ԿԵԱՆՔԻ ՋՈՒՐԻՆ ԱՂԲԻՒՐԸ
«Ով որ ծարաւ է՝ թող ինծի գայ եւ խմէ։ Ով որ ինծի կը հաւատայ, ինչպէս Սուրբ Գիրքը կ՚ըսէ.- Անոր սիրտէն կենսատու ջուրի գետեր պիտի բղխին» (ՅՈՎՀ. Է 37)։
Յայտնութեան գիրքին հեղինակը Յովհաննէս Առաքեալ, իր հրաշալի՜ տեսիլքներէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ. «Գառնուկը պիտի հովուէ զանոնք, որ կենդանի ջուրերու աղբիւրները պիտի առաջնորդէ, եւ Աստուած բոլոր արցունքները պիտի սրբէ անոնց աչքերէն» (ՅԱՅՏ. Է 17)։
Արդարեւ ասկէ աւելի յայտնօրէն բացատրուած չէր կրնար ըլլալ Յիսուսի պաշտօնը մարդկութեան զանգուածին հսկայ ամբողջութիւնները վարելու համար այն բարոյական սկզբունքներուն՝ որոնք հիմնուած, հաստատուած են «կենդանի ջուրերու աղբիւր»ը՝ մաքուր սրտին վրայ։
«Յիսուս միայն բարիին նպատակը չէ՛ր որ կը ցուցնէր իր ունկնդիրներուն, այդ նպատակին իրագործման պայմաններն ալ, միջոցներն ալ ցոյց կու տար անոնց», կ՚ըսէր Մուշեղ Ծ. Վարդապետ Սերոբեան, իր քարոզներէն մէկուն մէջ։
Ահաւասիկ, այս պարագան էր որ կ՚արժեցնէր բո՛ւն իսկ քրիստոնէական բարոյականի մխիթարող կողմը՝ անոր յարաբերական կեանքին մէջ, եւ այդ պարագան շուտով ուշադրութիւնը եւ հետաքրքրութիւնը գրաւեց այն գեղջուկ ու շինական անկեղծ միտքերուն, որոնք Սելովամի շուրջը հաւաքուած՝ քաղցր տպաւորութիւններու տակ իրարու կ՚ըսէին, թէ այս նիւթերու վրայ նախապէս ո՛չ մէկը այսպէս խօսեցաւ։ Ուստի քրիստոնէական բարոյականը զօրացած է Քրիստոսի գերագոյն անձնազոհութեան օրինակովը։ Անիկա օրէնքին հնազանդելով չէ՛ որ կը քարոզէր, ո՛րեւէ շահու ակնկալութիւն իր տեսութենէն դուրս միայն կրնար գոյութիւն ունեցած ըլլալ, երբ «Կենդանի ջուր»երու ակունքը կը բանար նիւթապաշտ զգացումներով տոգորուած հոգիներուն խորը։ «Ես ձրի պիտի տամ կենաց ջուրի աղբիւրէն», կ՚ըսէ Աստուած, ամէն անոնց՝ որոնք մաքուր սիրտ կրելու մտադրութեան մէջ չեն դեդեւիր երկիւղով, որոնք չե՛ն անհաւատիր իր փրկարար կոչումին։
Արդարեւ անոնք «Պղծութենէ՝ կռապաշտութենէ ու ստախօսութենէ» կը հրաժարին. (ՅԱՅՏ. ԻԱ 6-8)։ Քանի որ պէտք է ըսել՝ թէ երբ այս աշխարհիկ ստորին կիրքերը իրենց բովանդակ թափով մարդուս մէջ կը հաստատուին ու կը տիրապետեն, ու մարդկային սրտին ու խորհրդածութիւններուն կալուածը կը գրաւեն, ալ այն ատեն մարդ չի կրնար ինքզինք արդարութեան գաղափարին հետ հաշտեցնել, եւ արդարութեան հակառակորդը սատանորդի մըն է որ կը թիւրէ «Տիրոջ շիտակ ճամբաները» (ԳՈՐԾՔ. ԺԳ 10), եւ ո՛չ թէ Աստուծոյ Որդի, քանի որ «Ո՛վ արդարութիւն չի գործեր, Աստուծմէ չէ՛» (Ա ՅՈՎՀ. Գ 10)։
Աշխարհի մէջ ինքզինք մինակ կարծել ու զգալ, ամենէն ջլատող ու յուսահատեցնող պարագան է, որ կրնայ մարդս ամենէն գձուձ վարմունքին, ամենէն աղտոտ հաշիւներուն առաջնորդել։ Աշխարհի մէջ ինքզինք մինակ զգացող մարդուն համար միջոցները ա՛լ կը դադրին օրինաւոր ըլլալէ, եւ կիրքերու անսանձ բերումին կը հպատակեցնեն։ Ատով մարդ նոյնիսկ իր արժանիքը կը կորսնցնէ, քանի որ բոլոր երեւոյթներուն ու իրողութիւններուն մէջ իրմէ զատ ոչնչութի՛ւն միայն կը տեսնէ։
