ԿԵԱՆՔԸ ԵՒ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Երբ կը խորհր­դա­ծենք Յի­սու­սի յա­րու­թեան մա­սին, պահ մը խոր­հինք նաեւ մեր իւ­րա­քան­չիւ­րին կեան­քը, ապ­րած ա­մէն մէկ օ­րը՝ նման չէ՞ Յի­սուս Քրիս­տո­սի յա­րու­թեան խոր­հուր­դին։ Ար­դա­րեւ ա­մէն օր երբ կը սկսի ա­ռա­ւօ­տուն եւ երբ կ՚արթն­նանք, մե­զի հա­մար յա­րու­թիւն մը չէ՞։ Նոր եւ նո­րո­գուած հո­գիով մը երբ կը սկսինք նոր օրուան, մենք զմեզ տար­բեր տրա­մադ­րու­թեան տակ չե՞նք զգար։

Ա­հա­ւա­սիկ, այս ե­րե­ւոյ­թը ցոյց կու տայ, թէ ա­մէն մէկս ու­նինք մեր անձ­նա­կան, մե­զի յա­տուկ յա­րու­թիւ­նը՝ որ կը նո­րո­գէ, կը բա­րե­փո­խէ մեր հո­գին։

Նա­յինք նաեւ մեր շուր­ջը, բնու­թիւ­նը ա­մէն ե­ղա­նա­կի փո­փոխ­ման յա­րու­թիւն չ՚առ­նե՞ր։ Զոր օ­րի­նակ, գար­նան ծա­ռե­րը կը սկսին ծաղ­կիլ երբ նա­խա­պէս գրե­թէ ան­կեն­դան էին, պար­զա­պէս չոր փայ­տե­րու տեսք մը ու­նէին, սա­կայն կը փո­խուին, կեն­դա­նու­թիւն կը ստա­նան։ Եւ կար­ծես «յա­րու­թիւն կ՚առ­նեն»։

­Փոր­ձենք դի­տել, եւ ե­րա­նի՜ ա­ռի­թը ու­նե­նալ տես­նե­լու դաշ­տե­րը գար­նան. ա­նոնք կը զար­դա­րուին կա­նաչ մար­գա­խո­տե­րով, գե­ղե­ցիկ ծա­ղիկ­նե­րով։ Լեռ­նե­րէն իջ­նող փոքր վտակ­ներ, ա­ռուակ­ներ կար­ծես ո­գե­ւո­րուած՝ ե­ռան­դուն կը սկսին հո­սիլ։ Հա­պա թռչուն­նե՞­րը։ Ա­նոնք ալ կը վե­րա­դառ­նան ի­րենց լքած ու հե­ռա­ցած նախ­կին բոյ­նե­րը։ Բնու­թիւ­նը կը փո­խուի գար­նան, նոր կեանք կը ստա­նայ, հո­վիտ­նե­րու մէջ շու­շան­ներ կը բա­ցուին եւ բնու­թիւ­նը ամ­բող­ջու­թեամբ կ՚արթն­նայ, կեանք կը ստա­նայ, «յա­րու­թիւն կ՚առ­նէ» մե­ռե­լու­թե­նէն, ան­շարժ ա­մէն ինչ շարժ­ման կ՚անց­նի, կը թօ­թա­փուի մա­հուան քու­նէն եւ կար­ծես կը ժպտի կեն­սա­լի ու զուա՛րթ։

Ուս­տի Յի­սուս Քրիս­տո­սի Յա­րու­թեան խոր­հուր­դը ա­նէ­նու­րեք մեզ հետ է՝ մեր կեան­քին, մեր ապ­րում­նե­րուն եւ ամ­բողջ բնու­թեան մէջ, մեր ա­մէ­նօ­րեայ կեան­քին հետ։

Յա­րու­թեան խոր­հուր­դը մար­դուս ուժ եւ կա­րո­ղու­թիւն կը ներշն­չէ՝ կեան­քի ա­մե­նադժուա­րին, յու­սալ­քուած պա­հե­րուն։ Հա­ւա­տա­ցեալ քրիս­տո­նեա­յի մը հա­մար Յի­սուս Քրիս­տո­սի Յա­րու­թեան խոր­հուր­դը ան­հա­մե­մա­տա­բար ա­ւե­լի խոր է եւ ի­մաս­տա­լից, քան կեան­քի ո­րե­ւէ ե­րե­ւոյթ, բնու­թեան ո­րե­ւէ տե­սա­րան եւ մարդ­կա­յին մտքին յղա­ցած ո­րե­ւէ գա­ղա­փար։

