի «Հայկական անցեալէն պատմութեան մէջ այսօր»ը յաւելեալ տեղեկութիւն քաղելու համար դիմեցի Պետոյի մասին հրատարակուած գիրքերուն ու հրապարակումներուն. հանդիպեցայ Պետոյի եղբօր՝ Գագիկ Ղեւոնդեանի մէկ հարցազրոյցին, ուր ուշադրութիւնս գրաւեց հետեւեալ տողերը.- «Պետոն երբեք չէ խօսած իր ըրածներուն մասին. աւելին, ան ընտանիքի անդամներուն խնդրած է միշտ ոչ ոքի ըսել, թէ ուր կը մեկնի: Իր շրջապատի տղոցմէ ո՛չ ոք թմբկահարած էր իր ազատամարտիկ ըլլալը». այս մէկը երէկ էր. իսկ այսօ՞ր... նոյնը չէ այսօր. բացէ՛ք համացանցը. անձնական գովազդ կատարելու համար պատերազմի մասնակցած-չմասնակցած մարդիկ զինուորական համազգեստով նկարներ կը տեղադրէ։ Համազգեստ, որ ազգասիրութիւնը գոհացնելէ աւելի անձնական փառասիրութեան գոհացում կու տայ:

Կ՚ուսումնասիրեմ անցեալի հերոսները, որոնց շնորհիւ եղաւ փառաւոր յաղթանակը։ Անոնցմէ շատեր ամուսնացած չեն, որովհետեւ համոզուած են թէ՛ ընտանիք ունենալ եւ թէ՛ հայրենիքի ազատագրման համար պայքարիլը միատեղ ճիշդ չէ, որովհետեւ կրնայ ըլլալ մէկը միւսէն աւելի սիրել: Ապրիլ՝ մեռնելու համար, սակայն մեռնիլ նպատակի համար. այս է անձնազոհութեան ու նուիրումի գաղափարը: Հայաստանի մէջ վերջին ամիսներուն հանդիպեցայ շատ երիտասարդներու, որոնք աշխատավարձով զինուորական ծառայութիւն կը կատարեն. կը կարծէ՞ք հայրենիքի պաշտպանութեան համար հոն են. ես չեմ կարծեր, որովհետեւ անգործութիւնը պատճառ դարձած է, որ մարդիկ դիմեն այդ «ծառայութեան»:

Մեր թուականէն 29 տարիներ առաջ լրագրող մը հարցազրոյց կ՚ունենայ ազատամարտիկ ու հրամանատար Մոնթէ Մելքոնեանին հետ. նախքան հարցազրոյցը հարց կու տայ, թէ «քեզ որպէս ի՞նչ ներկայացնենք»։ Համեստ ժպիտով մը Մոնթէ կը պատասխանէ «ոչ մէկ ձեւով». այս էր երէկը, իսկ այսօ՞ր. մարդիկ հոգի՛ կու տան իրենց անուան դիմաց ածականներ աւելցնելու համար. Մոնթէն կարողապէս շա՜տ նուազ մարդիկ այսօր հրապարակներու մէջ հրամանատար, փոխ-գնդապետ, ազգային հերոս ու հազար ու մէկ զինուորական այլ կոչումներով կը շրջին:

Հաւանաբար միա՛կ բանը որուն մասին կրնանք ըսել «նոյնն էր երէկ, նոյնը այսօր» կարգ մը հայերու մէջ բոյն դրած փառամոլութիւնն ու դրամասիրութիւնն է, իսկ աւելի վատը՝ Վասակի ժառանգորդ եղողներու գոյութիւնը։ Անցնող շաբթուան ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնները ձերբակալեցին 19 «հայ»եր, որոնք պատերազմի ընթացքին աննշմար գումարի փոխարէն տեղեկութիւններ փոխանցած են թշնամիին. երէկ ալ գոյութիւն ունէին անոնք, այսօր ալ կան եւ հեռու չէ նաեւ, որ վաղը եւս գոյութիւն ունենան: Յարութիւն Մկրտիչեան, Արթուր Յասեան եւ բազմաթիւ ուրիշներ մեր պատմութեան մէջ կը մնան ու յաւիտեան կը յիշուին որպէս դաւաճան. այսօր անոնց խումբին մաս կը կազմեն 19 նորեր, որոնց դաւաճանութեան պատճառով ո՜վ գիտէ ինչքան երիտասարդներ զոհուեցան: Հետեւեցէ՛ք անոնց հարցաքննութիւններուն. երանի՜ ստացած գումարնին մեծ արժէք ներկայացնէ... 200-300 ամերիկեան տոլարի դիմաց դաւաճանած են իրենց ազգութեան:

Այն ամէնը որ երէկ կար ու այսօր պէտք է մեզի չենք կրցած պահել ու այ՛ն ամէնը որ երէկ կար ու այսօր ալ կայ՝ վնաս է մեր ինքնութեան ու հայրենասիրութեան:

Տարիներ առաջ այսօր Պետօ եւ բազմաթիւ ուրիշներ մտահոգուած էին ազգով, իրենց վիրաւոր բարեկամի վիճակով. մտահոգուած էին, թէ ինչպէս կարելի է հայրենիքի անկախութիւնն ու հզօրացումը ապահովել. իսկ այսօ՞ր... այդ բոլորը ժամանակավրէպ նկատելով «սիրային տօն»ը նշելու անյետաձգելի գործով զբաղուած ենք, որովհետեւ հայրենիքը կրնայ սպասել, իսկ սէրը՝ ոչ:

Յաճախ մարդիկ կ՚արտայայտուին, թէ անցեալը պէտք է մոռնալ. անցեալի սխալներուն հիման վրայ պէտք է կերտել ապագան, սակայն երբ նժարի վրայ դնենք անցեալի սխալները շա՜տ աւելի են՝ քան անցեալինը եւ վստահաբար ա՛յդ է պատճառը, որ անցեալին յաղթանակ իսկ ներկայիս պարտութիւն ունեցանք:

Տայ Աստուած, որ գայ ա՛յն օրը, որպէսզի գիտնանք ու զանազանենք, թէ ի՛նչ բանը պէտք է փոխանցել ապագայ սերունդներուն եւ ինչ բանը ոչ. երանի՜ կ՚ըսեմ յաճախ, որ կարենանք ըսել «նոյնն էր երէկ, նոյնն է այսօր», որովհետեւ կ՚ուզեմ տեսնել այն երէկը, ուր հայերէնը այսքան աղաւաղուած չէր, ուր հայը այսքան օտարացած ու կորսուած չէր:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՊԵՏՕ
(1964-1990)

Մեր թուականէն 28 տարիներ առաջ՝ 14 փետրուար 1994-ին, նահատակուած է ազատամարտիկ եւ Արցախի հերոս Պետոն (բուն անունով Պետրոս Ղեւոնդեան):

Պետօ ծնած է 30 յունուար 1964-ին, Կոտայքի մարզի Պռոշեան գիւղին մէջ: Երիտասարդ տարիքէն եղած է Շուշիի գումարտակի հրամանատարի տեղակալ եւ Պռոշեանի կամաւորական ջոկատի փոխ-հրամանատար: Պետօ 1990-1994 թուականներուն մասնակցած է Արցախի մարտերուն. մասնաւորաբար մասնակցած է Շահումեանի, Մարտակերտի, Մարտունիի եւ Հատրութի մարտերուն: Պետօ եղած է խիզախ ու ռազմական գործողութիւններու գիտակ. ինք եւ իր ջոկատը մեծ դեր ունեցած է Քարվաճառի ազատագրման գործին մէջ:

Ազատամարտիկը մահացած է 1994-ին, Քարվաճառի մէջ։ Պատերազմական բուժօգնութիւնը մերժած է մօտենալ վիրաւոր զինուորին, որովհետեւ թշնամին ականապատած էր տարածքը եւ մահուան սարսափը պատճառ եղած էր, որ հրաժարուին։ Պետօ յանձն առած է երթալ եւ դուրս բերել վիրաւոր զինուորը եւ ականի պայթումի պատճառով նահատակուած է:

Շնորհիւ իր խիզախութեան ու նուիրումին՝ Պետօ յետմահու պարգեւատրուած է «Մարտական խաչ» եւ «Արիութեան» շքանշաններով. 2000 թուականին արժանացած է Արցախի հերոս կոչումին, ինչպէս նաեւ ստացած է «Ոսկէ արծիւ» շքանշանը:

Պետոյի անունով մինչեւ այսօր Պռոշեանի եւ Եղեգնուտի մէջ կը գործեն միջնակարգ երկու վարժարաններ։ Իր անունով կոչուած է նաեւ Քաշաթաղի Տիգրանաւան գիւղի դպրոցը: Երեւանի Պետական համալսարանին մէջ բացուած է ազատամարտիկին անունը կրող լսարան:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ 

Երկուշաբթի, Փետրուար 14, 2022