ՄԱՐԴ ԻՐ ՍՐՏԻՆ ՄԷՋ Կ՚ԱՊՐԻ

«Ամէն զգուշութեամբ քու սիրտդ պահէ, քանզի կեանքի աղբիւրները անկէ են» (ԱՌԱԿ. Դ 23)։

Սուրբ Գիրքի զանազան հատուածներ կը ներկայացնեն սիրտը որպէս «ակունք»՝ ուրկէ կեանքի աղբիւրներ կը հոսին։ Արդարեւ, կեանքի ելքը սրտէ՛ն է։

Յիսուս իր ամբողջ կեանքին խարիսխը հաստատած է սիրոյ վրայ, որուն առանցքը կը կազմէ մաքուր սրտի մը բովանդակ անբծութիւնը։ Ան իր խօսքերուն ե՛ւ գործերուն, իր սիրոյն եւ աղօթքին վրայ ցոլացուցած է մաքուր եւ անկեղծ սիրտը։ Ուստի սրտի մեծութիւնը բուն իսկ Իր մեծութեան եւ իր աստուածութեանը գերազանց նշանակը եղած էր նաեւ։

Այս իմաստով, մարդու մը իսկական արժէքը գնահատելու միակ վաւերանիշը կամ ստուգանիշը պէտք է փնտռել իր սրտին մէջ, քանի որ մարդ իր սրտին մէջ է որ կ՚ապրի, եւ կ՚ապրի իր սրտին թելադրած զգացումներով՝ սէրով եւ միտումներով՝ որոնք իր կեանքին ուղեցոյցը պիտի կազմեն։

Սի՛րտն է որ ամէն բանէ առաջ մեր տեղը՝ մեր մէջ կը գործէ, մեր ընդհանուր նկարագիրը անով է որ կը կաղապարուի, կը կազմուի։ Սի՛րտն է որ կը յարատեւէ եւ մեզի ուժ եւ կորով կը ներշնչէ, մեր գերագոյն տենչանքին հասնելու համար, սիրտն է որ կը տկարանայ եւ կը յուսահատի, կը յուսալքուի. կը սիրէ եւ կ՚ատէ, կը պաշտէ եւ կը խորտակէ, կ՚աղօթէ եւ կը հայհոյէ. սի՛րտը՝ որ կը մոլորեցնէ մեզ եւ կամ ուղիղ ճամբուն՝ ճշմարտութեան՝ Յիսուսին կը տանի։

Կեանքը եւ մահը՝ սկիզբը եւ վախճանը սրտին մէջն են. ժպիտը եւ արցունքը իրմէ կը ծնին, եւ ինքն է որ ասոնցմէ մին կամ միւսը ճաշակել կու տայ մեզի։ Ահաւասիկ, այս պատճառով է որ Սաղմոսերգուն «Սուրբ սիրտ» կը խնդրէ Աստուծմէ. անոր համար է որ Յիսուս երանի՜ կու տայ անոնց որոնք «Սուրբ են սրտով» (ՄԱՏԹ. Ե 8), եւ դարձեալ, ասոր համար է որ Առակախօսը կը պատուիրէ մեզի. «Ամէն զգուշութիւնով քու սիրտդ պահէ» (ԱՌԱԿ. Դ 23), քանի որ ան գիտէ՝ թէ «Ծուռ սիրտ ունեցողները պիղծ են Աստուծոյ առջեւ» (ԱՌԱԿ. ԺԱ 20)։

Արդարեւ, կրօնքէ բոլորովին անկախ բարոյականի մը հետեւորդները իրենց ամբողջ շինուածքին անկիւնաքարը կը դաւանին «սրտի մաքրութիւն»ը՝ անբծութիւնը, այսինքն անկեղծ սիրտը։ Ուստի առանց մաքուր սրտի ո՛չ վստահութիւն կրնայ գոյութիւն ունենալ աշխարհի վրայ, եւ ո՛չ իսկ որեւէ տոկուն նկարագիր հիմնաւորել։

Խօսքին կամ դրսերեւոյթներուն կեղծիք եւ պատրանքները, խաբէութիւնները երբեք չեն կրցած հիմնական կեանք մը ապահովել իրենց ենթականերուն համար։ Առօրեայ յաջողութիւններ, ժամանակաւոր ուրախութիւններ որոնք այդ պայմաններով ձեռք բերուած են, որեւէ երաշխաւորութիւն չեն կրնար ցոյց տալ իրենց տեւականութեանը համար։

Առանց մաքուր սիրտ ունենալու, սոսկ երեւոյթներ փրկելու համար ժպտիլը, մարդուս «ներքին մարդ»ուն քայքայումն է՝ որ պիտի պատրաստէ ապահովաբար, եւ ալ անկէ վերջ Յիսուսի ակնարկած «կենդանի ջուրերու ակունք»ը մարդ իր իսկ ձեռքով ցամքեցուցած պիտի ըլլայ, եւ ատով ցամքեցուցած պիտի ըլլայ նաեւ բուն իսկ իր կեանքին աղբիւրը՝ սիրտը եւ սէրը։