Քրիս­տո­սի Յա­րու­թիւ­նը իր ար­ժէ­քը կը կրկնա­պատ­կէ, քա­նի որ ան Իր օ­րի­նա­կով յայտ­նուած ու տես­նուած է որ­պէս ան­վի­ճե­լի ճշմար­տու­թի՛ւն։ Յա­րու­թիւ­նը խոր­հուրդ մը ըլ­լա­լէ շատ ա­ւե­լի՛ն է, ան ճշմար­տու­թի՛ւնն իսկ է։

Քրիս­տո­սի Յա­րու­թեան ճշմար­տու­թիւ­նը՝ քրիս­տո­նէա­կան վար­դա­պե­տու­թեան հիմ­նա­խա­րիս­խը կը հան­դի­սա­նայ։ Ուս­տի ա­ռանց յա­րու­թեան յոյ­սի, ա­ռանց ան­դէ­նա­կան կեան­քի եւ վեր­ջին դա­տաս­տա­նի վար­դա­պե­տու­թեան, քրիս­տո­նէու­թիւ­նը պի­տի չկա­րո­ղա­նայ խո­րա­պէս ար­մա­տա­ւո­րուիլ մար­դոց հո­գի­նե­րուն մէջ։ Պօ­ղոս ա­ռա­քեալ կ՚ը­սէ. «Ե­թէ Քրիս­տոս յա­րու­թիւն ա­ռած չըլ­լար, մեր ամ­բողջ քա­րո­զու­թիւ­նը եւ ձեր հա­ւատ­քը ի զուր պի­տի ըլ­լա­յին» (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԵ 14)։ Ու­րեմն հրա­շա­փառ Յա­րու­թեան ճշմար­տու­թի՛ւ­նը պէ՛տք է աստուա­ծա­յին փառ­քով լեց­նէ ա­մէն մէ­կուս հո­գին, որ­պէս­զի ապ­րինք եւ մա­նա­ւանդ վա­յե­լե­լու ար­ժա­նի ըլ­լանք այս ճշմար­տու­թիւ­նը։

Ար­դա­րեւ Աս­տու­ծոյ Որ­դին պէ՛տք էր չար­չա­րուէր, խա­չուէր բայց նաեւ պէտք էր յա­րու­թիւն առ­նէր, քա­նի որ Ա­նոր եւ բո­լոր մարդ­կու­թեան բնու­թիւ­նը ան­մա­հու­թի՛ւն է։ Ու­րեմն Յի­սու­սի յա­րու­թիւ­նը ա­նակն­կալ մը, զար­մա­նա­լի ե­րե­ւոյթ մը չէ՛, այլ ա­սոր հա­կա­ռա­կը զար­մանք պէտք էր պատ­ճա­ռէր մար­դոց, քա­նի որ մարդ կո­չուած է ան­մա­հու­թեա՛ն…։

Ի՛նչ որ գի­տենք, ինչ որ սոր­ված ենք Յի­սուս Քրիս­տո­սի մա­սին մի­թէ կը թոյ­լատ­րէ՞ մեր մտքին խոր­հիլ, խորհր­դա­ծել եւ եզ­րա­կաց­նել, եւ ը­սել. «Յի­սուս դա­տուե­ցաւ, դա­տա­պար­տուե­ցաւ, խա­չուե­ցաւ, մե­ռաւ եւ թա­ղուե­ցաւ»։ Ան­կա­րե­լի՛ է ա­սի­կա։

Այ­լա­պէս նման խօսք մը մեր քրիս­տո­սա­բա­նու­թիւ­նը հիմ­նո­վին կը քայ­քա­յէ, կը կոր­ծա­նէ։

