ԿՈՐՍՈՒԱԾ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐ

Մարդ­կա­յին կեան­քին մէջ ա­մէն կո­րուստ ցաւ ու վիշտ կը պատ­ճա­ռէ։ Կո­րուս­տը հիաս­թա­փու­թեան պատ­ճառ կը դառ­նայ, ո­րուն պատ­ճա­ռաւ ցա­ւով կը տա­ռա­պի եւ կը տան­ջուի մարդ «կորսն­ցու­ցած» ըլ­լա­լուն հա­մար։

Եւ մարդ կը ցա­ւի այն կո­րուստ­նե­րուն վրայ ընդ­հան­րա­պէս, ո­րոնք չէ կրցած շա­հու վե­րա­ծել, քա­նի որ մարդ բնա­կան մղու­մով մը միշտ շա­հիլ կ՚ու­զէ։ Ուս­տի մարդ ի­րեն տրա­մադ­րուած ա­մէն ինչ կը փա­փա­քի օգ­տա­գոր­ծել, շա­հու վե­րա­ծել, ու­նե­նալ եւ ու­նե­ցա­ծը ա­ւելց­նել։ Եւ «կո­րուստ»ը ար­գելք կը հան­դի­սա­նայ իր այս փա­փա­քին, եւ ցաւ կը զգայ մարդ։

Բայց մար­դիկ, ընդ­հան­րա­պէս, «շահ» ը­սե­լով կը հասկ­նան նիւ­թա­կան ե­կա­մուտ, հարս­տու­թիւն եւ ա­նոնք ստա­նա­լու եւ գոր­ծա­ծե­լու ի­րա­ւունք։ Սա­կայն մար­դուս կեան­քը միայն նիւթ եւ նիւ­թա­կան չէ՛, կայ նաեւ հո­գե­ւոր կեան­քը մար­դուն, ո­րուն հա­մար ալ պէտք է հոգ տա­նի շա­հե­լու, շա­հը ա­ւելց­նե­լու դի­տա­ւո­րու­թեամբ։ Ուս­տի, շա­հը պէտք է հասկ­նալ նաեւ հո­գե­ւոր եւ մտա­ւոր ար­ժէք­նե­րու ալ տի­րա­նա­լու ի­մաս­տով։ Եւ մա­նա­ւանդ որ հո­գիի եւ մտքի վե­րա­բե­րեալ կո­րուստ­ներ շատ ա­ւե­լի ցա­ւա­լի կ՚ըլ­լան, երբ մարդ անդ­րա­դառ­նայ այդ կո­րուստ­նե­րուն, կոր­սուած եւ յա­ճախ ան­դարձ ու ան­դար­մա­նե­լի՜ ար­ժէք­նե­րուն։

Բայց մարդ ընդ­հան­րա­պէս չ՚անդ­րա­դառ­նար իր հո­գե­կան ու մտա­յին կո­րուստ­նե­րուն, քա­նի որ ան իր ու­շադ­րու­թիւ­նը դար­ձու­ցած է միշտ նիւ­թա­կան աշ­խար­հի ար­ժէք­նե­րուն՝ տե­սա­նե­լի եւ շօ­շա­փե­լի գո­յու­թիւն­նե­րու։ Բա­րո­յա­կան ար­ժէք­ներ, շատ ան­գամ չեն գրա­ւեր մար­դուն ու­շադ­րու­թիւ­նը եւ կը կոր­սուին, կ՚եր­թան եւ մարդ չ՚անդ­րա­դառ­նար իր կորսն­ցու­ցա­ծին եւ ցաւ ալ չի զգար ան­շուշտ։

