ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏ
Սուրբ Հոգիին աստուածային գալուստը քարոզուած է բոլոր մարգարէներու կողմէ, բայց կատարելապէս անոր գալստեան մասին առաքեալներուն պատմեց Յիսուս Քրիստոս, մեր Փրկիչը, մինչ իր տնօրինական փրկարար չարչարանքները կը կրէր, որպէսզի ճանչցուի Հոգիին էութիւնը եւ անով մխիթարուին անոնք։ Իսկ երբ կը մօտենար գրաւոր Հին Օրէնքին հիննալու եւ Նոր Ուխտին հաստատուելու ժամանակը, Յիսուս ըսաւ. «Ով որ կը սիրէ զիս՝ խօսքերս կը գործադրէ, Հայրս ալ պիտի սիրէ զայն եւ ես ու Հայրս անոր պիտի գանք եւ անոր հետ բնակինք։ Եւ ով որ չի սիրեր զիս՝ խօսքերս չի գործադրեր։ Այս ըսածներս որ լսեցիք՝ իմ խօսքերս չեն, այլ խօսքերը Հօրս, որ զիս ղրկեց։ Այս բոլորը խօսեցայ ձեզի, քանի տակաւին ձեզի հետ եմ։ Բայց Մխիթարիչը՝ Սուրբ Հոգին, որ Հայրս ձեզի պիտի ղրկէ իմ անունովս, անիկա ձեզի ամէն ինչ պիտի սորվեցնէ եւ յիշեցնէ ի՛նչ որ ես ձեզի ըսի» (ՅՈՎՀ. ԺԴ 23-26)։
Յիսուս այս ըսելէ առաջ խոստացած էր Հօրմէն խնդրել՝ որ Մխիթարիչ մը ղրկէ. «Եթէ կը սիրէք զիս՝ պիտի գործադրէք իմ պատուիրաններս։ Եւ ես Հօրս պիտի աղաչեմ՝ որ ուրիշ Մխիթարիչ մը տայ ձեզի, որպէսզի յաւիտենական կերպով, յաւիտեան ձեզի հետ ըլլայ։ Անիկա Սուրբ Հոգին է, որ ճշմարտութիւնը կը յայտնէ» (ՅՈՎՀ. ԺԴ 15-17)։
Յիսուս, այս խօսքերով կը յայտնէ, թէ Սուրբ Հոգին Հօրմէն պիտի գար։ Յիսուս ըսաւ. «Ձեզի համար լա՛ւ է որ ես երթամ, քանի որ եթէ չերթամ՝ Մխիթարիչը պիտի չգայ ձեզի. իսկ եթէ ես երթամ՝ զայն պիտի ղրկեմ ձեզի» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 7-8)։ Եւ յարութենէն յետոյ, Որդին փչելով նախաճառեց Սուրբ Հոգիի մասին՝ ըսելով. «Առէ՛ք Սուրբ Հոգին…» (ՅՈՎՀ. Ի 22)։
Իսկ համբարձումէն առաջ պատուիրեց նստիլ Երուսաղէմի մէջ՝ մինչեւ երկինքէն զօրութիւն ստանալը։
Յիսուս իր հրաշափառ Յարութենէն քառասուն օր վերջ համբարձաւ եւ ինն օր հրեշտակներու ինը դասերուն մէջ պաշտուելէ յետոյ տասներորդ օրը նստաւ Հօր աջ կողմը եւ առաքեալներու դասին վրայ ուղարկեց խոստացած «Պարգեւ»ը՝ Սուրբ Հոգին, որպէսզի առաքեալները, Սուրբ Հոգիի կարօտով եւ զգուշութեամբ ընդունելով, անով առաջնորդուին դէպի Աւետեաց երկիր, ինչպէս կ՚ըսէ Սաղմոսերգուն Դաւիթ.
