ՀԱՆԴՈՒՐԺՈՂԱԿԱՆ ՈԳԻՆ
Մարդիկ, ինչպէս մարմնով եւ արտաքին տեսքով, նո՛յնպէս ալ մտքով իրարմէ տարբեր են ստեղծուած, եւ շատ բնական է որ մէկզմէկէ տարբերին թէ՛ մարմնական կազմով եւ թէ՛ խորհելու, տրամաբանելու, դատելու եւ որոշելու ուղղութեամբ։ Ասիկա բնական է բանական էակին՝ մարդուն համար, քանի որ բանականութիւնը լայն մտային հորիզոն մը կը ստեղծէ՝ ուր կը գտնուին տարբեր կարծիքներ։ Կարծիքի տարբերութիւնը բնական հետքանքն է բանականութեան։
Կարծիքի տարբերութիւնները հիմնական ազատութիւնն է մարդուն։ Ուստի, բանականութիւն, կարծիքի տարբերութիւն եւ այս մասին ազատութիւն՝ «մարդ» ըլլալու՝ բանականութեամբ օժտուած էակ ըլլալու առաջնակարգ յատկանի՛շն է։
Անհատական-ենթակայական կարծիքի ազատութիւնը յարգել եւ թոյլ տալ, որ ամէն մարդ իր կարծիքը եւ տեսակէտը պարզէ ամէն մարզի մէջ՝ քաղաքական, ազգային եւ կրօնական հարցերու մասին, այս կը պահանջէ «հանդուրժողութեան ոգի»ն. «tolerance»։
Արդարեւ, ի՜նչ դժբախտութիւն պիտի ըլլար, եթէ ամէն մարդ նոյն անկիւնէն դիտէր իրերը եւ իրողութիւնները եւ բոլորը իրարու նման խորհէին. այս միօրինակութիւնը կեանքը ձանձրանալի, մինչեւ իսկ անտանելի՛, եւ մարդկային յառաջդիմութիւնը անկարելի պիտի դարձնէր։ Եւ այսպիսի վիճակ մը ամլութիւն, անշարժութիւն եւ անաշխատութիւն պիտի ստեղծէր։
Միօրինակ կեանքը անօգուտ եւ ապարդիւն կեանք կը նշանակէ։
Ուստի հանրապետական դրութեան հիմնական սկզբունքն է «արժէք տալ անհատին», եւ պաշտպանել անոր խօսքի, խորհուրդի եւ խղճի ազատութիւնը եւ զանոնք վայելելու իրաւունքը։ Եւ այն երկիրները՝ որոնք արժէք կու տան «անհատ»ին հիմնական ազատութեան եւ սկզբնական իրաւունքներուն՝ «ազատ երկիր» կը կոչուին, քանի որ հոն ազատութիւն տրուած է անկախօրէն խորհելու, ազատօրէն եւ անվախօրէն յայտնելու իր կարծիքները ամէն խնդրոյ շուրջ։
Եւ սակայն սա ալ պէտք է յատկապէս նշուի, որ ոչ մէկ ազատութիւն անսահման է. անհատին ազատութեան սահմանը՝ ուրիշ անհատի մը ազատութիւնն է։ Ուրիշ խօսքով՝ անհատը ազատ է այնքան՝ որքան ազատ է ուրիշ անհատ մը։ Եւ ազատութեան արգելակն է մարդուս արժանապատուութիւնը։ Ո՛չ մէկ ազատութիւն թոյլ կու տայ, որ արժանապատուութիւնը վիրաւորուի մարդուն։ Եւ դարձեալ, այս իմաստով, ազատութիւնը անսահման չէ՛…։
Բռնաւորական դրութիւնը, բռնապետութիւնը, այս սահմանաւոր եւ օրինաւոր ազատութիւնն է, որ կը խլէ անհատին ձեռքէն եւ կը պարտադրէ, որ խորհի, խօսի, գրէ եւ գործէ ու պաշտէ ի՛նչպէս որ կը հրամայուի եւ կը պարտադրուի իրեն։ Ուստի բռնաւորական դրութիւնը պէտք չէ շփոթել իր սահմանը անցած ազատութեան՝ չափազանցուած ազատութեան օրինաւոր կերպով, իրաւացի միջոցներով արգելք հանդիսացող արդար միջամտութեան հետ։
Արդարեւ, պատմութիւնը կը վկայէ՝ թէ երկար պայքարներէ ետքն է, որ մարդկութիւնը կարելիութիւնը ունեցած է տիրանալու «ազատ խորհելու իրաւունք»ին եւ հիմա ազատ երկիրներու մէջ այս ազատութիւնը տիրակա՛ն է։ Իսկ այն ժողովուրդները՝ որ կը կորսնցնեն այդ ազատութեան ըմբռնումը, կը մտնեն բռնակալութեան բռնապետութեան տակ՝ ուր միտքն ալ, լեզուն ալ, գրիչն ալ «գերի» կը դառնան։
