ՅՈՅՍԵՐ ԵՒ ԱԿՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Մարդ էակը միակ արարածն է, որ ունի ապագայի գաղափարը։ Ապագայի գաղափար ունենալ, կը նշանակէ ակնկալութիւններ ունենալ յառաջիկայի մասին, ծրագիրներ՝ որոնք պիտի իրականացնեն զանոնք, եւ ակնկալութիւնները պիտի ըլլան իրականութիւն, այսինքն գաղափարը, մտածումը պիտի վերածուի կեա՛նքի։ Բայց մարդուն համար չի բաւեր ապագային մասին գաղափար ունենալ, ծրագրել իր ակնկալութիւնները՝ նոյնիսկ անոնք իրականանան, միշտ անկատար պիտի մնան, միշտ թերութիւն մը պիտի զգացուի, երբ պակսի հոն բարոյական կեանքը։ Մարդ պիտի չգոհանայ իր ակնկալածին եւ ծրագրածին մասամբ իրականացումովը։

Ահաւասիկ այդ թերութիւնը կարելի պիտի ըլլայ ամբողջացնել «յոյս»ով։ Արդարեւ, եթէ ակնկալութիւնը զօրանայ յոյսով, այն ժամանակ անոր հետեւանքը կ՚ըլլայ գոհացուցիչ, գրեթէ կատարեա՛լ։ Այս իմաստով, մարդ էակը, որպէս ապագայի մասին խորհող, երբեմն ակնկալութիւններ, երբեմն մտահոգութիւններ ունեցող՝ բանականութեամբ օժտուած արարած, ունի անվերջ եւ անսահման յոյսեր։ Մարդ, քանի որ երեւակայութեան կարողութիւնը ունի եւ կրնայ մտածել ապագայի մը մասին, ուրեմն իր յոյսերն ալ սահման չունին։ Շատ բան կ՚ակնկալէ՝ որոնց մասին յոյսով կը լեցուի, բայց միայն անոնց մէկ մասը կ՚իրականանայ։

Ուստի, մարդ ունի ակնկալութիւններ՝ որոնք կը փնտռեն վերջնական հետեւանք մը, արդիւնք մը։

Անսահմա՜ն, անվերջ երջանկութիւնը, կատարելութիւնը, ամբողջ գոհացումը կը փնտռէ մարդ… եւ չի գտներ, եւ այս իսկ պատճառաւ կ՚անցնի իրեն որոշուած սահմանները շատ անգամ։ Մինչդեռ, մարդ եթէ գիտնայ իր սահմանները եւ գոհանայ այդ սահմաններով, շատ ալ հեռու պիտի չըլլայ իր երջանկութիւնը։

Արդարեւ, անսահմանը, կատարեալը եւ բացարձակը միա՛յն Աստուած է։ Ուրիշ խօսքով, ամէն ինչ, ամէն արժէք իր «բացարձակ»ը, իր «կատարեալ»ը կը գտնէ Աստուած-Ճշմարտութեան մէջ։ Այս ուղղութեամբ, քանի որ Աստուած սէր է, ապա ուրեմն սէ՛րն ալ անսահման է, կատարեալ է եւ բացարձակ։ Եւ սէրը՝ «սէ՛ր» է, երբ անիկա անկեղծ է, կատարեալ եւ անկախ ամէն անձնասիրական եւ շահասիրական զգացումէ եւ մտածումէ։

Սէրը անսահմա՛ն է եւ մարդս կ՚առաջնորդէ դէպի Աստուած։ Սէրը ամէն ակնկալութենէ անկախ է՝ իրերու եւ իրադարձութիւններու վրայ չի՛ հաստատուիր, այլ՝ անձերու հոգեւոր կեանքին վրայ։

Ուստի «անձ»ն է, որ կրնայ սիրոյ անկեղծ զգացումներով փոխադարձել «ուրիշ» անձերու, եւ անձն է, որ կրնայ իրականացնել ակնկալութիւնները։

Անձն է՝ որ ակնկալութիւնները կը զօրացնէ, կը կատարելագործէ եւ կը լրացնէ յո՛յսով։

Մարդուս խիղճը՝ որ սիրոյ անմիջական արտայայտիչն է, մարդս կ՚առաջնորդէ Աստուծոյ, քանի որ ան Աստուծոյ ձա՛յնն է մարդուն մէջ հնչող։

«Ազատ կամք»ը միա՛յն խղճի ձայնով է որ կարելի կ՚ըլլայ հակակշռել, պահել որոշ սահմաններու մէջ, քանի որ ո՛չ մէկ ազատութիւն անսահման է։ Անոր շնորհիւ է, որ մարդ կ՚անդրադառնայ, թէ չի՛ կրնար ընել այն ամէն ինչ որ կը փափաքի ընել. մարդ անոր միջոցով է, որ կրնայ զանազանել բարին եւ չարը, օգտակարը եւ վնասարարը՝ եթէ չուզէր թէ՛ իր անձին եւ թէ իր շուրջիններուն որեւէ վնաս պատճառել։ Եթէ չըլլար խիղճը, ապա ուրեմն ինչպէ՞ս պիտի ունենար ամօթի, յանցանքի, սխալի եւ այլն իրողութիւններու գիտակցութիւնը։ Ուրեմն, գոյութիւն ունի «զգացում» մը, ներքին անտեսանելի զօրութիւն մը՝ որուն պատասխանատո՛ւ է մարդ։