«Քու բարի Հոգին զիս պիտի առաջնորդէ դէպի արդար երկիր» (ՍԱՂՄ. ՃԽԲ 10)։
Թէպէտեւ առաքեալները տիեզերքի Փրկիչէն ստացան Քահանայապետութիւնը, սակայն առանց Սուրբ Հոգիի ընդունելութեան տակաւին անկատար էին, չնայած այն նշանները, որ անոնք կը գործէին, քանի դեռ իրենց հետ էր Քրիսոտս, առանց Սուրբ Հոգիի չէին ըլլար։ Առաքեալները ա՛յսօր կատարելապէս ընդունեցին Սուրբ Հոգին. ո՛չ թէ ազդմամբ, ինչպէս մարգարէները, այլ անբաժանելիօրէ՛ն անոնց միացաւ։ Սուրբ Հոգին չեկաւ ծածուկ եւ աներեւոյթ, այլ իբրեւ «սաստիկ հով» եւ լեցուց բոլորը։
Սուրբ Հոգին իր էջքով նոր սքանչելիք գործեց՝ կեանքի հոտ եւ անմահութեան բոյր հոսեցնելով, թափելով Երուսաղէմի վրայ եւ լիացնելով քաղաքը։ Եւ առաքեալներու միջոցով Սուրբ Հոգիի անուշահոտութիւնը տարածուեցաւ ամբողջ տիեզերքի մէջ, ինչպէս եւ Պօղոս Առաքեալ կ՚ըսէ. «Փրկութեան ճամբուն վրայ գտնուողներուն մէջ ապրինք, թէ՝ կորուստի ճամբուն մէջ գտնուողներուն, մեր կեանքը Քրիստոսի ձեռքով Աստուծոյ ընծայուած անուշահոտ խունկի պէս իրենց բոյրը կը տարածեն» (Բ ԿՈՐՆԹ. Բ 15)։
Հոգեգալուստի տօնը լրումն է տէրունական տօներու։
Ինչպէս տնօրինութեան սկիզբին Սուրբ Հոգին եկաւ Կոյս Մարիամի մօտ, այդպէս ալ այսօր Սուրբ Հոգին եկաւ Վերնատուն եւ հուրով զինեց առաքեալները։ Ուստի այս տօնը ազատարար է եւ պարգեւիչ, քանի որ մեզ ազատեց ապականութեան ծառայութենէն եւ վերադարձուց մեր հայրենի ժառանգութիւնը՝ Դրա՛խտը։ Արդարեւ Սուրբ Հոգիի գալուստը կը տօնենք ութ օր շարունակ, սակայն պահքով, քանի որ երբ Յիսուս մկրտուեցաւ, Հոգին զԱյն տարաւ անապատ, եւ այնտեղ Ան քառասուն օր ու քառասուն գիշեր պահքի մէջ էր, այդ պատճառով ալ մենք Հոգեգալուստը պահքով կը տօնենք։
Քանի դեռ Հոգին չէր իջած, զուգապատիւ Երրորդութեան մեր խոստովանութիւնը թերի էր, քանի որ իսրայէլացիները միայն Հայրը գիտէին Աստուած, ինչպէս եւ կ՚ըսէին, թէ մէ՛կ է մեր Հայր Աստուածը, ըստ Մովսէսի խօսքին. «Լսէ՛, Իսրայէ՜լ, մեր Տէր Աստուածը մէ՛կ Տէր է» (Բ ՕՐԷՆՔ Զ 4)։
Արդարեւ Մովսէս, ժողովուրդը «բազմաստուածութենէ» ետ պահելու պատճառով այդպէս ըսաւ, որպէսզի մէ՛կ իշխանութեամբ գրաւէ զանոնք, թէպէտեւ անգէտ չէ՛ր Երրորդութեան խորհուրդին, քանի որ. «Աստուած ըսաւ.- Մարդ ստեղծենք Մե՛ր կերպարանքով ու նմանութեամբ» (ԾՆՆԴ. Ա 26)։ Այս խօսքերով Մովսէս յայտնեց, որ Հայրը Որդիի եւ Սուրբ Հոգիի մասին խօսեցաւ։ Ուստի Աստուծոյ Հոգին բանական է՝ մտաւոր, կենդանի եւ կենդանացնող, որով կը զարդարուին եւ կը կառավարուին բոլոր բանականները, երկնաւորներն ու երկրաւորները։
Ան «Սուրբ Հոգի» կոչուած է, որպէսզի խօսքի ատեն զանազանուի հրեշտակներէն եւ մարդոց հոգիներէն։ Թէպէտ հրեշտակները սրբութիւն ունին, ինչպէս եւ մեր հոգիները՝ որ Արարչէն բարի՛ ստեղծուեցան, սակայն կը տարբերի արարածներու սրբութիւնը Սուրբ Հոգիին սրբութենէն։ Քանի որ Աստուծոյ Հոգին բնութեամբ սո՛ւրբ է, իսկ հրեշտակները եւ մեր հոգիները՝ դրութեա՛մբ։ Ըստ որուն Սուրբ Հոգին անեղ է՝ ինքնագոյ, որ ուրիշէ չէ՛ ստեղծուած ու ամենեւին սո՛ւրբ, եւ յստակ ու պարզ է անոր էութիւնը, իսկ մեր հոգին եղական է՝ ստեղծական, ստեղծուած եւ կապուած է մարմինին։
Մէկ է անուշաբոյր Արարիչ Սուրբ Հոգին՝ որ արարչութեան օրերուն կը շրջէր ջուրերու վրայ, եւ անով բացուեցան ու փակուեցան երկինքի սահմանները, եւ բաժնուեցան լեզուները աշտարակաշինութեան ժամանակ։ Ան հանեց Իսրայէլը Եգիպտոսէն եւ առաջնորդեց Աւետեաց երկիր, լեցուց Մովսէսը եւ տարածուեցաւ եօթանասուներկու ծերերու վրայ. (ԹՈՒՈՑ ԺԱ 25-29)։
Սուրբ Հոգին հովիւները մարգարէներու դարձուց, տգէտները՝ աւետարանիչներ, ձկնորսները՝ քարոզիչներ, իսկ հեթանոսները՝ վարդապետներ, որոնք առաքեց ամբո՜ղջ աշխարհի վրայ։
Եւ Սուրբ Հոգին բաժնուած լեզուները կրկին միաւորեց եւ վերստին նորոգեց։ Ա՛ն է որ խուլերուն լսել տուաւ եւ համրերուն՝ խօսի՛լ։
Ան է որ անմիտները իմաստո՛ւն դարձուց…։
- Մեծ մասամբ օգտուեցանք՝ Արամ Դիլանեանի աշխատասիրութենէն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 2, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024