ՕՏԵԱՆԻ ԳՐԱԿԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՔԱՅԼԵՐԸ (Ա.)

ՕՏԵԱՆ՝ ՈՐՊԷՍ ԾՈՅԼ ՈՒ ԲԹԱՄԻՏ

Կասկածէ վեր է, որ Երուանդ Օտեան հայ գրականութեան մեծագոյն դէմքերէն մէկն է՝ իր «Փանջունի»ով, «Ազգային բարերար»ով, «Թաղականին կնիկ»ով եւ այլ գործերով, որոնք երկար ժամանակ իրենց յատուկ տեղը պիտի ունենան գրականութեան մէջ: Սակայն պէտք է ըսել, որ Օտեանի գրական առաջին քայլերը, իր իսկ վկայութեամբ, ձախողութեան շրջան մըն էր։ Երուանդ Օտեանը լաւապէս ճանչնալու համար պէտք է կարդալ «Իգնատ Աղա» աշխատութեան վերջին մասերը, ուր Օտեան փորձած է ինքնակենսագրական մը հրամցնել ընթերցողին. «Գրական յիշատակներ» խորագրին տակ Օտեան կը ներկայացնէ իր գրական կեանքը՝ ամենայն անկեղծութեամբ:

Կարդալով Օտեանի վկայութիւնները, պարզ ձեւով կը տեսնենք, թէ մեծանուն գրողը երբեք ալ «գրող» մը դառնալու միտք չունէր. այդ վկայութեան առաջին տողերը սկիզբ կ՚առնեն հետեւեալ խոստովանութեամբ. «Պէտք է խոստովանիմ որ ո՛չ ես եւ ո՛չ ալ իմիններս կը կարծէինք թէ օր մը գրող պիտի ըլլայի»: Այս մէկը ըսելով պէտք է հաստատենք, որ Օտեան այլ գրողներու նման պատանեկութեան տարիներէն գրելու փորձեր չէր կատարած. անոր առաջին գրութիւնը լոյս տեսած է 18-19 տարեկան հասակին, այդ իսկ պատճառով ապագայ հսկայ գրողի մը շուքը շատ հեռու էր թէ՛ իր եւ թէ իր ընտանիքի անդամներուն համար. մանաւանդ ընտանիքին համար, որովհետեւ Օտեան մանկութեան եղած էր «ծոյլ», «միամիտ» ու «բթամիտ»՝ ինչպէս ինք կը յիշէ իր «Գրական յիշատակներ»ուն մէջ:

Երուանդ Օտեանի գրող դառնալու մէջ վստահաբար մեծ դեր ունէր իր հօրեղբայրը՝ Գրիգոր Օտեան. Երուանդ Օտեան իր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը անցուցած է իր հօրեղբօր տան մէջ՝ ուր ան կ՚ապրէր իր քոյրերուն հետ միասին. ան այբուբենը սորված էր իր հօրաքոյրէն՝ Եւփիմէ Օտեանէն, որ Պոլսոյ մէջ ճանչցուած մանկավարժ մըն էր: Օտեան այդ դասապահերը կը նկարագրէ հետեւեալ ձեւով. «Այբուբենը ինծի սորվեցուցած էր հօքրիկս Եւփիմէ Օտեան: Այնչա՛փ պինդ էր գլուխս, այնչա՛փ դժուար կ՚ըմբռնէի գիրերը որ խեղճ հօրքրիկիս հոգին կ՚ելլար դաս տուած ժամանակը եւ բան մը սորվելու մասին իմ անընդունակութիւնս տեսնելով՝ երբեմն նոյնիսկ կատաղութենէն կու լար, ինչ որ չափազանց կը յուզէր զիս ու ես ալ կը սկսէի արցունք թափել»: Այդ իսկ պատճառով Երուանդ Օտեանի գրող դառնալը պարզապէս «երազ» մը կրնար ըլլալ իր ընտանիքի անդամներուն համար, որոնք սորվելու անկարողութիւնը տեսնելով «լուսթրաճի» պիտի ըլլաս կ՚ըսէին անդադար. Երուանդ Օտեան ի՛նք եւս տեղ մը հաշտուած էր «լուսթրաճի» ըլլալու գաղափարին հետ. «ի՞նչ ընեմ, լուսթրաճի կ՚ըլլամ», կ՚ըսէր երբ լսէր այդ խօսքը:

Պէտք է նկատի ունենալ, որ միայն այբուբենը ամբողջութեամբ սորվիլը Երուանդ Օտեանի հետ տեւած է մօտաւորապէս երկու տարի. «կատարեալ տանջանք մըն էր ինծի համար այբուբենի դասը», կ՚ըսէ Օտեան:

Սակայն ինչպէ՞ս եղաւ որ այբուբենը դժուարութեամբ սորվող այս պատանին դարձաւ հայ գրականութեան տիտաններէն մին՝ իր անունը անմահացնելով գրականութեան պատմութեան էջերուն մէջ. պատասխանը յստակ է. շրջապատը: Երուանդ Օտեան իր հօրեղբօր տունը կը մնար, որ մտաւորական գրող մըն էր. անոնց տունը կ՚այցելէին շատ մը գրողներ, ինչպէս օրինակ, Օտեան կը յիշէ Մինաս Չերազը, որ արդէն իսկ իր երիտասարդ տարիքին յայտնի գրող մըն էր Պոլսոյ մէջ:

Հօրեղբայրը՝ Գրիգոր Օտեան կ՚ուզէ, որպէսզի աւելի լուրջ ձեւով Օտեան հետեւի հայերէնի եւ ֆրանսերէն դասընթացքներու եւ հետեւաբար Մինաս Չերազէն կը խնդրէ, որպէսզի ուսուցիչ մը ապահովէ: Մինաս Չերազ կ՚առաջարկէ Բիւզանդ Քէչեանը։ Դժբախտաբար Բիւզանդի մասին շատ տեղեկութիւններ չի՛ կայ, սակայն բարեբախտաբար Գրիգոր Զօհրապ իր «Դիմանկարներ» աշխատութեան մէջ յիշած է զինք, որպէս մեծ գրող, անձ՝ որ իր գրութիւնները չէր ստորագրեր, սակայն ոճէն բոլորը կը գիտնային, որ Բիւզանդ Քէչեանն է գրողը: Բիւզանդ ժամանակ չ՚ունենար Օտեանի անձնական ուսուցչութիւն ընել եւ անոր փոխարէն ուսուցիչ կը դառնայ Լեւոն Հաճեան, որ կը յաջողի հայերէն կարդալ սորվեցնել Օտեանի. այս մէկը Օտեանի գրական աշխարհին համար մեծ կարեւորութիւն ունի, որովհետեւ կարդալու սէրն էր որ Օտեանը պիտի յաջողէր գրող դարձնել. Օտեան կը գրէ. «Անգամ մը որ կարդալը սորվեցայ, ընթերցանութեան բուռն փափաք մը զգացի եւ օրն ի բուն կարդալով կ՚անցընէի». պէտք է նկատի ունենալ, որ հօրեղբայրն ու հօրաքոյրը մանկավարժ ու մտաւորական ըլլալով տան մէջ ունէին մեծ գրադարան մը:

Այստեղ կ՚արժէ պահ մը մտածել, թէ ի՜նչ կարեւոր է ընթերցանութիւնը՝ որմէ հեռու է մեր այսօրուան երիտասարդութիւնը. եթէ չըլլային գիրքերը, այսօր գուցէ չըլլար նաեւ Երուանդ Օտեան մը՝ որուն անունով այսօր ունինք փողոցներ, դպրոցներ եւ հաստատութիւններ: Բթամիտ ու ծոյլ այդ պատանիին կեանքը ամբողջութեամբ կը փոխուի ընթերցանութեան ճամբով: Իր յիշատակներուն մէջ Օտեան կը յիշէ, թէ հօրեղբայրը զինք ընթրիքէն կը զրկէր՝ դասերը լաւապէս սորված չըլլալուն համար. յաճախ ժամերով կը սորվէր, սակայն կէս ժամ ետք ամբողջութեամբ մոռցած կ՚ըլլար դասերը. նման ծոյլ ու անյոյս պատանի մը յանկարծ կարդալ սորվելով կ՚այլափոխուի ու նոր ինքնութիւն մը կը ստանայ:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում.  Սխտորը առողջացնող յատկանիշներ ունի՞:

Պատասխան. Այո, սխտորը յայտնի է իր ունեցած բազմաթիւ օգուտներով. հարուստ է կենսանիւթերով եւ ունի դրական ազդեցութիւններ, ինչպէս օրինակ, ախտերու դէմ դիմադրութեան ամրապնդում, արեան ճնշման նուազեցում եւ սրտանօթային հիւանդութիւններու կանխարգելում: Սխտորը ունի նաեւ մանրէներու եւ բորբոքային հիւանդութիւնները դիմադրելու յատկութիւն, որոնք կ՚օգնեն պայքարիլ վարակներու դէմ: Հակառակ այս բոլորին, կարեւոր է սխտորի չափաւոր գործածութիւնը, որովհետեւ սխտորի շատ օգտագործումը կրնայ մարսողական անհանգստութիւն պատճառել, իսկ դեղամիջոցներ օգտագործողներու պարագային յաճախ կրնայ դեղամիջոցի ազդեցութիւնը արգիլել:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մարտ 14, 2024