Ա­ռա­քե­լա­կան հան­գա­նա­կը կ՚ը­սէ. «Խա­չուե­ցաւ, մե­ռաւ եւ թա­ղուե­ցաւ, եւ եր­րորդ օ­րը յա­րեաւ մե­ռել­նե­րէն…»։ Նոյ­նը կը վկա­յէ Նի­կիա­կան Հան­գա­նա­կը. «Խա­չուե­ցաւ, թաղուե­ցաւ, եւ եր­րորդ օ­րը յա­րու­թիւն ա­ռաւ»։ Ուս­տի Աս­տուա­ծոր­դին ի՛նչ­պէս որ ե­կեր էր աշ­խարհ, ա­նի­մա­նա­լի, ան­բա­ցատ­րե­լի եւ խորհր­դա­ւոր «հրաշք»ով մը, նոյն­պէս ալ դար­ձեալ խորհր­դա­ւոր եւ ա­նի­մա­նա­լի «հրաշք»ով մը, պի­տի մեկ­նէր աշ­խար­հէն։ Չէ՞ որ Յի­սու­սի Ծնուն­դը մարդ­կա­յին մտքին հա­մար դժուար հասկ­նալ ի­րո­ղու­թիւն մը ե­ղած է միշտ։ Ա­պա ու­րեմն, Ա­նոր յա­րու­թիւնն ալ կը մնայ ա­նի­մա­նա­լի ի­րո­ղու­թիւն մը, բայց ան­վի­ճե­լի ճշմար­տու­թի՛ւն։

Ա՛յս է Յի­սուս Քրիս­տո­սը՝ ծնուն­դով եւ յա­րու­թեամբ քրիս­տո­նեայ հա­ւա­տա­ցեա­լին հա­մար։

Ո՛չ պա­կաս եւ ո՛չ ա­ւե­լի…։

Մենք եր­բեք պէտ­քը եւ պա­հանջ­քը չու­նինք փաս­տել Յի­սու­սի յա­րու­թիւ­նը, այլ՝ ըն­դու­նի՛լ զայն եւ բա­ցատ­րել ըստ կա­րել­ւոյն, թէ ին­չո՞ւ հա­մար աս­տուա­ծա­յին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան եւ փրկու­թեան ընդ­հա­նուր «ծրագ­րին» մէջ անհ­րա­ժեշտ էր Յա­րու­ցեալ Քրիս­տո­սը, եւ ո՛չ թէ Մե­ռեալ, թաղուած Քրիս­տոս մը։

Յի­սուս ժա­մա­նա­կա­ւոր անձ մը չէր. Ան աշ­խարհ չե­կաւ պատ­մու­թեան մէջ հետք մը ձգե­լու, տեղ մը գրա­ւե­լու հա­մար, կամ թե­րեւս ա­ւե­լի յստակ բա­ցատ­րու­թեամբ, Յի­սուս պատ­մա­կան սոս­կա­կան դէմք մը չե­ղա՛ւ, այլ ան­ժա­մա­նակ յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թեան մէջ յա­րա­կեն­դան եւ մշտա­կեա՛ց, յա­րա­կեն­դան եւ գոր­ծօ՛ն անձ­նա­ւո­րու­թի՛ւն մը։

Կեն­դա­նի Աս­տու­ծոյն Որ­դին Ի՛նք կեն­դա­նի Աս­տուած է։ Ան­մահ, մշտա­կեա՛ց։

Ու­րեմն Աս­տուած չի՛ կրնար մեռ­նիլ եւ չի՛ կրնար թա­ղուիլ. Ան միշտ կ՚ապ­րի ո՛ւր որ ալ դրուի, ո՛ւր որ ալ գտնուի՝ խա­չի մը վրայ կամ գե­րեզ­մա­նի մէջ։

Վեր­ջա­պէս հոս յի­շենք Վ. Հիւ­կո­յի ի­մաս­տա­լից խօս­քը ան­մա­հու­թեան մա­սին՝ ուր կ՚ը­սէ.

«Եւ գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ ա­մե­նէն շատ կը զգամ ան­մա­հու­թեան ի­րա­կա­նու­թիւ­նը…»։­

Ա­յո՛, քա­նի որ մա­հէն ան­դին այ­լեւս մահ չկա՛յ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մա­յիս 9, 2015, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2015