Պահ մը խոր­հինք սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, ո՜վ գի­տէ կեան­քի մէջ որ­քա՜ն մեծ ար­ժէք­ներ կորսն­ցու­ցած ենք, ո­րոնք չենք յի­շեր իսկ, քա­նի որ ա­նոնք նիւ­թա­կան ար­ժէք չէին ներ­կա­յա­ցու­ցած, բայց չա­րա­չար կը տան­ջուինք, կը ցա­ւինք մեր կորսն­ցու­ցած փոքր մէկ գոր­ծի­քին հա­մար, նիւ­թա­կան անն­շան ար­ժէ­քին հա­մար, որ կա­րե­լի՛ է իր տե­ղը լեց­նել, նո­րը ու­նե­նալ։ Բայց շատ ան­գամ հոգ իսկ չենք ը­ներ կոր­սուած ժա­մա­նա­կին մա­սին, կոր­սուած բա­րո­յա­կան ան­դարձ եւ ան­դար­մա­նե­լի ար­ժէք­նե­րուն նկատ­մամբ։ Մինչ­դեռ նիւ­թը, նիւ­թա­կա­նը նո­րո­գել, դար­մա­նել, վե­րա­շի­նել ա­ւե­լի դիւ­րին է եւ կա­րե­լի, քան բա­րո­յա­կան ո­րե­ւէ կո­րուստ։ Զոր օ­րի­նակ, մոռ­նա­լը կո­րո՛ւստ մըն է, մտա­յին ար­ժէք­նե­րու կո­րուստ մը, եւ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ստա­նայ մա­նա­ւանդ կեն­սա­կան գի­տե­լիք­նե­րու կա­պակ­ցու­թեամբ՝ մա­սամբ դար­մա­նե­լի, բայց կան այն­պի­սի բա­րո­յա­կան կո­րուստ­ներ ալ, ո­րոնք նո­րո­գել, վե­րա­հաս­տա­տել կա­րե­լի չ՚ըլ­լար, եւ իս­կա­կան ի­մաս­տով ցաւ ու վիշտ պատ­ճա­ռող կո­րուստ­նե­րը ա­նոնք են։ Երբ մարդ ան­տար­բեր է իր կո­րուստ­նե­րուն նկատ­մամբ, ան չու­նի պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան գի­տակ­ցու­թիւ­նը կեան­քի նկատ­մամբ, քա­նի որ կեան­քը պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն ու­նե­նալ կը պա­հան­ջէ։ Ան­տար­բե­րու­թիւ­նը կ՚ամ­լաց­նէ կեան­քը, մարդ «կը կորսնց­նէ» ա­նոր ի­մաս­տը, նպա­տա­կը, եւ «ի­մաս­տը կորսնց­նել» ա­մե­նէն ցա­ւա­լի կո­րուստ­նե­րէն մին է մարդ­կա­յին կեան­քին մէջ։

Ար­դա­րեւ, «կո­րուստ»է հե­ռու ապ­րիլ, մարդ էա­կին բաղ­ձանքն է՝ եր­ջան­կու­թեան պատ­ճա՛­ռը։

Ու­րեմն, մարդ պէտք է անդ­րա­դառ­նայ իր կո­րուստ­նե­րուն, ան­տար­բեր չգտնուի ա­մէն տե­սակ կո­րուս­տի նկատ­մամբ՝ նիւ­թա­կան թէ՛ բա­րո­յա­կան բո­լոր կո­րուստ­նե­րու հա­մար պէտք է զգաստ վա­րուի, ինք­զինք հե­ռու պա­հէ ա­մէն տե­սակ կո­րուս­տի վտանգ­նե­րէն, որ­քան որ կա­րե­լի է ան­շուշտ։

Բա­րո­յա­կան կո­րուստ­նե­րու մէջ կա­րե­ւոր տեղ մը կը գրա­ւէ «ժա­մա­նա­կի կո­րուստ»ը։ Եւ ո՜վ գի­տէ մարդ իր ամ­բողջ կեան­քին մէջ որ­քա՜ն կորսն­ցու­ցած ժա­մա­նակ­ներ ու­նե­ցած է եւ դժբախ­տա­բար չէ անդ­րա­դար­ձած իր այս կեն­սա­կան կո­րուս­տին եւ կամ ան­տար­բե­րու­թեամբ դի­մա­ւո­րած է այդ կա­րե­ւոր կո­րուս­տը, անն­շան հա­մա­րե­լով զայն։ Ու­րեմն անդ­րա­դառ­նա­լու եւ կա­րե­ւո­րու­թիւն ըն­ծա­յե­լու հարց մըն է բա­րո­յա­կան կո­րուս­տը եւ մա­նա­ւանդ ժա­մա­նա­կի կո­րուս­տը, որ վնաս­նե­րու պատ­ճառ կրնայ ըլ­լալ մար­դուս հա­մար ա­ւե­լի քան ո­րե­ւէ նիւ­թա­կան կո­րուստ, ո­րուն հա­մար մարդ ցաւ ու վիշտ կը զգայ։