Տիեզերքի մեծ վայելչութիւնը կը դադրի իրեն համար Աստուծոյ վկան ըլլալէ, անձին յարգանքը կը պակսի, իր դիտողութիւնները կը դադրին խօսելէ, մէկ խօսքով, կը ցամքին իր սրտին «կենդանի ջուրերու աղբիւր»ները եւ կը մարի իր բարոյականութեան ծարաւը։ Մոլութիւնները զինք կը պատրաստեն, եւ հանդարտ խղճի պասուքը իր կոկորդը կը սեղմէ։ Եւ ահաւասիկ այդ կացութեան մէջ է որ Յիսուս կ՚ըսէ. «Ինծի եկէ՛ք», հրաւէր մը, զոր իրմէ առաջ ո՛չ ոք ըրած էր այնքա՜ն, փրկութեան պայման մը, զոր իրմէ առաջ ո՛չ մէկը առաջարկած էր համայն մարդկութեան։
Եւ իմ շա՜տ սիրելի բարեկամներ, Յիսուս ա՛յսօր ալ ու միշտ մեզ՝ բոլորս անխտիր, իրեն կը հրաւիրէ։ Արդարեւ Յիսուսին երթալ՝ Իրեն նմանիլ կը նշանակէ, եւ Իրեն նմանիլը «մաքուր սիրտ» ունենալով միայն կրնայ ըլլալ։ Ո՜րքան դժուարին ու ծանր է այդ պայմանը՝ սա մարդկային հաշիւներու դարուն մէջ։ «Ոսկի հորթ»ին պաշտամունքը շփոթուած է Աստուծոյ պաշտամունքին հետ, եւ շատ անգամ անգիտակցաբար, երբեմն գիտակցութեամբ անտեսուած է Աստուծոյ պաշտամունքը եւ նախընտրուած «ոսկի հորթ»ին պաշտամունքը։ Եւ սա նիւթապաշտ, աշխարհասէր օրերուն մարդիկ, բազմութեան մէջ իրենք զիրենք մինակ կը զգան, եւ դարձեալ, բարեկամ կարծուածներու մէջ՝ օտա՛ր։ Իսկ այս երեւոյթը մարդս կը ստիպէ, կը պարտադրէ «ծեփուած գերեզմաններ» երեւնալ աշխարհի հանդէպ, մինչեւ իսկ Յիսուսի հանդէպ, մարդկային պարտականութիւններուն եւ պատասխանատուութիւններուն, եւ ամէն նուիրական արժէքի եւ սրբազան կոչումի հանդէպ։
Անտարբերութեան ախտը հետզհետէ կը տարածուի, վնաս պատճառելով մարդկութեան։ Բաւակա՛ն է որ մարդ զգայ պահանջուած մաքրութեան, սրբութեան նպատակին մեծութիւնը, բաւական է որ մարդ զգայ Յիսուսի երթալու, Անոր նմանելու պահանջքը, այն ատեն, վստահաբար, մարդ կարող պիտի ըլլայ իր «ներքին մարդ»ուն գոյութեանը անդրադառնալու եւ մաքրելու, սրբացնելու զայն եւ հոգիները կենդանի Աստուծոյ տաճարներ շինելու, գիտակցելու անոր անհրաժեշտութեան։ Մարդ մինակ չէ երբեք աշխարհի վրայ, եթէ նոյնիսկ ատեն ատեն առանձնանայ, քանի որ «մինակ ըլլալ» տարբեր բան է, եւ «առանձին ըլլալ» բոլորովին տարբեր բան։ Արդարեւ ինքզինք մինակ կարծող ամէն մարդ պէ՛տք է գիտնայ, թէ իրեն հետ ապրողներ կան իր շուրջը, հետեւաբար իր սրտի մաքրութիւնը պիտի նպաստէ ո՛չ միայն իր բարոյականին, այլ եւ ուրիշներուն բարոյականին եւ երջանկութեան։
Ցաւալի՜ է գիտնալ եւ ըսել, թէ մարդկութիւնը տակաւին չէ՛ հասած այդ հասունութեան ու մտային բարձրութեան եւ չէ՛ եղած ի՛նչ որ կրնայ ըլլալ, եւ ի՛նչ որ ըլլայ բո՛ւն նպատակն է իր կեանքին։
Ուստի մարդ պէ՛տք է համոզուի, թէ իր ներսիդին «կենդանի ջուրերու ակ»ը կայ՝ Աստուծոյ արքայութիւնը եւ Հոգիին տաճա՛րը…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 9, 2016, Իսթանպուլ