ԼՈՅՍԸ ԵՒ ԼՈՒՍԱՒՈՐՈՂԸ

Լոյսը՝ ինչ որ ամէն ինչ տեսանելի կը դարձնէ, յստակ տեսողութիւն կը պատրաստէ, ճշմարտութեան յայտնի դառնալու ամենակարեւոր եւ առաջնակարգ միջոցն է։ Լոյսը, արդարեւ, Պղատոնի յայտնի քարայրի այլաբանութեան մէջ, ուր՝ ճշմարտութիւն կարծուածները միայն ճշմարտութեան ստուերն են, կ՚ըսէ Պղատոն, ահաւասիկ լոյսն է, որ կը փարատէ այն անորոշութիւնը, եւ ճշմարտութիւնը իսկական ձեւով երեւան կու գայ։

Ուրեմն, քանի որ Աստուած Լո՛յսն է, Աստուած անհերքելիօրէն ճշմարտութի՛ւն է։

Այս ճշմարտութիւնը չընդունիլ, մերժել բանականութեան հակառա՛կ է. Աստուած Լո՛յս է ե՛ւ ճշմարտութի՛ւն։

Այս Լոյսով ի՞նչպէս կարելի է լուսաւորուիլ։

Սաղմոսերգուն մեզի կու տայ լուսաւորուելու բանալին. «Քու լոյսով լոյս պիտի տեսնենք». (ՍԱՂՄ. ԼԶ 9) եւ (ՍԱՂՄ. ԻԷ 1)։ Հաւատալ Աստուծոյ՝ կը լուսաւորեն մեր աչքերը եւ եթէ մեր աչքերը լուսաւոր է, ապա ուրեմն մենք լուսաւոր ենք։ Մարդկութեան ոխերիմ վաղեմի եւ մշտնջենաւոր թշնամին «Չար»ը՝ որ կը ներկայացուի որպէս «Սատանայ», մարդուս սիրտերը եւ միտքերը թմրեցնելու միշտ պատրաստ է եւ առիթ կը փնտռէ եւ կը կուրացնէ հոգիի աչքերը, որպէսզի անոնք չտեսնեն, խաւարի մէջ մնան եւ զրկուին ճշմարտութենէն եւ Լոյսէն։ Քանի որ հոն՝ ո՛ւր լոյս չկայ, հոն ճշմարտութիւնը անտեսանելի կ՚ըլլայ, թէեւ խաւարին մէջ ալ մնայ՝ ճշմարտութիւնը միշտ «ճշմարտութիւն» է, երբեք չի՛ փոխուիր, երբեք չի՛ կորսուիր։ Այն միայն մարմնաւոր աչքերով չի տեսնուիր, եւ մարդկային տկարութիւնը այն կը բերէ ընդհանրապէս, որ մարդ չտեսածին հաւատալու մէջ կը թերանայ, կը դժուարանայ։ Եւ այդ պատճառով է, որ ոմանք թերահաւատ են, աներեւոյթ բայց իրական Ճշմարտութեան՝ Աստուծոյ հաւատալու մէջ կը դժուարանան, եւ դարձեալ այդ իսկ պատճառով խորհուրդներ ընդհանրապէս ֆիզիքական-մարմնական ձեւերով՝ այլաբանութեան միջոցով կը ներկայացուին։

Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Քեզ պիտի ազատեմ այս ժողովուրդին ձեռքէն, ինչպէս նաեւ հեթանոսներէն, որոնց մէջ պիտի ղրկեմ քեզ, որպէսզի անոնց աչքերը բանաս, խաւարէն դէպի լոյս եւ Սատանայի իշխանութենէն դէպի Աստուած դարձնես, որպէսզի իրենց մեղքերուն թողութիւն գտնեն եւ ինծի հաւատալով՝ Աստուծոյ ժողովուրդին հետ բաժին ունենան». (ԳՈՐԾՔ. ԻԶ 17-18)։ Սա անուրանալի է, որ բոլոր մարդիկ անխտիր մեղաւոր են - որուն միակ բացառութիւնն է Յիսուս Քրիստոս որպէս կատարեալ մարդ - եւ բոլոր մարդիկ պէտք ունին խաւարէն ազատագրուելու։

«Ան (Քրիստոս) Իր փառքի Լոյսն է». (ԵԲՐ. Ա 3)։

«Աստուած Լոյս է եւ Անոր մէջ բնաւ խաւար չկայ». (Ա ՅՈՎՀ. Ա 5)։ Եւ Յիսուս ըսաւ. «Ես եմ աշխարհի Լոյսը. ետեւէս եկողը Կեանքի Լոյսը պիտի ունենայ». (ՅՈՎՀ. Ը 12, Թ 5)։

Իսկ Սաղմոսերգուն սապէս կ՚ըսէ. «Խօսքդ շաւիղներուս Լոյսն է» (ՍԱՂՄ. ՃԺԹ 105)։ Նաեւ՝ «Տէրը Աստուած է եւ լոյսը կը ցուցնէ մեզի». (ՍԱՂՄ. ՃԺԸ 27)։ Պօղոս առաքեալ կը գրէ իր նամակին մէջ. «Այս աշխարհի -աստուած-ը նկատուած Սատանան կուրցուցած է այդ անհաւատներուն միտքը, որպէսզի չըլլայ որ Աւետարանին բերած լոյսը ծագի անոնց մէջ, այսինքն՝ տեսնեն փառքը Քրիստոսի, որ անտեսանելի Աստուծոյ պատկերն է». (Բ ԿՈՐՆԹ. Դ 4)։

Աստուծոյ Լոյսը ամենազօր զէնքն է՝ ընդդէմ ամենակուլ խաւարի։ Նո՛յնն է եւ ֆիզիքական աշխարհի մէջ։ Տան մէջ մութը ոչ մէկ ֆիզիքական ուժով կարելի է տունէն դուրս հանել։ Բաւական է փոքրիկ լուցկի մը՝ ցրուելու մութը։ Իսկ մտքի եւ հոգիի խաւարը, որ իսկական մութ մըն է մարդուս համար, այն փոքրիկ լուցկին ալ չի կըր-նար լուսաւորել։ Անոր համար բաւական է Աստուծոյ Սուրբ Հոգին. Քրիստոսի Կենարար Խօսքը եւ Լոյսը կը ներգործէ՝ թափանցէ խաւար սիրտերու, ուր անմիջապէս պիտի ցրուէ խաւարը սիրտին եւ հոգիին։ Բայց պէ՛տք է անդրադառնալ սրտերու եւ հոգիներու ապականութեան, զղջալ, ապաշխարել։ Տէրը կը հրամայէ. «Ելի՛ր, լուսաւորուէ՛. Լոյսդ եկաւ…». (ԵՍ. Կ 1)։

«Եթէ խաւարի մէջ ալ բնակիմ՝ Տէրը իմ Լոյսն է». (ՄԻՔԻԱ Է 8)։ Լուսաւորուած քրիստոնեան արդէն ինքն է աշխարհի լոյսը. «Դուք էք աշխարհի լոյսը». (ՄԱՏԹ. Ե 14)։

Եւ «Լուսաւորուած Լոյսը Որդի է…». (Ա ԹԵՍ. Ե 5), (ԵՓԵՍ. Ե 8)։

Լոյսը պատրա՛ստ է մեզ լուսաւորելու…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

13 ապրիլ 2023, Իսթանպուլ 

Ուրբաթ, Ապրիլ 14, 2023