Կոր­սուած ժա­մա­նակ­նե­րը մեծ կո­րուստ­ներ են մար­դուս հա­մար, ո­րոնք պատ­ճառ կ՚ըլ­լան ու­րիշ կո­րուստ­նե­րու եւ նաեւ նիւ­թա­կան կո­րուստ­նե­րու մա­նա­ւանդ։ Ին­չո՞ւ մարդ չ՚անդ­րա­դառ­նար ժա­մա­նա­կի կո­րուս­տին։

Ժա­մա­նա­կին ըն­թաց­քը, քա­նի որ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ ան­ձայն, անշ­շուկ, գրե­թէ անզ­գա­լիօ­րէն. մարդ շատ ան­գամ չի հասկ­նար, չի զգար թէ ժա­մա­նա­կը ինչ­պէս ան­ցեր է։ Եւ ո­րով­հե­տեւ ժա­մա­նա­կին ըն­թաց­քը անզ­գա­լի է մար­դուն հա­մար, ա­պա ու­րեմն ա­նոր կո­րուստն ալ անզ­գա­լի կ՚ըլ­լայ։ Ժա­մա­նա­կին ըն­թաց­քին անդ­րա­դար­ձող­ներ միայն կ՚անդ­րա­դառ­նան եւ կը զգան նաեւ ա­նոր կո­րուս­տը, եւ կը ցա­ւին այդ կա­րե­ւոր կո­րուս­տին վրայ։ Իսկ ա­նոնք որ ան­տար­բե՛ր են ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին նկատ­մամբ, ան­տար­բեր կը գտնուին նաեւ ա­նոր կո­րուս­տին վրայ, քա­նի որ ա­նոնց հա­մար ժա­մա­նա­կը ո­րե­ւէ ար­ժէք չի՛ ներ­կա­յաց­ներ՝ ան­տե­սա­նե­լի, ան­շօ­շա­փե­լի, ա­նե­րե­ւոյթ, անզ­գա­լի «բան» մըն է ա­նոնց աչ­քին։

Բայց ա­նոնք որ «հո­գիի աչք»ով կը նա­յին, ա­նոնք կը տես­նեն ժա­մա­նա­կը, ա­նոր ըն­թաց­քը եւ կը զգան ցա­ւը ա­նոր կո­րուս­տին։ Ար­դա­րեւ, ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին անդ­րա­դար­ձո­ղը ժա­մա­նա­կի շատ մեծ կո­րուստ չ՚ու­նե­նար, քա­նի որ գի­տէ ա­նոր յարգն ու ար­ժէ­քը եւ ըստ այնմ կը շար­ժի, կ՚օգ­տա­գոր­ծէ զայն, ինչ­պէս նիւ­թա­կան, մարմ­նա­կան աչ­քով դի­տող­ներ օգ­տա­գոր­ծե­լը լա՛ւ գի­տեն նիւ­թին, նիւ­թա­կա­նին եւ ա­մէն այն բա­նե­րուն՝ որ տե­սա­նե­լի են եւ շօ­շա­փե­լի՛։

Ժա­մա­նա­կի կո­րուս­տը մեծ կո­րուստ­նե­րու պատ­ճառ կ՚ըլ­լայ, եւ ա­սի­կա կ՚ա­պա­ցու­ցուի կեան­քի փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րով. ի՜նչ նիւ­թա­կան կո­րուստ­ներ պա­տա­հած են, պար­զա­պէս ժա­մա­նա­կի կո­րուս­տի պատ­ճա­ռով՝ յա­պա­ղում­նե­րով, ան­տար­բե­րու­թեամբ, ժա­մա­նա­կը պէտք ե­ղա­ծին պէս չկա­րե­նալ օգ­տա­գոր­ծե­լու պատ­ճա­ռով։

Նիւ­թա­կա­նի սե­ւե­ռուած միտ­քեր պէ՛տք է անդ­րա­դառ­նան ժա­մա­նա­կի կա­րե­ւո­րու­թեան, քա­նի որ ա­մէն ինչ կը գո­յա­նայ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին մէջ՝ թէ՛ նիւ­թա­կան եւ թէ՛ բա­րո­յա­կան եւ յի­շեն այն խօս­քը, թէ՝ «ժա­մա­նա­կը դրա՛մ է»։ Եւ ե­թէ ժա­մա­նակ ը­սուած ըն­թաց­քը գո­յու­թիւն չու­նե­նար, այ­լա­պէս կեանք չէ՛ր ըլ­լար՝ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն տե­ղի չէր ու­նե­նար, քա­նի որ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւնն ա՛լ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին տե­ղի ու­նե­ցած է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 9, 2017, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Մարտ 14, 2017