ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ՉԷ՛ ՈՒՐԱՆԱԼ
Որեւէ ճշմարտութիւն ուրանալ մեծ իմաստութիւն մը չէ, ինչպէս իմաստութիւն չէ ուրանալ Քրիստոսը։
Արդարեւ ազատախոհ, լուսամիտ, յառաջադէմ եւ գիտուն երեւնալու համար այս ուրացումը կը կատարուի յաճախ, ինչպէս Յիսուս Քրիստոսի պատմական կեանքի օրերէն մինչեւ մեր օրերը կա՛յ այդ ուրացումը։
Սիրելինե՜ր, այսօր շա՜տ բարի, շա՜տ գիտուն, շա՜տ երկիւղած քրիստոնեաներ կը գտնուին՝ որոնք Յիսուս Քրիստոսի աստուածային եւ մարդկային նկարագրին վրայ չեն խորհրդածեր, չեն աստուածաբաներ, բայց այս երբեք չէ՛ փոխած Յիսուս Քրիստոսի նկարագիրը, եւ ա՛յսօր ալ նոյնքան ճիգ, կենդանութիւն եւ ծաւալուած ու տարածուած աշխատանք կը տարուի Քրիստոսը եւ քրիստոնէութիւնը բացատրելու՝ օգտուելով դարուն գիտական-յառաջդիմական ոգիէն, ձեռք բերուած հնախօսական, բանասիրական եւ պատմական բազմատեսակ դիւրութիւններէն եւ միջոցներէն։
Նախնիներ՝ եկեղեցւոյ հայրեր, վարդապետներ իրենց շրջանի գիտութեան լոյսով առաջնորդուեցան եւ կատարեցին իրենց պարտքը կատարեալ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ։ Ուստի, անոնք ունէին պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը իրենց ապագային նկատմամբ՝ որ է այսօր մեր ներկա՛ն։ Անոնք ուսուցին Աւետարանը բացատրեցին եւ լուսաբանեցին քրիստոնէութիւնը, ճառեցին, քարոզեցին ճշմարտութեան վրայ՝ Քրիստոսի վարդապետութեան վրայ…։
Եւ այսօր ալ, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, մերօրեայ ուսուցչապետներ, դասախօսներ, քարոզիչներ, վարդապետներ, նուիրուած հոգեւորականներ նոյն ոգիով, նոյն եռանդով, իրենց գիտական մեթոտով կ՚ուսումնասիրեն, կը քննեն, կը քննդատեն, կը սորվեցնեն, կը քարոզեն, եւ անկեղծօրէն պէ՛տք է խոստովանիլ՝ թէ այսօրուան միջոցներով եւ դիւրութիւններով, քրիստոնէական նախնական եւ սկզբունքային գիտելիքներ շատ աւելի տարածուած կ՚երեւին մանաւանդ մանուկներու աշխարհին մէջ քան հին ժամանակներ հասուն ու հասակաւոր հետեւողներու մէջ։ Այսպէս կը կարծուի ըլլալ…։
Միտքը, մարդկային բանականութիւնը հետաքրքիր է, կ՚ուզէ ամէն իրի եւ իրողութեան ուղն ու ծուծին թափանցել։
Միտքը կ՚ուզէ բարձրանալ, կ՚ուզէ խորանալ եւ վերջապէս կ՚ուզէ տարածուիլ։ Մարդուս բնաւորութիւնը եւ նկարագիրը ա՛յս կը պահանջէ։ Եւ այս ուղղութեամբ կրօնքի կալուածին վրայ եւս հսկայ եղած է յառաջդիմութիւնը, եւ այսօր ամենէն յառաջադէմ, ամենէն ազատական, ամենէն լուսամիտ եւ մէկ խօսքով՝ դրական մտքի տէր մարդոց համար իսկ հաճելի է Յիսուս Քրիստոս եւ իր Աւետարանը։
Արդարեւ մարդկային բարքերուն կրօնականացումը, կամ ըսենք՝ հոգեւորացումը մեծ չափով կը ջատագովուի երջանիկ կեանքի մը ապահովութեան, գոյապահպանման եւ գոյատեւման համար։
Բոլոր այս ջանքերուն միա՛կ նպատակն է բազմատանջ եւ դժուարին կեանքը քաղցրացնել, ուրիշ խօսքով՝ երջանկութեան պայմանները ապահովել, եւ այսպէս Յիսուս Քրիստոսի մշտատեւ ներկայութիւնը պանծացնել քրիստոնէական ընկերութեան կամ եղբայրութեան մէջ, որպէսզի ընդունուի բարի վարձք, արժանաւոր հատուցո՛ւմ։
Ուրեմն սիրելիներ, ուրացումը իմաստութիւն չէ՛, իսկական իմաստութիւնը՝ նախ ուսումնասիրել հասկնալ, սորվիլ ճշմարտութիւնը, յետոյ բանականութեան եւ խղճին լոյսին տակ դատել եւ վերջապէս բանաւոր որոշում մը տալն է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ, 9, 2015, Իսթանպուլ