ԱՇԽԱՐՀԱՄԱՏՐԱՆ ԿԻՐԱԿԻ

Յինանց 3-րդ Կիրակին կը կոչուի «Աշխարհամատրան Կիրակի» կամ «Կանաչ Կիրակի»՝ որ այս տարի կը հանդիպի 15 Ապրիլ Կիրակիի, ըստ եկեղեցական օրացոյցի։

Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեան իր «Ծիսական բառարան»ին մէջ սապէս կը ներկայացնէ «Աշխարհամատրան Կիրակի»ն, բացատրելով անոր իմաստը եւ բնոյթը.

«Աշխարհամատրան Կիրակի՝ այդ անունը կը տրուի Զատկի Գ. Կիրակիին, որ Զատկէն 15 օր ետքը, եւ Զատկին հետ 35 օրուան շարժականութիւն ունենալով՝ կրնայ հանդիպիլ Ապրիլ 5-էն մինչեւ Մայիս 9։ Աշխարհամատուռն բառը կը գործածուի իբր աշխարհաժողով բազմութեան յատկացեալ եկեղեցի, կամ լաւ եւս բոլոր աշխարհի պատկանող եկեղեցի, եւ այս անունը տրուած է Սիոնի վերնատան՝ ուր Քրիստոս վերջին զատկական ընթրիքը կատարեց եւ Հաղորդութեան խորհուրդը հաստատեց (ՄԱՐԿ. ԺԴ 15), ուր սովորութիւն ըրին հաւաքուիլ առաքեալները Քրիստոսի Համբարձումէն ետքը (ԳՈՐԾ. Ա 13), ուր եւ նոր հաւատացեալներուն հետ հաղորդութիւն եւ աղօթք կը կատարէին առանձին (ԳՈՐԾ. Բ 42)։ Ասիկա հաւանականաբար Յովհաննէս Մարկոսի տունն էր՝ ուր աղօթքի եւ ժողվ-ւէին նոր հաւատացեալները (ԳՈՐԾ. ԺԲ 12)։

«Հայոց Եկեղեցւոյն յատուկ է Եկեղեցւոյ անուամբ տօներ կատարել. ասոնց գլխաւորն է Աշխարհամատրան տօնը, այսինքն Վերնատունին քրիստոնէութեան առաջին եկեղեցին ըլլալուն յիշատակը, որ բոլոր քրիստոնեայ եկեղեցիներուն նախատիպն եղաւ եւ եկեղեցւոյ նուիրականութեան նշանակը։

«Աշխարհամատրան օրը Կանաչ Կիրակի ալ կը կոչուի»։

Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեան, «Կանաչ Կիրակի» անուան համար ալ հետեւեալը կ՚ըսէ.

«Կանաչ Կիրակի՝ այդ անունը կը տրուի Զատկի Գ. Կիրակիին՝ որ Աշխարհամատրան տօն է, բայց բնաւ եկեղեցական ծագում կամ նշանակութիւն չունի, այլ հաւանաբար ժողովրդական հանդէսէ մը առնուած է, իբր դալարից տօն եւ կանաչներով զարդարուելու պարագայ, թէեւ պատմական յիշատակներ կը պակսին այս մասին»։

Արդարեւ, Աշխարհամատրան Կիարկիի խորհուրդը այն է, թէ՝ Եկեղեցին, ըստ էութեան մէ՛կ է։

Ուստի, յինանց շրջանի այս Կիրակին եւ բոլոր կիրակիներ, ինչպէս Մեծ պահքի շըր-ջանի կիրակիները, իրարու տրամաբանական շարունակութիւններն են։

Եւ եթէ Մեծ պահքի կիրակիները հաւատացեալները կ՚առաջնորդեն ապաշխարութեան, զղջումի, այնպէս ալ Յարութենէն յետոյ յինանց շրջանի կիրակիները իրենց խորհուրդներով կը փորձեն հաւատացեալներու հաւատքը զօրացնել՝ հաստատել զանոնք հաւատքի մէջ. ա՜յն հաւատքի, որ իր հիմքը կը գտնէ Քրիստոսի Յարութեան աւետիսին մէջ. քանի որ հաստատուն հաւատքը կը կազմէ, հի՛մքը Քրիստոսի Եկեղեցիին։

«Աշխարհամատուռ» կը նշանակէ համայն քրիստոնեաներուն մատուռը։ Արդարեւ, առաքեալներու կողմէ հիմնուած առաջին եկեղեցին եղաւ Սիոնի Վերնատունը, ուր կատարուեցաւ «Վերջին ընթրիք»ը, ոտնլուայի արարողութիւնը, եւ հոն յայտնուեցաւ Քրիստոս Յարութենէն յետոյ իր աշակերտներուն՝ հաստատելով զանոնք հաւատքի մէջ։

«Կանաչ Կիրակի» ըսելով՝ նկատի կ՚առնուի Քրիստոսի արդար արիւնով սնուած եւ զօրացած՝ կանաչած եւ ծաղկած Եկեղեցին՝ որ աճեցաւ եւ հաստատուեցաւ Քրիստոսի արիւնով։

Քրիստոսի Եկեղեցին մէ՛կ է. սակայն խորհուրդով երկու մասի է բաժնուած՝ «հին»ի եւ «նոր»ի։