Եւ որեւէ զօրութիւն՝ որ կը տիրապետէ եւ ուղղութիւն ցոյց կու տայ բանաւոր էակին՝ մա՛րդուն, չի՛ կրնար անկենդան, անբան, իմացականութենէ եւ զգացումէ զուրկ իրէ մը բխիլ, այլ իմաստուն, զգացող Էակէ մը՝ որ է Աստուա՛ծ։

Արդարեւ, Աստուած ամենակարող, ամենատես եւ ամէն տեղ՝ նոյն ատեն գտնուող, կատարեալ գերագոյն այն Էակն է՝ որ աղբիւրն է սիրոյ, իմաստութեան, եւ ամէն առաքինութեան։ Ան է Արարիչը եւ Նախա-խընամը ամէն էութեան՝ կենդանի եւ անկենդան եւ ամբողջ տիեզերքի։

Կեանքի սահմաններուն մէջ միշտ Ան կա՛յ. մարդուն հետ՝ ծնունդէն մինչեւ մահ եւ յաւիտենականութեան մէ՛ջ։ Անսկիզբ եւ անվախճան Գերագոյն Էակը, անշուշտ որ առանձին չի՛ թողուր իր արարածները, մանաւա՛նդ մարդը՝ որ յատուկ տեղ մը ունի ամբողջ արարածներուն մէջ՝ Իրեն նմանութեամբ եւ Իր պատկերով ստեղծուած։

Մարդ, երբ ակնկալութիւններ կ՚ունենայ, կը հասնի սահմանի մը՝ որ իր մտադրութիւններուն ներհակ է. մահուան, որ երբեք իր ակնկալութիւններուն մաս չի կազմեր։ Մարդ կը ցաւի մահուան վրայ, քանի որ իր մէջ գոյութիւն ունի «ո՛ւժ» մը, որ սահման եւ չափ չի ճանչնար, եւ ա՛յս իսկ պատճառով «մահուան սահմանին գաղափար»ին խստիւ դէ՛մ կու գայ, չ՚ընդունիր զայն…։

Անհաւատ մէկը «բախտ» կը կոչէ այդ «ուժ»ը, իսկ հաւատացեալը՝ «Անձ»՝ որ է Աստուա՛ծ։

Երբ արհեստաւոր մը մեքենայ մը, գործիք մը կը շինէ, ուրիշ մէկը, որ մասնագէտ չէ եւ փորձառութիւնը չունի այդ մեքենային ծրագրուած եւ շինուածքին մասին, չի կըր-նար առողջ եւ կատարեալ գաղափար մը կազմել անոր մասին։ Բայց երբ տեսնէ, ուսումնասիրէ ծրագիրը, յատակագիծը՝ թէ ի՛նչպէս շինուած է այդ մեքենան եւ որոշ փորձառութիւն մը ունենայ անոր մասին, ապա կրնայ հասկնալ ծրագիրը եւ շինուածքին առանձին մասերուն նշանակութիւնը, իմաստը։

Կեանքը արժէք կը ստանայ երբ հասկցուի, թէ Աստուած է անոր ստեղծիչը, եւ թէ Աստուա՛ծ է կեդրոնն ու ծրագրողը տիեզերքին եւ կեանքին։ Այն ատեն, ահաւասիկ, կը փոխուի մարդուն գոյութեան պատճառը եւ նպատակը, եւ կեանքին ընդհանուր իմաստը։ Սա անուրանալի ճշմարտութիւն է, թէ՝ սահմանաւոր արժէքներ չե՛ն կրնար անսահման արժէք ունենալ։ Այս պատճառով, հաւատացեալը պէ՛տք է ամէն բանի մէջ, ամէն իրողութեան հանդէպ դրական դիրք մը բռնէ կեանքի մէջ։ Իսկ եթէ թերահաւատ է կամ անհաւատ, մարդ միշտ ժխտական դիրք մը կ՚ունենայ ամէն իրողութեան հանդէպ՝ վարանոտ եւ անորո՛շ։ Ուստի քրիստոնէութեան վարդապետութիւնը կրնայ պատասխանել շատ մը հարցումներու եւ գոհացում տալ հաւատացեալին՝ միշտ դրական դիրք գրաւել տալով անոր։ Մարդ, ընդհանրապէս կը տարակուսի այն հարցերուն շուրջ՝ որոնք ինքն իրմէ չէ գտած, այլ «հաղորդուած» է իրեն։ Արդարեւ, ամենաճիշդ եւ վերջնական պատասխանները ո՛չ թէ որեւէ գիրք, այլ անոր մէջ գտնուող, ապրող, գործող մարդիկը կու տան՝ որոնք հետեւած են Յիսուս Քրիստոսի, քանի որ հաւատքը ո՛չ թէ խօսքով, այլ գործով, կենդանի վկայութեա՛մբ կը հաստատուի…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 7, 2018, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Մարտ 14, 2018