ՅԻՍՈՒՍԻ ՏԱՃԱՐ ԸՆԾԱՅՈՒՄԸ

Յիսուսի Տաճար ընծայումը՝ Տեառնընդառաջ, կը յայտնէ, թէ Ան է Տիրոջ պատկանող Անդրանիկը։ Սիմէոնի եւ Աննայի մէջէն՝ Իսրայէլի ամբողջ սպասումն է, որ ընդ առաջ կու գայ իր Փրկչին։

Բիւզանդական աւանդութիւնը «Տեառնընդառաջ» կը կոչէ այս իրադարձութիւնը։

«Իսկ երբ Մովսէսի հաստատած Օրէնքին համաձայն անոնց ծիսական մաքրութեան ժամանակը լրացաւ, Յովսէփը եւ Մարիամը մանուկը Երուսաղէմ տարին Տիրոջ ընծայելու համար, որովհետեւ Տիրոջ Օրէնքին մէջ գրուած է.- Տիրոջ պէտք է նուիրուի ամէն արու զաւակ, որ մօրը առաջին զաւակն է, ինչպէս նաեւ Տիրոջ Օրէնքին համաձայն զոհ մատուցանելու. զոյգ մը տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ։

«Այդ ժամանակ Երուսաղէմի մէջ Սիմոն անունով մարդ մը կ՚ապրէր։ Սիմոն արդար եւ աստուածավախ էր եւ Իսրայէլի փրկութեան կը սպասէր։ Սուրբ Հոգին իրեն հետ էր եւ վըս-տահեցուցած էր զինք՝ թէ Տիրոջ Օծեալը չտեսած պիտի չմեռնէր։ Արդ, Սուրբ Հոգիէն առաջնորդուած անիկա տաճար գնաց։ Երբ ծնողքը մանուկ Յիսուսը տաճար բերին, որպէսզի կատարեն այն ինչ որ Օրէնքը կը պահանջէր մանուկին համար, Սիմոն իր գիրկը առաւ փոքրիկը եւ գոհաբանելով զԱստուած, ըսելով.

«-Այժմ, ո՛վ Տէր, համաձայն քու խոստումիդ՝ ձգէ որ ծառադ խաղաղութեամբ մեռնի. որովհետեւ աչքերովս տեսայ Փրկիչը, որ ղրկեցիր բոլոր ժողովուրդներուն, որպէս լոյս՝ հեթանոսները լուսաւորելու եւ քու ժողովուրդիդ՝ Իսրայէլի փառք ըլլալու։

«Յիսուսի հայրն ու մայրը զարմանալով մտիկ կ՚ընէին այս խօսքերը, որ Սիմոն կ՚ըսէր մանուկին մասին։ Սիմոն օրհնեց զիրենք ալ, ապա մանուկին մօրը՝ Մարիամին ըսաւ.

«-Այս մանուկը Իսրայէլի ժողովուրդին շատերու անկումին եւ շատերու փրկութեան պատճառ պիտի ըլլայ։ Անիկա նաեւ հակառակութեան նշան պիտի ըլլայ եւ շատերու սիրտերուն խորհուրդները պիտի յայտնէ։ Գալով քեզի, քու ալ սիրտէդ սուր մը պիտի անցնի։

«Հոն էր նաեւ Փանուէլի աղջիկը՝ Աննա մարգարէուհին, որ Ասերի ցեղէն էր։ Աննա բաւական յառաջացած տարիք ունէր. անիկա միայն եօթը տարի ամուսնական կեանք վարած էր եւ այժմ ութսուն չորս տարեկան այրի մըն էր։ Տաճարէն չէր հեռանար, այլ գիշեր ու ցերեկ ծոմապահութեամբ եւ աղօթքով անցընելով՝ զԱստուած կը պաշտէր։ Արդ, ինք ալ նոյն ժամուն գալով՝ գոհութիւն տուաւ Տիրոջ եւ մանուկին մասին կը խօսէր բոլոր անոնց, որոնք Երուսաղէմի մէջ Փրկիչին կը սպասէին։

«Երբ Յովսէփ եւ Մարիամ Տիրոջ Օրէնքին պահանջքները կատարեցին, վերադարձան Գալիլիա, իրենց քաղաքը՝ Նազարէթ». (ՂՈՒԿ. Բ 22-39)։

Յիսուս կը ճանչցուի իբրեւ վաղուց սպասուած Մեսիան, իբր «լոյս ազգերուն» եւ «փառք Իսրայէլի», բայց նաեւ իբր «նշան հակառակութեան»։

Մարիամը խոցող նախագուշակուած սուրբ նախանշանն է Խաչին միւս միակ եւ կատարեալ ընծայումին, որ պիտի բերէ այն փրկութիւնը՝ զոր Աստուած «պատրաստած է բոլոր ժողովուրդներուն համար»։

Մինչեւ Դ. դարու վերջերը բոլոր եկեղեցիները տակաւ առ տակաւ յարեցան Ծնունդը դեկտեմբեր 25-ին տօնելու սովորութեան, բացի Հայ Եկեղեցիէն, որ չուզեց բաժնուիլ հնագոյն կանոնէն։

Աստուածայայտնութեան միւս բաղկացուցիչ տօները եւս չպահեցին իրենց նախկին դիրքը. վերջի ժամանակներուն քառասնօրեայի Տաճար Ընծայումը փոխադրուեցաւ փետրուար 14-ին։

Քառասնօրեայ Տաճառ Ընծայման յիշատակի տօնը նախապէս Աստուածայայտնութեան տօնի մէջ կը բովանդակուէր…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Փետրուար 11 2023, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Փետրուար 14, 2023