«Հին Եկեղեցի»ն ձեւաւորուած է դրախտի մէջ՝ Ադամի կողմէ եւ աճած է, հետզհետէ կատարելագործուած մինչեւ Քրիստոս, իսկ «Նոր Եկեղեցի»ն կառուցուած է եւ հաստատուած Գողգոթայի վրայ՝ Քրիստոսի կողէն, եւ կը շարունակէ աճիլ եւ կատարելագործուիլ մինչեւ Քրիստոսի Երկրորդ Գալուստը։ Արդարեւ, ծանօթ է, թէ Քրիստոս Ի՛նք գրաւոր ոչինչ թողուց. աւետարանները գրեցին Իր աշակերտները։ Քրիստոս ո՛չ մէկ տեսութիւն, ո՛չ մէկ գիրք թողուց, ինչպէս շատ ուրիշ ուսուցիչներ, որոնք ընդհանրապէս ներկայացած, հանդէս են եկած մարդկութեան պատմութեան որեւէ շրջանին։

Քրիստոս թողուց ընդամէնը մէկ բան՝ որ յաւիտենական է՝ Իր Եկեղեցին, որ ո՛չ միայն կառուցանեց, կազմեց որպէս շէնք, ո՛չ միայն հոգեւորականներու դասը կամ ժողովուրդն է, ծէսերը, խորհուրդները, արարողութիւնները առանձին-առանձին, այլ ամենակարեւորը եւ էականը՝ Աստուծոյ եւ մարդուն հանդիպման վա՛յրն է։

Մենք բոլորս կրնանք վկայել, թէ չենք տեսած Քրիստոսը, բայց ամէնքս ալ հանդիպած՝ դիմաւորուած ենք, քանի որ Եկեղեցին Քրիստոսի մարմի՛նն է. Եկեղեցին Քրիստոսի յայտնութիւնն է մեր կեանքին մէջ։ Քրիստոս կ՚ապրի մեր ապրումներուն մէջ։

Ուստի, իւրաքանչիւր հաւատացեալ՝ զօրացած եւ աճած հաւատքի մէջ, հոգեւոր աշխարհամատուռներ են՝ որպէս մանրակերտը Սիոնի Վերնատան։

Ուրեմն, ինչպէս Վերնատան մէջ, այնպէս ալ մեր հոգիներուն մէջ թո՛ղ ամրապնդուի, հաստատուի եւ զօրանայ խոնարհութեան յաւիտենական պատգամը եւ հաստատուի ճշմարիտ եւ անկեղծ հաղորդակցութիւնը՝ միութիւնը Քրիստոսի հետ։

«Եկեղեցի»ն Քրիստոսի հետ միանալու, Քրիստոսի ներկայութիւնը վայելելու, Քը-րիստոսի հետ՝ Քրիստոսով ապրելու վայրն է՝ Աստուծոյ Տունը՝ Աղօթքի Տունը…։

«Եւ կ՚ըսեմ ձեզի, որ եթէ ձեզմէ երկու հոգի երկրի վրայ միաբանին որեւէ խնդրանքի համար, ի՛նչ որ ալ խնդրեն՝ երկնաւոր Հայրս պիտի կատարէ ատիկա։ Որովհետեւ ուր որ երկու կամ երեք հոգի հաւաքուին իմ անունովս, ես հոն եմ՝ անոնց մէջ», կ՚ըսէ Յիսուս (ՄԱՏԹ. ԺԸ 19-20)։ Եւ քանի որ Աստուած մէ՛կ է, Աստուածորդին Յիսուս Քրիստոս մէ՛կ է, ապա ուրեմն Եկեղեցին ալ բնականաբար մէ՛կ է։ Եւ աշխարհամատուռ աղօթարանի օրինակով պէտք է լեցուի ամէն մէկուս հոգիները՝ ո՛չ թէ խտրութիւն, ո՛չ թէ բաժանում, այլ եւ մանաւանդ «միութիւն» եւ «միաբանութի՛ւն»՝ ի՛նչ որ կը ներշնչէ Աշխարհամատրան Կիրակիի խորհուրդը եւ ոգին։ Եւ երբ Յիսուս կ՚ըսէ. «Իմ տունս աղօթքի տուն է…», կը հաստատէ, թէ Եկեղեցին Իրեն հետ, Իր ներկայութեան աղօթելու վայրն է. ուր որ է Ան, հո՛ն Եկեղեցի՛ է, եւ մէ՛կ Եկեղեցի…։

Եւ ինչպէս որ Յիսուս Տաճար մտաւ եւ մաքրագործեց, ըսելով թէ ան Աստուծոյ տո՛ւնն է՝ աղօթքի տուն, ա՛յնպէս ալ Աշխարհամատրան այս Կիրակին մեզի թո՛ղ առիթ մը ըլլայ մաքրագործուելու, սրբագրուելու եւ Աստուծոյ, Սուրբ Հոգիին Տաճարը դարձնենք մեր մարմինները, մեր հոգիները եւ անդրադառնանք ճշմարտութեան, անդրադառնանք մեր կոչումին, մեր նմանութեան մեր Արարչին եւ ըստ այնմ մեր հոգիները՝ մեր անձնական տաճարները լեցնենք սիրով զանոնք՝ Քրիստոսի սիրով եւ մարդասիրութեա՛մբ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապրիլ 5, 2018, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Ապրիլ 14, 2018