Առակախօսը կը պատուիրէ մեզի. «Պահել մեր սիրտը», որովհետեւ անկէ «կեանքի աղբիւր»ներ կը հոսին, Յիսուս մեզ իրեն կը հրաւիրէ՝ «մեր որովայնէն կենդանի ջուրեր» վազցնելու համար։

Այս երկու հրաւէրներէն կամ պատուէրներէն մէկը մեր սրտին պահպանութեան կարեւորութիւնը կը շեշտէ, իսկ միւսը այդ պահպանութեան միջոցը ցոյց կու տայ մեզի։

Մարդիկ, ընդհանրապէս, սովորութիւն ունին իրենց թանկագին առարկաները պահպանելու այն բոլոր պատահականութիւններէն, որոնք կրնան վնասել անոնց արժէքին։ Ցեցերը կը կրծեն՝ կը մաշեցնեն անոնցմէ շատեր, ոմանք կ՚եղծուին բիծերէ եւ անմաքրութենէ, պղծութիւններէ, եւ գողերը կը յափշտակեն զանոնք եթէ անոնց պահպանութեան մէջ թերանանք։

Պահպանութիւնը ուրեմն ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ պատահական կորուստի դէմ ձեռք առնուելիք ապահով միջոցը։ Կորուստը կրնայ ըլլալ նիւթական, կրնայ ըլլալ նաեւ բարոյական կամ հոգեկան։

Այս ուղղութեամբ սրտի պահպանութեան մէջ թերացումը՝ բարոյական կորուստն է՝ որ պիտի առթէ մեզ։ Մեր սիրտը մեզմէ պիտի գողնան ստորին կիրքերը, պիտի խանգարեն մեր մաքուր զգացումները, պիտի պղտորեն մեր վճիտ պայծառասիրութիւնը, մեր ժառանգած անբիծ սրբութիւնը՝ ապականութիւններու, պղծութիւններու եւ չար սովորութիւններու եւ մեղքերու հետ փոխանակելով։

Ուստի մարդ պէտք է ըմբռնէ նախ՝ թէ իր հարստութիւններուն մեծագոյն՝ թանկագին մասն է «Մաքուր սիրտ»ը, քանի որ ա՛յն է Աստուծոյ առջեւ հաճելի եղածը. (ԱՌԱԿ. ԻԳ 1)։ Նախ պէտք է գնահատել «մաքուր սիրտ»ին արժէքը, եւ դժուարութիւններուն, մարդկային փոխյարաբերութիւններու մէջ նեղութիւններուն եւ անհամաձայնութիւններուն մեծագոյնը հարթած պիտի ըլլայ մարդ։

Արդարեւ, ոչ ոք կրնայ ուրանալ սակայն՝ թէ իր սրտին պահպանութիւնը նուազ դիւրին գործ մըն է իր սկզբնաւորութեանը մէջ։

Մարդ կրնայ իր լեզուին եւ իր վարմունքին սանձ մը դնել, իր նշանակելի նմաններուն հետ իր ունեցած յարաբերութիւնները կրնայ չափաւորել իր ուզած կամ իր ընտրած կերպով, կրնայ ինքզինք անջատել այն բոլոր փոխյարաբերութիւններէն՝ որոնք հաճոյք կամ ախորժ չեն պատճառեր իրեն, բայց սրտին վրայ իշխելու, զայն սանձահարելու, անոր ներքին զգացումներուն եւ զգացողութիւններուն չափ եւ սահման, կշիռ եւ զանազան արգելքներ դնելու, սահման գծելու, մէկ խօսքով զայն «Սուրբ» պահելու համար, պէտք է ամենէն տաժանելի ճիգին մատնէ ինքզինք։

Մարմինին հետ այնքա՜ն սերտ կապեր ունի սիրտը, որոնք կարելի չէ շարունակ եւ կամ միանգամընդմիշտ խորտակել։ Եւ ահա այս պատճառաւ է որ ամենէն մեծ աչալըր-ջութիւնը պէտք է ունենայ մարդ, սրտի պահպանութեան իր պարտաւորութեանը մէջ։ Վստահ պէտք է ըլլալ, թէ կամքը եւ հաստատուն մտադրութիւնը կարող պիտի ըլլան մարդուն մէջ արթնցնելու քնացող մանկութիւնը, հրեշտակային՝ անմեղ եւ միամիտ մանկութիւնը, որ տարիքի բոլոր շրջաններուն կ՚ապրի իր մէջ, եւ որ Յիսուսի կողմէ իբրեւ հաստատուն պայման դրուեցաւ Աստուծոյ թագաւորութեան մէջ կարենալ մտնելու համար. «Յիսուս մանուկ մը կանչեց եւ զայն անոնց մէջտեղը կանգնեցնելով ըսաւ.- Վստահ գիտցէք, որ եթէ չփոխուիք եւ մանուկներու պէս չըլլաք, երկինքի արքայութիւնը պիտի չմտնէք…» (ՄԱՏԹ. ԺԸ 2-3)։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 17, 2019, Իսթանպուլ

 

Հինգշաբթի, Մարտ 14, 2019