Ուրեմն, կրկնելով, օրինաւոր ազատութիւնը այն ազատութիւնն է, որ կը յարգէ իր սահմանը, այսինքն՝ ուրիշին ազատութիւնը, իրաւունքները եւ արժանապատուութիւնը։ Եւ բռնակալութիւն չէ երբեք այն միջամտութիւններ, որոնք արգե՛լք կ՚ըլլան ազատութեան ամէն տեսակ չափազանցութեան, ազատութեան միակողմանի շահագործման։
Ազատութեան իրաւունքին օրինաւոր կերպով գործածութիւնը կ՚ենթադրէ մարդկային առաքինութիւն մը՝ հանդուրժողութեան ոգին։ Հանրային կեանքի մէջ, ընդհանրապէս, «հանդուրժողութեան ոգի»ին պակասը զգալիօրէն կը տեսնուի ամէնուրեք։ Բնական է եւ միանգամայն օգտակար որ իրարմէ տարբերին մարդիկ խորհուրդով, գաղափարով եւ տեսակէտով. մարդ պէտք չէ՛ որ կուրօրէն համակերպի ուրիշներու կարծիքներուն եւ գաղափարներուն՝ ո՛չ քաղաքական, ո՛չ ազգային եւ ոչ իսկ կրօնական խնդիրներու շուրջ։
Անհատական ազատութիւնը թանկագին գանձ մըն է, զոր պահելու եւ պահպանելու է ամէն գնով, որովհետեւ «մտքի գերութիւն»ը՝ ամենավատթար գերութիւնն է, որուն մարդ կրնայ ենթարկուիլ։ Ասոր հետ մէկտեղ սակայն պէտք է մարդ լայնամիտ, ազատախոհ եւ հանդուրժող ըլլայ, եւ յարգէ ուրիշներու համոզումները՝ թոյլ տալով որ անոնք ազատօրէ՛ն արտայայտեն իրենց տեսակէտները։
Ահաւասի՛կ, այս է, որ կը կոչուի հանդուրժողութիւն։
Կան շատեր, որ թուղթի վրայ եւ կամ բեմերէն ազատութեան «փառաբանութիւն»ը կ՚ընեն շռնդալից, բայց կը զլանան կարծիքի ազատութեան իրաւունքը տալ իրենցմէ տարբեր խորհուրդներուն, համոզումներուն, եւ շատ անգամ անոնց հասցէին բուռն յարձակումներ կ՚ընեն նախատալից բառերով եւ անպատշաճ որակումներով՝ վիրաւորելով արժանապատուութիւններ։
Այս երեւոյթը, արդարեւ, ազատ եւ քաղաքակիրթ երկիրներու մէջ ապրող ազատասէրներու չի վայելեր բնաւ։
Ուստի, տարակոյս չկայ, թէ գաղափարի պայքար պէտք է մղել՝ որովհետեւ «գաղափարներու ընդհարումէն է որ լո՛յս յառաջ կու գայ»։
Անշուշտ, պէտք է նաեւ մէկզմէկու սխալները եւ թերութիւնները պատշաճ կերպով մատնանիշ ընել եւ քննադատե՛լ, որովհետեւ այդ կերպով է որ շիտակ ճամբան գտնել կարելի պիտի ըլլայ։
Ուրեմն, մարդ այս ընելու է լայնամտօրէն, ազնուօրէն եւ մանաւանդ «հանդուրժողական ոգի»ով. այլապէս կրքոտ յարձակումներ եւ թունալից, ատելութեամբ կատարուած քննադատութիւններ, ո՛չ թէ միայն «լոյս» չեն ձգեր վիճելի նիւթերու վրայ, այլ եւ ընդհակառակը սրտեր իրարմէ կը բաժնեն, ատելութեան վատ ոգիի ծնունդ կու տան եւ կնճռոտութիւններու կը մատնեն կենսական հարցեր։
Բարեկիրթ, առաքինի եւ ազնուական մարդը «գաղափարի կռիւ» մղելու ատեն վե՛ր կ՚ելլէ անձնականութենէ եւ պատշաճ, քաղաքավար եւ վայելուչ ոճով կը պարզէ եւ կ՚արտայայտէ իր տեսակէտները՝ յարգելով միանգամայն իրմէ տարբերողներու կարծիքի ազատութիւնը։
Ուստի, պէտք է մշակել մարդոց մէջ ազատական եւ հանդուրժողական ոգի։
Մարդ պէտք է գիտնայ՝ թէ ինք ո՛րքան կարեւոր է, նո՛յնքան կարեւոր է ուրիշը՝ իր նմանը, որ ի վերջոյ ցոլացումն է իր իսկ ինքնութեան։ Եւ ասիկա կ՚իրականանայ հանդուրժողութեամբ եւ համակրական հասկացողութեա՛մբ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ, 28, 2020, Իսթանպուլ